Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խանասորի Արշաւանքի 124-Ամեակի Ոգեկոչում Կիպրոսի Մէջ

Յուլիս 26, 2021
| Անդրադարձ, Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Կիպրոսի Կոմիտէին եւ յարակից միութիւններուն Խանասորի արշաւանքի 124-ամեակի պատշաճ ոգեկոչում-հանդիսութիւն մը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 24 յուլիսի 2021, երեկոյեան ժամը 8.00-ին, Նիկոսիոյ ՀԵՄ- ՀՄԸՄ Մարզադաշտի մէջ։

Հանդիսութեան ներկայ էին Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Խորէն Արք Տողրամաճեան, Նիկոսիոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տէր Մոմիկ Քհյն․ Հապէշեան, Ազգային Վարչութեան ատենապետ ընկ․ Սեւակ Կիւրիւնլեան, Երեսփոխանական ժողովի անդամներ, Համազգայինի վարչութեան ատենապետ ընկ․ Արթօ Դաւիթեան, Հ․Օ․Մ-ի անդամուհիներ եւ Կիպրահայ գաղութի անդամներ։

Հանդիսութիւնը սկսաւ Կիպրոսի ՀՅԴ Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ․ Սիմոն Այնէճեանի բացման խօսքով։

Պատանեկան միութենէն երեք կրտսեր պատանիներ Արինէ Մանուկեան, Միքայէլ եւ Կարեն Սարգսեաններ ասմունքեցին Պարոյր Սեւակի «Քիչ ենք, բայց Հայ ենք» բանաստեղծութիւնը։

Ապա, Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետ ընկ․ Յակոբ Գազանճեան երկայացուց օրուայ բանախօսը՝ Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի Ընկերութեան Ընդհանուր Քարտուղար, Աստուածաբանութեան դոկտոր, գրող, հրապարակագիր ու հասարակական գործիչ Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանը։

Դոկտ․ Ճէպէճեան ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց Խանասորի Արշաւանքի պատմականը, լուսարձակի տակ առնելով յատկանշական իրադարձութիւններ պատմական դէպքին առնչութեամբ։ Ան մատնանշեց հայ քաջամարտիկներու ազգային ինքնութեան, նուիրումի եւ հաւատքի ոգին, որ անոնք կատարելութեան ամենաբարձր իրավիճակին հասցուցին՝ ֆիզիքական նահատակութեամբ, առանց երբեք սակարկելու իրենց համոզմունքը։ Դոկտ. Ճէպէճեան վերառաւպատմութեան շարունակականութեան հոլովոյթները ընդգծելով, թէ «Պատմութիւնը ունի շարունակական ընթացք եւ ընդունուած իրականութիւն է, որ պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ։ Եւ այս իմաստով անհրաժեշտ է, որ Հայ ժողովուրդի պատմութիւնը պէտք է դիտել եւ վեր առնել իր ամբողջութեան մէջ՝ մինչեւ ներկայ ժամանակները»։

Դոկտ. Ճէպէճեան կամրջեց Խանասորի Արշաւանքի իրադարձութիւնը ներկայ օրերու հայաշխարհի իրականութեանը հետ եւ ընդգծեց հայուն կեանքի ներկայ օրերու մէջէն վեր կանգնելու անհրաժեշտութիւնը 44-օրեայ պատերազմէն ետք։ «Հայ ժողովուրդի ամբողջ պատմութեան ընթացքին, ամէն ձախողութենէ ետք մի՛շտ յաջորդած է յաջողութիւն։ Եւ այս անգամ ալ, հայը պիտի յաջողի դուրս գալ իր այս դժուար կացութենէն» ըսաւ ան։ Ան կարեւորեց բարոյական եւ ազգային արժէքներու եւ կենցաղի համակարգ մը ստեղծելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ Արցախի ներկայ տարածքի պահպանման կարեւորութիւնը եւ երատիրանալու գէթ ԼՂԻՄԻ սահմաններուն։ Ան նոյնպէս կարեւորեց սփիւռքի կարողականութիւնը եւ ընդգծեց նոր ռազմավարութիւն մը ստեղծելու անհրաժեշտութիւնը Հայաստան, Արցախ եւ սփիւռք յարաբերութեան մէջ։ «Հայը ունի միտք եւ պատրաստուած մարդկային ներուժ։ Անհրաժեշտ է, որ կարենանք համադրել մեր մտաւոր բոլոր մասնագիտական կարողութիւնները եւ ներմուծել զանոնք մեր հայրենիքի կեանքին մէջ» ըսաւ ան։

Դոկտ. Ճէպէճեան եզրափակեց իր խօսքը շեշտելով միասնականութեան հրամայականին վրայ, որպէս գլխաւոր երաշխիք հայուն դիմագրաւելու ներկայ ճգնաժամները։ «Մենք մի՛շտ պարտինք յիշել, որ ցեղասպանուած ժողովուրդ ենք եւ միասնականութիւնը մեզի համար միակ ուղին է մեր ազգային եւ հաւաքական կեանքը կերտելու եւ ապահովելու մեր պատմութեան շարունակականութեան ընթացքը» եզրափակեց ան։

Ձեռնարկի վերջաւորութեան, Համազգային «Սիփան» պարախումբ համալրեց երեկոն մարտական պարով մը, որմէ ետք Սրբազան Հայրը հանդէս եկաւ փակման խրախուսիչ խօսքով։

Խնամուած եւ բծախնդրութեամբ պատրաստուած յայտագիրը, վերջ գտաւ «Կարկուտ տեղաց Խանասորայ դաշտումը» երգով:

 

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

Ֆութսալ. Մարժապա-ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ` 2-0

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ ( 26 Յուլիս 2021)

RelatedPosts

Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

Մինչեւ Հիմա

Մայիս 30, 2023
Պարտաւոր Ենք Շարունակելու Մայիս 28-եան Աւանդութիւնները
Անդրադարձ

Պարտաւոր Ենք Շարունակելու Մայիս 28-եան Աւանդութիւնները

Մայիս 30, 2023
Խենթերն Են Գտնում Հնար…
Անդրադարձ

Խենթերն Են Գտնում Հնար…

Մայիս 27, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In