ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
Երկար ընդմիջումէ ետք կը շարունակենք այս յօդուածաշարքը: Նախորդ` ԺԷ. մասը (1) աւարտեցինք հիքսոսներու մասին հաստատելով, որ` «Զարմանալի չեն այսպիսի «գիւտերը», մեկնաբանութիւնները, երբ տէր չենք կանգնիր մեր պատմութեան, եւ այսպիսի «յայտնութիւններ» առանց պատասխանի կը մնան, եւ մեր հայկական մամուլը առանց զանոնք ըստ էութեան քննարկելու կամ խմբագրական ակնարկի, իբրեւ «հետաքրքրական լուր», թութակի նման կը կրկնէ զանոնք, եւ մեր հասարակութիւնը կը մոլորեցնէ` դառնալով սխալ «Պատմութիւն»:

Այս յօդուածաշարքով կը բացայայտուին օտարին կողմէ հայոց պատմութեան բազմաթիւ խեղաթիւրումները` իրենց դոյզն մանրամասնութիւններով, ընդհանրապէս մէկէ աւելի ա՛յլ օտար եւ աւելի հին ու նոր աղբիւրներու փաստերով եւ շօշափելի պեղումներով, այլ նիւթերու կողքին, նաեւ ձիերու ընտելացումը եւ մարտակառքերու ծագումը Հայկական Լեռնաշխարհէն սկսած է:
Անհաւատալի է սակայն, որ այժմու Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը, թրքահաճոյ մոլուցքով մը, ի՛նքն իսկ մեծաքանակ կերպով, պոլշեւիկներուն նման, կը խեղաթիւրէ մեր պատմութիւնը` նոր դասագիրքերու եւ այլ միջոցներով` հակառակ պատմութեան կաճառներուն, պատմաբաններուն, ուսանողութեան եւ ժողովրդային բողոքին, որոնց հեգնանքով պատասխանեց թրքահաճոյ կրթութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեանը: Այս ոճիրին բոլո՛ր մեղսակիցները ուշ կամ կանուխ ծանրագոյն պատիժին պիտի արժանանան:
Այստեղ կ՛արժէ նշել, որ Վրաստանի պարագային նաեւ, պատմական խեղաթիւրումով մը, վրացական Դաւիթ Գարեջի վանքը Ազրպէյճանին կողմը անցած է:
14 յունիս 2022-ին «Նիուզ.ամ» (2) «Վրաստանում դատում են քարտէսագիրներին, որոնց մեղքով Դաւիթ Գարեջիի վանքը պիտի անցնէր Ազրպէյճանին» խորագիրով լրատուութեան մէջ կը գրէ. «Վրացի սահմանագծման յանձնախումբի նախկին անդամներ Իվերի Մելաշվիլի եւ Նաթալիա Իլիչեւա կը մեղադրուին վրաց-ազրպէյճանական սահմանին սահմանազատման եւ սահմանագծման յանձնաժողովին մէջ աշխատելու ժամանակ 1937-1938 թուականներու քարտէսը թաքցնելու մէջ, որուն պատճառով Վրաստանը կրնար զրկուիլ իր տարածքի 3500 հեկտարէն, որուն մէջ է Դաւիթ Գարեջիի վանական համալիրին մէկ մասը: Քննութեան տուեալներով, անոնք յանցագործութիւնը կատարած են «գերադաս պաշտօնեաներու ցուցմունքով»: Որքա՜ն նման է Հայաստանի այժմու յանցագործ իշխանութեան…
4. Հայկական ծանրազէն այրուձիէն օրինակներ (վերականգնումը` Յ. Յակոբեանի եւ Կ. Աւագեանի (3)): 5. Ադոնց կը նկարագրէ դամբարաններէ պեղուած պրոնզէ գօտիներ, որոնց վրայ փորագրուած է երկու ձիով կառքեր, որոնք, ըստ Մորկանի, ՔԱ 3-րդ հազարամեակին կը պատկանին ((4) էջ 34-40):
Խախտելով յօդուածաշարքին ժամանակագրական եւ տրամաբանական կարգը` այստեղ պիտի անդրադառնամ պատմաբան, բիւզանդագէտ եւ բանասէր Նիկողայոս Ադոնցի (Տէր Աւետիքեան, 1871-1942) շատ կարեւոր պատմական գիրքերուն, որուն «Պատմական ուսումնասիրութիւններ» հատորը (4) ուշադրութեանս յանձնեց դոկտ. Երուանդ Հ. Քասունին, այնտեղ նշուած են հայկական այրուձիին մասին Ադոնցի ուշագրաւ հաստատումները: Էջ 13-20 Ադոնց կը գրէ (ամփոփ հատուածներ, արեւմտահայերէն).
«Այսօրուան գեղջուկ Հայաստանը, կար ժամանակ, որ տասնեակ մեծ ու փոքր իշխանական տոհմեր թառած էին հայոց լեռներու կուրծքին: Ամէն մէկը ունէր իր անառիկ ամրոցը եւ իր այրուձին, որ յայտնի թիւով հեծեալ մարտիկներ էին: Այրուձին բաղկացած էր գրեթէ բացառապէս իշխանական ընտանիքներու զաւակներէն եւ մերձաւորներէն: Հայ ազատանի, որեար կամ մանկտի կոչելով, պատմագիրները կը հասկնային ազատ դասի որդիներ:
«Այրուձին միա՛կ մշտական զինուորական ուժն էր ընդդէմ արտաքին թշնամիներուն եւ հայ աշխատաւոր շինականներուն նեցուկը: Շնորհիւ մշտապէս սպառազինուած ազնուականութեան` Հայաստանը երբե՛ք դիաթաւալ թշնամիին առջեւ չէ փռուած, ինչպէս տեսանք անոնց անկումէն ետք: Հռոմ, պարսիկ, արաբ, Բիւզանդիոն չեն կրնար պարծենալ, որ նախարարական Հայաստանը իրենցմէ պարտուած է:
«Դարերու ընթացքին հայ աւատապետները կրցան կռուիլ եւ պահել իրենց դիրքը եւ ազատութիւնը: Թշնամիները ծանր փորձերէ ետք բաւարարուեցան տարեկան տուրք գանձելով եւ զինուորական օգնութիւն ստանալով:… Նախարարները յօժար էին արքունի գանձէն սովորական տուրք վճարելու, բայց` երբե՛ք այրուձին յանձնելու օտարին: Հրաժարիլ այրուձիէն` կը նշանակէր զինաթափ ըլլալ, որ անձնասպանութեան համազօր էր»:
Ուրեմն նո՛յնիսկ պարտութիւններու պարագային, դարեր շարունակ հայկական այրուձին պահպանուած է, երբե՛ք անձնատուր չէ եղած, միշտ պատրաստ` պաշտպանելու հայրենիքն ու ժողովուրդը:
6. Հուրրիներուն աշխարհը, ՔԱ 2300-ի քարտէս մը` Ուիքիփետիա, հայերէն տեղանունները իմ կողմէս տեղադրուած են:
Այս առիթով, պրպտելով Ադոնցի միւս «Քննական պատմութիւն հայոց» հատորները, Դ. հատորին` «Պատմութիւն հայոց, Հայաստանի պատմութիւն. Ակունքները ՔԱ 10-6 դարեր» առաջին գլուխին սկիզբը` «Նախապատմական դարաշրջան» խորագիրին տակ (5), կը նշէ, որ Հայաստանի նախապատմական անցեալը բաւարար չափով չէ լուսաբանուած եւ, թէ` «Հողն իր ընդերքում տակաւին շատ անակնկալներ է թաքցնում»:
«Առաջին պեղումները ռուս հնագէտներու կողմէ սկսան 1879-ին, Դիլիջանի մօտակայ (իրենց անուանումով*) Ռեդկին-լագերի մէջ, ուր յայտնաբերեցին 75 (նախնադարեան*) դամբարաններ:
«Աւելի կանոնաւոր հետազօտութիւններու պատիւը կը պատկանի Ժ. տը Մորկանին (ֆրանսացի ճարտարագէտ, երկրաբան եւ հնագէտ, Jaques de Morgan, 1857-1924, որ հրատարակած է «The History of the Armenian People, from the Remotest Times to the Present Day», («Հայ ժողովուրդին պատմութիւնը հեռու անցեալէն մինչեւ այսօր»*), որ Ալավերդիի եւ Ախթալայի շրջակայքը աւելի քան 576 դամբարան պեղեց: Ապա գերմանացի ճարտարապետ Վ. Պելքը (Waldemar Belck, 1862-1932*) Գետաբակի մօտակայքը` Գանձակ, շուրջ 300 դամբարան պեղեց: Ապա 1892-ին Մոսկուայի Հնագիտական ընկերութեան կողմէ Ա. Իվանովսկի պեղեց բազմաթիւ դամբարաններ, 91-ը` Գետաբակի, Կալաքենդի, Առաջաձորի, Վանքի եւ այլ վայրերու մէջ:
«Մորկանէն ետք ամենակարեւոր պեղումները կը պատկանին Հայկական ազգագրութեան ընկերութեան նախագահ Ե. Լալայեանին (Երուանդ, 1864-1931, պեղած է բարձրարուեստ փորագրութեամբ զարդարուած դիակառք, նաեւ կորուստէ փրկած` 847 հեքիաթ եւ բազմաթիւ երգեր, 1921-1931 Պետական թանգարանի վարիչ*), որ յայտնաբերած է 500-է աւելի դամբարաններ» (6):
7. Այժմու Սուրիոյ մէջ հուրրիներու Ուրքէշ քաղաքի թագաւորական պալատի պեղումները, ուր գտնուեցան հուրրի երաժշտութեան եւ այլ կաւէ պնակիտներու վրայ փորագրուած արխիւներ: 8. Քարտէսի վրայ Ուրքէշը, այժմ ` Թել Մոզան, Սուրիոյ հիւսիսը, Գամիշլիէն 20 քմ դէպի արեւմուտք:
Հայկական ձիերու եւ ձիակառքերու մասին Մորկան վերոնշեալ պեղումներէն դամբարանէ մը շատ կարեւոր յայտնաբերում մը կատարած է. ան յայտնաբերած է ՔԱ երրորդ հազարամեակին պատկանող պրոնզէ գօտիներ, որոնց վրայ որսի տեսարաններ կան, նետաձիգ որսորդը` երկու ձիով ձիակառքի վրայ կանգնած: Երկրորդ գօտիին վրայ որսորդը կանգնած է երկու ձիերու վրայ: Այս գօտիները կը վերահաստատեն ձիերու ընտելացումը Հայկական Լեռնաշխարհին մէջ ՔԱ երրորդ հազարամեակէն շատ առաջ, ինչպէս նաեւ մարտակառքերու գործածութիւնը` որսորդութեան համար, հետեւաբար նաեւ` պատերազմի համար (5) էջ 34-40): Ցարդ պատմաբաններ կ՛անտեսեն այս եւ այլ փաստեր, որ ձիակառքը արդէն գոյութիւն ունէր Հայաստանի մէջ Քրիստոսէ 3000 տարի առաջ, եւ կ՛ըսեն, որ ձիակառքը ՔԱ շուրջ 2000 թուականին ծագում առաւ աւելի հիւսիս` այժմու Ռուսիոյ մէջ…
Առայժմ Ադոնցէն այսքան, եւ ինչպէս ան նախատեսած էր, վերանկախացումէն ետք պեղումները մեր եւ աշխարհի պատմութիւնը յեղաշրջող մեծ անակնկալներ տակաւին կը յայտնաբերեն, որոնց մասին մաս առ մաս ծանօթացանք այս յօդուածաշարքով:
9. Հուրրիները` հայեր, միտաննիներու նախահայրերը (7): 10. ՔԱ շուրջ 2000 թուականի ընծայումի կաւէ արձանագրութեան պնակիտ` Ուրքէշի եւ Նաուարի Ատալշէն թագաւորին կողմէ` հուրրիական Ներկալ չաստուածին տաճարին շինութեան առթիւ (Լուվրի թանգարան) (8):
Այս եւ յաջորդ թիւով պիտի կեդրոնանանք մեր առաջին նախնիներէն հուրրիներուն վրայ, որոնց մասին ցարդ նշումներ կատարուեցան: Ուիքիփետիա առցանց համայնագիտարանը հայերէնով ամփոփ էջ մը ունի «Խուռիներ» անուանումով (9), ուր գրած է. «Խուռիներ կամ հարիներ-արարտացիներ (նաեւ` հուրիներ, խուրրիներ, սուբարիներ), հնագոյն ցեղային խումբ` Առաջաւոր Ասիոյ մէջ: ՔԱ 4-3 հազարամեակներուն բնակած են հիւսիսային Միջագետքի, Հայկական Լեռնաշխարհի եւ Անդրկովկասի հարաւային շրջաններուն մէջ»: Իսկ անգլերէն Ուիքիփետիայի Hurrians էջէն (10), որուն բովանդակութիւնը 67 աղբիւրներէ օգտուած է, կը գրէ.
«Հուրրիները (տառադարձութեամբ` հու-ուր-րի, այլ անուանումներն են նաեւ հարի, խուրի, ջուրրի, հւրրիթըր), Մերձաւոր Արեւելքի (Հայկական Լեռնաշխարհի*) պրոնզէ դարու (ՔԱ 3000-ՔԱ 1200) ժողովուրդներ էին: Անոնց լեզուն հուրրօ-ուրարտական էր` հուրրերէն, եւ կը բնակէին Անատոլիոյ եւ հիւսիսային Միջագետքի մէջ (այսինքն` Հայաստանի մէջ, ինչպէս իրենց քարտէսը ցոյց կու տայ*):
«Ամենամեծ եւ ազդեցիկ հուրրիական ցեղը Միտաննի թագաւորութիւնն էր (Ք.Ա. շուրջ 1600-1200, որոնց մասին նախորդիւ անդրադարձ կատարուեցաւ (տես` ԺԱ. մաս (11))… Ապա` խեթերուն (ՔԱ շուրջ 1650-1190, հիթիթ*) կայսրութիւնն ալ բաղկացած էր մեծամասնութեամբ հուրրի ժողովուրդով: Երկաթէ դարու սկզբնաւորութեան (Ք.Ա. 1200*) հուրրիները խառնուած էին այլ ցեղերու հետ, որոնք հիմնեցին Ուրարտու թագաւորութիւնը: Այժմու հայերը միացումն են հնդեւրոպական խմբաւորումներու` հուրրիներու եւ ուրարտացիներու»:
Փաուլօ Մաթիէի (Paolo Matthiae) պեղումները 1964-2011 յայտնաբերեցին ՔԱ 3500-էն 2300 թուական գոյութիւն ունեցած արխիւներով հարուստ այժմու Սուրիոյ հիւսիսը գտնուող Էպլա թագաւորութիւնը (տես` Ե. մաս (12) եւ վերի քարտէսը): Այս թագաւորութիւնը կրնայ ծագումնային կապ մը ունենալ հուրրիներուն հետ, սակայն ան վերջ գտաւ հուրրիներուն յարձակումով:
Իտալացի հնագէտ Ճիորճիօ Պուչելաթի (Giorgio Buccellati) 2002-ին նաեւ Սուրիոյ հիւսիսը, Գամիշլիէն 20 քմ դէպի արեւմուտք, Թել Մոզանի մէջ գտաւ ու պեղեց հուրրիական Ուրքէշ քաղաքը (տես` նկարներ 5, 6 եւ 7 (13)): «Ուրքէշը հուրրիներու քաղաքական եւ կրօնական կեդրոն մըն էր` Մերձաւոր Արեւելքի քիչ ծանօթ այս վաղեմի ժողովուրդին: Պեղումները յայտնաբերեցին հզօր քաղաքային քաղաքակրթութիւն մը` մարդկային պատմութեան արշալոյսին ծագումին հետ, 5000 տարի առաջ:
«Այս հուրրիական շուրջ 4000 տարուան կրօնական երաժշտութիւնը ցարդ պեղուած աշխարհի ամենահին ձայնագրութիւնն է, որ գտնուեցաւ Ուկարիթի մէջ, այժմու Լաթաքիայի մօտ, Սուրիա (14): Անպայման այստեղ զատելով մտիկ ըրէք, քանի որ հայկական շարական կը յիշեցնէ: Աւելին` յաջորդիւ:
19 յունիս 2022
Շար. 18
* Լուսաբանութիւնները հեղինակին
(1).- https://www.aztagdaily.com/archives/479380
(2).- https://news.am/arm/news/707232.html
(3).- «Ճարտարապետութիւն Շինարարութիւն», թիւ 1-2, յունուար-փետրուար 2017, Երեւան, էջ 46:
(4).- «Պատմական Ուսումնասիրութիւններ», Նիկողայոս Ադոնց, Ա. Ղուկասեան հրատարակութիւն, Փարիզ, 1948 (յետ մահու լոյս տեսած):
(5).- «Երկեր. Քննական Պատմութիւն Հայոց», Նիկողայոս Ադոնց, Դ. հատոր, ԵՊՀ հրատարակութիւն, Երեւան, 2009, 715 էջ:
(6).- https://hy.wikipedia.org/wiki/Երվանդ_Լալայան
(7).https://hy.wikipedia.org/wiki/Միտաննի
(9).- https://hy.wikipedia.org/wiki/Խուռիներ
(10).- https://en.wikipedia.org/wiki/Hurrians
(11).- https://www.aztagdaily.com/archives/457710
(12).- https://haroutchekijian.wordpress.com/2019/09/18/հայաստանի-ձիերը-ձիաւոր-հերոսները-հեծ-13//
(13).- http://urkesh.org/main/main%5E.htm
(14).- http://urkesh.org/music/Hurrian_music_chorus.mp3