Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՄԸՄ-ի Արցախի Մեկուսի Շրջանի Վերականգնում

July 20, 2021
| Անդրադարձ, Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի, 18 յուլիս 2021-ին, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վաչէ Նաճարեանի, ընկերակցութեամբ անդամներ Օշին Փիրումեանի եւ Դաւիթ Յակոբեանի, ինչպէս նաեւ Սանտրա Վարդանեանի, այցելեց Արցախ եւ Ստեփանակերտի մէջ վերականգնեց 44-օրեայ պատերազմէն ետք աշխատանքէ դադրած ՀՄԸՄ-ի Արցախի Մեկուսի շրջանը:

ՀՄԸՄ-ի պատուիրակութիւնը Ստեփանակերտի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Մեկուսի շրջանի նոր վարչութեան հետ եւ անոր հետ խորհրդակցեցաւ յառաջիկայ փուլին Արցախի մէջ ՀՄԸՄ-ի ծաւալելիք աշխատանքներուն շուրջ:

Հանդիպում` ՀՅԴ Արցախի
Կեդրոնական Կոմիտէին Հետ

Նոյն օրը, ՀՄԸՄ-ի պատուիրակութիւնը Ստեփանակերտի ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» կեդրոնին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէին հետ: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու խորհրդական Արմէն Սարգսեան:

Հանդիպումէն ետք ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէին անդամ Դաւիթ Իշխանեան նշեց, որ ՀՄԸՄ-ը` իբրեւ ՀՅԴ-ի ուղեկից կառոյց, Արցախի մէջ գործունէութեան սկսաւ օգոստոս 2019-ին: Իշխանեան մեծապէս գնահատեց ՀՄԸՄ-ի աշխատանքներուն վերսկսումը Արցախի մէջ` պատանեկան եւ երիտասարդական շրջանակներու մօտ պատերազմի պատճառով յառաջացած խնդիրները դարմանելու համար:

Իր կարգին, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վաչէ Նաճարեան յայտնեց, որ ՀՄԸՄ-ի հիմնական նպատակներէն մէկն է նոր սերունդին ազգային առողջ դաստիարակութեան ջամբումը եւ առողջ միտքով ու առողջ մարմնով սերունդներու կերտումը: «Արցախի պատանիներու եւ երիտասարդներու ազգային դաստիարակութեան հարցը ՀՄԸՄ-ի գլխաւոր աշխատանքներէն մէկն է», շեշտեց Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը:

Յարգանքի Տուրք`
Արցախի Նահատակներուն

ՀՄԸՄ-ի պատուիրակութիւնը Արցախի մէջ այցելեց Ստեփանակերտի եղբայրական գերեզմանոց եւ յարգանքի իր տուրքը մատուցեց Արցախի Հանրապետութեան անդրանիկ Գերագոյն խորհուրդի նախագահ Արթուր Մկրտչեանի շիրիմին եւ արցախեան վերջին պատերազմին նահատակուած արցախցիներու յիշատակին:

 

Նախորդը

Ե-Ֆորում. Համազգային Ֆորումը` Ելեկտրոնային Երկօրեայ Հաւաք

Յաջորդը

Արեւմտահայերէնը Նորարար Թեքնաբանութեան Կիզակէտին

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.