Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Սեպտեմբերեան Դժնդակ Օրեր

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Սեպտեմբերեան Դժնդակ Օրեր

«Սահմանները կապանքներ չեն, շղթաներն էլ կը փշրուեն:  Արցախը շարունակելու է պայքարը...»: (Ստեփանակերտ, 2 սեպտեմբեր 2022): Սպասուածը եղաւ. Արցախի համար պատմական օրը Երեւանի մէջ համեմատաբար աննկատ եւ հպանցիկ անցաւ: Մեր խօսքը սեպտեմբերի առաջին օրերուն, Արցախի անկախութեան հռչակման տօնը նշող հաւաքներուն, քայլերթերուն եւ յայտարարութիւններուն մասին է, որ անշեղօրէն եւ հպարտութեամբ նշուած է ամբողջ 30 տարի, մինչեւ... Սեպտեմբերեան իւրայատուկ «վերամուտ» մը, պանծալի վերյուշ...

Արցախահայութիւնը Վերահաստատեց Արցախի Հողերուն Վրայ Ինքնորոշուելու Իր Իրաւունքը

Արցախահայութիւնը Վերահաստատեց Արցախի Հողերուն Վրայ Ինքնորոշուելու Իր Իրաւունքը

ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ Այս տարի աննախընթաց տարողութեամբ նշուեցաւ Արցախի Հանրապետութեան հռչակման 31-ամեակը: 2 սեպտեմբեր 1991-ին, այն ժամանակուան Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզի Մարզային խորհուրդի եւ Շահումեանի ենթաշրջանի պատգամաւորները պատմական միացեալ նիստի մը ընթացքին յայտարարեցին շրջանի անկախութիւնը Ազրպէյճանէն եւ Լեռնային Ղարաբաղի կամ Արցախի Հանրապետութեան ստեղծումը` պատերազմական ճակատագրորոշ ժամանակաշրջանի մը ընթացքին: Հանրապետութեան հռչակումէն անմիջապէս ետք, այն օրերուն գործող խորհրդային եւ միջազգային օրէնքներուն հիման վրայ...

Վարչապետ Փաշինեան Իրաւունք Չունի Արգիլելու Որեւէ Հայու Մուտքը Հայաստան

Ազրպէյճանի Գլխաւոր Հիւպատոսը Կը Մեկնի Լոս Անճելըսէն` Ետին Ձգելով Խաբէութեան Հետք

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ Ազրպէյճանի գլխաւոր հիւպատոս Նասիմի Աղայեւ օգոստոսի վերջաւորութեան մեկնած է Լոս Անճելըսէն` դառնալու համար իր երկրին նոր դեսպանը Գերմանիոյ մէջ: Աղայեւ իր ետին խաբէութեան հետք թողած է: Կը յուսամ, որ Գերմանիոյ կառավարութիւնը ուշադրութեամբ կը հետեւի այս ազրպէյճանցի կասկածելի «դիւանագէտ»-ին: Սկսինք ամէնէն վերջին խայտառակութենէն: Անցեալ շաբաթ «Թուիթըր» եւ Դիմատետրի ընկերային ցանցերուն վրայ Աղայեւ հպարտութեամբ հրապարակեց վկայական...

Հայ Եկեղեցւոյ Տաղաւար Տօներէն Խաչվերաց

Հայ Եկեղեցւոյ Տաղաւար Տօներէն Խաչվերաց

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Հայ եկեղեցւոյ հինգ տաղաւար տօներէն մէկն է Խաչվերացը, որ կը տօնուի սեպտեմբեր 14-ին մօտիկ կիրակին: Եկեղեցական աւանդութեան համաձայն, Երուսաղէմի առաջին եպիսկոպոս Յակոբոս առաքեալ Քրիստոսի խաչի նմանակը ցոյց տուաւ ժողովուրդին եւ առաջին անգամ երգեց «Խաչի քո Քրիստոս, երկիր պագանեմք» շարականը: Հռոմէական կայսրութեան Կոստանդիանոս Մեծ կայսեր մայրը` Հեղինէ թագուհին, տեսիլքի մը մէջ վկայութիւն ստանալով, 326-ին մեկնեցաւ Երուսաղէմ եւ ձեռնամուխ եղաւ...

Բազմավաստակ Հոգեւորականը (Տէր Արսէն Ա. Քհնյ. Քէշիշեանի Յիշատակին)

Բազմավաստակ Հոգեւորականը (Տէր Արսէն Ա. Քհնյ. Քէշիշեանի Յիշատակին)

ԿԱՐՕ ՍՐԿ. ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ «Ջանա՛ Աստուծոյ աչքին ընտիր ըլլալ, այնպիսի մշակ մը, որ իր գործերուն համար ամչնալիք բան մը չունի, որպէս մէկը, որ ուղիղ կերպով կ՛ուսուցանէ Աստուծոյ ճշմարիտ պատգամը» Բ. Տիմոթէոսի 2:15 Քահանայական կոչումը Հայ եկեղեցւոյ կեանքին մէջ արժանապատիւ տեղ կը գրաւէ: Անոր վստահուած է իւրայատուկ առաքելութիւն` ժողովուրդը ընդառաջ տանիլ Աստուծոյ, համերաշխութեան դրօշակիրը դառնալ մեր ժողովուրդի սրբութիւն ու գանձ համարուող հայ...

Լուսաւոր Տէր Հայրը (Արսէն Աւագ Քահանայ Քէշիշեանի Յիշատակին)

Լուսաւոր Տէր Հայրը (Արսէն Աւագ Քահանայ Քէշիշեանի Յիշատակին)

ԵՍԱՅԻ ՀԱՒԱԹԵԱՆ Տէր Արսէնը վախճանեցաւ քառասուն օրեր առաջ: Կիրակի կատարուեցաւ իր քառասունքը,  Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ` ներկայութեան հոգեւոր հայրերու, հարազատներու եւ տէր հօր յիշատակը յարգող հայորդիներու: Տէր Արսէնը յետ այսու դժբախտաբար պիտի բացակայի մեր եկեղեցիէն եւ Այնճարէն, սակայն պիտի մնայ մեր երկնակամարին վրայ իբրեւ լուսաւոր աստղ մը` միշտ ցոյց տալով ազգին եւ հայրենիքին նուիրուելու իր կեանքի գեղեցիկ օրինակը: Տէր...

«Ուրա՛խ Եմ, Որ Պնդեցիր Եւ Գացիր Դպրեվանք…»

«Ուրա՛խ Եմ, Որ Պնդեցիր Եւ Գացիր Դպրեվանք…»

ԱՒԵՏԻՔ ԱԲՂ. ՏԷՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ 2019 թուականին էր, երբ մեր տան երէց քահանան դիմեց ծնողքիս, որ եթէ կ՛ուզէին զիս դպրեվանք ղրկել, անմիջապէս դիմում կատարէին եւ զիս յանձնէին դպրեվանքին: Այն վայրկեանէն, որ ինծի առաջարկեցին դպրեվանք յաճախելու միտքը, սկսայ առանձին պահերուս խորհիլ, թէ արդեօք ինչպիսի՞ տեղ է դպրեվանքը, ի՞նչ կ՛ընեն հոն, արդեօք միայն կ՛աղօթե՞ն, արդեօք լոկ ճգնաւորի տե՞ղ է... Օր մը առիթը ունեցայ...

Անդրադարձ.  Քիչ Մը Գիտութիւն՝ «Անհրաժեշտ Բայց Ոչ Բաւարար»-ի եւ «Ներազդող»-ի Մասին, Որ Հաւանաբար Կը Լուսաբանէ Հայաստանի Ներկայ Իրավիճակը

Յուշեր. Խմբապետս` Ժիրայր Սարգիսեան

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Վաթսուն տարիներու մեր սերտ կապը սկսաւ 1962-ին, երբ ՀՄԸՄ-ի երկրորդ սկաուտ խմբապետս եղաւ ան, մինչեւ իր վերջին ելեկտրոնային նամակը, 21 ապրիլ 2022-ին, Զատկուան առիթով: Պէյրութի Էշրեֆիէ շրջանի «Ազատամարտ» ակումբն ու դիմացի Ազգային Գէորգ Չաթալպաշեան վարժարանի բակն էին մեր սկաուտական հաւաքավայրերը, իսկ եղբ. Ժիրայրենց առաջին բնակարանը` ակումբէն դէպի զառիվայր, տակաւին կանգուն, երրորդ շէնքին մէջ: 1. Եղբ. Ժիրայր 1962-ին «Ազատամարտ»...

Հարցազրոյց Սան Ֆրանսիսքոյի Հոգեւոր Հովիւ Սմբատ Վրդ. Սապունճեանի Հետ

Խորհրդային Բռնատիրութեան Սարսափներն Ու Աւերները Հայաստանի Մէջ – Ա.

Համադրեց` ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ Փետրուարեան Ապստամբութիւն Այդ անցեալը կը սկսի Հայաստանի խորհրդայնացումով, 1920-ի դեկտեմբեր 2-ին, իսկ կարմիր թուականով` նոյեմբեր 29-ին: Ծանօթ է պատմութիւնը այդ եւ հետագայ օրերու անցքերուն, երբ խորհրդայնացման հռչակումովն իսկ տիրեց ահ ու սարսափի մթնոլորտ մը, եւ ծայր տուին` բռնագրաւումները, հալածանքները, ձերբակալութիւնները, բանտարկութիւնները, սպանութիւններն ու աքսորները (սպաներուն զանգուածային աքսորը): Թիզ մը հասակի տէր Աւիս Նուրիջանեան անունով ճիւաղ մը դարձաւ...

Տոմս.  Յիշեցէ՛ք Փոսերը Եւ Շնորհակալ Եղէ՛ք

Տոմս. Յիշեցէ՛ք Փոսերը Եւ Շնորհակալ Եղէ՛ք

Բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններով եւ փորձարկութիւններով փաստուած է, որ յիշողութիւնը զօրացնելու համար կարեւոր են ուղեղային մարզանքները: Սուտոքու եւ  աչք- ուշադրութիւն-կեդրոնացում համակարգող համակարգչային խաղեր այս նպատակին կը ծառայեն եւ կրնան ամրապնդել յիշողութիւնը: Օրինակի համար, բջիջային հեռաձայնիդ վրայ կրնաս զոյգ-զոյգ փայտիկներ իրարու հետ համապատասխան դարձնել եւ ջնջել` զանոնք բանալով եւ գոցելով: Երբ փայտիկ մը կը բանաս, գծագրութեան կը նայիս եւ կը գոցես փայտիկը` ուրիշ...

Պատառիկներ «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն» Կուսակցութեան Ծածկանուններու բառարան»-ից

Երգի Մը Պատմութիւնը. «Շաղոյեան Փաշա» Երգի Քարոզչական Ու Դաստիարակչական Գործառոյթը

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ Հայ յեղափոխական երգերը, որոնք հայրենասիրական երգի ճիւղ մըն են, ծնունդ առած են 19-րդ դարու վերջին եւ 20-րդ դարու սկիզբին, երբ հայկական քաղաքական կուսակցութիւններ հիմնադրուեցան, որոնք Օսմանեան կայսրութեան տարածքին բնակող հայերու քաղաքական եւ քաղաքացիական իրաւունքներու համար կը պայքարէին: Յեղափոխական են այս երգերը, որոնք ունին հեղինակ, ուրիշներ դասուած են ժողովրդական-ժողովրդայինի խմբաւորումին մէջ: Բոլորն ալ խորքին մէջ ժողովուրդի հոգիէն, կեանքէն ու...

Ակնարկ.  Թիրախաւորուած Է Եւ Ականապատուած  Սահմանադրական Կարգը

Ակնարկ. Թիրախաւորուած Է Եւ Ականապատուած Սահմանադրական Կարգը

Ելեկտրածին մեքենաներու հայթայթած ելեկտրականութեան սակագիներու տոլարի շուկայական համարժէք պահանջը վերափոթորկեց լիբանանեան հասարակութիւնը, որ պայքար կը մղէ արագընթաց սղաճի պատճառով սակագիներու օրական մագլցողականութեան դէմ: Հիմա, արդէն լիբանանեան լրատուադաշտը ողողուած է նոր յուսալքման առաջնորդող տեղեկութիւններով, թէ վառելանիւթի գիները եւս ելեկտրականութեան նման շուկայական տոլարի համարժէք սակագիներով պիտի ճշդուին: Այս կը նշանակէ, որ քաղաքացիներու սպառման համար պետական զօրակցական նուազագոյն միջամտութիւնները եւս պիտի ջնջուին, եւ...

Մտորում` Դիպուածէն, Տեղեկութենէն  Եւ Յուզումէն Տարբեր Ալիքներու Վրայ.  Այս Է Մեր Ճակատագիրը: Դիմանալ Է Պէտք: Յետո՞յ…

Քաղաքականութիւնը, Առանց Գաղափարականի, Փերեզակութիւն Է, Շահկատակութիւն, Մոտերն Հայերէնով` Աֆերիզմ

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Դիտա՞ծ էք Հայաստանի արագիլները... Անոնք իրենց տունը կը դառնան, Հայաստանի դաշտերը կը մաքրեն կրծողներէ... Հայ ազգի քաղաքական իմաստուններն են արագիլները... Յաճախ ըսուած եւ կրկնուած  է, որ հայ ժողովուրդը մէկ է: Հնարած ենք գեղահունչ տարազներ, որոնք եղած են այդքան. մոռցուած են...  Եռամիասնութիւն... Այսօր ինչպէ՞ս կ’ըմբռնուի այդ ՄԷԿ-ը: Ան բաժակաճառի աղմո՞ւկ է, ամբոխները ոտքի քնացնող դատարկաբանութի՞ւն, թէ՞ ազգակերտման եւ հայրենակերտման ...

Վերամուտէն Անդին

Վերամուտէն Անդին

ՆՈՐԱ ՍԱՐԱՖԵԱՆ-ԹԱՇՃԵԱՆ Վերամուտ է: Տարուան այս եղանակին աշխարհի տարածքին բազմահազար կրթական հաստատութիւններ կը վերսկսին իրենց աշխատանքներուն: «Մեր» դպրոցներն ալ, բոլորին նման, կը բանան իրենց դռները, եւ հայ աշակերտներ իրենց քայլերը դարձեալ կ՛ուղղեն դէպի հայ  դպրոց: Նոր տարեշրջանի սեմին իւրաքանչիւր կրթական հաստատութիւն կը ջանայ վերամուտը սկսիլ նորարարութիւններով, փոփոխութիւններով եւ արդի ու թարմ ծրագիրներով: Նորութիւններ բերելու այս ազնիւ ճիգին հետ մէջտեղ կու...

Հայրենանուէր Սրբազանը  (Սեպուհ Արք. Սարգիսեանի Եպիսկոպոսական Աստիճան Ստանալու 25-Ամեակին Առիթով)

Հայրենանուէր Սրբազանը (Սեպուհ Արք. Սարգիսեանի Եպիսկոպոսական Աստիճան Ստանալու 25-Ամեակին Առիթով)

ՏՈՔԹՈՐ ՆՈՐԱՅՐ ՄԱՆՃԵԱՆ Սրբազանի աստիճան ստանալը  Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ ծառայութեան մէջ վկայութիւն է, որ հոգեւորականը վեհ է եւ օժտուած է աստուածատուր շնորհքով: Մեր եկեղեցականներուն մէջ այս աստիճանին արժանացող սրբազանները կը ծառայեն ազգին ու եկեղեցւոյ` աշխարհի չորս ծագերուն ծուարած գաղութներուն մէջ: Աստուած Օգնական Իրենց Սեպուհ արք. Սարգիսեան Լաթաքիա այցելութեան ընթացքին ինծի նուիրեց  «Հոգեյոյզ ցոլքեր» խորագրեալ գիրքերու հատորները: Ուրախութիւնս ու զարմանքս անսահման...

Սթափելու Ժամանակը

«Սահմանները Կապանքներ Չեն, Շղթաներն Էլ Կը Փշրուեն»

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ 2 սեպտեմբեր 2022. Արցախի Հանրապետութեան հռչակման 31-րդ տարեդարձին առիթով հանրահաւաքներ տեղի ունեցան Երեւանի եւ Ստեփանակերտի մէջ: Երկու օր առաջ, Պրիւքսելի մէջ, Եւրոպական Միութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի միջնորդութեամբ տեղի ունեցած էր Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումը: Հանդիպման օրակարգային գլխաւոր նիւթը եղած է խաղաղութեան համապարփակ համաձայնագիրի կնքումը: Որոշուած է, որ մէկ ամսուան ընթացքին Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց...

Խմբագրական «Գանձասար»-ի.  Սուրիոյ Խաղաղութեան Սպառնացող Կողմեր

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Սուրիոյ Խաղաղութեան Սպառնացող Կողմեր

Հալէպի օդակայանին հրթիռակոծումը կրկին լուսարձակի տակ կ՛առնէ Սուրիոյ տագնապին լուծումը ձախողութեան մատնելու փորձերը: Վերջին շրջանին, երբ երկրէն ներս տարբեր կողմեր հաշտութեան բերելու գործընթացներու մասին շշուկներ կը լսուին, Սուրիոյ դրացի երկիրներ, ինչպէս` Թուրքիա եւ արաբական կարգ մը երկիրներ, Սուրիոյ հետ մերձեցման եզրեր կ՛որոնեն, միւս կողմէ` սուրիական բանակը կը յառաջանայ հիւսիսային շրջանին մէջ, խաղաղութեան հաստատման քաղաքական եւ զինուորական ջանքերը խափանելու հերթական փորձեր...

panos-jeranian_profile

ՓԱՆՈՍ ՃԵՐԱՆԵԱՆ Հայդո՛ւկ Երբ մեկնեցար Կռուի դաշտ, խաչկապ կապած փամփուշտներուդ շլացքէն աստղ մը պայծառ երկինքին մէջ կը շողար: Դուն չդարձար, աստղը մնաց` երկինքին: Ամէն գիշեր, երբ կը տեսնեմ այդ աստղը` դուն կը մեկնիս վերստին, բայց կը մնաս մեր սրտերու խրամատին...    

Նամականի

Հայաստանի Ձիերը, Ձիաւոր Հերոսները, Հեծելազօրը Եւ Յաղթանակները – ԺԸ.

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Երկար ընդմիջումէ ետք կը շարունակենք այս յօդուածաշարքը: Նախորդ` ԺԷ. մասը (1) աւարտեցինք հիքսոսներու մասին հաստատելով, որ` «Զարմանալի չեն այսպիսի «գիւտերը», մեկնաբանութիւնները, երբ տէր չենք կանգնիր մեր պատմութեան, եւ այսպիսի «յայտնութիւններ» առանց պատասխանի կը մնան, եւ մեր հայկական մամուլը առանց զանոնք ըստ էութեան քննարկելու կամ խմբագրական ակնարկի, իբրեւ «հետաքրքրական լուր», թութակի նման կը կրկնէ զանոնք, եւ մեր հասարակութիւնը կը...

Պրիւքսէլեան Ձեւաչափն Ու Ռուսիան

Ակնարկ. Հակամարտութեան Ձեւակերպումի Փոփոխութեան Վտանգը

Պրիւքսելի եռակողմ հանդիպումէն ետք Ազրպէյճանի նախագահին յայտարարութիւնը, թէ ինք  կը հաւատայ, որ Հայաստանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիրը կարելի է կնքել քանի մը ամիսէն, վերստին կ՛ընդգծէ Պաքուի շտապողականութիւնը Հայաստան-Ազրպէյճան խաղաղութեան համաձայնագիր կնքելու: Այս շտապողականութեան իբրեւ հիմնաւորում Ալիեւ կը հաստատէ, որ հայկական կողմը ընդունած է Ազրպէյճանի առաջարկած հինգ կէտերը, եւ այդ համաձայնութիւնը վերահաստատած է Հայաստանի վարչապետը Պրիւքսելի հանդիպումին: Աւելի մանրամասնելով ան յստակացուցած է,...

Page 240 of 807 1 … 239 240 241 … 807

Արխիւներ