ՓԱՆՈՍ ՃԵՐԱՆԵԱՆ
Հայդո՛ւկ
Երբ մեկնեցար
Կռուի դաշտ,
խաչկապ կապած
փամփուշտներուդ շլացքէն
աստղ մը պայծառ երկինքին մէջ կը շողար:
Դուն չդարձար,
աստղը մնաց` երկինքին:
Ամէն գիշեր,
երբ կը տեսնեմ այդ աստղը`
դուն կը մեկնիս վերստին,
բայց կը մնաս
մեր սրտերու խրամատին…