Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պարտուողներու Հետքերով

Մայիս 13, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀԱՆ ԶԱՆՈՅԵԱՆ

Այս հնաւանդ կաշիին վրայ
որուն համար մի ոմն գառ
դարեր առաջ թափեց արիւն
Յայտնուած է նոր հոլովոյթ
պատմողական նոր բանաձեւ
Հոն տեղ չկայ
հեռու-մօտիկ
մեր անցեալի
հերոսները եւ փառքերը երգելու

Կամ այսօրուան
հոգի հիւծող
կորուստները ողբալու
Հոն տեղ չունին Սրբազան Լեռն
Հորովելը
եւ Կիլիկիան
Հոն տեղ չունին Ամարասը
Դադիվանքը
«տժգոյն» Շուշին

Հոն չեն յիշուիր ճակատները լուսապսակ
հայ զինուորը
կամաւորը
եւ գիւղացին

որոնց կ՛ըսուի
որ կը զոհուին
յանուն ոչինչի՜
Հոն տեղ չունի պատմութիւնը…
Հաշուարկուած է ամէն ինչ
դիտումնաւոր մոռացումներ
ծրագրուած անփութութիւն
համատարած անշարժութիւն
խոր քնախտի համաճարակ

Մոլորած է Լոյսը
Սրբավայրեր
լեղապատառ կը մարտնչին
զիրենք պատող
բարքերէ զուրկ նոր երգերու
գերակշռող շղարշին դէմ
Վարձու կաւով քանդակուած
անցեալէ զուրկ շինծու յուշեր
կ՛ողողեն մատեաններ
Կոյր մոլուցքով
դաւադրաբար կը բացուին
չսպիացող
թարախապատ հին վէրքեր
ու խորքերէ
դուրս կը բերուին
օրուան յարմար
մեղաւորներ պիտանի

Մոլորած է Բանը
Լռութիւնը ականի պէս լարուած`
պիրկ կը սպասէ կոկորդիս մէջ
կ՛ուզէ պոռթկալ
որոտա՜լ
արթնցնել զանգուածները
կործանել թակարդները…
Բայց գրիչս
չի գտներ իր հոսքը
Ինչպէ՞ս փրկել
վերջին շունչն այս տոհմիկ
որ կը մնայ կառչած
հանգոյցին
այս յանձնուած երակներուն

ու կը տենչայ վերապրիլ
եւ հեւասպառ
կը պաղատի
կ՛աղաղակէ՜
կը գլորուի ծոցիս մէջ
Ինչպէ՞ս կանգնիլ յաղթահասակ
ու գրկաբաց
դիմաւորել
Վայոց Ձորը կեանքի կոչող
արագիլները գարնան
Օդը ճեղքող արագասլաց
ծիծառները տուն դարձող
Ինչպէ՞ս ապրիլ
այս լեռներուն
խորքէն յորդող
կեանքի յորձանքը յաւերժ
Ինչպէ՞ս լսել
այս սարերուն լանջերէն
արձագանգող
անլռելի սրտատրոփը
հողին…

Մոլորած է Խաւարը
Հաւատքը չ՛անհետիր մէկ ոստումով
Յոյսը չի ցնդիր յանկարծակի
Սէրը չի սառիր մէկ գիշերուան մէջ
Անոնք կը հեռանան դանդաղ
Հերթով
Իրարու ճամբայ տալով
Մտածուած քայլերով
Կապկելով կշռոյթը բորոտ ու կաղ
այն գորշ գազանին թաթերուն
որ ժամանակ առ ժամանակ

ետ կը դառնայ
Եւ հեգնող չարակամ ժպիտը դունչին`
Կողմնակի նայուածքը պահ մը կ՛ուղղէ աչքերուդ

… ու կ՛անցնի
Մոլորած է Ժամանակը
Խաւարամիտ լռութեան մէջ գիշերուան
Հաւատքը սէրն ու լոյսը կը հեռանան անձայն
եւ ամբոխը
չի զգար նոյնիսկ
իրենց ետին տնտնացող
բացն ահարկու
չի զգաստանար ու չ՛ընդվզիր
չ՛ըմբոստանար
կը յարմարի առանց հարցուփորձի
կը հաշտուի առանց հասկնալու
Եւ ի վերջոյ
երբ քանի մը սթափ մարդիկ խելքի գան
սարսափահար կ՛անդրադառնան
որ արդէն
որդեգրած են
նորելուկ արտօնեալներուն
շարադրած պատմութիւնը

… եւ հարց կու տան
ո՞ւշ է արդեօք

24 ապրիլ 2023
Վարդահովիտ

 

 

Նախորդը

Չինաստանը Միջազգային Ազդու Դերակատար Եւ Խաղաղութեան Ջատագով. «Միացեալ Նահանգներուն Միատիրութիւնը Եւ Անոր Վտանգները»

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Տենվըր Նակեթց Դուրս Ձգեց Ֆէօնիքս Սանզը

RelatedPosts

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
Մեծապէս Կը Սխալին
Անդրադարձ

Մեծապէս Կը Սխալին

Հոկտեմբեր 21, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Տոմս. «Մեր Ժողովուրդը Ո՞ւր Է…»

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?