Երգն Իմ Թեւերն Է
«Երգն իմ թեւերն է» երգը յօրինուած է պոլսահայ երգչուհի Սիպիլին համար, ան այս ստեղծագործութեան ընդմէջէն իր ժողովուրդին անցեալը, ներկան ու ապագան հայերէն երգի միջոցով աշխարհին կը ծանօթացնէ: Վերջին տարիներուն երգչուհին յայտնի է իր թեմաթիկ երգերով, որոնք կը պատմեն մեր ազգի ցաւերն ու աղէտները: Այս անգամ երգը կը յիշեցնէ հայուն, թէ որքա՛ն կանուխ սկսած է իր երգը թեւածել աշխարհի վրայ, եւ...


















