ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
Ինչպիսի՛ պայմաններու մէջ ալ գտնուի հայութիւնը, հայրենիքի թէ սփիւռքի տարածքին, իր ծոցէն ծնունդ առած եւ յանուն հայրենիքի ազատագրութեան դատին` իրենց թանկագին կեանքը նուիրաբերած տղաքը պաշտելի պիտի մնան, պարզապէս որովհետեւ անոնք անմնացորդ սիրեցին ու պաշտեցին Հայաստանն ու հայութիւնը:
Ահա սա է մեր գաղտնագիրը` յստակ, հարազատ ու թափանցիկ, մեր կարգին, զիրենք սիրելու եւ պաշտելու: Աւելի՛ն. մենք զիրենք ճանչցանք իբրեւ միս ու ոսկոր, ընկեր ու բարեկամ, ծառայասիրութեամբ յագեցած ու մարդկայնութեամբ տոգորուն` անմիջական շրջապատի տղաներ, որոնք իրենց անբասիր ներաշխարհին եւ ամուր սրտին ծալքերը բացայայտեցին` արժանանալով գերագոյն զոհաբերութեան:
Իրօք, զոհաբերութիւն` յանուն Արարատի վերադարձին, հայրենիքի փրկութեան ու ազգային ազատագրական պայքարի բորբոքումին:
Արդ,
Անոնք` Լիզպոնի հերոսները, սփիւռքի ծնունդ էին, հայաբոյր օճախներու եւ մթնոլորտի մէջ հասակ առած, գաղափարական դաստիարակութեամբ սնած ու ազգային արժէքներով լիացած բացառիկ տղաներ էին, որոնք իրենց երիտասարդ տարիքին ուզեցին մատաղ դառնալ հայոց բագինին` սլանալով դէպի թշնամին ու իր որջին մէջ հարուածելու զայն:
Անոնք` հայահոծ թաղամասերու հարազատ տղաներն էին, հայութեան ցաւին ու տառապանքին մօտիկ ու ամոքումին մասնակից:
Անոնք` առիւծասիրտ ու կորովի երիտասարդներ էին, որոնք, ի պահանջել հարկին, պատրաստ էին զոհուելու յանուն լիբանանահայութեան գոյապայքարին:
Անոնք` իրենց ինքնութեան, ազգային պարտաւորութիւններուն եւ համոզումին խորապէս գիտակից էին, աւելի՛ն. անոնք պատրաստ էին հայոց պատմութեան ոսկեայ էջերուն կոթողելու հայրենապաշտութեան իրենց սեփական ատրուշանը, որով պիտի կարենային հասնիլ հայոց սրբազան լերան` Արարատի գագաթին ու հոն աշտարակէին նորահաս սերունդներու երազանքին գեղեցկութիւնը:
Եւ զարմանալին այն էր, որ անոնք իրենց սեփական աչքերով չէին տեսած Արեւմտահայաստանը, Վան, Մուշ ու Սասունը, Կարս ու Արտահանը, չէին այցելած նորակերտ Սարդարապատ ու Ծիծեռնակաբերդ, չէին շաղուած այդ սուրբ հողին վրայ ապրող իրերայաջորդ սերունդներու հետ, սակայն կը տառապէին կորուսեալ հայրենիքի ու ազգային իրաւունքներու վերադարձով:
Այլ խօսքով` ի շարս Հայ դատի նուիրեալ փաղանգներու, իբրեւ սփիւռքահայ երիտասարդներ իրենց հոգիին մէջ կ՛եռեւեփէր հայու զուլալ արեան կանչը` ունենալ անկախ ու ազատ հայրենիք, փրկել նորահաս սերունդները ուծացումէ եւ վաստկիլ իրաւունքը` պաշտպանելու ազգային արժանապատուութիւնը:
Եւ օր մը, 38 տարի առաջ, համայն հայութեան սիրտն է, որ թնդաց, հոգին է, որ խլրտաց, միտքն է, որ պայծառացաւ, երբ հեռաւոր երկրի մը` Լիզպոնի մէջ լսուեցաւ ահագնագոռ պայթումը արդարութեան, պահանջատիրութեան եւ ցասումին:
Օրին, իրերայաջորդ դիպաշարերը յստակացուցին մէկ ճշմարտութիւն, թէ հերոսածին հինգ տղաներ յարձակած են Փորթուգալի թրքական դեսպանատան վրայ, գրաւած են մասնաշէնք մը, մարտնչած, ներկայացուցած պահանջագիր եւ, որոշ ժամանակ ետք, իրենք զիրենք պայթեցուցած են` ահ ու սարսափի մատնելով տեղւոյն ոստիկան թէ մասնայատուկ ուժերը:
Փաստօրէն, Լիզպոնի տղաները` Վաչէն, Սագոն, Արան, Սիմոնն ու Սեդրակը, յանդգնած էին վերջ տալ իրենց կեանքին` ամբողջ աշխարհին ցոյց տալով հայասիրտ տղաներու վրիժառու կազմաւորումն ու տեսակը, հայո՛ւ տեսակը:
Իրենց սրբազան աքթով` Լիզպոնի տղաքը նաեւ ապացուցեցին, թէ հայրենիքի վերատիրացումը լոկ խօսքով չէ, որ կրնայ իրականանալ, մեղկացած հոգիով մարդիկ չեն կրնար ճակատիլ թշնամիին դէմ, հաճոյախօս թէ բաժակաճառային լոզունգները մեզ որեւէ տեղ չեն հասցներ, թէ նիւթապաշտ, եսասէր, կեղծ ու ստապատիր մարդու տիպը իր աւերները կը գործէ, թէ յեղափոխական ու քաղաքականացած տղաքն են, որոնք պիտի երաշխաւորեն ազատագրական պայքարի յաջողութիւնը:
Այսօր հայութիւնը` ի Հայաստան եւ սփիւռս աշխարհի, կը դիմագրաւէ իր արդի պատմութեան ամէնէն վտանգաւոր ժամանակները: Արցախի մեծ մասի կորուստով եւ հայոց պարտութեամբ ստեղծուած օրհասը կը սպառնայ Հայաստանի գոյութեան:
Ինչպէս միշտ, աշխարհաքաղաքական խօլ արշաւներու եւ անյագ մրցակցութեան զոհ է դարձեր Հայաստանն ու հայութիւնը:
Կովկասի թաթարն ու զազիր թուրքը կը թակեն հայոց դռները` բռնաբարելով հայոց սահմանները, գիւղերն ու լեռները: Հայութիւնը կը տառապի քաղաքական ու զինուորական ամլութենէ, հայոց պետականութեան հիմքը սասանած է, ներքին կեանքը ապակայունացած է, ժողովուրդը` պառակտուած, քաղաքական թէ պետական դէմքերը (հին թէ նոր) յանձնուած են աթոռապաշտի մոլուցքին, տժգոյն են դէմքերը հայոց պետական այրերուն, աղաւաղուած է ազգային արժէքներու շտեմարանը, հայը հայու դէմ սուր եւ լուտանք կը ճօճէ, օտար ուժերու (քաղաքական, հասարակական թէ աղանդաւորական) ազդեցութիւնն ու կշիռը կլանած է հայ մարդու ներաշխարհն անգամ, երբեմնի փտածութիւնն ու թալանը այսօր փոխարինուած է նորովի կաշառակերութեամբ եւ անձնատուութեամբ, անորոշ է հայու ապագան, մեծ է ցաւը, մութ է Երեւանի երկնակամարը, եւ սակայն, դեռ կան սիրելի եւ ոչ սիրելի հայեր, որոնք կ՛անգիտանան դառն ճշմարտութիւնն անգամ, կը շարունակեն յագուրդ տալ իրենց ճղճիմ եսին` արդարացնելով, այսպէս ըսած, «նոր» իշխանաւորին հանդէպ սէրն ու կապուածութիւնը, չըսելու համար կոյր ու տխեղծ յարմարուողականութիւնը:
Ահա եւ նման կացութեան պաստառին վրայ լոյսին կու գան, կը ճառագայթեն ազգային արժէքներով լիացած դիպաշարեր, այո՛, սրբապատկերներ:
Լիզպոնի տղոց սրբազան աքթն ու անոնց սրբապատկերները, հայութեան ուժ եւ կորով, միտք ու կամք, միասնակամութիւն ու հայրենապաշտութիւն կը ջամբեն, աւելի՛ն. ազգը կը միաւորեն, կը հոգեզինեն, կ՛ամրացնեն, հայոց պետականութիւնը կ՛ամրապնդեն ու կը հայացնեն եւ մեզ կը զինեն ազգային արժանապատուութեամբ ու արարատասիրութեամբ:
20 յուլիս 2021