Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախ Բուրող Մարդը

Մայիս 8, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ

Հայ ժողովուրդին համար 2020-ին սկսած անդառնալի կորուստները տակաւին կը շարունակուին` հողային եւ մարդկային մակարդակներու վրայ: Հայութեան պարծանք նկատուող անհատներ, ղեկավարներ, պատասխանատուներ, զինուորներ, մարտիկներ ու նուիրեալներ ինկան Արցախի դէմ  սանձազերծուած պատերազմին ընթացքին եւ անոր զուգահեռ ու անկէ ետք, տակաւին մարդկային կեանքեր հնձող «Քորոնա» համաճարակին իբրեւ հետեւանք:

Անողոք մահը թակեց նաեւ Մասթըրին դուռը: Կարօ Քեպապճեանի փառքին մասին պատմութիւնը կը վկայէ: Ան անկրկնելի անձնաւորութիւն մը կը նկատուի մեր պատմութեան մէջ, որովհետեւ  հայրենասիրութիւն ջամբած է սերունդներու, հաւատացած է Արցախի ուժին եւ զայն պահպանելու ու բարգաւաճեցնելու նպատակով գործած` գրեթէ ամբողջ կեանքին ընթացքին:

Հազուագիւտ են այն ղեկավարներն ու պատասխանատու անձնաւորութիւնները, որոնց յորդորները, նպատակներն ու կեցուածքները կը համընկնին անոնց կեանքին: Մեծ Վարպետին կեանքը օրինակ մըն է անոր քարոզած հայրենասիրութեան, Արցախի Հանրապետութեան ճանաչումը ապահովելու եւ Արցախը հզօրացնելու անոր ջանքերուն:

Մասթըր Կարոյի հետ ծանօթութիւնս հաստատուած է լրագրողի ասպարէզիս ընդմէջէն,  ապա անիկա վերածուած է հոգեհարազատ բարեկամութեան: Կեանքիս ընթացքին ինծի վստահուած ամէն տեսակի, յատկապէս Արցախի հետ կապուած պարտականութիւններուն եւ պատասխանատուութիւններուն պարագային, Կարօ Քեպապճեանին հանդիպած եմ, ինքնաբուխ գործակցած` անոր հետ, իսկ օտար քաղաքացիներուն համար հայրենիքն ու Արցախը փորձած` ներկայացնել իր հարազատութեամբ, վեհութեամբ, ամրութեամբ, ինչպէս նաեւ` անոր հայկական ըլլալու իրականութեամբ: Մասթըրին հետ աշխատանքի ընթացքին ինչե՜ր կարելի է սորվիլ անկէ, անոր աշխուժութենէն, խոր քննարկումներէն, գործնականութենէն, խնդիրներուն արագ լուծում գտնելու ունակութենէն, հեռատեսութենէն, ուրիշը ընդունելու եւ հանդուրժելու հսկայ կարողութենէն, եւ կարելի է տակաւին բազմաթիւ յատկանիշներ ու շնորհներ նշել անոր մասին: Մեծ Վարպետը մօտէն ճանչցողներուն համար յստակ էր նաեւ անոր ծայր աստիճան անկեղծութիւնը, որ իւրայատուկ կերպով կ՛արտայայտուէր:

Տասնեակ տարիներ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչի պաշտօնը վարած Կարօ Քեպապճեան կը հաւատար, որ ներկայացուցչութիւնները պէտք է գործեն իբրեւ դեսպանատուներ, եւ այդ կոչումով ալ գործեց Լիբանան-Արցախ յարաբերութիւններուն ամրապնդման ի խնդիր:

2017-ին, Արցախի եռատօնի 25-ամեակին առիթով Շուշիի մէջ հանդիպեցայ Մասթըրին: Աշխարհը իրն էր, ուրախ էր, հպարտ, տօնական մթնոլորտի մէջ: Տակաւին 2019-ին Արցախի բարեկամներու եւ Հայ դատի մարմիններու յատուկ խորհրդաժողովին առիթով, լիբանանցի մտաւորականներու խումբի մը հետ երբ Ստեփանակերտ էինք, Մասթըրը պնդեց, որ մեզ բոլորս կ՛ուզէ հիւրընկալել Շուշիի իր պանդոկին մէջ: Պուրճ Համուտի Հայ սեւ գօտիներու միութեան կեդրոնին Արցախի դեսպանատան հանգամանք տուած Մեծ Վարպետը «Շուշի կրանտ հոթել»-ը վերածած էր Արցախի մէջ գոյատեւող լիբանանեան հողի մը, ուր ոչ մէկ լիբանանցի օտար պիտի զգար, եւ Շուշին չճանչնալով հանդերձ,  հարազատ պիտի զգար հոն, իսկ Մասթըրին հետ քանի մը պատմական վայր այցելութենէ ետք իւրաքանչիւր մտաւորական իր ասպարէզին ընդմէջէն պիտի ուզէր իր ներդրումը ունենալ Արցախի միջազգային ճանաչման աշխատանքին մէջ:

Այս իրականութեան մէջ ինծի համար նաեւ  յստակ էր եւ ուսանելի` Կարօ Քեպապճեանի գաղտնիքն ու հմայքը: Ճիշդ է, որ մեզ ամէնէն աւելի կը յուզեն անոնք, որոնք իրենց բարութեամբ, մարդկութեամբ եւ հոգիի պայծառութեամբ միայն ժպիտ, ապահովութիւն, տրամադրութիւն, ոգի, կորով ու կամք ներշնչած են: Մասթըրը իր կեանքի ամբողջ ընթացքին շա՜տ շատերուն համար եղած է այս տիպարը, եւ այդ պատճառով ալ մահը երբեք պիտի չկարենայ տապալել անոր յիշատակը:

Մասթըր Կարոն Արցախ կը բուրէր, եւ այդ բուրմունքին ակունքը կու գար Շուշիէն: Կիրակի, 27 սեպտեմբեր 2020-ին, առաւօտեան ժամը 7:00-ին արթնցայ Մասթըրին ձայնով: Հեռաձայնային հաղորդակցութեամբ մը ան ըսաւ. «Ընկերուհի՛, պայթեցաւ. Արցախի դէմ  դարձեալ պատերազմ բռնկեցաւ»: Հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը աւարտեցաւ` կապն ու գործակցութիւնը պահելու յանձնառութեամբ, հետեւաբար պարտք կը նկատեմ անոր նուիրումով, անկոտրում կամքով եւ համոզումով շարունակել աշխատանքը, որպէսզի Արցախի բուրմունքը աշխարհով մէկ տարածուի ու անոր հոգին հանգիստ սաւառնի հայոց լեռներուն` Արցախի լեռներուն վերեւ:

 

 

Նախորդը

Անզուգական Մասթըր Կարոն

Յաջորդը

Դաշնակցական Անկրկնելի Հայը

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Յանձնառու ՀՕՄ-ականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Յանձնառու ՀՕՄ-ականը

Հոկտեմբեր 27, 2025
Ցեղասպանութիւն Եւ Ողջակիզում
Անդրադարձ

Ցեղասպանութիւն Եւ Ողջակիզում

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հոսանքի Մէջ. Նպաստառուները Յայտարարուած Են Ստեղծագործութիւնը Լիբանանահայ Համայնքի Կիզակէտին
Անդրադարձ

Հոսանքի Մէջ. Նպաստառուները Յայտարարուած Են Ստեղծագործութիւնը Լիբանանահայ Համայնքի Կիզակէտին

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?