Խմբագրական «Ազատ Օր»-ի. Վերարժեւորումի Հրամայականով
Երբ անցեալ տարի այս էջէն կը փորձէինք պատասխանել այն հարցին, որ տարբեր ապրիլի մը դէմ յանդիման գտնուելու իրականութեան առջեւ էինք, խորապատկերին մէջ կը տեսնէինք միայն մարդկութիւնը տառապեցնող համավարակի վտանգը, իսկ տակաւին թարմ էր Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումի ուղիին վրայ Ատլանտեան ովկիանոսի միւս ափէն եկող ամերիկեան ծերակոյտի եւ Ներկայացուցիչներու տան զոյգ բանաձեւերու հնչեղութիւնը: Վստահ էինք, որ հակառակ հայութեան առջեւ ծառացած մեծ...



















