Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ստացուած Գիրքեր. Մուշեղ Իշխան. Միջազգային Գիտաժողովի Զեկոյցներ

Յուլիս 26, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Երեւանի մէջ 2021-ին, «Տիգրան Մեծ» հրատարակչատան տպարանէն լոյս տեսաւ «Միջազգային գիտաժողով նուիրուած Մուշեղ Իշխանին. զեկոյցների ժողովածու» հատորը, բաղկացած` 240 էջերէ:

Ժողովածուն կ՛ընդգրկէ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան եւ Երեւանի պետական համալսարանի նախաձեռնութեամբ 8 հոկտեմբեր 2019-ին տեղի ունեցած Մուշեղ Իշխանի նուիրուած միջազգային գիտաժողովի նիւթերը:

Ողջոյնի խօսքերով հանդէս կու գան Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեան եւ բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսէօր Արծրուն Աւագեան:

«Վահան Թէքէեան-Մուշեղ Իշխան» գրական առնչութիւններ» նիւթով հանդէս կու գայ Քնարիկ Աբրահամեան: Ան կ՛ըսէ, որ Մուշեղ Իշխանի համար գերակայ արժէք է երազը, հակառակը` հոգին աներազ, հաւասարազօր է լքումի` ազգային արժէքներու եւ ինքնութեան: Թէքէեան-Իշխան գրական առնչութիւնները մէկ կողմէ կու գան վկայելու երկու հեղինակներու հոգեկցութիւնը, միւս կողմէ` երեւան բերելու եւ Իշխանի պարագային հաստատելու արեւմտահայ գրամշակութային աւանդոյթի շարունակականութիւնը` նոր միջավայրի ու նոր իրողութիւններու թելադրութեամբ:

«Ինքնութեան խարիսխը Մուշեղ Իշխանի գեղարուեստական համակարգում» նիւթով հանդէս կու գայ Սաթենիկ Աւետիսեան: Հայրենի հողի վրայ նոր շինուող տան պատկերը մնալու է հեղինակի երազներու միջուկը: Մուշեղ Իշխանի գեղարուեստական համակարգին մէջ անպայմանօրէն ամրացած է մայր հողին եւ աճի խթանիչները միայն ազգային միջավայրին մէջ են, որ իրական Հայաստանն է` ազգային պետականութեամբ եւ բարձրացող մշակոյթով:

«Մուշեղ Իշխանի Հայաստան պոէմը» նիւթով հանդէս կու գայ Ֆելիքս Բախչինեան: Ան կ՛ըսէ, որ Իշխանի գրականութեան բովանդակութիւնը յեղաշրջուելու կարիք չունեցաւ, քանզի անիկա ի սկզբանէ ներծծուած էր հայրենապաշտութեամբ, արիւն ու թթուածին կը ստանար ցեղային զգացողութեան աւազանէն:

«Հնաբանութիւնները Մուշեղ Իշխանի Հայաստան պոէմում» նիւթով հանդէս կու գայ Վալտեր Բերբերեան: Ան կ՛ըսէ, որ պատմաբանին եւ վիպասանին յատուկ փորձառութեամբ Իշխան գունաւորած է «Հայաստան» բանաստեղծութիւնը` լի հնաբառերով եւ պատմաբառերով, որոնք պայմանաւորուած են երկի բովանդակութեամբ, որոնց միջոցով կը վերականգնուի հայոց պատմութիւնը:

«Բանաստեղծը կեանքի ու երազի սահմանագիծին» նիւթով հանդէս կու գայ Վազգէն Գաբրիէլեան: Ան կ՛ըսէ, որ Իշխան իրաւ բանաստեղծ էր` կոչումով, էութեամբ եւ խառնուածքով: Իշխանի բանաստեղծութեան մէջ երազը ոչ թէ կը թեւածէ իբրեւ քնքուշ մութի թեւ, այլ կը սփռուի ու կը կենդանանայ:

«Իմ ուսուցիչներս յուշագրութեան լեզուաոճական հիմքերը» նիւթով հանդէս կու գայ Աշոտ Գալստեան: Ան կ՛ըսէ, որ Իշխան նկարագրական խօսքը կը հիւսէ` կիրառելով լեզուաոճական այնպիսի յատուկ հնարքներ, որոնք կը ձեւաւորեն յուշագրութեան դիմապատկերային միջուկը:

«Մուշեղ Իշխանի կազմած դասագրքերի հայեցակարգը» նիւթով հանդէս կու գայ Դաւիթ Գասպարեան, ըսելով որ Իշխան իր կազմած դասագիրքերը վերնագրած է «Արդի հայ գրականութիւն», որոնք լոյս տեսած են երեք հատորով:

«Տարաբնակ մարդը Մուշեղ Իշխանի թատերախաղերուն մէջ» նիւթով հանդէս կու գայ Վիգէն Թիւֆէնկճեան: Ան կ՛ըսէ, որ Իշխանի թատերախաղերու գրեթէ բոլոր տիպարներուն հասարակ յայտարարը գոյութենական անձկութիւն մըն է, որ շարունակաբար կը մրճահարուի անհարազատ միջավայրերու մէջ անոնց բնակութեան իրողութեամբ:

«Մարդը եւ մանկավարժը» նիւթով հանդէս կու գայ Տիգրան Ճինպաշեան: Ան կ՛ըսէ, որ Իշխանի մանկավարժական մեթոտաբանութիւնը աւանդուած էր Նիկոլ Աղբալեանի, բայց մանաւանդ Լեւոն Շանթի կողմէ: Մուշեղ Իշխանի կեանքը սկսած է տագնապի մէջ: Ողբերգական այդ սկիզբը իր կեանքին անթեղուած մնացած էր իր հոգիին խորքը:

«Մուշեղ Իշխանի բանաստեղծական աշխարհը» նիւթով հանդէս կու գայ Սերժ Սրապիոնեան: Ան կ՛ըսէ, որ Իշխանի ուրոյն մտածողութեամբ եւ արտայայտչականութեամբ շահեկանօրէն կը տարբերի ժամանակակիցներէն եւ հետեւորդներէն: Իշխան ոչ միայն նոր ու թարմ խօսք բերաւ սփիւռքահայ, եւ ո՛չ միայն սփիւռքահայ բանաստեղծութեան մէջ, այլեւ նոր ուղիներ բացաւ հայ երգի ընթացքի, հետագայ երթի համար:

 

 

 

Նախորդը

Ստացուած Գիրքեր. Խաւարին Չհաւատալու, Խաւարին Չտրուելու Պոէզիա (Հեղինակ` Ֆելիքս Բախչինեան)

Յաջորդը

Նոր Գիրքերու Հետ. Ես, Այս Գիշեր 2 – Արցախի Վէրքը (Հեղինակ Վարուժան Արք. Հերկելեան- Աղեղնաւոր)

RelatedPosts

Վտանգուած, Բայց Ո՛չ Կորսուած Մեր Լեզուն, Մեր Մշակոյթը
Անդրադարձ

Լեզուափոխութիւնը Ուղեղի Ճկունութի՞ւն, Թէ՞ Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 24, 2025
Ազատէ՛ Դուն Քեզ Բոլորին Խրատներէն
Անդրադարձ

Ո՛չ Թէ Պարտքով, Այլ` Սրտանց

Հոկտեմբեր 24, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Նշմար. Ընդդէմ Մենատէրերու…

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?