Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ե-Ֆորում. Համազգային Ֆորումը` Ելեկտրոնային Երկօրեայ Հաւաք

Յուլիս 20, 2021
| Անդրադարձ, Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նոր ու արհեստավարժ միջոցները կրճատեցին հեռաւորութիւնները, ժամանակները, եւ ամբողջ աշխարհը դրին ափիդ մէջ:

Հազարաւոր քիլոմեթրներ հեռու հարազատ մը տեսնելու համար, ա՛լ պէտք չունինք ժամերով թռիչք կատարելու, հիմա արդէն կը տեսնենք զինք ու կը լսենք մեր ձեռնահեռաձայնի պատուհանէն: Ա՛լ պէտք չունինք անոնցմէ օրերով սպասելու լուսանկարի մը, երկվայրկեաններու մէջ ափիդ մէջ կ՛ըլլայ այդ:

Սակայն 2019-ին ծայր առաւ համաճարակ, որ աստիճանաբար իր քողը երկարեց աշխարհի բոլոր ցամաքամասերուն վրայ ու նոր իմաստ տուաւ այս բոլորին:

Խճողուեցաւ մեր ափը:

Սկսանք այնտեղ տեսնել ո՛չ միայն հազարաւոր, այլեւ միլիոնաւոր քիլոմեթրներ հեռու անձինք: Դպրոց, դարմանատուն, բեմահարթակ, մատուռ եւ ժողովասրահ դարձան մեր սենեակի պզտիկ մէկ անկիւնը:

Համազգայինի ընտանիքը անմասն չմնաց այս բոլորէն: Ելոյթներ, ձեռնարկներ, ժողովներ ու փորձեր կատարուեցան աշխարհի չորս դին:

Համազգայինի ուսանողական ֆորումի 27-ամեայ անընդհատ ծրագիրը նոյնիսկ անցեալ տարի ընդհատուեցաւ համաճարակի պատճառով, ու վրայ հասաւ արցախեան պատերազմը:

Վերջերս սակայն կազմուեցաւ ֆորումական առցանց ծրագիր, եւ բոլորիս կիսած պատերազմը, համաճարակն ու հայութեան սպառնացող վտանգը դարձան անոր նիւթերը:

Տարիքային սահմանումներ չկային այս անգամ, ծրագիրին մասնակցելու արձանագրուեցան նոյնիսկ տասնեակ տարիներու ֆորումականներ: Հրաւէրը բոլորին էր:

Երկօրեայ դասախօսութեան շարք մըն էր: Թիւով չորս էին դասախօսութիւնները, հաւասարապէս բաժնուած` 11 յուլիսի եւ 18 յուլիսի վրայ:

Նիւթերը նուիրուած էին հայութեան ընդհանրապէս եւ Արցախ աշխարհին մասնաւորապէս:

Առաջին օրը` 11 յուլիսին, նախքան դասախօսութեան սկսիլը, տեղի ունեցան ծանօթացման խաղ եւ ընդհանուր զարգացման հարցումներ:

Առաջին դասախօսն էր Մոնրէալէն դոկտ. Կարին Փափազեան-Զոհրապեան, դասախօսութեան նիւթը` «Պատերազմ, համաճարակ եւ վերապրում` հայ երիտասարդութեան հոգեբանական մարտահրաւէրները»:

Այնտեղ խօսուեցաւ հոգեկան աշխարհի մասին: Պատերազմն ու համաճարակը ի՛նչ ազդեցութիւններ ձգեցին ժողովուրդի տարբեր խաւերուն վրայ, թէ ինչպէ՛ս անձը կ՛ազդուի իր շրջապատէն եւ շուրջը դարձածը ինչպէ՛ս ու որքանո՛վ կ՛ազդէ իր վրայ, թէ ինչպէ՛ս կարելի է յաղթահարել այդ բոլորը եւ դէմ դնել անոնց, ինչպէ՛ս պէտք է մօտենալ հարցերուն եւ ի՛նչ դիտանկիւններէ պէտք է դիտել զանոնք:

Մթնոլորտը ջերմ էր ու ընկերային: Ֆորումականներ, առանց տարիքի խտրութեան, իրենց աշխուժ մասնակցութիւնը բերին զրոյցի աւարտին, զրուցեցին ու կարծիք յայտնեցին:

Երկրորդ նիւթի դասախօսներն էին Ամերիկայէն դոկտ. Հեղնար Զէյթլեան-Ուաթնփաու եւ անկախ հետազօտող ու դասախօս Սիմոն Մաղաքեան, դասախօսութեան նիւթը` «Հայկական յուշակոթողային ժառանգութիւն. պահպանում եւ բնաջնջման  քաղաքականութիւն»:

Դասախօսութիւնը կը կեդրոնանար մասնաւորաբար երկար տարիներու թաւալումով հայկական յուշակոթողներու եւ խաչքարերու բնաջնջման փորձերուն վրայ: Այնտեղ կը ցուցադրուէին թիւեր ու նկարներ, որոնք գիտելիքը կը դարձնէին աւելի տպաւորիչ, ու վտանգը աւելի մօտ կը զգացուէր: Խօսուեցաւ ու զրոյց տեղի ունեցաւ այդ բոլորին դէմ դնելու կարելիութիւններուն ու մեթոտներուն մասին:

Երկրորդ օրը` 18 յուլիսին, ծրագիրը դարձեալ կ՛ընդգրկէր երկու դասախօսութիւն:

Առաջինը` «Գրականութիւնը Արցախի պատերազմի ընթացքին», որուն դասախօսն էր արցախցի բանաստեղծ եւ գրող Հերմինէ Աւագեան:

Աւագեան ականատեսի աչքով անդրադարձաւ պատերազմի ահաւորութեան եւ անկէ ծնունդ առած գրականութեան: Հայ գրողը այդ բոլորը տեսնելով ու ապրելով չէր կրնար իր ներաշխարհը գրիչին չտալ ու հոգին չդնել հոն: Բանաստեղծը խօսեցաւ այդ օրերու ստեղծագործելու նրբութիւններուն մասին, որովհետեւ այդ բոլորը պիտի կարդացուէին ժողովուրդի տարբեր խաւերուն կողմէ:

Դասախօսութեան ընթացքին կարդացուեցան եւ բացատրուեցան բանաստեղծութիւններ Սերկէյ Սաֆարեանէն (Նեմրութ), Վիթալի Պետրոսեանէն, Հայասէր Յովսէփեանէն (նահատակուած` արցախեան 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին) եւ նոյնինքն դասախօս Հերմինէ Աւագեանէն:

Երկրորդ դասախօսութիւն. «Գորգագործութեան արուեստը` Արցախի հայկական ինքնութեան վկայութիւն»:

Դասախօսներն էին` Շուշիի գորգերու թանգարանի հիմնադիր Վարդան Ասծատրեան (Արցախ) եւ Հայկական գորգերու ընկերութեան նախագահ Հրաչ Կէօզիւպէօյիւքեան (Ամերիկա):

Հայկական գորգերը հայ արուեստի իւրայատկութեան օրինակ ու փաստ են:

Գիտակն ու անոնց մասին բաւարար գիտելիք ունեցողը կրնայ ուղղակի ճշդել, թէ ո՛ր շրջանի գործ է տուեալ գորգը:

Ասծատրեան անդրադարձաւ պատերազմի նախօրեակի նախազգուշացման մասին եւ նուազագոյն կորուստներու կանխարգիլման իր փորձառութեան մասին: Ան զգալով պատերազմի վտանգը` յաջողեցաւ գորգերու բաժին մը փոխադրել Հայաստան, սակայն ցաւ ի սիրտ անոնց մեծ բաժինը մնաց Արցախ` նեցուկի չգոյութեան եւ կազմակերպուածութեան պակասի պատճառով: Յատկապէս 9 նոյեմբերը Շուշիի գորգերու փոխադրման աշխատանքը կասեցուց:

Իսկ Կէօզիւպէօյիւքեան, տարիներ այս ասպարէզին մէջ ներառուած ըլլալով, շեշտեց գորգերու արժէքը եւ զանոնք աղաւաղելու թշնամիի նկրտումներն ու նպատակները: Յայտնեց, որ բոլորս եւ ի մասնաւորի հայոց պետականութիւնը մեղաւոր ենք մեր մշակոյթի անվտանգութիւնը չապահովելու համար, թէ միշտ սպասած ենք պատուհասին, եւ այդ պատուհասը կանխարգիլելու միջոցներու չենք ձեռնարկած: Կէօզիւպէօյիւքեան հաստատեց, որ պէտք չէ ակնկալել միջազգային կազմակերպութիւններէ այն, ինչ որ հայոց պետականութիւնը ձախողեցաւ իրագործելու:

Հակառակ գորգերու իւրայատկութեան ու անոնց հազարամեայ արժէքին, զոյգ դասախօսները շեշտեցին, որ այս աշխատանքը եւ այս բոլորին պահպանումը չի վայելեր Հայաստանի ու Արցախի զոյգ հանրապետութիւններու պետական նեցուկը եւ կը մնայ սոսկ անհատական ճիգերու աշխատանք, որ կը դառնայ կարելիութիւններով սահմանափակ եւ չի կրնար կատարել իրեն վստահուած առաքելութիւնը:

Աւարտին, բոլոր դասախօսութիւններուն աւարտին նման, մասնակիցները կիսեցին իրենց մտահոգութիւնները եւ պարզեցին իրենց հարցերը:

Երկօրեայ այս դասախօսաշարքը նախնական փորձ մըն էր, որ յաջողութեամբ պսակուեցաւ: Կրցաւ ներառել հայ ժողովուրդէն խաւ մը, եւ անհատը հոնկէ առաւ բան մը ու ձգեց իրմէ բան մը հոն:

Վարձքը կատա՛ր բոլոր կազմակերպողներուն:

Գրութիւնը փակենք դոկտ. Զոհրապեանի մէկ անդրադարձով.

«Յարաբերութիւնները անհրաժեշտութիւն են վերապրումի համար»:

 

Նախորդը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Երբ Անգլուխ Է Դիւանագիտական Համակարգը…

Յաջորդը

ՀՄԸՄ-ի Արցախի Մեկուսի Շրջանի Վերականգնում

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Ազգն Ու Պետութիւնը Գերադաս Են Թէ՛ Իշխանութենէն Եւ Թէ՛ Դիմադրութենէն

Օգոստոս 15, 2022
Երգերէն Հասնող Պատգամները
Անդրադարձ

Երգերէն Հասնող Պատգամները

Օգոստոս 15, 2022
Անդրադարձ.  Քիչ Մը Գիտութիւն՝ «Անհրաժեշտ Բայց Ոչ Բաւարար»-ի եւ «Ներազդող»-ի Մասին, Որ Հաւանաբար Կը Լուսաբանէ Հայաստանի Ներկայ Իրավիճակը
Անդրադարձ

«Թաւշեայ Յեղափոխութիւնը» Եւ «Գունաւոր Յեղափոխութիւնները» Ինչպէ՞ս Կազմակերպուեցան – Գ.

Օգոստոս 15, 2022

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In