ՄԱԹԻԿ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ
Ամէն գարնան, օրերու ընթացքին կանաչութեամբ ծածկուող շէնքը ոչ եւս է:
Մօրս տան պատշգամէն դիտուած` իւրայատուկ տեսարան մը, որ հազուագիւտ դալարագեղ պատ մըն էր, եռայարկ շէնքի մը հասակով, կը նմանի աւերակներու վրայ ջարդուած անտառի մը, որուն դիմաց նստելու եւ առաւօտեան սուրճը ըմպելու հաճոյքէն զրկուած էի, երբ Հալէպ հասայ այս անգամ:
Հանրային պարտէզի մայր մուտքի դիմացէն սկսող, երբեմնի քրիստոնեայ Ազիզիէ թաղամասի Քոսթաքի Հոմսի պողոտային պատերազմին պատճառած կերպարանափոխումին կը միանան հնագիտական արժէք ներկայացնող կիսափուլ շէնքերը, որոնք խօսուն վկաներն են աղէտալի երկրաշարժին:
Տասնիններորդ դարու կէսերէն սկսեալ այդ ժամանակի եւրոպական փարթամ շէնքերու եւ շքեղ առանձնատուներու ոճով կառուցուած այս շրջանը կոչուած է Սուլթան Ապտիւլ Ազիզի անունով, հին քաղաքի պարիսպէն դուրս եւ արուարձան կը նկատուէր այդ ժամանակ:
Անցեալին եղած է գերեզմանատուներու շրջան մը, ուր ենթակառոյցերու նորոգութիւններու ընթացքին ականատես եղած եմ մարդկային աճիւններու:
Առաջին շէնքը կը նկատուի ոստիկանատունը, որուն բացումը տեղի ունեցած է 1900 թուականին: Կառոյցին եւ յարակից պարտէզին սեփականութեան կէսը արձանագրուած է Հալէպի առաքելական համայնքին, իմա՛ Ս. Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցւոյ կալուածներու շարքին, միւս բաժինն ալ` որպէս մահմետական վաքըֆ:

Կարգ մը շէնքեր տոհմերու անուններով կը ճանչցուին, անոնց սեփականատէրերը մինչեւ օրս նախանձախնդրօրէն պահպանած են իրենց հօրենական օճախները:
Հնագիտական արժէք ներկայացնող այլ շէնքերու քանդումը եւ պեթոնէ կառոյցներու վերածելը մնայուն երազը եղած է այդ ասպարէզի «հերոս»-ներուն:
Երկրաշարժի աւերը վիճակահանութեան մեծ պարգեւի համազօր եղաւ այդ տեսիլքով ապրող կապալառուներուն: Առաւել բախտաւորութիւն տալով անոնց` այդ կառոյցին մէջ բնակողները առանց հատուցման դուրս հանելու իրաւունք տալով, օրէնքի տրամադրութիւններու համաձայն:
Երկրաշարժ… Արդէն եռամսեակ մը բոլորած է, ծերունազարդ մայրս իր կեանքի վերջալոյսին ապրած այդ պահը յաճախակի կը յիշէ` ամբողջ պատերազմին ահն ու սարսափը նժարին մէկ ափէն վեր դասելով ու երկրաշարժի երկվայրկեաններու վախազդու ու ահաւոր ձայնը աւելի ծանր նկատելով:
Տասներկու տարիներէ ի վեր պատերազմի պատճառած` ապահովական, տնտեսական, ընկերային, առողջապահական եւ վառելանիւթի տագնապները չէին բաւած երեւի բազմաչարչար քաղաքացիին:
Բարեսիրական, մարդասիրական, համայնքային ու ընկերային ծառայութեանց մարմինները պատասխանատուութեան եւ հրատապ գործունէութեան դաշտ վերադարձած են կրկին:
Երկրաշարժի առաջին ժամէն սկսեալ մնայուն կապի մէջ եղայ հարազատներուս եւ սրտակից ընկերներուս հետ:
Յետցնցումներու սարսափէն խուսափած ժողովուրդը փողոց թափած է դէպի հանրային պարտէզներ ու հրապարակներ:
Հազարաւոր զոհերու շարքին, հալէպահայ միութիւններու համերաշխութեան խճանկարը ներկայացնող, ընտանիքի մը մայրը` ՀՕՄ-ի անդամ խաչուհի Միրնային եւ անոր պատանի ՀԵԸ-ական մարզիկ Նարեկին մարմինները դուրս բերուեցան վեցյարկանի քարուքանդ շէնքի մը աւերակներու տակէն սուգի մատնելով Թենեքեճեան եւ Մինասեան ընտանիքներն ու ողջ հալէպահայութիւնը:
Անողոք հիւանդութեան բուժման համար հիւանդանոցի մէջ արեան ներարման եւ քիմիական սրսկումներու հերթի սպասումէն ետք, վաղամեռիկ ընկերս` Վիգէն Գանտիլեանը, որուն մահուան քառասունքին ներկայ եղայ Հալէպ հասնելուս երկրորդ օրը, պարտաւորուած էր տուն վերադառնալ` շտապ պարագաներու զիջելով իր բուժումը:
Պատերազմի ընթացքին անիշխանութիւն եւ սանձարձակութիւն տիրած կարգ մը շրջաններու մէջ օրերու ընթացքին ապօրինի շէնքեր բարձրացած էին, երկրաշարժի առաջին զոհերը եղան այդ կառոյցներու մէջ ապրողները: Ռումբերու եւ հրասանդներու պատճառած աւերի փոշին հազիւ թօթափած քաղաքացիներէն ոմանք աւերակներու մէջ արթնցած են, ուրիշներ` յաւիտենական քունի մտած, կամ` վիրաւոր:
Դպրոցական տարեշրջան մը զրկանքներով ապրող ուսանողութեան համար սկիզբ առաւ անհաճոյ արձակուրդ մը, որ շաբաթներ խլեց կրթական ծրագիրէն:
Վախի եւ հոգեկան ճնշումներու ենթարկուած մարդիկ օրեր ու շաբաթներ ննջեցին ինքնաշարժներու մէջ:
Արտագաղթի ցուպը կրկին երեւեցաւ, նոյնիսկ տոկունութեան օրինակ նկատուողներ սկսան երանի տալ մեկնողներուն: Դէպի հայրենիք եւ այլուր մասամբ հանդարտած հոսքը կրկին ալեկոծուեցաւ:
Բերիոյ հայոց թեմի նորընտիր առաջնորդ Մակար եպս. Աշգարեան, իր առաքելութեան գիտակից, ամէն տեղ էր: Պահ մը յիշեցնելով Զարեհ Սքանչելի կաթողիկոսը` վաղեմի տարիքին, երիտասարդ վարդապետ, որ Պասիթի վրաններուն տակ ներկայութիւն էր Մուսա Լեռէն գաղթական, իր տունն ու հողը պարտադրաբար թուրքին թողած ժողովուրդին հետ: Անոնք քաղաքական գործառնութեան մը զոհը դարձած էին Համաշխարհային Բ. պատերազմի նախօրէին:
Զարմանալի տոկունութիւն ունի Հալէպ ապրած մարդը ընդհանրապէս, հալէպահայն ալ` իբրեւ տառապեալ ժողովուրդի զաւակ, բոլորէն աւելի:
Փոթորիկէն ետք խաղաղած ծովու նման` քաղաքը վերագտած է իր բնականոն ընթացքը, սակայն` վշտահար, մելամաղձոտ ու անմխիթար:
Բարգաւաճ թաղամասերու մէջ սկսած է զարգանալ տնային գիւղատնտեսութիւն մը: Առաւօտուն կ՛արթննամ աքլորականչին հետ: Պատշգամներու եւ տանիքներու դալարագեղ ծաղկաստանները փոխարինուած են բանջարանոցներով:
Ժընեւ, բնակած շրջանիս մէջ ապրող տեղացի ընտանիքի մը մայրը, որ ծագումով հալէպցի է, այս տարուան Ս. Զատկուան արձակուրդը ընտանիքին հետ ծրագրեց անցընել իր ծննդավայրին մէջ` Հալէպ, նաեւ` Դամասկոս ու Լիբանան: Վերադարձին պատմեց, որ պատանի զաւակները սքանչացած են Հալէպի մէջ տեղի ունեցող Աւագ շաբթուան տօնախմբութիւններով:
Սակայն ողբերգութեան վարագոյրը տակաւին չէ փակուած:
Օրերու եւ ժամերու ընթացքին սղաճի յառաջխաղացքին դէմ դնելու տնտեսական հզօրութիւն չունի պատերազմէն դուրս ելած երկիրը:
Միջազգային քաղաքական յարաբերութիւններու խաչմերուկին վրայ հանգոյցներ կը լարուին պատերազմներու ստեղծումով, մեծերու կայսերապաշտ անյագ ախորժակներու պատճառով:
Լաւատեսութիւնը պիտի մնայ միակ դարմանը:
Հալէպ