Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կարօ Եւ Մարօ, Կամ` Արիստակէս Զօրեան Եւ Մարիամ Մակարեան

July 24, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ

Կարօ` Արիստակէս Զօրեան, Ռոստոմի կրտսեր եղբայրը, ծնած է 1871-ին, Գողթն գաւառի մէջ: Ուսումը ստացած է Զաքաթալայի մէջ, որուն մօտ` Կախ աւանին մէջ հայրը առեւտրական գործ ունէր: Ապա ան ուսանած էր Թիֆլիսի Ռէալական դպրոցը, բայց, առանց աւարտելու, դուրս եկած է յեղափոխական ալեկոծ կեանքի ասպարէզը նետուելու համար: Անոր վրայ մեծ ազդեցութիւն գործած էին ժամանակի հայրենասիրական տրամադրութիւններն ու Րաֆֆիի հերոսները, բայց մանաւանդ եղբայրը` Ռոստոմը:

Ռոստոմէն շատ բան կար Կարոյի մէջ` մարմնով եւ հոգեպէս: Միջահասակի մօտ, ամրակազմ, թիկնեղ, արտաքինով գրաւիչ եւ բնաւորութեամբ մեղմ ու քաղցրաբարոյ երիտասարդ էր: Գործնական մտքի տէր, աշխուժ ու եռանդուն:

Դպրոցէն հեռանալով` Կարոն եղբօր խորհուրդով մտաւ Գ. Ալոյեանի «Կովկաս» արհեստանոցը, ուր մէկուկէս տարի սորվեցաւ զինագործութիւն` նպատակ ունենալով, իբրեւ զինագործ վարպետ, ծառայել յեղափոխութեան: Ալոյեանը եւ իրեն ընկերակից Քաթանեանը եղան Կարոյի վարպետները: Ալոյեանի հետ ան կապուեցաւ մտերմութեան ջերմ կապերով եւ մինչեւ իր կեանքի վերջը գործեց անոր հետ, ձեռք ձեռքի եւ սիրտ սիրտի:

1891-ին ՀՅ Դաշնակցութեան կողմէ Կարոն եւ Քաթանեանը ուղարկուեցան Թաւրիզ` զէնքի արհեստանոց հիմնելու համար: Քաթանեան շուտով քաշուեցաւ յեղափոխական ասպարէզէն: Արհեստանոցի կազմակերպութեան եւ ղեկավարութեան գործը մնաց Կարոյին վրայ, որ ձեռնհասութեամբ գործը գլուխ հանեց: Երբ 1895-ին Ալոյեանն ալ եկաւ Թաւրիզ, Դաշնակցութեան արհեստանոցը արդէն կազմակերպուած ու գործօն վիճակի մէջ էր: Նոյնիսկ 1892-ի խիստ քոլերայի շրջանին Կարոն չլքեց արհեստանոցը, որ դաշնակցական խումբերուն հրացաններ ու ատրճանակներ կը մատակարարէր: Ան ալ բռնուեցաւ քոլերայէն, բայց իր երկաթէ կազմուածքին շնորհիւ յաղթեց հիւանդութեան:

Տակաւին Թիֆլիս եղած ժամանակը Կարոյին հսկողութեան յանձնուած էին Դաշնակցութեան զէնքի պահեստները, ուրկէ ան զէնք կ՛ուղարկէր Պարսկաստան: Այնուհետեւ ան քանի մը անգամ Թաւրիզ անցաւ Կովկասի արհեստանոցի համար զէնք եւ ռազմանիւթ հասցնելու նպատակով: Անոր հետ նոյն գործով կը զբաղէին շարք մը ուրիշ ընկերներ, ինչպէս` Մածուն Խեչօ, որոնց պաշտօնն էր զէնքի փոխադրութիւնը սահմանագլուխ, ապա` դէպի Երկիր, զանազան ճամբաներով:

Ալոյեանի Թաւրիզ գալէն ետք Կարոն երկար ճամբորդութիւն մը ըրաւ դէպի Թիֆլիս, Շուշի, Նուխի, Պաքու, Թուլա եւ Մոսկուա` զէնքի հայթայթման գործով եւ արհեստանոցի համար ապահովեց նիւթ ու դրամական միջոցներ: 1896-ի սկիզբը ան նորէն Թաւրիզ էր, գործի գլուխ` արհեստանոցին մէջ, Ալոյեանի եւ տասէ աւելի զինագործ արհեստաւորներու հետ: Միաժամանակ ան գործնական մասնակցութիւն ունէր Թաւրիզի կուսակցական եւ հանրային կեանքի մէջ:

Ատրպատականի մայրաքաղաքը, ինչպէս եւ Սալմաստի շրջանը, 1892-ի Ընդհանուր ժողովէն ետք, դարձած էին Դաշնակցութեան գործունէութեան կեդրոնական վայրերը: Հոն հաւաքուած էին մտաւորական ու մարտական ուժեր` ուսուցիչներ, վարժուհիներ, զինագործներ, ֆետայիներ, զէնք փոխադրողներ: Հոն կը պատրաստուէին եւ Երկիր կը մտնէին զինուած խումբեր եւ անհատ գործիչներ: Նիկոլ Դումանը, Իշխանը, Վարդանը, Սագոն, Զաքին, բժ. Մ. Օհանեանը, Գ. Ալոյեանը, Յոնան Դաւթեանը, Սաթենիկ Մատինեանը եւ շատ ուրիշներ տեղաւորուած էին զանազան պաշտօններով, Թաւրիզի, Սալմաստի եւ սահմանամերձ զանազան վայրերու մէջ: Պաշտօնները ապրուստ հոգալու եւ քողարկուելու միջոց էին, իսկ անոնց գլխաւոր գործը յեղափոխութիւնն էր` որպէս Դաշնակցութեան անդամներու:

Այդ խումբին մէջն էր Մարիամ Մակարեանը` Մարոն:

Մարոն եղած է Դերբենտ քաղաքէն եւ ծնած է 1872-ին: Մանկութենէն որբացած` ան եղբայրներուն խնամքով մեծցած ու ուսումը ստացած է տեղական վարժարանին մէջ: Աշակերտական հասակէն ինկած է հայրենասիրական շրջանակներու մէջ, յափշտակուած էր Րաֆֆիի վէպերով: Աշակերտական խմբակներու ղեկավարի դեր կը կատարէր` ընկերուհիներուն ալ ներշնչելով հայրենասիրական զգացմունքներ:

Փխրուն կազմուածքով, բայց ուժեղ կամքի տէր աղջիկ էր: Գեղեցիկ դիմագիծ, խոշոր, թափանցող աչքեր, աննման ժպիտ շրթունքներուն եւ, հակառակ կաղութեան, խանդավառ, շէնշող ու զուարթ բնաւորութիւն: Մարոն աշխուժ կեանք կը ստեղծէր ամէն տեղ: Անոր երազն էր անցնիլ Երկիր եւ նետուիլ յեղափոխական գործօն կեանքի ասպարէզ:

Եւ այդպէս ալ ըրաւ: 1892-ին անցաւ Թաւրիզ` իբրեւ վարժուհի, եւ առաջին օրէն իսկ գրաւեց բոլորին ուշադրութիւնը: Դպրոցին մէջ եւ դուրսը ան եռանդով կ՛աշխատէր թէ՛ կուսակցական խումբերուն մէջ եւ թէ՛ կիներու շրջանակին մէջ: Ան ընդունուեցաւ Դաշնակցութեան շարքերը, հոգածու քոյր դարձաւ Երկիր մեկնող ու վերադարձող հայդուկներուն համար եւ մասնակցեցաւ սահմանագլուխ զէնք փոխադրելու գործին:

Նոյն եռանդն ու ոգեւորութիւնը ցոյց տուաւ Մարոն նաեւ Սալմաստի մէջ, ուր փոխադրուեցաւ 1894-ին, վարժուհիի պաշտօնով: Իրեն հետ Սալմաստ տարաւ ջերմ զգացում մը, որ խնամքով գաղտնի պահեց բոլորէն: Սիրոյ զգացումը անոր եւ Կարոյին մէջ, երկու սիրող սիրտեր` գաղափարակից եւ սրտակից: Բնականոն պայմաններու մէջ այդ սէրը երջանկութիւն պիտի խոստանար երկուքին ալ: Բայց այդ նզովեալ կեանքին մէջ ան վերջացաւ ողբերգութեամբ:

1896-ին Թիֆլիսի մէջ գումարուած Ռայոնական ժողովը որոշեց զինուած խումբով մեծ արշաւանք կազմակերպել դէպի Վասպուրական, ի միջի այլոց, նաեւ պատժելու համար Խանասորի շրջանի քրտական մազրիկ ցեղը, որ գլխաւոր ջարդարարը եղաւ Վանի «Մեծ դէպքէն» ետք դէպի Պարսկաստան նահանջող յեղափոխականներուն ու ժողովուրդին: Շատերը, ինչպէս` Վարդանը, Իշխանը, Վանի ընկերները, հակառակ էին այդ ձեռնարկին: Համամիտ չէր նաեւ Կարոն: Բայց որոշումը որոշում էր եւ պէտք էր գործադրուէր: Կարոն պահ մը հրաժարեցաւ եւ անցաւ Կարսի շրջանը` ուրիշ վայրի մը մէջ գործելու նպատակով, բայց, ի վերջոյ, Քրիստափորի եւ ուրիշ ընկերներու ստիպումով վերադարձաւ Պարսկաստան:

Ըստ երեւոյթին, Կարոյին հակառակութիւնը Մարոյին մասին մտածելն էր. իրենց սէրն էր Կարոյին այդ վարմունքին պատճառը: Անշուշտ դիւրին չէր զոհել սիրոյ զգացումը եւ երթալ դէպի մահ, բայց Կարոն անոնցմէ չէր, որ անհատական ապրումներով պայմանաւորէր յեղափոխական գործը:

Մարոն կը տառապէր հոգեպէս: Յայտնա՞ծ էր արդեօք ան իր մտածումները Կարոյին, գիտէ՞ր վերջինս Մարոյին ապրած տանջանքներուն մասին, որեւէ փաստ չկար այդ մասին: Գիտենք միայն, որ Մարոն դարձած էր վշտահար, թախծոտ ու խորհրդաւոր: Անհետացած էին նախկին զուարթութիւնն ու կենսուրախութիւնը: Կարոյին վրայ ալ ընկերները կը նկատէին տխրութիւն, մելամաղձոտ տրամադրութիւն:

Սէր եւ հայրենիք իրարու կը բախէին: Ո՞ւր էր ելքը: Ելքը Մարոյին համար պարզ էր: Ան չէր կրնար թոյլ տալ, որ սիրած երիտասարդը իր պատճառով դաւաճանէր հայրենիքին: Եթէ ինքն էր խոչընդոտը, ապա մէջտեղէն պէտք էր վերցնել այդ խոչընդոտը: Եւ 1896-ի դեկտեմբեր 2-ին ընկերները կը գտնեն զինք անշունչ` անկողնին վրայ, կողքին ինկած էր իր սիրած ատրճանակը, որուն գնդակը ծակած էր անոր սիրտը:

Մահէն առաջ Մարոն գրած էր առանց հասցէի նամակ մը, որուն մէջ ըսուած էր. «Դուն, որ Հայաստանի ազատութեան գործը գերադասեցիր, քան` իմ եւ քու անձնական երջանկութիւնը, դուն, որ սէրդ զոհեցիր աւելի բարձր գաղափարական սէրի, կատարէ խօսքդ` անձդ զոհ դիր հայրենական սուրբ սեղանին վրայ: Լեցուիր թունաւոր վրէժխնդրութեամբ Բաբգէն Սիւնիի նման: Կատարէ վերջին կտակս, անով միայն կը հանգստանան ոսկորներս գերեզմանիս մէջ: Ես այնքան քաջութիւն ունեցայ, որ կարողացայ կրակի տալ քու ետեւէն բոլոր նաւերը, այսուհետեւ դուն բոլորովին ազատ ես, գործէ՛. Ներէ՛ ինծի: Բիւր համբոյրներ: Վերջին բարեւներս բոլոր ընկերներուն»:

Ընկերները չիմացան, թէ որո՛ւ ուղղուած էին այս խօսքերը, բայց Կարոն գիտէր: Եւ հնազանդեցաւ անոր պատուէրին` հետեւիլ Բաբգէն Սիւնիի օրինակին: Բաբգէն Սիւնին Մարոյի պաշտամունքին առարկան էր, անոր պատկերը միշտ կախուած էր իր սեղանին վերեւ:

Կարոն ներկայ չէր Մարոյին յուղարկաւորութեան: Ան Թաւրիզ էր, գործի վրայ: Ան մէկ վայրկեան իսկ չթերացաւ իր գործերուն մէջ: Արհեստանոցը բուռն թափով զէնք կը պատրաստէր Խանասորի աշխատանքին համար, եւ Կարոն մղիչ ուժն էր աշխատանքին:

Մայիսի սկիզբը, երբ արդէն բաւականաչափ զէնք ու ռազմամթերք ուղարկուած էր, Սալմաստ կը մեկնէր Գ. Ալոյեանը, իսկ երկու շաբաթ անցած` Կարոն: Սալմաստի մէջ արդէն հաւաքուած էին  քանի մը հարիւր մարտիկներ ու ղեկավարներ, արշաւանքին ձեռնարկելու համար: Միեւնոյն ատեն բուռն վէճեր տեղի կ՛ունենային արշաւանքի կողմնակիցներուն եւ հակառակորդներուն միջեւ:

Կարոն կարծիքը չէր փոխած, ան ալ հակառակորդներու մէջ էր եւ կը պնդէր, որ փոքր խումբերով զինուած հայդուկներ մտցուին երկիր` տեղական ուժերու հաւանութեամբ ու մասնակցութեամբ, յեղափոխական գործողութիւններ ընելու համար: Կը խնդրէր, որ նախ ինքը ղրկուի Երկիր: Բայց Թիֆլիսէն եկած Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յ. Շահրիկեանը կը յաջողի վերջ տալ տարակարծութիւններուն եւ ընդհանուր համաձայնութեամբ գլուխ բերել արշաւանքը:

Արշաւանքը կը կազմակերպուի, Կարոն կը նշանակուի հարիւրապետի օգնական: Յուլիս 25-ի լուսաբացին տեղի կ՛ունենայ յարձակումը` Խանասորի դաշտի վրանաբնակ մազրիկ ցեղին վրայ: Արագ ու կտրուկ հարուածէն ետք արշաւախումբը յաղթական կը վերադառնայ Պարսկաստան` զոհ տալով 19 թանկագին ընկերներ, որոնց մէջն էր նաեւ Կարոն: Ան կը գտնուէր նահանջը պաշտպանող վերջապահ խումբին մէջ եւ շատերու կեանքը փրկեց այդպիսով, բայց ի՛նք զոհուեցաւ: Անոր զինակիցներու վկայութեամբ, տարապայման հոգեկան վիճակի մէջ էր ամբողջ ժամանակ եւ կարծես ան մահը կը փնտռէր:

 

Նախորդը

Կտրիճ, Հերոս ՀՄԸՄ-ական Մեր Եղբայրը

Յաջորդը

Նիկոլ Դումանի «Ժպիտ»-ին Եւ Խանասորի Տղոց «Բերկրանք»-ին Կարօտը Կ՛ապրինք Այս Օրերուն (25 Յուլիս 1897)

RelatedPosts

Ընտրութիւնները` Մեր Ետին
Անդրադարձ

Վարդագոյն Ժապաւէնը` Կնոջ, Աղջիկներու Եւ Մօր Իրաւունքը

October 29, 2026
Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.