Հալէպի օդակայանին հրթիռակոծումը կրկին լուսարձակի տակ կ՛առնէ Սուրիոյ տագնապին լուծումը ձախողութեան մատնելու փորձերը:
Վերջին շրջանին, երբ երկրէն ներս տարբեր կողմեր հաշտութեան բերելու գործընթացներու մասին շշուկներ կը լսուին, Սուրիոյ դրացի երկիրներ, ինչպէս` Թուրքիա եւ արաբական կարգ մը երկիրներ, Սուրիոյ հետ մերձեցման եզրեր կ՛որոնեն, միւս կողմէ` սուրիական բանակը կը յառաջանայ հիւսիսային շրջանին մէջ, խաղաղութեան հաստատման քաղաքական եւ զինուորական ջանքերը խափանելու հերթական փորձեր կը կատարուին յատկապէս Իսրայէլի եւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ` սահմանափակելու Սուրիոյ դաշնակիցներուն ազդեցութիւնը տագնապի լուծման հեռանկարներուն վրայ ու կրկին սպառնալիքներու լեզուով Սուրիոյ ապաքինման ընթացքը խափանելու:
Բնականաբար Իսրայէլ եւ Միացեալ Նահանգներ հաշտ աչքով պիտի չդիտեն Սուրիա-Ռուսիա, Սուրիա-Իրան յարաբերութիւնները, որոնք տնտեսական, ապահովական եւ այլ մարզերու մէջ, այս շրջանին, աշխուժ թափով կը յառաջանան:
Անոնք հաշտ աչքով պիտի չդիտեն նաեւ Սուրիա-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման թոյլ հաւանականութիւնն անգամ (Սուրիան քաջ գիտէ, թէ ՕԹԱՆ-ի անդամ Թուրքիան ինչպիսի՛ կողմերու շահերուն կրնայ ծառայել), որովհետեւ Միջին Արեւելքի մէջ ռուսական միջնորդութեամբ նախատեսուող նման կարգաւորում մը պիտի տկարացնէ Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի ազդեցութեան օղակները:
Ամիսներ առաջ Իսրայէլ հրթիռակոծեց Դամասկոսի միջազգային օդակայանը, սակայն Դամասկոս, առանց խուճապի մատնուելու, կարճ ժամանակ մը ետք վերանորոգեց զայն: Այսօր Իսրայէլ այլ հրթիռակոծումով մը կը սպառնայ Հալէպը արտաքին աշխարհին կապող միակ քաղաքացիական օդակայանին:
2022-ի սկիզբէն ի վեր այս Իսրայէլի 22-րդ հրթիռակոծումն է, վերջին անգամ ան հրթիռակոծած էր Թարթուսի եւ Համայի կարգ մը վայրեր:
Քաղաքացիական օդակայաններ հրթիռակոծելով, սակայն, Իսրայէլի թիրախը կը դառնայ նաեւ Սուրիոյ քաղաքացին:
Միացեալ Նահանգներ-Իսրայէլ գործակցութիւնը յստակ կ՛երեւի սուրիական տագնապի լուծման խափանման իրենց քայլերուն մէջ, մէկը` մերթ ընդ մերթ հրթիռակոծելով սուրիական տարբեր վայրեր, նոյնիսկ` ոչ զինուորական, միւսը` քրտական գործօնը օգտագործելով Սուրիոյ հիւսիսային շրջանին մէջ:
Վերջին տասը տարիները ցոյց տուին, որ Սուրիոյ արտաքին քաղաքականութիւնը սպառնալիքներէ չ՛ազդուիր: Պատերազմի ողջ ընթացքին ու տագնապի լուծման տարբեր փուլերուն Սուրիան առաջնորդուած է ու կը շարունակէ առաջնորդուիլ ազգային ու պետական իր շահերէն` հասնելու լիարժէք, ոչ թէ ժամանակաւոր, խաբուսիկ խաղաղութեան:


