Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բազմատեսակ Կարոն

May 8, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՊԵՏՕ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ

Շատ լաւ կը յիշեմ, թէ ինչո՛ւ այս լուսանկարներուն առջեւ նկարուեցանք Կարոն ու ես: Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան մէջ, արցախեան շարժման 30-ամեակին առթիւ, Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Արցախի մշտական ներկայացուցչութեան կազմակերպած լուսանկարներու ցուցահանդէսի աւարտին էր: Իմ ետեւս, Կարոն, զինուորական տարազով, ապրիլ 2016-ի քառօրեայ պատերազմին մեր զինուոր տղոց հետ, իր ետեւը` ինքը, Ստեփանակերտի Հայ սեւ գօտիներու միութեան ակումբին մէջ իր տղոց հետ: Ըսի իրեն. «Կարոներուն հետ յիշատակի նկար կ՛ուզեմ», խնդացինք, կանգնեցանք, լուսանկարուեցանք… եւ հիմա իրօք այս լուսանկարը «յիշատակի լուսանկար» դարձաւ:

Այսպէս էր Կարոն` բազմատեսակ. մարտական, մարզական, քաղաքական, առեւտրական, նախաձեռնող… Կեանքը, միտքն ու հոգին տուած էր Հայաստանին, Արցախին ու հայութեան: Աշտարակի մէջ, ուր ան հողակտոր մը առած էր տարիներ առաջ, ներկայիս փոքր սփիւռք մը կազմուած է շնորհիւ իր ջանքերուն, խանդավառութեան եւ «Հայաստանը մեր երկիրն է» ըսելուն:

Արցախ քանի մը անգամ եղած ենք միասին`  Արցախի մշտական ներկայացուցիչներու ժողովներու, անհատական կամ քաղաքական այցելութիւններու համար: Սահմանապահ զինուորէն սկսեալ մինչեւ Ստեփանակերտի շուկայի վաճառողը, նախագահական պալատի պահակն ու Շուշիի հասարակ քաղաքացին ուրախութեամբ կ՛ընդունէին զինք: Բոլորին անունով գիտէր, երեւի թէ ատենին ինչ-որ ձեւով օգնած է… Չկար մարդ, որ Կարոյին չբարեւէր: Կեանքէն մեծ տիպար մըն էր, է, Արցախի համար:

Ես Կարոն ճանչցած եմ, երբ տակաւին 2-3 տարեկան երեխայ էի: Ան մնայուն ներկայութիւն էր մեր տան մէջ: Հայրս ու  Կարոն 1977 թուականէն լուսանկարներ ունին միասին` Պէյրութի Ճեմարանի շրջափակին մէջ, Այնճարի մէջ, ես ու Կարոն միասին լուսանկարներ ունինք նաեւ այդ տարիներէն, Լիբանանի լեռները ձիւներու մէջ, ես` իր ծունկերուն վրայ, ճաշարաններու մէջ տղոց ու աղջիկներու հետ, որոնք մեծ դերակատարութիւն ունեցած են սփիւռքահայ կեանքին մէջ, Հայ դատի հետապնդման աշխատանքներուն մէջ: Ամէն տեղ էր Կարոն…

Կարոն ինծի համար «Կարօ» էր, «Մասթըր», «ամմօ Կարօ» եւ աւելի ուշ` պարոն դեսպան կամ պարոն ներկայացուցիչ: Ուրախ եմ, որ երկու զաւակներս ալ առիթ ունեցան Կարոյին ծանօթանալու, եւ ան տղուս մկրտութեան ներկայ գտնուեցաւ: Ուրախ եմ նաեւ, որ աղջիկս իր ակումբը յաճախեց, Կարոյին ձեռքով սեւ ABBA պլուզ մը ստացաւ եւ քանի մը մարզումներու հետեւեցաւ: Ես ալ մարզուած եմ, հայրս ալ մարզուած է «Գերմանիկ»-ի իր ակումբին մէջ…

Լիբանան վերադարձիս շուրջ երեք տարի Կարոյին Արցախի մշտական ներկայացուցիչի գրասենեակի պատասխանատուն էի: Ահագին բաներ ծրագրած էինք, սակայն անոնք կիսատ մնացին…

Վերջին պատերազմի ընթացքին եւ յետոյ զգալի էր Կարոյի փոփոխութիւնը: Կը պատահէր, որ չէի ուզեր հետը խօսիլ, որպէսզի չկրկնէ Արցախին գլխուն եկածները եւ աւելի չտխրի: Պատերազմի աւարտէն ետք եւ յատկապէս իրեն համար սրբավայր, բնակավայր դարձած Շուշիի յանձնումէն ետք ընկճուած էր շա՜տ: Չեմ թաքցներ, որ շատ մտահոգ էի իր առողջութեամբ, կը թուէր, թէ այլեւս յուսահատ է…

Վերջին անգամ զինք տեսայ իր մահէն երեք շաբաթ առաջ. կնոջ` Սիլվային եւ տղուն` Արթուրին հետ Լոռի, Դեբետ եկած էին մեզ տեսնելու: Երբ կը մեկնէր, ինչպէս վերջերս ամէն անգամ կ’ըսէի իրեն, նորէն ըսի, որ ինքզինքին եւ առողջութեան լաւ նայի: Վրայ եկաւ «Քորոնա»-ն… ու Կարոն բարձրացաւ Եռաբլուր, ուր այլեւս զօրավար Սեպուհի մշտական դրացնութեան կը գտնուի:

… Եւ ութ տարեկան աղջիկս տակաւին կը հարցնէ, թէ Կարոն ու Սիլվան ինչո՞ւ չեկան տարեդարձին…

Յիշատակդ անթառամ, մասթը՛ր:

 

 

Նախորդը

Կարօ Քեպապճեանի Եւ Անոր Մեծ Վաստակին Մասին Ցաւակիցներու Վկայութիւններ «Ան Մեծ Հայ Էր, Հայրենիքի Նուիրեալը»

Յաջորդը

Անզուգական Մասթըր Կարոն

RelatedPosts

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի. Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը

November 7, 2026
Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է
Անդրադարձ

Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է

November 7, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Համազգային Համախմբում

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.