Նշմար. Քանի՞ Յուշարձան Պէտք Է Փճացնեն…
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Իւրաքանչիւր արեւածագի հետ Արցախէն նոր գոյժ մը կը հասնի հայաշխարհին: Խօսքը միայն պատերազմի օրերուն նահատակուած զինուորներու աճիւններուն մասին չէ, այլ նաեւ` եկեղեցիներու, գերեզմաններու, մշակութային կոթողներու փճացման, հայութեան հետքերու ջնջումին մասին: Օր աւուր երկարող ցանկին դէմ, բողոքի եւ ընդվզումի արտայայտութիւնները... «մենք կ՛ըսենք` մենք կը լսենք» առաւելաբար: Այս բոլորը տեղի կ՛ունենան ԻՐԱԿԱՆ աշխարհին մէջ, մեր ու տեսնել ուզողներո՛ւ աշխարհի աչքերուն...



















