Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ձերբազատինք նաեւ ներքին խտրականութենէն

Յուլիս 20, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Խտրականութեան դէմ ի յայտ եկող ընդհանուր շարժումի խորապատկերին վրայ կ՚արժէ տեսնել նաեւ ներազգային խտրականութիւնը, որուն դէմ մենք պարտաւոր ենք կեցուածք ունենալ։

Ազգ մը ազգ է կամ ազգ կոչուելու արժանի հաւաքականութիւն է, երբ ունի ազգային նպատակներ, ազգային արժէքներ ու ազգային մտածելակերպ։ Մնացեալ բոլոր հարցերն երկրորդական հարթութեան վրայ կու գան։ Յարգելի են բոլոր տեսակէտները, մօտեցումներնու համոզումներն այնքան ատեն, որ հասարակաց են նպատակները, արժէքներն ու մտածելակերպերը։ Իսկ բոլոր տարբերութիւնները, այլութիւնները գոյութիւն կրնան ունենալ հաւաքականութեան մը մէջ, եթէ առկայ են փոխադարձ սէրն ու յարգանքը։ Նորութիւն չէ այդ սիրոյ ու յարգանքի պակասը մեր մէջ։ Այսինքն՝ նորութիւն չէ ներքին խտրականութիւնը։ Նորութիւն չէ մանաւանդ մեր օտարամոլութիւնը, այսինքն՝ հայուն դէմ՝ ի նպաստ օտարին խտրականութիւնը, զոր այնքան լաւ ձաղկած է Յակոբ Պարոնեան շուրջ մէկուկէս դար առաջ։ Սա ոչ միայն անհատական, այլեւ հաւաքական երեւոյթ է, համախտանի՛շ է։ Այսօր, սակայն, այդ մասին ալ չեմ ուզեր խօսիլ, այլ կ՚ուզեմ անդրադառնալ ներքին խտրականութեան տարբեր երեւոյթներու։

Միտք չունիմ պատմական ակնարկ մը նետելու այս հարցին վրայ, սակայն շատ լաւ գիտենք, թէ ինչպէս մեր հաւատարմութիւններուն եւ մեր յոյսերուն մէջ տատանած ենք ոչ միայն Արեւելքի ու Արեւմուտքի միջեւ, այլեւ Հիւսիսի ու Հարաւի ալ միջեւ ու զոհ ենք գացած մեզ շրջապատող ուժերու խարդաւանքներուն ու խաղերուն՝ չկարենալով դիմադրել մեզ բաժնող, մեզ իրարու հակադրող ու այդպիսով մեզ տեւաբար տկարացնող ուժերուն։

Այս երեւոյթը զգալի դարձաւ մանաւանդ Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք, երբ, Մեծ եղեռնէն հազիւ ճողոպրած, ու վերականգնելու համար բոլորին միահամուռ ճիգերուն կարիքն ունեցող հայութիւնը բաժնուեցաւ «Հայաստանասէր» ու «Հակահայաստանեան» արուեստական ճամբարներու, եւ մեր ուժերուն մէկ կարեւոր մասն սպառեցաւ իրար հարուածելու եւ իրարու դէմ պայքարելու ճամբուն՝ փոխանակ ի խնդիր միասնական ուժերով ինքզինք վերագտնելու եւ մեր իրաւունքները պաշտպանելու գործին։

Բաւական ճամբայ կտրեր էինք այս ախտէն ձերբազատելու համար։ Մեր մեծ յոյսն էր, որ Հայաստանի վերանկախացումով ներքին խտրականութիւնը կը վերանար միանգամ ընդմիշտ։ Սխալեցանք, չարաչար սխալեցանք։ Շարունակուեցան մեզ պառակտելու եւ մեր ուժերը յումպէտս վատնելու մղող փորձերը, քանի որ մեր գոյութիւնն իսկ ցանկալի չէր, ու կը թուի, թէ տակաւի՛ն ցանկալի չէ մեր հողատարածքին վրայ աչք ունեցող բարեկամներուն կամ թշնամիներուն համար։ Իսկ մենք ենթարկուեցանք ու տակաւին կ’ենթարկուինք այդ փորձերուն։

Այսօր կրնանք տեսնել փոխադարձ խտրականութիւն այլեւս ոչ թէ պարզապէս կամ ոչ միայն գաղափարական գետնի վրայ, որ արուեստական գետին մըն էր, քանի որ խորքին մէջ գաղափարական տարբերութիւններով չէ, որ կը հակադրուէինք իրարու, այլ մեր երկրին վրայ տիրապետող ուժին հետ թէ դէմ ըլլալու իրավիճակով։ Այսօր ալ ահա տակաւին կը հակադրուինք իրարու՝ որպէս հայաստանաբնակ ու արցախաբնակ, հայրենաբնակ ու արտերկրաբնակ, որպէս էջմիածնական թէ անթիլիասական, որպէս առաքելական թէ կաթոլիկ կամ աւետարանական, տակաւին որպէս այլեւայլ աղանդներու հետեւող, նոյնիսկ ունեւոր եւ չունեւոր, ուսեալ եւ անուս եւ այլն։ Եւ չմոռնանք. կայ տեւական խտրականութիւնն ընդդէմ կիներուն, ընդդիմութիւնը կիներու իրաւունքներուն, այլեւ այլ փոքրամասնութիւններուն։ Չեմ հնարեր այս բաները, իրողութիւններ են ասոնք մեր այսօրուան՝ 21-րդ դարու կեանքին մէջ։ Բոլորն ալ նոյնքան արուեստական բաժանումներ են, քանի որ պատճառ չկայ, որ բոլորս ալ զիրար չընդունինք ու չյարգենք՝ առանց այդ նկատումներուն։

Պատճառ չկայ, չի կրնար ըլլալ, եթէ կայ նպատակի, արժէքներու ու մտածելակերպի հասարակ յայտարար։ Ահա այդ յայտարարն է, որ կ’ուզենք գտնել ու պահպանել, ինչ ալ ըլլան արտաքին պայմաններն ու ճնշումները։ Ըստ իս՝ այդ հասարակ յայտարարը կրնայ կայանալ հետեւեալ հասկացութիւններով.

– Հայաստանն է մեր հայրենիքը, ի՛նչ պայմաններու տակ ալ գտնուի, ի՛նչ իրավիճակ ալ ունենայ՝ անկախ, կիսանկախ կամ գերեալ,
– հայերէնն է մեր լեզուն, որքան ալ որ հետզհետէ նուազ ու նուազ գործածուի ան, հետզհետէ աւելի ու աւելի աղաւաղուի,
– հայ ընտանիքն է մեր հաւաքանութեան առանցքը, նոյնիսկ եթէ ընտանիքի յղացքն անգամ այսօր մթագնիլ սկսեր է ժամանակակից քաղաքակրթութեան այս օրերուն։

Ի՞նչ պիտի ընենք, որ ազգովին համոզուած ըլլանք այս հասկացութիւններուն։ Ի՞նչ պիտի ընենք, որ կարելի եղած չափով մեր առաւելագոյն թիւն ապրի հայրենի հողին վրայ, նախընտրէ՛ ապրիլ հոն, հոգեպէս ու տնտեսապէս լա՛ւ զգայ, հոն ապրելով ապահով ու հանգիստ՝ փոխանակ դիմելու կամաւոր տարագրութեան։

Ի՞նչ պիտի ընենք, որ մեր առօրեայ կեանքը կարենանք ապրիլ մեր լեզուով, իսկ մեր լեզուն ապրի մեզմով, ու լեզուին հետ՝ մեր մշակոյթը, մեր բարոյական ըմբռնումները, մեր էութիւնն ու ինքնութիւնը՝ կամայ-ակամայ ո՛ւր որ ալ գտնուինք։

Ի՞նչ պիտի ընենք, որ պահպանուին ընտանեկան սրբութիւնները, այն սրբութիւնները, որոնք դիմացեր են ամենէն դաժան ժամանակներուն ու պահեր են ազգը, իսկ հիմա կը գտնուին անհետանալու վտանգին առջեւ։

Ի վերջոյ, լա՞ւ է հայ ըլլալը, թէ՞ ոչ։ Կ’ուզե՞նք հայ ըլլալ, թէ՝ ոչ։ Եւ հո՛ս է, որ կրնանք ըլլալ, պարտաւո՛ր ենք ըլլալ խտրական։

 

«Դրօշակ», թիվ 7 (1653), հուլիս, 2021 թ.

Նախորդը

Պատառիկներ «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն» Կուսակցութեան Ծածկանուններու բառարան»-ից

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն. Լիբանանահայութեան Վերականգնումի Մարմինը Կ՛օժանդակէ 1951 Բնակարաններու Նորոգութեան Աշխատանքին

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?