Արցախ Բուրող Մարդը
ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ Հայ ժողովուրդին համար 2020-ին սկսած անդառնալի կորուստները տակաւին կը շարունակուին` հողային եւ մարդկային մակարդակներու վրայ: Հայութեան պարծանք նկատուող անհատներ, ղեկավարներ, պատասխանատուներ, զինուորներ, մարտիկներ ու նուիրեալներ ինկան Արցախի դէմ սանձազերծուած պատերազմին ընթացքին եւ անոր զուգահեռ ու անկէ ետք, տակաւին մարդկային կեանքեր հնձող «Քորոնա» համաճարակին իբրեւ հետեւանք: Անողոք մահը թակեց նաեւ Մասթըրին դուռը: Կարօ Քեպապճեանի փառքին մասին պատմութիւնը կը վկայէ:...




















