Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Սեպտեմբերեան Դժնդակ Օրեր

Սեպտեմբեր 10, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Սահմանները կապանքներ չեն, շղթաներն էլ կը փշրուեն:  Արցախը շարունակելու է պայքարը…»:
(Ստեփանակերտ, 2 սեպտեմբեր 2022):

Սպասուածը եղաւ. Արցախի համար պատմական օրը Երեւանի մէջ համեմատաբար աննկատ եւ հպանցիկ անցաւ:

Մեր խօսքը սեպտեմբերի առաջին օրերուն, Արցախի անկախութեան հռչակման տօնը նշող հաւաքներուն, քայլերթերուն եւ յայտարարութիւններուն մասին է, որ անշեղօրէն եւ հպարտութեամբ նշուած է ամբողջ 30 տարի, մինչեւ…

Սեպտեմբերեան իւրայատուկ «վերամուտ» մը, պանծալի վերյուշ մը, որ դժբախտաբար երկու տարիէ ի վեր ինկած է 44-օրեայ պատերազմին ստեղծած ողբի մրմունջին տակ:

Պաշտօնական հաղորդագրութեանց մէջ զգալի էր, որ ամբոխահաճ ոճը կը գերակշռէր թափանցիկութիւնն ու ճշմարտութիւնը:

Բացակայ էր միասնականութիւնը, որուն ցայտուն օրինակներէն մէկն էր «Դիմադրութիւն» շարժումին կազմակերպած հաւաքը:

Ոչ մէկ յուսադրիչ շարժում եւ ընթացք:

Վարչապետը կը շարունակէ խոնարհիլ եւ յիշել Արցախի պաշտպանութեան համար «մեր հայրենակից նահատակներ»-ը, սակայն նաեւ զուգահեռ գիծի մը վրայ ամենայն խորհրդապահութեամբ եւ գաղտնապահութեամբ կը ստորագրէ (կամ բերանացի կ՛որդեգրէ) ազգային վտանգ հանդիսացող եւ ահազանգային կացութիւն ստեղծող զիջումի փաստաթուղթեր:

Արցախի նախագահն ալ յայտնեց, որ կը խոնարհի նահատակներուն պայծառ յիշատակին ու հպարտ հարազատներուն առջեւ: Իսկ Լաչինի միջանցքի նոր երթուղիին մասին խօսելով` ոչ մէկ մատնանշում կատարեց Բերձորի, Աղաւնոյի եւ Սուսի մասին, որոնք քանի մը օր առաջ իբրեւ նորագոյն նուէր տրուած էին Ազրպէյճանի:

Այսուհանդերձ, յուսադրիչ էր Ստեփանակերտի Վերածնունդ հրապարակին վրայ կազմակերպուած հանրահաւաքը, որուն աւարտին կարդացուեցաւ ուղերձ մը` մանրամասնօրէն ներկայացնելով այժմու ողբերգական եւ ահազանգային վիճակը:

Կ՛արժէ կանգ առնել Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպս. Աբրահամեանի մէկ տպաւորիչ արտայայտութեան վրայ. «Արցախը մի դրախտային այգի է, իսկ մենք` նրա մշակները: Շատերն են ուզում տիրանալ մեր այգուն: Այսօր այն կարկտահարուել է, սողանքների պատճառով տրոհուել ու փոքրացել` իր հետ տանելով այգու երիտասարդ մշակներից շատերին: Այգին այսօր հիւանդ է, խնամքի կարիք ունի, յենարանի կարիք ունի, եւ մենք` որպէս կենդանի մշակներ, մեր միասնական ջանքերով պիտի վերակենդանացնենք հայոց Արա թագաւորի հիմնած այգին»:

Շատ աւելի զգայացունց եւ ազդեցիկ էին պաստառներուն վրայ գրուած խօսքերը, որոնք կ՛ահազանգէին, որ եթէ կորսնցնենք Արցախը, հասած կ՛ըլլանք հայոց պատմութեան վերջին էջին, անշուշտ նաեւ լռութեամբ կ՛աղաղակէին երեք բանալի բառեր` ՄԻՈՒԹԻՒՆ, ՊԱՅՔԱՐ, ՅԱՂԹԱՆԱԿ, որոնք շուտով կարելի է գործի լծել` մէկդի դնելով հինն ու նորը, սեւն ու սպիտակը, յատկապէս թօթափելու համար 44-օրեայ պատերազմին հետեւանքները:

Նախորդը

Արցախահայութիւնը Վերահաստատեց Արցախի Հողերուն Վրայ Ինքնորոշուելու Իր Իրաւունքը

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Մկրտիչ Եւ Լիանա Միքայէլեաններու Համերգը
Անդրադարձ

Մկրտիչ Եւ Լիանա Միքայէլեաններու Համերգը

Հոկտեմբեր 30, 2025
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրական Հայաստան Եւ Իրական Ամբարիշտներ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր
Անդրադարձ

Սփիւռքի Անելիքը Եւ Կարողականութիւնը

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?