Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դասեր` Ներսէսէն

July 24, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԺԴԵՀ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ

Անոնք, որոնք բախտը ունեցած են ճանչնալու Ներսէս Ներսէսեանը, վստահաբար համաձայն պիտի ըլլան այն գաղափարին, որ Ներսէսը բոլորիս կեանքին մէջ փոփոխութիւն մը կատարած է, բոլորիս ձեւով մը ներշնչած, բոլորիս «բան մը սորվեցուցած»:

Այսօր, երբ արդէն 40 օրեր անցած են իր վաղաժամ մեկնումէն, կ’արժէ պահ մը վերյիշել եւ բարձրաձայնել Ներսէսին սորվեցուցած դասերն ու իր կատարած փոփոխութիւնները` բոլորիս կեանքին մէջ:

Առաջին դասը` ԺՊՏԻԼ: Ժպտիլ միշտ, անկեղծ, բարի ժպիտով մը եւ արտացոլացնել մաքուր հոգիդ, վեհ նկարագիրդ: Այդ ժպիտով ալ դիմագրաւել ամէն տեսակի դժուարութիւն, ստեղծել ու վարակել դրական մթնոլորտ:

Այդպէս էր Ներսէսը, այդպէս մնաց եւ այդպէս ալ պիտի յիշուի միշտ:

Երկրորդ դաս` ԿԱՄՔ: Չյանձնուիլ, չյուսահատիլ, պայքարիլ, փորձել, ապրիլ: Մինչեւ իր երկրային կեանքին աւարտը կամքի տէր էր Ներսէսը: Չյուսահատեցաւ, տոկաց, ամէն ձեւով դէմ դրաւ անողոք հիւանդութեան պատճառած մաշեցնող եւ յոգնեցնող ֆիզիքական եւ հոգեկան տագնապներուն ու վնասներուն: Մասնակցեցաւ սկաուտական աշխատանքներուն, բանակումներուն եւ ձեռնարկներուն: Երբեմն տարբեր արտաքինով, երբեմն յոգնած մարմինով եւ երբեմն ալ մտահոգ, բայց միշտ ներկա՛յ, միշտ պատրա՛ստ:

Երրորդ դաս` ԼՈՒՌ ՄՆԱԼ: Չգանգատիլ, չդժգոհիլ, կարենալ սեղմել ակռաներդ եւ այդպէս շարունակել ապրիլ, գոյատեւել:

Լուռ էր Ներսէսը,  հակառակ անոր որ դժգոհելու բազմաթիւ պատճառներ ունէր: Իր լռութիւնը իր քաջութեան արդիւնքն էր, իր նկարագիրին իսկական արտայայտութիւնը: Իսկ իր զգացումներու թարգմանը իր աչքերն էին, որոնք շատ բան ունէին պատմելիք…

Չորրորդ դաս` ԸՆԿԵՐԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ: Անշահախնդիր ընկերութիւն, սէր, յարգանք: Այս արժանիքներով օժտուած էր Ներսէսը: Այսպիսի ընկեր էր ան, որ կը յաջողէր փոխանցել այդ արժանիքները իր շրջապատին` ստեղծելով լաւագոյն եւ բիւրեղ ընկերութեան գեղեցիկ օրինակ:

Եւ աւելի՛ն, դասերէն անդին, պէտք է անպայման անդրադառնալ Ներսէսին ճամբով անգամ մը եւս փաստուած ՀՄԸՄ-ին ընտանիք ըլլալու իւրայատկութեան, «քոյր-եղբայր» բառերու իրական եւ լիարժէք դրսեւորման:

Վստահաբար բոլորը տակաւին կը յիշեն «No One Fights Alone» արշաւը, որուն վստահաբար բոլորը մասնակցած են:

Արշաւ մը, որ երեք տարբեր փուլերով կատարուեցաւ եւ նպատակ ունէր նեցուկ կանգնիլ Ներսէսին, իր կողքին ըլլալ բարոյապէս եւ որոշ չափով նիւթապէս:

Արշաւ մը, որ ժամերու ընթացքին յաջողեցաւ զօրաշարժի ենթարկել աշխարհասփիւռ ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքն ու ամբողջ լիբանանահայութիւնը:

Հոս առիթ է անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնելու այս արշաւին բոլոր մասնակիցներուն եւ այս նպատակին համար բոլոր աշխատողներուն:

Երանի՜ կարենայինք այս հաւաքական աշխատանքով անգամ մը եւս կանգնիլ Ներսէսին կողքին ու միասնաբար տօնել անոր յաղթական աւարտը, բայց®

«Երանի»-ները շատ են, «ինչո՞ւ»-ները` աւելի, իսկ այդ հարցերուն պատասխան գտնելը` անկարելի, եւ ճիշդ այդ պատճառով այսօր լաւագոյն լուծումը այն է, որ իւրաքանչիւրս շնորհակալութիւն յայտնենք Ներսէսին` իր փոխանցած դասերուն համար, յիշենք Ներսէսին ժպիտը, կամքը, լռութիւնն ու ընկերասիրութիւնը եւ վերակենդանացնենք Ներսէսին ներկայութիւնը մեր կեանքերուն մէջ` ստեղծելով իր իւրայատուկ մթնոլորտը, հետեւելով իր 21 տարիներու ապրած օրինակին:

Խաղաղօրէն ննջէ՜ Ներսէս, եղբա՛յր Ներսէս:

Հանգիստ` մարմնիդ, լոյս` պայծառ հոգիիդ:

Կը մնանք միշտ շնորհակալ:

Ցտեսութիւն:

 

 

 

 

 

Նախորդը

Աւելի Քան Ընկեր` Եղբայր

Յաջորդը

Կտրիճ, Հերոս ՀՄԸՄ-ական Մեր Եղբայրը

RelatedPosts

Ընտրութիւնները` Մեր Ետին
Անդրադարձ

Վարդագոյն Ժապաւէնը` Կնոջ, Աղջիկներու Եւ Մօր Իրաւունքը

October 29, 2026
Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.