Անդրադարձ

Խանասորի Արշաւանքի 124-Ամեակի Ոգեկոչում Կիպրոսի Մէջ

Խանասորի Արշաւանքի 124-Ամեակի Ոգեկոչում Կիպրոսի Մէջ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Կիպրոսի Կոմիտէին եւ յարակից միութիւններուն Խանասորի արշաւանքի 124-ամեակի պատշաճ ոգեկոչում-հանդիսութիւն մը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 24 յուլիսի 2021, երեկոյեան ժամը 8.00-ին, Նիկոսիոյ ՀԵՄ- ՀՄԸՄ Մարզադաշտի մէջ։ Հանդիսութեան ներկայ էին Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Խորէն Արք Տողրամաճեան, Նիկոսիոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տէր Մոմիկ Քհյն․ Հապէշեան, Ազգային Վարչութեան ատենապետ ընկ․ Սեւակ Կիւրիւնլեան, Երեսփոխանական ժողովի անդամներ, Համազգայինի վարչութեան ատենապետ ընկ․ Արթօ Դաւիթեան,...

Ուրախանանք Եւ Ուրախացնենք

Նոր Շրջան, Նոր Յոյսեր

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը վերջապէս կազմաւորուեցաւ: Սահմանադրական դատարանը հաստատեց Ընտրական կեդրոնական մարմնի որոշումը` ընդդիմադիրներու կատարած քննադատութիւնները բաւարար չհամարելով ընտրութիւնները անվաւեր հռչակելու կամ գէթ լիազօրութիւններու բաշխումը սրբագրելու համար: Նոր Ազգային ժողովը կ՛ունենայ 107 անդամ, 71-ը` «Քաղաքացիական պայմանագիր»-էն, 29-ը` «Հայաստան» դաշինքէն եւ 7` «Պատիւ ունեմ» դաշինքէն. «Հայաստան» դաշինքի 29 պատգամաւորներէն 10-ն անդամ են ՀՅ Դաշնակցութեան: Նոր Ազգային ժողովի առաջին նիստը...

Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)

Դուք` Աննմա՛ն Տղաներ, Պաշտելի՛ Պիտի Մնաք Առյաւէտ (Լիզպոն, 1983)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Ինչպիսի՛ պայմաններու մէջ ալ գտնուի հայութիւնը, հայրենիքի թէ սփիւռքի տարածքին, իր ծոցէն ծնունդ առած եւ յանուն հայրենիքի ազատագրութեան դատին` իրենց թանկագին կեանքը նուիրաբերած տղաքը պաշտելի պիտի մնան, պարզապէս որովհետեւ անոնք անմնացորդ սիրեցին ու պաշտեցին Հայաստանն ու հայութիւնը: Ահա սա է մեր գաղտնագիրը` յստակ, հարազատ ու թափանցիկ, մեր կարգին, զիրենք սիրելու եւ պաշտելու: Աւելի՛ն. մենք զիրենք ճանչցանք իբրեւ միս...

38 Տարի Առաջ 20 Յուլիսին Սիրտդ Տակաւին Կը Բաբախէր. Ի՞նչ Կ՛ընէիր, Եղբա՜յրս…

38 Տարի Առաջ 20 Յուլիսին Սիրտդ Տակաւին Կը Բաբախէր. Ի՞նչ Կ՛ընէիր, Եղբա՜յրս…

Լիզպոնի 5 հերոսներէն Սիմոն Եահնիեանի եղբայրը` Զարեհ Եահնիեան 20 յուլիսին Դիմատետրի իր էջին վրայ հետեւեալ գրառումը կատարած է` եղբօր նահատակութենէն առաջ իր ունեցած ապրումներուն եւ մտածումներուն մասին: 20 յուլիս 1983: Այսօր ի՞նչ կ՛ընէիր Սիմօն (կը գրեմ Սիմօն, որովհետեւ դուն անունդ օ-ով կը գրէիր): Ամէն տարուան յուլիսը ինծի համար ամէնօրեայ մտածումի, հազար ու մէկ հարցումներու պատասխաններու ակնկալութեամբ լեցուն ամիս է: Արդեօք...

Մտորում` Դիպուածէն, Տեղեկութենէն  Եւ Յուզումէն Տարբեր Ալիքներու Վրայ.  Այս Է Մեր Ճակատագիրը: Դիմանալ Է Պէտք: Յետո՞յ…

Կորսուած Եւ Կորսուող Հողի Մորմոք

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Ոչինչ աւելի թանկագին է երկրի վրայ, քան հայրենի հողը: Կ՛անցնին բոլոր փառքերն ու բոլոր որոտընդոստ երգերը, երբ անոնք չեն բխիր հայրենի երկրին ընդերքներէն: Կ՛անցնին բոլոր պերճանքներն ու բոլոր պալատներն, երբ շուք չեն ձգեր հայրենի ջրերուն վրայ: Կ՛անցնին մարդիկ իրենք, հեռագնաց հովերու պէս, կ՛անցնին փոշի ամպերու եւ թեթեւ եղանակներու պէս, եթէ իրենց մազարմատներով չեն խրուած երկրին բուսահողի մէջ: Կ՛անցնին...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Նոր Գիրքերու Հետ. Ես, Այս Գիշեր 2 – Արցախի Վէրքը (Հեղինակ Վարուժան Արք. Հերկելեան- Աղեղնաւոր)

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Քանի մը ամիս առաջ մամուլէն իմացած էինք այս հատորին լոյս ընծայման լուրը. հիմա արդէն օրինակ մը ունինք եւ զայն ընթերցեցինք այն ակնկալութեամբ, թէ անիկա պիտի ըլլար նոյնանուն առաջինին մէկ տարբերակը: Յիշեցնենք, որ առաջին «Ես, այս գիշեր»-ը լոյս տեսած էր 2018-ին, յղացուած էր իբրեւ զրոյցներու շարք` հեղինակին եւ մեծ մասամբ մեր պատմութիւնն ու մշակոյթը կերտող անմահներու հետ. հոն տեղ...

Ստացուած Գիրքեր.  Մուշեղ Իշխան.  Միջազգային Գիտաժողովի Զեկոյցներ

Ստացուած Գիրքեր. Մուշեղ Իշխան. Միջազգային Գիտաժողովի Զեկոյցներ

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Երեւանի մէջ 2021-ին, «Տիգրան Մեծ» հրատարակչատան տպարանէն լոյս տեսաւ «Միջազգային գիտաժողով նուիրուած Մուշեղ Իշխանին. զեկոյցների ժողովածու» հատորը, բաղկացած` 240 էջերէ: Ժողովածուն կ՛ընդգրկէ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան եւ Երեւանի պետական համալսարանի նախաձեռնութեամբ 8 հոկտեմբեր 2019-ին տեղի ունեցած Մուշեղ Իշխանի նուիրուած միջազգային գիտաժողովի նիւթերը: Ողջոյնի խօսքերով հանդէս կու գան Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ...

Ստացուած Գիրքեր.  Խաւարին Չհաւատալու, Խաւարին Չտրուելու Պոէզիա  (Հեղինակ` Ֆելիքս Բախչինեան)

Ստացուած Գիրքեր. Խաւարին Չհաւատալու, Խաւարին Չտրուելու Պոէզիա (Հեղինակ` Ֆելիքս Բախչինեան)

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Երեւանի մէջ, «Տիգրան Մեծ» հրատարակչատունէն 2019-ին լոյս տեսաւ Ֆելիքս Բախչինեանի «Խաւարին չհաւատալու, խաւարին չտրուելու պոէզիա» գիրքը, բաղկացած` 216 էջերէ: Գիրքին տպագրութիւնը հովանաւորած է Վարուժան Գէորգ Եսայեան: Խմբագիր` Կարմէն Ահարոնեան. գեղարուեստական խմբագիր` Արտակ Բաղդասարեան: Բանաստեղծ, արձակագիր, թատերագիր եւ մշակութային ու կրթական գործիչ Մուշեղ Իշխանի պատմութիւնը հեղինակը կը սկսի Վեհանոյշ Թէքեանի խօսքերով. «Մուշեղ Իշխանի պատմութիւնը իր ժամանակի պատմութիւնն է... եւ...

Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)

Նիկոլ Դումանի «Ժպիտ»-ին Եւ Խանասորի Տղոց «Բերկրանք»-ին Կարօտը Կ՛ապրինք Այս Օրերուն (25 Յուլիս 1897)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ       Մեր պատմութեան` ազգային ազատագրական պայքարի հոլովոյթին, ներքին տեսադաշտին ու պանծալի դէմքերուն քաջածանօթ իւրաքանչիւր անհատ պահ մը կրնայ տարակուսանք ապրիլ ի տես վերոնշեալ խորագիրին` այն առումով, որ այդ ե՞րբ է պատահեր, որ երկաթեայ կամքի տէր, անզուգական հայդուկապետի եւ անկրկնելի ռազմագէտի դէմքին երբեւէ ժպիտ է ուրուագծուեր, իսկ նուիրեալ տղոց հոգիին մէջ` ուրախութեան կայլակներ: Սա չի նշանակեր, երբե՛ք, որ հայրենապաշտութեամբ տոգորուած...

Հարցազրոյց Սան Ֆրանսիսքոյի Հոգեւոր Հովիւ Սմբատ Վրդ. Սապունճեանի Հետ

Կարօ Եւ Մարօ, Կամ` Արիստակէս Զօրեան Եւ Մարիամ Մակարեան

ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ Կարօ` Արիստակէս Զօրեան, Ռոստոմի կրտսեր եղբայրը, ծնած է 1871-ին, Գողթն գաւառի մէջ: Ուսումը ստացած է Զաքաթալայի մէջ, որուն մօտ` Կախ աւանին մէջ հայրը առեւտրական գործ ունէր: Ապա ան ուսանած էր Թիֆլիսի Ռէալական դպրոցը, բայց, առանց աւարտելու, դուրս եկած է յեղափոխական ալեկոծ կեանքի ասպարէզը նետուելու համար: Անոր վրայ մեծ ազդեցութիւն գործած էին ժամանակի հայրենասիրական տրամադրութիւններն ու Րաֆֆիի հերոսները, բայց...

Ներսէս Ներսէսեանին Համար

Կտրիճ, Հերոս ՀՄԸՄ-ական Մեր Եղբայրը

ՍԱՐԳԻՍ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ Ո՞վ կրնայ առագաստանաւ մը քշել առանց հովի, ո՞վ կրնայ ընկեր մը ձգել առանց արցունքի: Ե՛ս կրնամ առագաստանաւ մը քշել առանց հովի, բայց չեմ կրնար ընկեր մը ձգել առանց արցունքի: Ա՜խ որքան դժուար է տարիներու հաւատարիմ ընկերոջմէ ու եղբայրէ մը բաժնուիլ: Որքա՜ն դժուար է բաժնուիլ անձէ մը, որուն հետ անցուցած ես կեանքիդ ուրախ օրերուն մեծ մաս մը: Անձէ մը,...

Դասեր` Ներսէսէն

Դասեր` Ներսէսէն

ՆԺԴԵՀ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ Անոնք, որոնք բախտը ունեցած են ճանչնալու Ներսէս Ներսէսեանը, վստահաբար համաձայն պիտի ըլլան այն գաղափարին, որ Ներսէսը բոլորիս կեանքին մէջ փոփոխութիւն մը կատարած է, բոլորիս ձեւով մը ներշնչած, բոլորիս «բան մը սորվեցուցած»: Այսօր, երբ արդէն 40 օրեր անցած են իր վաղաժամ մեկնումէն, կ’արժէ պահ մը վերյիշել եւ բարձրաձայնել Ներսէսին սորվեցուցած դասերն ու իր կատարած փոփոխութիւնները` բոլորիս կեանքին մէջ: Առաջին...

Աւելի Քան Ընկեր` Եղբայր

Աւելի Քան Ընկեր` Եղբայր

ԳԷՈՐԳ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ Միջնակարգի առաջին տարիս էր, երբ Ներսէսին ծանօթացայ: Օրերու, շաբաթներու, ամիսներու եւ տարիներու ընթացքին մենք դարձանք լաւագոյն ընկերներ: Ներսէսը իսկապէս տարբեր էր: Արտասովոր տիպար մըն էր, որ կարողութիւն ունէր ամէն տեսակի նեղութիւն ուրախութեան վերածելու: Իր բարեկամներէն ոեւէ մէկը չէր կրնար գիտնալ, թէ իր ներաշխարհին մէջ կամ իր առանձին եղած պահերուն Ներսէսը ի՞նչ կը մտածէր կամ ինչպիսի՞ ցաւ կը զգար:...

Ներսէսին Ընկերներուն Սրտի Խօսքերը

Ներսէսին Ընկերներուն Սրտի Խօսքերը

Օրերը անցան, ու մենք տակաւին սթափած չենք անակնկալ ու ցաւալի դէպքէն, որ մեզ ցնցեց ու խոր, ցաւցնող հետք ձգեց մեր սրտերուն մէջ: Դաժան հիւանդութիւնը խլեց քեզ մեզմէ: Աստուած հոգիդ լուսաւորէ մեր շատ սիրելի Նէնօ, յիշատակդ միշտ անթառամ պիտի մնայ մեր սրտերուն մէջ: ԲԱԼԻԿ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ *** Ոմանք կ՛ըսեն, թէ շատ աւելի լաւ տեղ մը կը գտնուիս հիմա, իսկ ուրիշներ չեն համակերպիր...

Ակնարկ.  Ճգնաժամն Ու Յառաջիկայ Խորհրդարանը

Ակնարկ. Ճգնաժամն Ու Յառաջիկայ Խորհրդարանը

Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի Ա. տարելիցի նախօրեակին ենք, եւ արդարադատութեան տեսանկիւնէն որեւէ հիմնական յառաջխաղացք չէ արձանագրուած: Հետաքննութիւնը որեւէ գործնական արդիւնքի չէ յանգած,  եւ տակաւին իրաւականօրէն անորոշ է հարցաքննելի անձնաւորութիւններու անձեռնմխելիութեան առկախման գործընթացի աւարտը: Հարցերը փոխկապակցուած են: Պետական հաստատութիւններու ոչ լիարժէք աշխատիլը, նոր կառավարութեան կազմութեան առկախումը, խորհրդարանական նիստերու պարագայական գումարումներու պատկերը կը յուշեն ամբողջ երկրին փապուղիին խորքը գտնուած ըլլալու իրականութիւնը: Վարչապետին հրաժարումը`...

Սեւրէն Մինչեւ Տաւուշ

Ձերբազատինք նաեւ ներքին խտրականութենէն

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ Խտրականութեան դէմ ի յայտ եկող ընդհանուր շարժումի խորապատկերին վրայ կ՚արժէ տեսնել նաեւ ներազգային խտրականութիւնը, որուն դէմ մենք պարտաւոր ենք կեցուածք ունենալ։ Ազգ մը ազգ է կամ ազգ կոչուելու արժանի հաւաքականութիւն է, երբ ունի ազգային նպատակներ, ազգային արժէքներ ու ազգային մտածելակերպ։ Մնացեալ բոլոր հարցերն երկրորդական հարթութեան վրայ կու գան։ Յարգելի են բոլոր տեսակէտները, մօտեցումներնու համոզումներն այնքան ատեն, որ հասարակաց են...

Պատառիկներ «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն» Կուսակցութեան Ծածկանուններու բառարան»-ից

Պատառիկներ «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն» Կուսակցութեան Ծածկանուններու բառարան»-ից

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ Պատմութեան ընթացքին եւ կեանքի զարգացման զուգընթաց՝ բառարան հասկացողութիւնն եւս աստիճանաբար աւելի ընդարձակ իմաստ ու բովանդակութիւն ստացաւ: Բառարանը, սոսկ բառի բացատրական կամ թարգմանական սահմանափակումէն դուրս գալով, տարածուեցաւ տարբեր յատկանիշներու վրայ, եւ ստեղծուեցան զանազան բնագաւառներու յատուկ մասնագիտական բառարաններ` հասնելով նոյնիսկ հանրագիտարանային բառարաններու: Բառարանագիտութեան մէջ յատուկ տեղ կը գրաւեն կենսագրական բառարանները: Անոնց նախահայրը կարելի է համարել ֆրանսիական «Լարուս» հրատարակութիւնները, որոնք աստիճանաբար...

Վաստակաշատ Դաշնակցականի Յուշերը

Վաստակաշատ Դաշնակցականի Յուշերը

ԱՂԱՍԻ ԱԶԻԶԵԱՆ Հայաստանի վերանկախացումից յետոյ մեր կարեւորագոյն ձեռքբերումներից է յատկապէս մեր ազգային գործիչների թոռների կամ թոռնուհիների նախաձեռնութիւնները, ովքեր մէկը միւսի ետեւից հանրութեան սեփականութիւնն են դարձնում իրենց նախնիների յուշագրութիւնները` այսպիսով լոյս սփռելով հայ ժողովրդի եւ ի մասնաւորի ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութեան կարեւոր դրուագներ բացայայտելով: Վերջերս, Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի Ազգային առաջնորդարանի «Սիս» հրատարակչութիւնը լոյս է ընծայել Գուրգէն Սարգսեանի «Իմ յուշերը (1914-1921)» հատորը...

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութիւնը Նեցուկ Կը Կանգնի Լիբանանի Մէջ Ուսուցիչներու Վերաորակաւորման Ծրագիրին

Արեւմտահայերէնը Նորարար Թեքնաբանութեան Կիզակէտին

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքը ուրախ է յայտարարելու, որ Արեւմտահայերէնի ծառադարանը (Treebank) թողարկուեցաւ 15 մայիս 2021-ին եւ այժմ առկայ է Universal Dependencies Consortium-ին մէջ: Ծառադարանները անհրաժեշտ գործիքներ են լեզուի մը կենսունակութիւնը ապահովելու համար. անոնք կ’երաշխաւորեն, որ լեզուաբանական եւ թեքնաբանական գիտութիւններու ոլորտներուն մէջ լեզուն քայլ պահէ արդի զարգացումներուն հետ: Ծառադարաններու շնորհիւ համակարգչային ծրագիրներ «կը մարզուին», որպէսզի ճանչնան նախադասութեան մը քերականական եւ...

ՀՄԸՄ-ի Արցախի Մեկուսի Շրջանի Վերականգնում

ՀՄԸՄ-ի Արցախի Մեկուսի Շրջանի Վերականգնում

Կիրակի, 18 յուլիս 2021-ին, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վաչէ Նաճարեանի, ընկերակցութեամբ անդամներ Օշին Փիրումեանի եւ Դաւիթ Յակոբեանի, ինչպէս նաեւ Սանտրա Վարդանեանի, այցելեց Արցախ եւ Ստեփանակերտի մէջ վերականգնեց 44-օրեայ պատերազմէն ետք աշխատանքէ դադրած ՀՄԸՄ-ի Արցախի Մեկուսի շրջանը: ՀՄԸՄ-ի պատուիրակութիւնը Ստեփանակերտի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Մեկուսի շրջանի նոր վարչութեան հետ եւ անոր հետ խորհրդակցեցաւ յառաջիկայ փուլին...

Page 315 of 807 1 … 314 315 316 … 807

Արխիւներ