Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ստացուած Գիրքեր. Խաւարին Չհաւատալու, Խաւարին Չտրուելու Պոէզիա (Հեղինակ` Ֆելիքս Բախչինեան)

Յուլիս 26, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Երեւանի մէջ, «Տիգրան Մեծ» հրատարակչատունէն 2019-ին լոյս տեսաւ Ֆելիքս Բախչինեանի «Խաւարին չհաւատալու, խաւարին չտրուելու պոէզիա» գիրքը, բաղկացած` 216 էջերէ: Գիրքին տպագրութիւնը հովանաւորած է Վարուժան Գէորգ Եսայեան: Խմբագիր` Կարմէն Ահարոնեան. գեղարուեստական խմբագիր` Արտակ Բաղդասարեան:

Բանաստեղծ, արձակագիր, թատերագիր եւ մշակութային ու կրթական գործիչ Մուշեղ Իշխանի պատմութիւնը հեղինակը կը սկսի Վեհանոյշ Թէքեանի խօսքերով. «Մուշեղ Իշխանի պատմութիւնը իր ժամանակի պատմութիւնն է… եւ այդ ժամանակը չի կրնար հասկցուիլ առանց իրեն»:

«Ոդիսականն սկսուած է» ենթախորագիրով Բախչինեան կը ներկայացնէ 1913-ին Սիվրի Հիսար ծնած, Մեծ եղեռնի դառնութիւնները ճաշակած եւ Դամասկոս հասած, Կիպրոսի Մելգոնեան կրթական հաստատութեան եւ Պէյրութի Հայ ճեմարանին մէջ կրթութիւն ստացած եւ ապա Պրիւքսէլի համալսարանին մէջ մանկավարժութեան եւ գրականութեան ճիւղերուն հետեւած, Պէյրութ վերադառնալէն ետք Նշան Փալանճեան ճեմարանին մէջ ուսուցչութեան նուիրուած Մուշեղ Իշխանի կեանքին ոդիսականը:

Հեղինակը կ՛ըսէ, որ Մուշեղ Իշխան իր գրական գործունէութիւնը սկսած է դեռ պատանի տարիքէն: Առաջին գիրքը` «Տուներու երգը» լոյս տեսած է 1936-ին: Այդ ժողովածուին յաջորդեցին «Կրակը», «Հայաստան», «Կեանք եւ երազ», «Ողջո՜յն քեզ, կեանք», «Ոսկի աշուն», «Տառապանք» եւ «Արեւամար» ժողովածուները:

Մուշեղ Իշխան իր բանաստեղծութիւնները հաւաքեց բանաստեղծական շարքերու մէջ` ստեղծելով լեզուական, ոճային եւ բովանդակային ընդհանրութիւն ունեցող չափածոյ երկերու ամբողջութիւն` քնարական հերոսի նոյնութեամբ եւ ներքին զարգացման միասնականութեամբ:

«Տուներու երգը» տան պաշտամունքի գեղեցիկ մահերգ է, որ կը հնչէ ամէն հայու սրտին մէջ: Տունը նաեւ զոհուած հարազատներու եւ հայրենակիցներու կարօտի խորհրդանիշն է:

«Կրակը» ժողովածուն բանաստեղծի սիրոյ եւ վիշտի զուգերգն է: Մուշեղ Իշխանի սիրերգութեան մէջ յաճախ սէրը քաղցր կամ դառն յիշողութիւն է:

«Հայաստան» քնարական բանաստեղծութիւնը բանաստեղծին հանդիսաւոր զրոյցն է իր միակ հերոսին` հեռաւոր Հայաստանի հետ, բայց այնքան խրոխտ ու բարձրագոչ զրոյց, որ կը հասնի ամբողջ աշխարհի հայերու լսելիքին:

«Կեանք եւ երազ» ժողովածուն ազատութեան, բարիի, գեղեցիկի ու կատարեալի երազանքի բանաստեղծութիւն է:

«Ողջո՜յն քեզ, կեանք» բանաստեղծութիւնն Մերձաւոր Արեւելքի հայ գաղթօճախներու ծաղկման շրջանի տրամադրութիւններու, Հայաստան-սփիւռք խորացող կապերու արձագանգն է:

Մուշեղ Իշխանի բանաստեղծական լեզուն, ոճը եւ լեզուամտածողութիւնը միանգամայն նոր ու թարմ շունչ են սփիւռքահայ գրականութեան մէջ, կ՛ըսէ Բախչինեան: Ան կ՛աւելցնէ ըսելով որ Մուշեղ Իշխան հայ գրականութեան բերաւ բանաստեղծական նոր ձեւեր: Միաձուլելով եւրոպական գրականութեան ձեւը սփիւռքահայ գրականութեան ոգիին ու լեզուամտածողութեան` Մուշեղ Իշխան դարձաւ գրական այդ տեսակի լաւագոյն վարպետը, շարունակողն ու զարգացնողը:

Նախորդը

Յայտարարութիւններ ( 24 Յուլիս 2021)

Յաջորդը

Ստացուած Գիրքեր. Մուշեղ Իշխան. Միջազգային Գիտաժողովի Զեկոյցներ

RelatedPosts

Վտանգուած, Բայց Ո՛չ Կորսուած Մեր Լեզուն, Մեր Մշակոյթը
Անդրադարձ

Լեզուափոխութիւնը Ուղեղի Ճկունութի՞ւն, Թէ՞ Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 24, 2025
Ազատէ՛ Դուն Քեզ Բոլորին Խրատներէն
Անդրադարձ

Ո՛չ Թէ Պարտքով, Այլ` Սրտանց

Հոկտեմբեր 24, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Նշմար. Ընդդէմ Մենատէրերու…

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?