Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նոր Գիրքերու Հետ. Ես, Այս Գիշեր 2 – Արցախի Վէրքը (Հեղինակ Վարուժան Արք. Հերկելեան- Աղեղնաւոր)

Յուլիս 26, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Քանի մը ամիս առաջ մամուլէն իմացած էինք այս հատորին լոյս ընծայման լուրը. հիմա արդէն օրինակ մը ունինք եւ զայն ընթերցեցինք այն ակնկալութեամբ, թէ անիկա պիտի ըլլար նոյնանուն առաջինին մէկ տարբերակը: Յիշեցնենք, որ առաջին «Ես, այս գիշեր»-ը լոյս տեսած էր 2018-ին, յղացուած էր իբրեւ զրոյցներու շարք` հեղինակին եւ մեծ մասամբ մեր պատմութիւնն ու մշակոյթը կերտող անմահներու հետ. հոն տեղ գտած էին մեր օրերու բազմերես տագնապներուն, մասնաւորաբար մշակութային, ազգային, նաե՛ւ քաղաքական եւ այլ հրատապ հարցերուն արտայայտութիւնները, իսկ նկատի ունենալով, որ մասնաւորաբար վերջին աւելի քան մէկ տարին մեր` հայութեան կեանքին մէջ հին տագնապներու «վերարտադրութեան» առիթներ եւ տարբերակներ ընծայած է, մեր սպասումը այն էր, որ նոյն թեքնիքը` զրոյցներու ոճը, որդեգրուած ըլլար նաեւ հոս:

Այդպէս չէ: Այս անգամ հեղինակը իր կարկինը ձեւականօրէն պահած է սահմանափակ, թուղթին յանձնած է հեքիաթային պատում մը, որ ունի ընդամէնը երեք գլխաւոր դերակատար: Բայց նախ…

… Քանի մը խօսք «արտաքին»-ին մասին:

Գրքոյկը կը տարածուի 128 էջի վրայ, իսկ ետեւի կողքին` կայ հեղինակին մէկ կարճ կենսագրականը, ուր սեղմուած է իր վաստակը: Գիրքը ձօնուած է հեղինակին հօր, մօր եւ հօրաքրոջ` իբրեւ երախտագիտութեան արտայայտութիւն: Յառաջաբան մը ունի Եսայի Հաւաթեան, որ սեղմ տողերով կ՛անդրադառնայ հատորի նիւթին եւ հպանցիկ կերպով կը խօսի խորքին մասին (յայտնապէս այն ակնկալութեամբ ու թելադրանքով, որ մարդիկ ունենան հատորը եւ անձամբ պտոյտի ելլեն հեղինակի էջերուն): Պատկերազարդ է. «կը տողանցեն» արցախեան լուսանկարներ:

Կարեւոր կէտ մըն է հեղինակին մուսալեռցի ըլլալու հանգամանքը…

Լոյս տեսած է իբրեւ «Գառնի» ուսանողական մատենաշարին 43-րդ թիւը: Հեղինակը համահիմնադիրն է եւ գլխաւոր խմբագիրը` այս մատենաշարին, որ այսպիսով կը նշէ իր 35-րդ տարեդարձը:

Հեքիաթային Մթնոլորտ

Ինչպէս նշեցինք, հեղինակը այս անգամ ընտրած է տարբեր ոճ ու մօտեցում: Առաջինին հետ միակ նմանութիւնը այն է, որ կը յենի պատումը ութ գիշերներու վրայ տարածելու հնարքին վրայ: (Նախորդին մէջ, իւրաքանչիւր անքուն գիշերուան ընթացքին զրոյցներ ունեցած էր ականաւոր դէմքերու հետ: Այս անգամ գիշերները անքուն չեն):

Առաջին հերոսը բացայայտօրէն ինք է, որ կը ներկայանայ թափառականի կերպարով: Երիտասարդ մը, չես գիտեր թէ ինչպէ՛ս, իր թափառումներուն ճամբուն կու գայ-կը հասնի բարձրաքարան ձաւ մը, ուր կը դիմաւորուի միւս երկու գլխաւոր հերոսներուն` տարեց Պապիկի մը եւ Մամիկի մը կողմէ (խորագիրէն իսկ կարելի է հետեւցնել, որ անոնք որոշ կապ մը ունին Արցախի խորհրդաիշ` հռչակաւոր Պապիկին ու Մամիկին հետ): Հիւրընկալներուն բնակավայր-քարանձաւը շրջապատուած է բնութեան հրաշալիքներով. լեռներ, պարտէզներ, լիճ ու դաշտեր, կիրճեր ու հնավայրեր, անանուն ուխտատեղիներ: Էջ առ էջ կը բացուին «գաղտնիքներ», թէ` այս զոյգը (ո՛չ ամոլ մը) ինչպէ՛ս հասած է աշխարհէն կտրուած այդ քարանձաւը, ետին ձգած` չարերը, հալածողներն ու բռնադատողները, ունի ապրուստի բոլոր տարրական հնարաւորութիւնները` ապահով կացարան, առատ սննդամթերք: Անխուսափելիօրէն կը տեսնենք, թէ միջավայրը «Հայաստան, երկիր դրախտավայր»-ն է: Սակայն անոնք կը տագնապին, որովհետեւ բռնի կերպով հեռացուած են իրենց տունէն, սեփական հողերէն, կորսնցուցած են հարազատները, չեն գիտեր, թէ արդեօք ի՞նչ ճակատագիրի ենթարկուած են, սակայն ունին զանոնք վերագտնելու յոյսը: Անոնց անուններն իսկ թելադրական են այս իմաստով: Մամիկը կը կոչուի Յուսաբեր, իսկ պապիկը` Համբերաքաղ:

Մթնոլորտը հեքիաթային է ու դրախտային, որովհետեւ Պապիկն ու Մամիկը կը պատմեն եւ գործնապէս ցոյց կու տան, թէ շրջակայ բարձունքներուն եւ դաշտավայրերուն մէջ ապրող վայրի կենդանիները ընտելացած են իրենց հետ, մասնակից են իրենց սնունդի մատակարարման, իսկ իրենք ալ գուրգուրանք կը ցուցաբերեն անոնց մատղաշ ձագերուն հանդէպ (Ադամն ու Եւան ալ Դրախտին մէջ նման կեանք ունէին): Տարեց զոյգին օրերը կը լեցուին սննդամթերք ապահովելով. հատորին մէջ լայն տեղ գրաւած են ճաշի պահերը, երբ հիւրընկալները առտու-իրիկուն կուշտ կը պահեն իրենց հիւրը (բնականաբար նաեւ իրենք զիրենք), բաժակ կը բարձրացնեն լաւ օրերու յոյսով, մաղթանքներով:

Կայ նաեւ ոչ մարդկային «հերոս» մը, որ կը շեշտէ դրախտային միջավայրը: Հրաշագործ աղբիւր մըն է, որուն ջուրերով աչքը լուացողը կը դառնայ քիչ մը ամենատես, շատ աւելի յստակատես: Կայ նաեւ խորհրդաւոր այլ հերոս մըն ալ, որ միայն կիսովին տեսանելի է թափառականին կողմէ. հանդիպումը տեղի կ՛ունենայ լեռներու մէկ կիրճին մէջ «պահուըտած» հնադարեան աղօթավայրի մը մէջ. այդ հերոսը հսկայատիպ տիտան մըն է, որ կը յիշեցնէ Բաբելոնի աշտարակի օրերուն նկարագրուած տիտանները, անոր գլուխը կորսուած է ամպերու մէջ: Ան խորհրդանիշ-կամուրջ մըն է ապրող սերունդին եւ նախնիներուն միջեւ:

Երեք գլխաւոր հերոսներուն միջեւ խօսակցութիւնները, բացի ուտելիքի եւ կենացներու բաժինէն, կը շրջագային իրենց կեանքի կարգ մը անցուդարձերուն շուրջ: Առաջին մակարդակին վրայ, եւ մեկնակէտ ունենալով խորագիրին` «Արցախի վէրքը» մասնիկը, իբրեւ նիւթ ունի արցախեան (եւ ո՛չ միայն վերջին` 44-օրեայ) պատերազմը: Քիչ մը աւելի թափանցելով խորապատկերին մէջ, կարելի է փնտռել եւ գտնել աւելի ծաւալուն տագնապներ, ինչպէս` Ալեքսանտրէթի նահանգին կորուստն ու մուսալեռցիներու կորուստները (տեղ մը երիտասարդ հերոսը կ՛ըսէ, թէ չարաղէտ դէպքերու օրերուն ինք տակաւին ծնած չէր. նշեցինք, չէ՞. հեղինակը մուսալեռցի է), իսկ քիչ մը աւելի լայնցնելով կարկինը` կարելի է Արցախի վէրքը տարածել ամբողջ Հայաստանի վրայ, այն Հայաստանին` որուն մեծագոյն մասը աւելի քան 100 տարիէ ի վեր մատնուած է Արցախի այսօրուան վիճակին` բռնագրաւումին: Էջերուն, չկայ ահազանգ, թէ հայկական այլ հողեր կրնան ստանալ նոյն վէրքերը, սակայն կայ բարեմիտ, ներողամիտ վերաբերմունք ունենալու թելադրանք…

Քրիստոնեան Եւ Հայը

Հեղինակը, որ ներկայ է իր բոլոր հերոսներուն մէջ, յաճախ կը յուշէ, որ ինք քրիստոնեայ հայ մըն է: Իբրեւ հայ, խորապէս ընդվզած է բոլոր այն չարիքներուն դէմ, որոնք (թուրք ու ազերի) թշնամիներուն կողմէ գործադրուած են իր ու ժողովուրդին դէմ, սակայն նաեւ շեշտակիօրէն քրիստոնեայ է, որովհետեւ իր ընդվզումը կ՛արտայայտէ աստուածաշնչային տիպարներու, սուրբգրային համարներու միջոցով: Բողոք ունի Աստուծոյ, նաեւ խնդրանք` որ իր ժողովուրդը զերծ մնայ տառապանքէ, հալածանքը, դժբախտութիւններէ: Կը ձայնակցի նման բողոքով Աստուծոյ դիմող` հինկտակարանեան մարգարէի մը: Նոյն` քրիստոնէական փիլիսոփայութեամբ ալ կը փորձէ գտնել բոլորին պատասխանները` ըլլալ համբերող (ինչպէս եղած է Յոբը), բայց մանաւանդ ըլլալ յոյսով լեցուն, չկորսնցնել յոյսը:

Մեր պատմութեան լուսաւոր էջերուն մասին կան հպանցիկ ակնարկութիւններ, որոնք մասամբ կը ներկայանան աստուածաշնչական պատումներու եւ Հայկ Նահապետի ու ժառանգորդներուն մասին յիշատակումներով: Իսկ եթէ ընթերցողը փորձէ որոնել ստեղծուած կացութեան դէմ պայքարի թելադրանք մը, պիտի գտնէ նոյն պատասխանը. ըլլալ համբերող, տոկուն ու տոկալու ատակ, ապաւինիլ յոյսին, Նախախնամութեան, որ կրնայ երկարել սպասումի փուլը, սակայն կը խոստանայ ի վերջոյ յաղթանակը վերապահել արդարին, բարիին:

Ինչպէս նշեցի, պատումը հեքիաթային է, միջավայրը` այլուրային, սակայն տագնապն ու խոհերը` իրական եւ այժմէական:

Կ՛արժէ յատուկ գոհունակութիւն արձանագրել, որ հատորը գրեթէ ամբողջովին «հականեխուած» է (ո՜չ. Պսակաւոր ժահրին մասին չէ մեր խօսքը): Անիկա ձերբազատած է նախահրատարակութեան այն ախտերէն, որոնք վերջին տարիներուն կը ծանրաբեռնեն մեր նորագոյն հատորներուն մեծ մասը (տողաշարական, լեզուական վրիպակներ եւ մասամբ նորին):

Պէ՞տք է կրկնել արդեօք, թէ այս հատորը Վարուժան սրբազանին գրական արտայայտութեան երկրորդ ներկայացուցիչն է եւ նոր յաւելում մը` խմբագիրի եւ կրօնական-ուսումնասիրական աշխատանքներով ուռճացած իր վաստակին վրայ: Ողջունելի է յատկապէս այն մօտեցումով, որ մեր գրողներէն քիչեր ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ճամբով կը փորձեն արձագանգել մեր ժամանակակից տագնապներուն (բարեբախտաբար այս անդաստանը ամայի չէ, սակայն սպասումը…):

 

 

Նախորդը

Ստացուած Գիրքեր. Մուշեղ Իշխան. Միջազգային Գիտաժողովի Զեկոյցներ

Յաջորդը

Կորսուած Եւ Կորսուող Հողի Մորմոք

RelatedPosts

Վտանգուած, Բայց Ո՛չ Կորսուած Մեր Լեզուն, Մեր Մշակոյթը
Անդրադարձ

Լեզուափոխութիւնը Ուղեղի Ճկունութի՞ւն, Թէ՞ Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 24, 2025
Ազատէ՛ Դուն Քեզ Բոլորին Խրատներէն
Անդրադարձ

Ո՛չ Թէ Պարտքով, Այլ` Սրտանց

Հոկտեմբեր 24, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Նշմար. Ընդդէմ Մենատէրերու…

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?