Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Եկեղեցւոյ Տօներ. Տօն Համբարձման Տեառն Մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի

Մայիս 18, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Սուրբ Զատիկէն քառասուն օր ետք` հինգշաբթի օր, առաքելական եկեղեցին կը տօնէ Քրիստոսի Համբարձման յիշատակը:

Յարութենէն ետք Քրիստոս քառասուն օր մնաց երկրի վրայ եւ երեւցաւ հաւատացեալներուն` իւղաբեր կանանց, Էմմաուսի ճամբորդներուն եւ առաքեալներուն` Վերնատան մէջ եւ Գալիլիոյ Տիբերիական ծովակին եզերքը` վերահաստատելով զանոնք իրենց կոչման եւ հաւատքին մէջ:

Յիսուս Իր աշակերտներուն ըսաւ. «Խաղաղութիւն ընդ ձեզ, իմ եղբայրներ: Ինծի տրուած է ամէն իշխանութիւն երկինքի եւ երկրի վրայ. ինչպէս Հայրը զիս ուղարկեց, ես ալ ձեզ կ՛ուղարկեմ: Գացէ՛ք ուրեմն աշակերտ դարձուցէ՛ք բոլոր ազգերը, մկրտեցէ՛ք զանոնք Հօր եւ Որդւոյ եւ Սուրբ Հոգիին անունով: Ուսուցանեցէ՛ք անոնց պահել այն բոլորը ինչ որ ձեզի պատուիրեցի: Եւ ահա ես ձեզի հետ եմ բոլոր օրերուն` մինչեւ աշխարհի վախճանը»:

Եւ մինչ Ան կ՛օրհնէր, բաժնուեցաւ անոնցմէ եւ դէպի երկինք վերացաւ: Աշակերտներու հայեացքներէն Զայն ծածկեց լուսեղէն ամպը, եւ նոյն պահուն լուսազգեստ հրեշտակներ երկինքի մէջ երեւցան եւ ազդարարեցին. «Ո՛վ գալիլիացիներ, ինչո՞ւ կանգնած կը նայիք երկինք. այն Յիսուսը, որ ձեր մէջէն երկինք համբարձաւ, պիտի գայ նոյն ձեւով, ինչպէս որ տեսաք Անոր երկինք բարձրանալը»:

Հայր Աստուած ընդունեց Իր սիրելի Որդին եւ նստեցուց Իր աջ կողմը, երկինքի մէջ:

* * *

Համբարձման նախընթաց չորեքշաբթի օրը աղջիկներ դաշտերէն եօթը գոյնի ծաղիկ կը հաւաքեն եւ փունջեր կը կապեն: Ամէնէն մեծ փունջը կը կոչուի Ծաղկամայր: Ապա եօթը աղբիւրէ ջուրով լեցուած կուժի մէջ իւրաքանչիւրը որեւէ իր կը նետէ: Կուժը ծաղիկներուն հետ կը պահեն եւ կը հսկեն, որ տղաքը չգողնան:

Ծաղկամայրը Վարվառէ կոյսն է, որ կռապաշտ հօրմէն փախչելով Աշտարակի մօտակայ Արայի լերան քարանձաւը ապաստանեցաւ: Հայրը հետապնդեց, հովիւներու մատնութեամբ գտաւ եւ սպաննեց զայն: Նահատակուելէն առաջ Վարվառէ Աստուծմէ խնդրեց, որ ծաղիկ եւ կարմրուկ հիւանդութիւններ ունեցող մանուկները իր անունով բժշկուին: Աստուած կատարեց անոր խնդրանքը, եւ Վարվառէի բարեխօսութիւնը խնդրող ծնողներու զաւակները կ՛ազատին այդ հիւանդութիւններէն:

Համբարձման գիշերը համարուած է խորհրդաւոր, հրաշալիքներու ու կախարդանքներու գիշեր:

Այդ գիշեր, չորեքշաբթիէն լոյս հինգշաբթի, երկինքի դուռերը կը բացուին եւ բոլորին իղձերն ու երազները կ՛իրականանան:

Այդ գիշեր կը յիշուի իրենց մուրազին չհասած սիրահար զոյգին` Լէյլայի ու Մեճնունի հանդիպման դրուագը: Լէյլա ու Մեճնուն Աստուծմէ խնդրեցին իրենց աստղը դարձնել եւ Իր մօտ` երկինք տանիլ: Աստուած կատարեց անոնց խնդրանքը, եւ տարին մէկ անգամ, Համբարձման գիշերը, այդ աստղերը երկնակամարի տարբեր կողմերէ կու գան կը միանան, ջերմ համբոյրով կը գիրկընդխառնուին եւ դարձեալ իրենց տեղերը կը վերադառնան:

Հինգշաբթի առաւօտուն դրացիներով եւ թաղեցիներով իբրեւ մատաղ կաթնապուր կ՛եփեն ու կը բաժնեն: Աղջիկներ երգելով տունէ տուն կը շրջին եւ ծաղկեփունջեր կը նուիրեն:

Կէսօրին աղջիկներ բոլորակ կը նստին, իրենց առջեւ կը դնեն կուժն ու ծաղկեփունջերը եւ կը սկսի վիճակը` «Ջան գիւլում, ջան ջան: Ջան ծաղիկ, ջան ջան» երգելով: Աղջիկներէն ամէնէն կրտսերը խորհրդաւոր կուժին մէջէն կը հանէ ամէն մէկուն վիճակը: Բոլոր ծաղիկները բաժնելէն ետք Ծաղկամայրը եկեղեցիին կը նուիրեն:

 

Նախորդը

Գաղութէ – Գաղութ

Յաջորդը

Համազգայինի «Գայեանէ» Պարի Դպրոցի Եւ «Քնար» Պարախումբի 240 Անդամներ Ելոյթով Պիտի Ներկայանան Լիբանանահայութեան

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իշխանափոխութիւնը Ազգային Առաջնահերթութիւն Է

Հոկտեմբեր 1, 2025
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

Սեւանի Հորթուկը

Հոկտեմբեր 1, 2025
Լոյս Տեսաւ «Ռուբէն Զարդարեանի Անտիպ Նամակները» Ժողովածուն
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ «Ռուբէն Զարդարեանի Անտիպ Նամակները» Ժողովածուն

Սեպտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?