Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

38 Տարի Առաջ 20 Յուլիսին Սիրտդ Տակաւին Կը Բաբախէր. Ի՞նչ Կ՛ընէիր, Եղբա՜յրս…

Յուլիս 26, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիզպոնի 5 հերոսներէն Սիմոն Եահնիեանի եղբայրը` Զարեհ Եահնիեան 20 յուլիսին Դիմատետրի իր էջին վրայ հետեւեալ գրառումը կատարած է` եղբօր նահատակութենէն առաջ իր ունեցած ապրումներուն եւ մտածումներուն մասին:

20 յուլիս 1983:

Այսօր ի՞նչ կ՛ընէիր Սիմօն (կը գրեմ Սիմօն, որովհետեւ դուն անունդ օ-ով կը գրէիր):

Ամէն տարուան յուլիսը ինծի համար ամէնօրեայ մտածումի, հազար ու մէկ հարցումներու պատասխաններու ակնկալութեամբ լեցուն ամիս է:

Արդեօք այս օրը ի՞նչ կ՛ընէր եղբայրս, երբ արդէն տունէն անվերադարձ գացած էր, արդեօք ո՞ւր էր այս օրը, տակաւին Լիբանա՞ն էր, թէ՞ արդէն Իտալիա մեկնած, որովհետեւ նախքան գնացքով Լիզպոն հասնիլը, ինք «Ալիթալիա» օդանաւային ընկերութեան ճամբով գացած էր Հռոմ: Ինչի՞ մասին կը մտածէր արդեօք, հեռագիրներով ինքնաշա՞րժ կը վարձէր, պանդոկի սենեա՞կ կ՛ապահովէր, արդեօք ա՞յդ օրն էր, որովհետեւ փորթուգալական ոստիկանութիւնը հրապարակեց տեղեկութիւն, որ ինքնաշարժները եւ պանդոկի սենեակները ապահովուած են հեռագիրով` Սիմօն Խաչեր Եահնիեան անունը կրող անձի մը կողմէ: Միայն Աստուած գիտէ, թէ ինչի մասին կը մտածէիր` իմ առողջութեա՞նս մասին. լաւ կը յիշեմ, երբ ինծի հիւանդանոցէն տուն բերիր քու նոր գնած «Pontiac Gto» ինքնաշարժովդ, ճամբան քանի մը անգամ խնդրեցիր, որ ես ինծի լաւ հոգ տանեմ եւ զգոյշ ըլլամ, որովհետեւ ես մեր տան համար անհրաժեշտ եմ: Անհրաժեշտ եմ մեր ընտանիքին համար, որովհետեւ գիտէիր, որ մեր հօր հիւանդութեան պատճառով ամբողջ ընտանիքին բեռը քու եւ իմ ուսերուս էր, նաեւ գիտէիր, որ դուն այլեւս չես վերադառնար, իսկ այդ ամբողջ բեռը ես պիտի վերցնէի: Արդեօք այդ մասի՞ն կը մտածէիր, թէ՞ կը պատկերացնէիր մեր դէմքերը, երբ մեզի պիտի փոխանցէին նահատակութեանդ լուրը, կը մտածէիր, թէ մարմինէդ մաս պիտի մնա՞ր, թէ՞ ոչ, կը մտածէիր, թէ պիտի յուղարկաւորուի՞ս, թէ՞ ոչ…

Բայց ի՜նչ կ՛ըսեմ, այդ բոլորը քեզի համար առաջնային չէին, քեզի համար կար միայն մէկ առաջնային երեւոյթ` «Ազգ, Հայաստան, Հայրենիք, Հայ դատ». մնացեալին մասին ուզեցիր, որ ես մտածեմ, ես պայքարիմ, ես շարունակեմ, իսկ դուն` Սիմո՛ն, դուն ուզեցիր մեռնիլ, որ ես ապրիմ, դուն չուզեցիր ժառանգ, որ իմ ժառանգներս ապրին ապահով եւ անկախ Հայաստանի մէջ: Ամէն, ամէն ինչէդ հրաժարեցար, հրաժարեցար ընկերուհիէդ, ինքնաշարժէդ, աշխատանքէդ, զէնքերէդ, որոնք քեզի համար նոյնքան սրբութիւն էին որքան միւռոնը եւ խաչը, հրաժարեցար երկրային բոլոր բարիքներէն եւ գացիր անմահութեան ճամբով…

Ի՞նչ կ՛ընէիր այսօր, Սիմօ՛ն: Յուլիսի 20-էն չորս օր առաջ արդէն հեռացար էիր տունէն, տակաւին ունէիր 7 օրուան կեանք, ինչպէ՞ս կ՛ապրէիր, ի՞նչ զգացումներով… Հաւատա՛, որ ամէն օր միտքս, սիրտս, հոգիս կրծողը այդ հարցումն է, ամէնէն դժուարը ա՛յդ է ինծի համար, ֆիզիքական մահուանդ հետ հաշտուիլը այդքան դժուար չէ, որքան այն միտքերը, որոնք կը տանջեն զիս: Դուն ինչպէ՞ս ապրեցար այդ ժամերը, երբ հաշուըուած էին կեանքիդ օրերը, երբ գիտէիր, թէ մայրդ պատշգամը գամուած կը սպասէ, որ փողոցին անկիւնէն տեսնէ քեզ, այն անկիւնէն, ուր աչքը սառած մնաց մինչեւ տեսադաշտէն հեռանալդ` յուլիս 16-ին: Արդեօք օր մը կը ստանա՞մ պատասխանը այն հարցումիս, թէ դուն ինչպէ՞ս ապրեցար:

Կատարեցիր քու խոստումդ, տէր եղար դաշնակցականի երդմանդ, ետին թողեցիր հիւանդ ընկեր Խաչերը, հոգեպէս մահացած տիկին Անահիտը, սգակիր քոյրդ եւ շուարած եղբայրդ: Շարունակեցինք ապրիլ, վերցուցի բեռը քու բաժինիդ ալ, եւ ահա իմ ժառանգներս, որոնցմէ անդրանիկը կը կրէ քու անունդ, կ՛ապրի Հայաստանի մէջ, բայց ոչ քու երազած Հայաստանիդ, այլ այնպիսի Հայաստանի մը, ուր երկիրը կը ղեկավարուի այլանդակներու կողմէ, Հայաստանի մը մէջ, որուն գոյութեան համար ինկար դուն եւ 4 ընկերներդ, Հայաստանի մը մէջ, որուն սահմանները օրէ օր ընդարձակուելու փոխարէն կը փոքրանայ…

38 տարի առաջ այս օրը սիրտդ տակաւին կը բաբախէր, ի՞նչ կ՛ընէիր եղբայրս…

 

Նախորդը

Կորսուած Եւ Կորսուող Հողի Մորմոք

Յաջորդը

Դուք` Աննմա՛ն Տղաներ, Պաշտելի՛ Պիտի Մնաք Առյաւէտ (Լիզպոն, 1983)

RelatedPosts

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
Մեծապէս Կը Սխալին
Անդրադարձ

Մեծապէս Կը Սխալին

Հոկտեմբեր 21, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Տոմս. «Մեր Ժողովուրդը Ո՞ւր Է…»

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?