Անդրադարձ

Առաքինի Մայրը (Մայրերու Օրուան Առիթով)

Առաքինի Մայրը (Մայրերու Օրուան Առիթով)

ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ Աշխարհի բոլոր քաղաքակիրթ երկիրներու մէջ մայրութեան խորհուրդը եւ մօր մը ունեցած դերն ու ազդեցութիւնը ճանչցուած եւ նուիրագործուած են իւրայատուկ տօնով: Ընդհանրապէս գարնան ամիսներուն` մարտի առաջին կիրակիէն մինչեւ մայիսի երկրորդ կիրակին, ժողովուրդներ օր մը ձօնած են իրենց մայրերուն:_ Հիւսիսային Ամերիկայի եւ կարգ մը այլ վայրերու մէջ ամէն տարի մայիսի երկրորդ կիրակին «Մայրերու օր» նշանակուած է, եւ...

Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Բժիշկ Յարութիւն Տէր Ղազարեան

Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Բժիշկ Յարութիւն Տէր Ղազարեան

Համադրեց` ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ Բժիշկ Յարութիւն Տէր Ղազարեան Բժիշկ Յարութիւն Տէր Ղազարեան ծնած է Մարաշ, 1880-ին: Զաւակը` Կարապետ եւ Խաթուն Տէր Ղազարեաններու: Ունեցած է եօթը քոյրեր, եղած է ծնողներուն երէցը եւ միակ մանչ զաւակը: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ թաղային վարժարանին մէջ: 1896-1901 ուսանած է Տարսոնի Ամերիկեան քոլեճին մէջ: 1902-ին անցած է Պէյրութ, ուր հետեւած է ամերիկեան համալսարանի...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Պրիւքսելէն Ետք Յաւելեալ Քաոս

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Երկուշաբթի, 15 մայիսին Հայաստանի եւ ընդհանրապէս հայկական աշխարհի մէջ արեւը դիմաւորուեցաւ Փաշինեան-Ալիեւ պրիւքսելեան վերջին հանդիպումին մասին մանրամասնութիւններու ողողումով: Եւրոպական խորհուրդի ներկայացուցիչ Շարլ Միշէլի (եւ անոր ետին կանգնող Ուաշինկթընի, Փարիզի, Պերլինի եւ այլ «խոհարարներու») կնքահայրութեամբ տեղի ունեցած հանդիպումին մասին տրուած տեղեկութիւնները ԱՆԳԱՄ ՄԸ ԵՒՍ հաստատեցին, որ Փաշինեանի իշխանութիւնը սիրայօժա՜ր կերպով Արցախը, ամբո՛ղջ Արցախը նուիրած է «արխատաշ» Ալիեւին: Ըսինք` «անգամ...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Կոչի Կարգով

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Համայնքային Համահայկական Գործունէութիւն. Կրօնական Հարթակ

ՇԱՀԷ ԳԱԼՈՒՍՏԵԱՆ Կրօնական տիրապետութեան եւ իշխանական հանգամանքներու օգտագործման բերումով պատմականօրէն եւ դարեր տեւած պայմաններու լոյսին տակ բնական դաշտ մը պիտի պարզուէր գործակցութեան ոչ համապատասխան դրսեւորումներու` ազգային թէ համահայկական մակարդակներու վրայ: Քրիստոնէական կրօնը, իր մարդկային եւ ընկերային հասկացողութեամբ, մարդ արարածի կեանքին ուղեցոյց հանդիսացող վարդապետութիւն է, որ այլ վարդապետութիւններու նման` կը դաստիարակէ եւ ընկերութեան զանազան հատուածները կ՛ուղղէ խաղաղ եւ ուրախ կեանքի պայմաններ...

Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը

Նոր Հայը՝ Իսլամացածը

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Ո՞վ է հայը, երբեմն ես ինծի հարց կու տամ: Թէեւ շատերուն համար այս հարցումը կրկնութին կը թուի ըլլալ, բայց նաեւ միւս կողմէ ալ կը կարծեմ, որ իրենց կորսուած յիշողութիւններու ծալքերը կրնայ բանալ: Հայ ենք ու մինչեւ այսօր մեր գոյութեան ամբողջ տեւողութեան տառապած ժողովուրդ մը եղած ենք: Այս է մեր ճակատագիրը, արդարացած ենք: Սակայն հակառակ այս բոլոր ճշմարտութեան, այս...

Հայ Եկեղեցւոյ Տօներ.  Տօն Համբարձման Տեառն Մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի

Հայ Եկեղեցւոյ Տօներ. Տօն Համբարձման Տեառն Մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Սուրբ Զատիկէն քառասուն օր ետք` հինգշաբթի օր, առաքելական եկեղեցին կը տօնէ Քրիստոսի Համբարձման յիշատակը: Յարութենէն ետք Քրիստոս քառասուն օր մնաց երկրի վրայ եւ երեւցաւ հաւատացեալներուն` իւղաբեր կանանց, Էմմաուսի ճամբորդներուն եւ առաքեալներուն` Վերնատան մէջ եւ Գալիլիոյ Տիբերիական ծովակին եզերքը` վերահաստատելով զանոնք իրենց կոչման եւ հաւատքին մէջ: Յիսուս Իր աշակերտներուն ըսաւ. «Խաղաղութիւն ընդ ձեզ, իմ եղբայրներ: Ինծի տրուած է ամէն...

Ընկեր Վազգէն Էթիեմեզեանը` Մտաւորական Գործիչը

Եթէ Ողջ Ըլլար…

(Խօսք` Արտասանուած Վազգէն Էթիեմեզեանի Ծննդեան 80-Ամեակին Եւ «Շաբթուան Մտածումը» Գիրքի Շնորհահանդէսին Առիթով Կազմակերպուած Ձեռնարկին) Բազմակողմանի է Վազգէն Էթիեմեզեանի վաստակը, որ կ՛ընդգրկէ գրական-գեղարուեստական, իմաստասիրական, գրականագիտական, հրապարակագրական եւ դասախօսական մարզերը: Բոլորին մէջէն կարմիր թելի պէս կ՛անցնի իմաստասիրական երանգը, որ կը լեցնէր նաեւ անոր  ամբողջ կեանքը, էութիւնը: Յաճախ պատկերացուցած եմ զինք հին յոյն փիլիսոփաներու շարքին, որոնք գործեցին Աթէնքի, Սպարտայի կամ յունական այլ կղզիներու...

Վարչապետ Փաշինեան Իրաւունք Չունի Արգիլելու Որեւէ Հայու Մուտքը Հայաստան

Հայաստանի Ղեկավարները Պատրուակներ Կը Ներկայացնեն «Նեմեսիս»-ի Յուշարձանին Վերաբերեալ, Թրքական Ճնշման Տակ

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ Ճիշդ այն ատեն, երբ մենք կը կարծէինք, թէ լսած ենք ամէն բան Հայաստանի ներկայ իշխանութեան վիճայարոյց դիրքորոշման մասին` Արցախի, Հայաստանի եւ հայկական շահերու վերաբերեալ, կը բախինք Հայաստանի ղեկավարներու հերթական մեծ սխալին: 25 ապրիլ 2023-ին Հայոց ցեղասպանութեան թուրք կազմակերպիչները սպաննողներու ժառանգորդները Երեւանի մէջ բացին «Նեմեսիս»-ի յուշարձանը: Արարողութեան ներկայ էին Ազգային ժողովի ընդդիմադիր պատգամաւորներ, եւ, որքան...

Անմահի Մը Վկայութիւնը` Անմահներու Մասին

Անմահի Մը Վկայութիւնը` Անմահներու Մասին

«Հայկական Նեմեսիս»-ի յիշատակը յաւերժացնող (այլապէս` ուշացած) յուշակոթողին բացումը Երեւանի մէջ այլանդակ բանակռիւի մը առիթ դարձաւ: Թուրքիոյ պետական դէմքերը, ինչպէս սպասելի էր, սպառնալիքներով հակազդեցին, իսկ Թուրքիոյ ու Ազրպէյճանի հաճոյանալու տրամադիր Երեւանի իշխանաւորները մրցումի ելան, իրենց ձեռքերը լուալու համար այդ քայլէն (ինչպէս ըրին ու կ՛ընեն Արցախի պարագային): Մրցումը ի յայտ բերաւ նաեւ ՔՊ-ականներու միջեւ ներքին հակասութիւններ: Ո՛չ ոք ըսաւ, որ Թուրքիա տարիներ...

Նշմար.  Ինչպէ՛ս Չիյնալ Նոյն Փոսը

Նշմար. Ինչպէ՛ս Չիյնալ Նոյն Փոսը

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Ազերիական ուժերը հինգշաբթի, 11 մայիսին, դարձեալ յարձակում գործեցին Հայաստանի վրայ` թիրախ ընտրելով նախ հայկական բանակի Սոթքի դիրքերը, իսկ աւելի ուշ` Նորաբակը: Առաջինը` Հայաստանի հիւսիս-արեւելքի սահմանին, իսկ երկրորդը` Երեւանի հարաւը: Երկուքն ալ բաւական հեռու` եւրոպացի դէտերու նստավայրէն` Եղէգնաձորէն... (տեսնել քարտէսի վրայ, յաջորդաբար 1, 2 եւ 3): Սա նոր յիշեցում էր, որ Արցախէն հրաժարող Երեւանի իշխանութիւնները չեն կրնար երաշխաւորել Հայաստանի...

Ազրպէյճանական հակահայ արշաւը թրքական ժխտողականութեան ենթահողին վրայ. Լատինական Ամերիկայի պարագան

Սփիւռքի Մէջ (Վահէ) Օշականեան Շարժում Մը Արդէն Ծաղկած Է

Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Ազդակ օրաթերթի 58-րդ առցանց լսարանին՝ «Սփիւռքը լուսանկարչական արուեստին ընդմէջէն» (4 Մայիս 2023) դասախօսը, արուեստագէտ լուսանկարիչ Արա Օշական, իր ներկայացումը սկսաւ յիշեցնելով իր հօր՝ Վահէ Օշականի արմատական գաղափարը Սփիւռքի անկախութիւնը յայտարարելու մասին: Նշումը հաւանաբար կը յղէր բանաստեղծ մտաւորականի «Փորձ Սփիւռքի տեսութեան -հերետիկոս մտածումներ» յօդուածին մէջ կատարած յայտարարութեան. «Սփիւռքն ու Սփիւռքցին պէտք է որ ժամանակաւոր անկախութիւն հռչակեն Հայրենիքի կախարդանքէն,...

Սթափելու Ժամանակը

Համախմբել Կամ Հրաժարիլ

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Յօդուածը կը գրեմ, հարկադրաբար, կիրակի, 14 մայիսի եռակողմ հանդիպումէն առաջ: Նիկոլ Փաշինեանի, Իլհամ Ալիեւի եւ Շարլ Միշելի հանդիպումը, կոչուած է ըլլալու նախորդ շաբաթ Ուաշինկթընի մէջ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու (արտաքին գործոց նախարար) Պլինքընի հովանաւորութեամբ կայացած Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու չորսօրեայ բանակցութիւններու շարունակութիւնը: Արդարեւ, Եւրոպական միութեան դիւանագիտական շրջանակները կ՛ըսեն, որ եթէ չորսօրեայ բանակցութիւններու ընթացքին յառաջընթացի արձանագրութիւն չըլլար, անկարելի...

Այցելութիւն «Ազդակ» Օրաթերթի Խմբագրատուն

Այցելութիւն «Ազդակ» Օրաթերթի Խմբագրատուն

Մամուլի ազատութեան միջազգային օրուան առիթով, ուրբաթ, 5 մայիս 2023-ին Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի Թ. դասարանի աշակերտներս այցելեցինք «Ազդակ» օրաթերթի խմբագրատուն: Առաջին հերթին հաւաքուեցանք «Փիւնիկ» սրահ, ուր մեզ դիմաւորեց լիբանանեան լուրերու խմբագիր Արշօ Պալեան: Վերջինս տեղեկութիւններ տուաւ  թերթի բաժանմունքներուն եւ իւրաքանչիւր էջի բովանդակութեան վերաբերող, ինչպէս նաեւ կարեւոր նկատեց ապատեղեկատուութենէն  խուսափիլն ու միայն հաւաստի աղբիւրներէ տեղեկութիւն քաղելը: Ան ըսաւ, որ...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Անտառի Փսփսուքը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Արարատին

ՀՌԻՓՍԻՄԷ ԿՏՈՅԵԱՆ Իմ կեանքի լաւ ու վատ օրերից շատ բաներ եմ սովորել Ուրախ թէ տխուր իմ անցեալը յիշատակներ են թողել Փոքր խրճիթի մէջ անգամ անմեղ հոգով եմ սնուել Հայեացքս միշտ Արարատին վերելքին եմ սեւեռել: Ես մի անգամ եմ քեզ տեսել ամպերի մէջ դու կորած Հեռուից հազիւ ճանաչեցի, թէ Արարատն է նա Բայց դու մի օր յետ պիտի նետես ճերմակ քօղը...

Սուրիոյ Ազգային Սեմֆոնիկ Նուագախումբը, Ղեկավարութեամբ Մայեսթրօ Միսաք Պաղպուտարեանի, Զբօսաշրջութեան Նախարարութեան Հիմնադրութեան Յիսնամեակը Նշեց  Հալէպի Մէջ

Անկրկնելի Հալէպը. Երկրաշարժի Մշակութային Եւ Հոգեկան Աւերները

ՄԱԹԻԿ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ Ամէն գարնան, օրերու ընթացքին կանաչութեամբ ծածկուող շէնքը ոչ եւս է: Մօրս տան պատշգամէն դիտուած` իւրայատուկ տեսարան մը, որ հազուագիւտ դալարագեղ պատ մըն էր, եռայարկ շէնքի մը հասակով, կը նմանի աւերակներու վրայ ջարդուած անտառի մը, որուն դիմաց նստելու եւ առաւօտեան սուրճը ըմպելու հաճոյքէն զրկուած էի, երբ Հալէպ հասայ այս անգամ: Հանրային պարտէզի մայր մուտքի դիմացէն սկսող, երբեմնի քրիստոնեայ Ազիզիէ...

Վեհանուշ Թեքեան.  Վերուստ Անիծուածը` Պատնէշի Վրայ

Վեհանուշ Թեքեան. Վերուստ Անիծուածը` Պատնէշի Վրայ

ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ Երեւան, Մայիս 1975 Վեհանուշ Թեքեան Այդ օրերուն օփերային մօտ, Շարա Տալեանի բնակարանը կ՛ապրէի... վարձով: Այրիացած տիկ. Ժասմենան ներսէն կանչեց. -  Արի՛, Մովսէս ջան, էլի էդ «նակլի» մարդն է զանգում: Այդ «նակլի» մարդը Հրանդ Մաթեւոսեանն էր: -  Ասա՛, Հրանդ ջան, լսում եմ: -  Վե՛ր կաց, արի՛, քեզ համար լաւ անակնկալ կայ: -  Հէնց հիմի՞, ժամը ութն անց է արդէն:...

Պարտուողներու Հետքերով

Պարտուողներու Հետքերով

ՎԱՀԱՆ ԶԱՆՈՅԵԱՆ Այս հնաւանդ կաշիին վրայ որուն համար մի ոմն գառ դարեր առաջ թափեց արիւն Յայտնուած է նոր հոլովոյթ պատմողական նոր բանաձեւ Հոն տեղ չկայ հեռու-մօտիկ մեր անցեալի հերոսները եւ փառքերը երգելու Կամ այսօրուան հոգի հիւծող կորուստները ողբալու Հոն տեղ չունին Սրբազան Լեռն Հորովելը եւ Կիլիկիան Հոն տեղ չունին Ամարասը Դադիվանքը «տժգոյն» Շուշին Հոն չեն յիշուիր ճակատները լուսապսակ հայ զինուորը...

Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ

Չինաստանը Միջազգային Ազդու Դերակատար Եւ Խաղաղութեան Ջատագով. «Միացեալ Նահանգներուն Միատիրութիւնը Եւ Անոր Վտանգները»

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ «Գ. Մաս. Տնտեսական մենատիրութիւն - Թալան եւ շահագործում. «Բ. Համաշխարհային պատերազմէն ետք ՄՆ-ը գլխաւորեց Պրեթթոն Վուտս համակարգը, Միջազգային դրամական հիմնադրամը եւ Համաշխարհային դրամատան ստեղծումի ջանքերը, որոնք Մարշալ ծրագրին հետ միասին (Bretton Woods System, the International Monetary Fund, the World Bank, Marshall Plan) ձեւաւորեցին միջազգային դրամական համակարգը` կեդրոնացած ՄՆ-ի տոլարին շուրջ: «Բացի այդ, ՄՆ-ը նաեւ էական մենատիրութիւն հաստատած է...

Մեր Կորուստները

Մեր Կարոն (Կարապետ Մոմճեանի Քառասունքին Տխուր Առիթով)

ՐԱՖՖԻ ԱՐՏԱԼՃԵԱՆ Կարոյին հետ ծանօթութիւնս սկսաւ շատ հինէն` Պէյրութ, Ճեմարանին բակը: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի դժնդակ տարիներուն ան Համազգայինի Հայագիտական Բարձրագոյն հիմնարկի դասընթացքներուն կը հետեւէր: Զայն նաեւ Հայ դատի քաղաքականացման տարիներուն (70-80 ական) յաճախ հանրահաւաքներուն կը տեսնէի: Տարիներ անց, Միացեալ Նահանգներ անոր ժամանումէն ետք, հոս ու հոն պատահաբար յաճախ կը հանդիպէինք, յատկապէս իր UCLA յաճախած օրերուն, ուր Կարոն իր մագիստրոսի եւ...

Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ

Չինաստանը Միջազգային Ազդու Դերակատար Եւ Խաղաղութեան Ջատագով. «Միացեալ Նահանգներուն Մենատիրութիւնը Եւ Անոր Վտանգները»

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Չինաստանը վերջերս, իբրեւ աննախընթաց միջնորդ ու միջազգային բեմին վրայ կարող եւ ազդու հաշտարար եւ դերակատար, վերոնշեալ յայտարարութեամբ ճեղքեց լռութեան պատը: Պէտք է ընդունիլ, որ տարիներէ ի վեր, Ամերիկայի նախագահներէն մինչեւ յետին պաշտօնեաներ եւ լրատուամիջոցներ, անդադար Չինաստանը կը բամբասեն` իբրեւ վտանգ ու թշնամի: Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը, համբերութեան բաժակը յորդած նկատելով, շրջանցելով դիւանագիտական ոճաբանութիւնը, 20 փետրուար 2023-ին վերոնշեալ խորագիրով...

Page 203 of 807 1 … 202 203 204 … 807

Արխիւներ