Անդրադարձ

Ե-Ֆորում. Համազգային Ֆորումը`  Ելեկտրոնային Երկօրեայ Հաւաք

Ե-Ֆորում. Համազգային Ֆորումը` Ելեկտրոնային Երկօրեայ Հաւաք

Նոր ու արհեստավարժ միջոցները կրճատեցին հեռաւորութիւնները, ժամանակները, եւ ամբողջ աշխարհը դրին ափիդ մէջ: Հազարաւոր քիլոմեթրներ հեռու հարազատ մը տեսնելու համար, ա՛լ պէտք չունինք ժամերով թռիչք կատարելու, հիմա արդէն կը տեսնենք զինք ու կը լսենք մեր ձեռնահեռաձայնի պատուհանէն: Ա՛լ պէտք չունինք անոնցմէ օրերով սպասելու լուսանկարի մը, երկվայրկեաններու մէջ ափիդ մէջ կ՛ըլլայ այդ: Սակայն 2019-ին ծայր առաւ համաճարակ, որ աստիճանաբար իր քողը...

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Երբ Անգլուխ Է Դիւանագիտական Համակարգը…

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Երբ Անգլուխ Է Դիւանագիտական Համակարգը…

Յուլիս 10-ին հաւանաբար տարբեր պիտի ըլլար ստեղծուած պատկերը, եթէ հայրենի դիւանագիտական մեքենան գործի լծուէր կասեցնելու կամ ըստ կարելւոյն ձախողեցնելու համար Պաքուի կողմէ հաւատարմագրուած դիւանագիտական անձնակազմի եւ միջազգային կազմակերպութիւններու խումբ մը ներկայացուցիչներու բերդաքաղաք Շուշի այցելութիւնը: Եղածը կարելի չէ բաղդատել Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի Շուշի այցելութեան հետ` Ալիեւի ընկերակցութեամբ: Թրքական տրամաբանութեամբ, ատիկա «բնական» էր: Ի վերջոյ, երկու բռնապետ «եղբայրները» միասնաբար ԾՐԱԳՐԱԾ եւ ԳՈՐԾԱԴՐԱԾ...

Խմբագրական «Գանձասար»-ի.  Շրջանաւարտ  Հունձքերը  Զարդարեցին Մեր Բեմերը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Շրջանաւարտ Հունձքերը Զարդարեցին Մեր Բեմերը

Անցնող օրերուն սուրիահայ երկրորդական վարժարաններէն շրջանաւարտ դարձան 2020-2021 ուսումնական տարեշրջանի հունձքերը: Այս սերունդները, իրականութեան մէջ, իրենց նախակրթարանի, միջնակարգի եւ երկրորդականի տարիները անցուցին պատերազմի մթնոլորտին մէջ, ապրեցան վախի, զրկանքի տարիներ, երբեմն կրճատուեցան իրենց ուսումնական ծրագիրը, տարին, դասապահերը, իսկ վերջին երկու տարիներուն անոնք ականատեսը եղան «Քորոնա»-ի համաճարակին պարտադրած բազմամակարդակ սահմանափակումներուն: Պէտք է արձանագրել, որ Սուրիոյ կրթութեան նախարարութիւնը պատերազմի տարիներուն ամէն ջանք ի...

«Հայոց Ցեղասպանութիւն. Նախերգանք Եւ Յետգրութիւն: Հաղորդումներ Ամերիկեան Մամուլում (1890-1922 Թթ.)» (Գրքի Առաջին Հատորի Ամփոփ Վերլուծութիւն)

«Հայոց Ցեղասպանութիւն. Նախերգանք Եւ Յետգրութիւն: Հաղորդումներ Ամերիկեան Մամուլում (1890-1922 Թթ.)» (Գրքի Առաջին Հատորի Ամփոփ Վերլուծութիւն)

  ՀԱՅԿ ՄԿՐՏՉԵԱՆ, ասպիրանտ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ Հասարակութեան լայն շրջանակներին հերթական անգամ առիթ ունենք ներկայացնելու աւստրալահայ գրականագէտ, հասարակական գործիչ Արա Քեթիպեանի և Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան միաբան ծայրագոյն վարդապետ Հայր Վահան Օհանեանի կողմից կազմած «Հայոց ցեղասպանութիւն. նախերգանք եւ յետգրութիւն: Հաղորդումներ ամերիկեան մամուլում (1890-1922 թթ.)» հերթական ծաւալուն երկհատոր աշխատութիւնը՝ «Տը Ուաշինկթըն փոսթ» թերթում լույս տեսած հաղորդումների մասին: Հայոց ցեղասպանութեան ուսումնասիրմամբ զբաղուող ցանկացած...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Դարձեալ Ահազանգ. Ցանելու Եւ Հնձելու Մասին Հեքիաթ` Հայերէնին Դէմ Դաւին Մասին

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Այն պահուն, երբ` ազերիական ուժեր 9 ամիսէ ի վեր կը շարունակեն մարսել Արցախի մեծ մասը, ազերի զինուորներ աւելի քան 2 ամիսէ ի վեր ամրացած են Հայաստանի սահմանային կարգ մը հողերուն վրայ, Պաքու կը շարունակէ սպառնալ Հայաստանէն յաւելեալ հողեր գրաւել, Ազրպէյճան եւ Թուրքիա աւելի յաճախակի կը դարձնեն միացեալ ռազմափորձերը, Ազերիներ ամէնօրեայ «սովորութեան» կը վերածեն սահմաններուն վրայ հայ զինուորներու սպանութիւնը,...

Ուրախանանք Եւ Ուրախացնենք

Հայաստան Ու Լիբանան. Կայ Կարիք Վերանորոգման

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Քաղաքական ճգնաժամը կը շարունակուի թէ՛ Հայաստանի, եւ թէ Լիբանանի մէջ: Ոչ միայն կը շարունակուի, այլ նաեւ մշտական երկարաձգումի նշաններ կու տայ: Հայաստանի մէջ, Սահմանադրական դատարանի անկանխատեսելի որոշման նախօրեակին, ժամանակաւոր իշխանութիւնը կը վարուի որպէս մնայուն հաստատուած իշխանութիւն: Լուծուած խորհրդարանը արտակարգ նիստեր կը գումարէ եւ շատ թէական բարոյականութեամբ որոշումներ կը քուէարկէ: Կառավարութիւնը իր շաբաթական նիստերը կը գումարէ ու այլազան հարցերու...

Ա՜խ,  Տունս, Տունս

Ա՜խ, Տունս, Տունս

ՊՕՂՈՍ ԱՐՄԵՆԱԿ ԼԱԳԻՍԵԱՆ Ամերիկահայ Գրողների միութեան անդամ Առաջին անգամ աշխարհում տեսայ իմ առաւօտն է այնտեղ մնացել, երկինք ու բարտի, ճառագայթ ու լոյս, իմ հողի հոտն է այնտեղ մնացել: Վահագն Դաւթեան Համակարգիչիս դէմքն էի բացել, նրա էջի յատակին «Ա՜խ, տունս, տունս» եւ «Երգչուհիի Գոհար Յովհաննիսեան» գրուած էր: Երգում էր Գոհարը, «երգ» էր դարձել Գոհարը: Ողբ չէր նրա երգը, կարօտի ցաւ էր...

Զէնքը` Լուսանկարչական Գործիք. Դաւիթ Ղահրամանեան

Զէնքը` Լուսանկարչական Գործիք. Դաւիթ Ղահրամանեան

Զրուցեց` ՏԱԹԵՒԻԿ ԱՂԱՋԱՆԵԱՆԸ Պատերազմի գոյները լուսանկարների միջոցով աշխարհին ցուցադրած լուսանկարիչ, դերասան Դաւիթ Ղահրամանեանը «Ապառաժ»-ի հետ զրոյցում պատմում է 44-օրեայ պատերազմում իր ապրումների, արած հետեւութիւնների եւ ապագայ ծրագրերի մասին: Պատերազմին լուսանկարչական ոսպնեակով մասնակցած Դաւիթը որոշել է դերասանական գործունէութիւնն աւարտել ու զբաղուել լուսանկարչութեամբ, ֆոթոլրագրութեամբ: Բոլորս էլ պիտի գնայինք, քանի որ պատերազմ է Երբ առաջին պայթիւնները Ստեփանակերտում եղան, այդ ժամանակ քնած էի: Կինս...

Կ՛անձրեւէ

ՌՈՒՊԻՆԱ ԿԷՕՎՃԷԼԵԱՆ Կ՛անձրեւէ, կ՛անձրեւէ անդադար երբեմնի շէն գիւղին վրայ անպաշտպան լեռներուն վերեւ անտէր անտիրական դաշտերուն անմշակ ու խոպան ուր ալ չկայ ոչ հոռովել ոչ գութան Արեւը մռայլոտ ու տժգոյն երկինքին մէջ մշուշապատ ու անգոյն կ՛արձակէ ճառագայթներ նուաղուն պահուըտած ամպերուն ներքեւ թաքուն Լռութիւն է համատարած ոչ մէկ ծպտուն, ոչ մէկ քրքիջ մանկական ծառերը լերկ, տերեւաթափ քամին ալ խօլ արշաւէն սպառած կը...

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.   Պայքարը Կը Շարունակուի Մինչեւ Յաղթական Աւարտ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Պայքարը Կը Շարունակուի Մինչեւ Յաղթական Աւարտ

Հայաստանում տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւնները ոչ միայն լուծման հեռանկար չնախանշեցին առկայ հիմնահարցերի համար, այլեւ աւելի սրեցին տագնապը երկրի ապագայի հարցում: Չափազանցրած չենք լինի, եթէ ասենք, որ հրապարակուած արդիւնքներով փրկութեան յոյսի ու գահավիժման ընթացքի երկընտրանքի պարագայում ընտրուեց կործանման ճանապարհի շարունակումը: Իսկապէ՞ս իշխանական ուժի ի սկզբանէ որդեգրած անօրինական գործունէութիւնն ու կեղծարարութիւնը, ուղեղների լուացման ժամանակակից արհեստագիտութիւնները կանխորոշեցին ընտրութիւնների ելքը, թէ՞ ժողովուրդը ողջ խորութեամբ...

Ընտրութիւններուն Հանդուրժուող Ատելութեան Խօսքը` Ազատութեան Մահն Է

Ողբերգութիւնը Եւ Մենք Շաղկապուած Դաւադիրներ Ենք

ՍԻՒԶԱՆ ԽԱՐՏԱԼԵԱՆ Մենք ողբերգութիւնը սովորաբար կը համարենք դժբախտութիւն, բան մը, որ պարզապես կը պատահի մարդուն հետ օրինակի համար`  դժբախտ արկած, պատահար, մահացու հիւանդութիւն կամ ծանր իրավիճակ (բնական աղէտ, երկրաշարժ կամ ահաբեկչութիւն), այսինքն բան մը, որ մեր  վերահսկողութենէն  դուրս է: Բայց եթէ ողբերգութիւնը կ՛ընկալենք  որպէս դժբախտութիւն, ապա մենք էական թիւրիմացութեան մէջ ենք: Պահ մը մտաբերենք յունական երեսունմէկ գերազանց անժամանցելի ողբերգութիւնները.  իւրաքանչիւրը...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Անմահ Էջ Մը Անմահէն. Եթէ Յ. Պարոնեան Մեր Կողքին Ըլլար Այսօր…

Յակոբ Պարոնեան մեր անգերազանցելի եւ անկրկնելի երգիծաբանն է: Ան իր ատենին օրը օրին քայլ պահած է ազգային կեանքի ելեւէջներուն ու իրադարձութիւններուն հետ, իր ոճով արձագանգած է անոնց: Երբ տասնամեակներ կամ աւելի քան դար մը ետք մարդիկ կարդան իր էջերը, կը նկատեն, որ որոշ հարցերու մասին իր գրածները կը հնչեն ժամանակավրէպ, սակայն մեծ մասը ժամանակ եւ հնութիւն չի ճանչնար: Ահա այս...

Պերճուհի Պէօճէքեանի Յիշատակին. Մայրիկիս

Պերճուհի Պէօճէքեանի Յիշատակին. Մայրիկիս

Թոք, թոք, թոք... մայրս էր, որ ձայն կու տար կողքի սենեակէն, երբ այլեւս խօսելու կարողութիւնը կորսնցուցած էր վերջին տասը օրերուն: Կը զարնէր Բիւզանդ եղբօրը կողմէ, վաթսուն տարիներ առաջ, իր պսակին առիթով իրեն նուիրած կարի մեքենային, որ դրուած էր իր մահճակալին մօտ: Անհաւատալի էր տեսնել այդ զօրաւոր եւ աշխուժ կինը այդ վիճակին մէջ: 1975 թուականէն սկսեալ, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին պատճառով` իբրեւ...

Նուիրեալ Ճեմարանական Սաթիկ Սապունճեան-Տէր Յովհաննէսեանի Յիշատակին

Նուիրեալ Ճեմարանական Սաթիկ Սապունճեան-Տէր Յովհաննէսեանի Յիշատակին

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ «Մի գրէ՛ք` ծաղիկ պոկելը արգիլուած է, որովհետեւ հովը կարդալ չի գիտեր» (Արեւելեան առած) Վերջին շրջանին իբրեւ Հալէպի Ճեմարանականներ, մեր սիրելի ընկերուհի, բարեկամուհի, գաղութին ծանօթ բարերարուհի ու սրտակից Սաթիկ Սապունճեան-Տէր Յովհաննէսեանի ճակատագրի քմայքին ստեղծած սուգը մեզ բոլորիս անխտիր մեծ վիշտ պատճառած է: Որովհետեւ առ յաւէտ կորսնցուցած ենք անձնաւորութիւն մը, որ կը սիրէինք, կը յարգէինք եւ մեծ ու արդար համարում...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Վիրաւոր Եղնիկը

ՀՌԻՓՍԻՄԷ ԿՏՈՅԵԱՆ Ես մի սարի եղնիկ եմ, Սարեր, ձորեր կը կտրեմ. Իսկ դու ճահել մի որսորդ, Աղաչում եմ մի զարներ: Ոտքս կոտրած ընկել եմ Ծառի, փուշի թփերում, Արի վէրքս փաթաթի Երթամ իմ մօտ ծագերուն: Գլուխս յենած ծառի բունին, Նայում եմ դէպի երկինք, Օգնութիւն եմ աղերսում Ոչ ոք չկայ իմ չորսդին: Արի՛ որսորդ, մօտեցիր, Ընկեր կ՛ըլլամ քո ճամբին Վարդ մանուշակ ու...

Շառաչուն Ապտակ Ազրպէյճանին, Միջազգային Հանրութիւնն Արցախի Հարցը Լուծուած Չի Համարում

Շառաչուն Ապտակ Ազրպէյճանին, Միջազգային Հանրութիւնն Արցախի Հարցը Լուծուած Չի Համարում

«ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ». Շուշիում կազմակերպուած դիւանագէտների հաւաքը միանշանակ փաստեց, որ Արցախի հակամարտութեան լուծումը բաց է մնացել: Պաշտօնական Պաքուն այդ քայլով հերթական  անգամ ցանկանում էր յայտարարել, որ Արցախի ժողովրդի դէմ հրահրած յարձակումի արդիւնքում իրեն յաջողուել է լուծել արցախեան հիմնահարցը: Ու կրկին Ազրպէյճանը շառաչուն ապտակ ստացաւ հիմնահարցի խաղաղ կարգաւորման առաքելութիւն ստանձնած ԵԱՀԿ Մինսքի խմբի կողմից: Շուշի այցելած` Ազրպէյճանում ներկայացուած 46 երկրի շարքում բացակայում...

Վրաստանի Մէջ Հայկական Եկեղեցիները Վտանգուած Են. Մոսկուա

Վրաստանի Մէջ Հայկական Եկեղեցիները Վտանգուած Են. Մոսկուա

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակած է մարդկային իրաւունքներու իրավիճակին մասին զեկուցում մը, որուն մէջ, ի շարս բազմաթիւ երկիրներու, տեղ գտած է նաեւ Վրաստանը: Վրաստանի մասին հատուածին մէջ ուշադրութեան արժանի են յատկապէս հայ համայնքին վերաբերող տողերը: Կը բարձրաձայնուին վրացահայերուն վերաբերող բազմաթիւ հարցեր: «Միջազգային եւ վրացական իրաւապաշտպան հասարակական կազմակերպութիւնները, ինչպէս նաեւ Վրաստանի ժողովրդական պաշտպանը պարբերաբար անհանգստութիւն կը յայտնեն ազգային փոքր խումբերու մեկուսացման...

«Հայաստան» Դաշինքը Խիստ Վիճայարոյց  Եւ Անընդունելի Կը Նկատէ  Ընտրութիւններուն Արդիւնքները

«Ա՛լ Բան Չեմ Հասկնար», Պոռաց Դրան Առջեւ Կանգնած Կեդրոնականցին

ՄԱԿԱՐ ի Գաղիա Դիմաւորեցի եւ ներս հրաւիրեցի յուսահատի շեշտով բացագանչող Արմենակը: Պահուած հին «Նոյակ» քոնեաքի շիշը դրի սեղանին վրայ: - Հանդարտէ՛, Արմենա՛կ, ի՞նչ պատահած է, որ այդպէս տակնուվրայ եղած ես: Տպիչէն ելած էջ մը դրաւ առջեւս: Ըսաւ. - Կարդա՛ բարձրաձայն: Եթէ հասկնաս, բացատրէ՛: Գրուած էր. «Այսօրուայ ԿԸՀ վերահաշուարկի արդիւնքում «Հայաստան» դաշինքի ձայներն աւելացել են 744-ով, ՔՊ-ի ձայները` 659-ով»: Կային ճշդումներ`...

Սուրբ Զատիկ Եւ Յարութեան Գաղափար

Կապոյտ Արիւններ

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Խորագիրս կը պատկանի ամերիկեան մէկ ժամ տեւողութիւն ունեցող սերիալի մը, որ տարիներէ ի վեր եւ ամէն ուրբաթ իրիկուն ժամը 10:00-ին կը սփռուի պատկերասփիւռի հանրայայտ կայաններէն մէկէն` իբրեւ շատ փնտռուած եւ յաջողած յայտագիր: Անկեղծօրէն ըսեմ, որ այս անիծեալ «Քորոնա»-ն պատճառ դարձած էր, որ աւելի քան մէկ տարիէ ի վեր ես ալ ինքզինքս կամաւոր «բանտարկուած» պահեմ տանս մէջ: Նորութիւն մը...

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Մտահոգիչ Եւ Վտանգաւոր Ճամբու Քարտէս

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Մտահոգիչ Եւ Վտանգաւոր Ճամբու Քարտէս

«Ճամբու քարտէս»-ը եզրոյթ մըն է, որ ընթերցողը կը փոխադրէ աւելի քան տասնեակ մը առաջ: ... 22 ապրիլ 2009-ին էր, երբ մեկնարկը տրուեցաւ բազմիցս փորձուած հայ-թրքական գաղտնի խօսակցութիւններուն, իբր թէ խաղաղութեան «ճամբու քարտէս»-ի մը որոնումին համար: Օրին, մեծ փոթորիկ ստեղծեց այս ճամբու քարտէսը, որ ազգային հայեացքներու կարճատեսութեան եւ մտահորիզոնի սահմանափակումի գործելաձեւ մըն էր: Բնականաբար, դժգոհութեան մեծ ալիք ստեղծեց այդ օրերու ճամբու...

Page 316 of 807 1 … 315 316 317 … 807

Արխիւներ