Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կտրիճ, Հերոս ՀՄԸՄ-ական Մեր Եղբայրը

July 24, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԱՐԳԻՍ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ

Ո՞վ կրնայ առագաստանաւ մը քշել առանց հովի, ո՞վ կրնայ ընկեր մը ձգել առանց արցունքի:

Ե՛ս կրնամ առագաստանաւ մը քշել առանց հովի, բայց չեմ կրնար ընկեր մը ձգել առանց արցունքի:

Ա՜խ որքան դժուար է տարիներու հաւատարիմ ընկերոջմէ ու եղբայրէ մը բաժնուիլ: Որքա՜ն դժուար է բաժնուիլ անձէ մը, որուն հետ անցուցած ես կեանքիդ ուրախ օրերուն մեծ մաս մը: Անձէ մը, որուն մէջ տեսած ես հերոսի տիպարի մը բոլոր յատկանիշները: Ընկերէ մը, որուն ուրախութիւնը, ժպիտը, պայքարը եւ անուշ սիրտը տեսնելով` սորված ես կեանքի շատ մը դասեր:

Նէրսէս Նէրսէսեան 2012-ին, երբ Հալէպի պատերազմին պատճառով տակաւին նոր հաստատուած էր Լիբանան, անմիջապէս անդամակցեցաւ ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտ մասնաճիւղին` իբրեւ արի անդամ: Արիական իր օրերուն ան աշխուժ ու խանդավառ մասնակցութեամբ սիրահարեցաւ ՀՄԸՄ-ին: Դժուար թէ ըլլար օր մը, երբ Նէնոն աշխատանքէ մը բացակայէր: Անմիջապէս դարձաւ բոլորին կողմէ սիրուած այն լոփփիկ անդամը: Տակաւին կը յիշեմ այն օրը, երբ ես եւ եղբայրս իրարու հետ վիճեցանք` ճշդելու, թէ ան առաջին անգամ որո՛ւ խմբակին մաս պիտի կազմէր` ի՞մ, թէ՞ իր: 2015-ին, երբ արդէն իր խմբապետները նկատեցին անոր ղեկավարութեան յատկանիշները, ան նշանակուեցաւ Արծիւ խմբակի առաջնորդ: Առաջնորդ եղած ժամանակ ան իր կարելին ըրաւ իր խմբակը հասցնելու լաւագոյնին: 2016-ին, երբ տակաւին նոր անցաւ «Վիգէն Զաքարեան» երիցական փաղանգ եւ հազիւ բանակում մը կատարեց անոնց հետ, արդէն անոր մէջ յայտնաբերուեցաւ այդ հազուագիւտ եւ անողոք քաղցկեղը: Տարիներ շարունակ ան պայքարեցաւ այդ հիւանդութեան դէմ: Հակառակ անոր որ ամբողջովին չէր առողջացած, բայց եւ այնպէս իր կարելին կ’ընէր, որ աշխատանք մը իսկ չփախցներ: Չուզեց բացակայիլ 2017-ի, 2018-ի եւ 2019-ի բանակումներէն, ուր, իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ յայտագիրներուն մասնակցելով, բոլորին մտքերուն մէջ դրոշմուեցաւ իբրեւ տիպար մը, որ կը սիրէ կեանքը եւ ամէն գնով կը պայքարի անոր դժուարութիւններուն դէմ: 2019-ին, երբ առողջական վիճակը սկսած էր որոշ չափով բարելաւուիլ, խմբապետական կազմը զայն անմիջապէս նշանակեց Գայլիկ Բ. վոհմակի օգնական, ուր պիտի կարենար նաեւ աւելի մօտէն ներշնչել ապագայ սերունդի փոքրիկ գայլիկները: Ան վոհմակին մէջ լաւապէս աշխատելէ եւ իր փորձառական շրջանը բնականաբար կատարելապէս անցընելէ ետք, արդէն իսկ շաբաթներ առաջ` մայիս 28-ին, ստացաւ Պաղիրայի իր աստիճանը:

Ներսէ՛ս, ո՞վ կրնայ մոռնալ քու 2021-ի Նոր տարուան քաջագործութիւնդ: Քանի մը ամիս առաջ, երբ մասնաճիւղի խմբապետական կազմը ուզեց 5-րդ տարին ըլլալով կազմակերպել իր «Make a Dish»-ի Նոր տարուան բարեսիրական աշխատանքը, իսկ դուն կամաւորաբար ստանձնեցիր 270 ընտանիքներու Նոր տարուան ճաշի պատրաստութեան պատասխանատուութիւնը: 270 ընտանիք վասն քեզի, հակառակ երկրի տնտեսական, առողջապահական եւ ապահովական այս անտանելի եւ դժուար պայմաններուն, կրցան Նոր տարուան սեղան մը պատրաստել: Չուզեցիր վայրկեան մը իսկ հանգիստ ընել, մինչեւ որ հոգեպէս չհանգստանայիր, որ 270 ընտանիքի ճաշերը ապահովուած էին: Ամբողջ գաղութի մը տարուան ամէնէն թանկարժէք օրուան ուրախութիւնն ու ժպիտը դո՛ւն ապահովեցիր, տարուան մը ընթացքին, երբ ոչ ոք կ’երեւակայէր ուրախութեամբ տօնել այդ Նոր տարին:

Իրապէս, դժուար է բաժնուիլ անձէ մը, որուն հետ անցուցած ես կեանքիդ ուրախ օրերուն բաւական մեծ մաս մը: Քեզի հետ ժամանակ անցընողը արդէն ուրախութենէ զատ ուրիշ զգացում չէր կրնար ունենալ:

Եղբայր Ներսէ՛ս, Նէնօ՜, իսկապէս հաւատարիմ էիր բոլորին, բոլորս կը սիրէիր, կ՛ուզէիր կեանքիդ ամէն մէկ երկվայրկեանը վայելել, հակառակ անոր որ բոլոր այդ երկվայրկեաններուն դուն կը տանջուէիր այդ անողոք հիւանդութենէն: Ինչպէ՞ս այլեւս պիտի կարենանք մեր ընկերային հաւաքոյթները պատկերացնել առանց քեզի: Ինչպէ՞ս պիտի կարենանք ընկերային հանգիստ եւ ուրախ պահեր անցընել` գիտնալով, որ դուն այլեւս ֆիզիքապէս ներկայ պիտի չըլլաս մեզի հետ: Հերոս մըն ես, Նէնօ՛: Իսկական հերոս մը: Երկար պայքարեցար: Անձայն ու ժպիտով չարչարուեցար: Առանց իսկ գիտակցելու ներշնչեցիր ամբողջ գաղութ մը: Անունդ երկա՜ր, շատ շա՜տ երկար պիտի յիշուի ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտ մասնաճիւղին մէջ, սերունդներ քու օրինակիդ հետեւելով պիտի դաստիարակուին ու սորվին կեանքի դասեր: Իսկ իմ եւ քու բոլոր հաւատարիմ ընկերներուդ սրտերուն ու հոգիներուն մէջ քու այդ անունդ ու անմեղ ժպիտդ պիտի մնան փորագրուած մինչեւ մեր կեանքերուն վերջը:

Աստուած քու անուշ, մաքուր եւ քաջ հոգիդ լուսաւորէ` իմ սիրելի՛ կտրիճ եւ հերոս եղբայրս: Այո՛, պիտի հանդիպինք դարձեալ եւ պիտի երգենք միաձայն:

(Դամբանական` արտասանուած Ներսէս Ներսէսեանի յուղարկաւորութեան)

 

Նախորդը

Դասեր` Ներսէսէն

Յաջորդը

Կարօ Եւ Մարօ, Կամ` Արիստակէս Զօրեան Եւ Մարիամ Մակարեան

RelatedPosts

Ընտրութիւնները` Մեր Ետին
Անդրադարձ

Վարդագոյն Ժապաւէնը` Կնոջ, Աղջիկներու Եւ Մօր Իրաւունքը

October 29, 2026
Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.