Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նոր Շրջան, Նոր Յոյսեր

Յուլիս 26, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը վերջապէս կազմաւորուեցաւ: Սահմանադրական դատարանը հաստատեց Ընտրական կեդրոնական մարմնի որոշումը` ընդդիմադիրներու կատարած քննադատութիւնները բաւարար չհամարելով ընտրութիւնները անվաւեր հռչակելու կամ գէթ լիազօրութիւններու բաշխումը սրբագրելու համար:

Նոր Ազգային ժողովը կ՛ունենայ 107 անդամ, 71-ը` «Քաղաքացիական պայմանագիր»-էն, 29-ը` «Հայաստան» դաշինքէն եւ 7` «Պատիւ ունեմ» դաշինքէն. «Հայաստան» դաշինքի 29 պատգամաւորներէն 10-ն անդամ են ՀՅ Դաշնակցութեան:

Նոր Ազգային ժողովի առաջին նիստը պիտի գումարուի 2 օգոստոսին: Առաջին նիստի ընթացքին տեղի կ՛ունենայ երդման արարողութիւն, կ՛ընտրուին Ազգային ժողովի նախագահը եւ երեք փոխնախագահները (անոնցէ մէկը ընդդիմութենէն) եւ մշտական յանձնաժողովներու նախագահները: Նոյն օրը հանրապետութեան նախագահը վարչապետ կը նշանակէ Ազգային ժողովի մեծամասնութեան ներկայացուցած թեկնածուն: Ապա կը սկսի նոր կառավարութեան կազմութեան գործառոյթը, որ կը տեւէ շուրջ երկու շաբաթ:

Նոր Ազգային ժողովի կազմի վերջնականացումէն ետք գումարուած կառավարութեան նիստին վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան շնորհաւորեց երկու ընդդիմադիր կազմաւորումները եւ զանոնք հրաւիրեց համագործակցելու մեծամասնութեան հետ: Չմոռցաւ նաեւ առաջարկելու, որ վերջ տրուի ժխտական ու հայհոյալից բառապաշարին եւ լծուելու ստեղծարար աշխատանքի: Այս հրաւէրին արձագանգները առայժմ դրական չեն: Իշխանութեան կողմնակիցներէն ոմանց համար չ՛արժեր բանի տեղ դնել ընդդիմութիւնը, որ, իրենց տեսակէտով, յանցաւոր է: Ընդդիմութիւնը դիտել կու տայ, որ ժխտական որակումներու բուն հեղինակը իշխանութիւնն է, որ տակաւին ընտրութիւններու նախօրեակին սպառնալիքներով կը բարբառէր: Սպառնալիքներ, որոնց գործադրութիւնը սկսած է տակաւին, նոր շրջանը չսկսած:

Ինչեւէ, նոր շրջանը նախորդէն տարբեր ըլլալու նախանշաններ ցոյց կու տայ: Իշխանութիւնը, որ խորհրդարանին մէջ կարգ մը որոշումներու համար Սահմանադրութեան պահանջած երեք հինգերորդի մեծամասնութիւնը ունի, իմաստութիւնը պիտի ունենա՞յ հաշուի առնելու Ազգային ժողովի փոքրամասնութեան տեսակէտը (որ Սահմանադրական երեք հինգերորդ պահանջողի տրամաբանութեան մաս կը կազմէ), թէ՞ նախորդին նման պիտի շարունակէ ինքնուրոյն տնօրինել ամէն բան` փոքրամասնութեան վերապահելով բողոքելու, քննադատելու եւ դէմ քուէարկելու սփոփանքը: Համագործակցութիւն չի նշանակեր, որ ընդդիմութիւնը պէտք է դադրի տեսակէտ ունենալէ: Գործակցութիւնը իրական ըլլալու համար «համա», այսինքն երկուստեք, պէտք է ըլլայ: Համբերենք` տեսնելու ու դատելու համար, առանց կանխակալ կարծիքի:

Իւրաքանչիւր ընտրութիւն կառավարման նոր ծրագրի մը գործադրութեան առիթ պէտք է դառնայ: Մեծամասնութիւնը նման ծրագիր չունի: Քանի մը ճամբու ու ջրամբարի կառուցման խոստումը եւ ընդդիմադիրները պատժելու սպառնալիքը կարելի չէ կառավարման ծրագիր համարել: Հայաստանը կարիքը ունի կառավարման բոլոր մարզերը ընդգրկող համապարփակ ծրագրի մը, որ հիմնուած ըլլայ ոչ թէ ամբոխավարական աժան ու չգիտակցուած տուեալներու վրայ, այլ` ազգին մտաւորական ու մասնագիտական ընդհանրութեան քննարկումներուն ու առաջարկներուն վրայ: Նոր շրջանը դրականօրէն խոստումնալից կ՛ըլլայ, եթէ իշխանութիւնը վերջ տայ` «Ժողովուրդը մեզ ընտրած է, ուրեմն մենք ենք ժողովուրդը եւ կ՛ընենք ի՛նչ կ՛ուզենք» լոզունգին:

Պատերազմը շատ ծանր ժառանգութիւն ձգեց մեզի: Պատերազմը չէ ալ վերջացած. անիկա կը շարունակուի ոչ միայն դիւանագիտական հարթութեան վրայ, այլ նաեւ գետնի վրայ, գործնապէս գրեթէ ամէնօրեայ սադրանքներով: Պէտք է վերջ գտնեն նաեւ կայքէջային մամուլի մանկամիտ քաղաքական վերլուծութիւնները, որոնք դարձած են քաղաքական առողջ, բանաւոր ու ազգային եւ միջազգային կացութիւնը նկատի ունեցող մտածողութեան մը գոյառման: Նման իրադրութիւն կարելի կ՛ըլլայ ազգին կենդանի կարողականութեան համախմբումով: Այս համախմբումը կրնայ խթանել միայն իշխանութիւնը, որ, ցարդ բաժանարար իր մոլուցքէն հրաժարելով, կրնայ բանալ իրաւախոհութեան ու միասնականութեան այնքան անհրաժեշտ ճամբան:

 

 

Նախորդը

Դուք` Աննմա՛ն Տղաներ, Պաշտելի՛ Պիտի Մնաք Առյաւէտ (Լիզպոն, 1983)

Յաջորդը

«Մենք Պիտի Մնանք Ձեզի Հետ, Մի՛շտ Ձեր Կողքին» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

RelatedPosts

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ
Անդրադարձ

Ինչո՞ւ Այս Երկրին Յաջորդ Յեղափոխութիւնը Կրնայ Վանքէ Մը Սկսիլ

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?