Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Ինչպէ՛ս Չիյնալ Նոյն Փոսը

May 16, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Ազերիական ուժերը հինգշաբթի, 11 մայիսին, դարձեալ յարձակում գործեցին Հայաստանի վրայ` թիրախ ընտրելով նախ հայկական բանակի Սոթքի դիրքերը, իսկ աւելի ուշ` Նորաբակը: Առաջինը` Հայաստանի հիւսիս-արեւելքի սահմանին, իսկ երկրորդը` Երեւանի հարաւը: Երկուքն ալ բաւական հեռու` եւրոպացի դէտերու նստավայրէն` Եղէգնաձորէն… (տեսնել քարտէսի վրայ, յաջորդաբար 1, 2 եւ 3): Սա նոր յիշեցում էր, որ Արցախէն հրաժարող Երեւանի իշխանութիւնները չեն կրնար երաշխաւորել Հայաստանի ապահովութիւնը:

Ըստ Սոթքի շրջանի բնակիչներուն, սա «սովորական կրակոցներ»-ուն շարքին կարելի չէ դասել, այսինքն, հասկցէ՛ք, ազերիները ամէն օր սովորութիւն դարձուցած են կրակել, ինչպէս կ՛ընեն Արցախի մէջ եւ սահմանային այլ շրջաններու վրայ: Այս անգամ ռմբակոծած են ու` հրթիռներ արձակած, հայկական ուժերը հակադարձած են, ունինք քանի մը վիրաւոր, իսկ թշնամին ունի զոհ եւ վիրաւոր: «Երկրորդական մանրուք» մըն ալ. Սոթքի ոսկիի հանքին աշխատաւորները նոյն պատճառներով շաբաթներէ ի վեր «պարտադիր արձակուրդի մէջ են», վաղը անոնց տեղ ազերիներ կրնան գործի բերուիլ, եթէ շրջանը ի վերջոյ իջնէ Ազրպէյճանի ստամոքսը:

Առակս ի՞նչ ցուցանէ. այն, որ եթէ պաշտպանական ուժերը իրենց առաքելութիւնը կատարելու առիթ ունենան, կրնան զսպել թշնամին, չեն մնար թոյլ ու նահանջելու պատրաստ վիճակի մէջ: Մօտաւորապէս նոյնը չեղա՞ւ Տեղի բախումներուն: (Արդեօք Սոթքի վրայ յարձակումին հակադարձողները պատժական տնօրինումի պիտի ենթարկուի՞ն ազերիներ սպաննած ու վիրաւորած ըլլալու յանցանքով. Փաշինեան արդեօք ներողութիւն պիտի խնդրէ՞ «արխատաշ» Ալիեւէն):

Նորաբակի վրայ յարձակումն ալ ուշագրաւ է. յայտնապէս կատարուած է Նախիջեւանէն: Վերջերս շշուկներ շրջան կ’ընեն, որ ազերիները կը պատրաստուին Սոթքի մօտակայ գիւղերը գրաւել (իրենց տրամաբանութեամբ` «վերատիրանալ» անոնց), ու կը յուշեն, որ Հայաստանի վարչապետը ատենին տրամադրութիւն ցոյց տուած էր ազերիներուն մէկէ աւելի անցքեր շնորհելու Ազրպէյճանի եւ Նախիջեւանի միջեւ, մէկը` Սոթքէն, միւսը` Ջերմուկէն, այլք` աւելի հարաւէն:

***

Եւ յանկարծ… հոգեփոխութիւն մը տեղի ունեցաւ. կառավարութեան նիստին Փաշինեան ազերիական այս յարձակումները կը նկատէ խաղաղութեան ծրագիրին դէմ սադրա՜նք: Փաշինեան կը խօսի այն լեզուով, որով ընդդիմադիրները, իր տրամաբանութեամբ` «նախկինները», կրկին ու կրկին զգուշացուցած են զինք:

Մի՛ խաբուիք (այս մարդը խաբելու վարպետ է): Ան նոյն նիստին կը վերահաստատէ, որ խաղաղութեան բանակցութիւնները շարունակելու համար Պրիւքսել եւ Քիշինեւ պիտի երթայ յառաջիկայ շաբաթներուն, պիտի ապաւինի արեւմուտքցիներու բարեխնա՜մ միջնորդութեան:

Մեր ժողովուրդը, դառն իրականութիւնները բաց աչքով դիտողները իրաւունք ունին հարց տալու. սա ի՞նչ տեսակի խաղաղութիւն է, որուն պոչը չեն կրնար ձգել վարչապետը եւ իր «ուսապարկերը»: Եթէ Ազրպէյճան, նաեւ` Թուրքիա, բանիւ եւ գործով կը շարունակէ թշնամական արարքներն ու սպառնալիքները, Երեւանի վարիչները ինչի՞ մասին եւ որո՞ւ հետ կը բանակցին, ո՞ւր հասնելու համար: Չէ՞ որ քանի մը օր առաջ կառավարութեան ղեկին նստողը յայտարարած էր, որ Ուաշինկթընի մէջ մայիսի սկիզբին «հազար մեթրէն միայն մէկ մեթր յառաջդիմութիւն» արձանագրուած էր, այդ ինչպէ՞ս եղաւ, որ հիմա Ազրպէյճան կը փորձէ չէզոքացնել Ուաշինկթընի մէջ արձանագրուած յառաջդիմութիւնը (հաւանաբար մոռցած է իր խօսքը, եւ իրեն կը թելադրուի մտաբերել միայն… Պլինքընի բառերը): Իսկ սա ո՞ր արեւմուտքցիներն են, որ պիտի հրաժարին Ազրպէյճանի կողքին կանգնելէ, Հայաստանին` ափսէի վրայ նոր զիջում հրամցնելէ:

Թող ներուի մեզի, եթէ տգեղ համեմատութիւն մը ընենք եւ յիշենք մեր ժողովուրդին մէկ իմաստուն խօսքը. «Համեստ, երկարականջ չորքոտանին մէկ անգամ կ՛իյնայ նոյն փոսին մէջ»: Մէկ անգամ իյնալու իրաւունքը ունի, որովհետեւ գաղափար չունի «Երկաթէ շերեփ»-ին մասին: «Երկաթէ շերեփ»-ը ուղենիշ է, թէ ինչպէ՛ս կարելի է չիյնալ նոյն փոսը:

***

Ազգային ժողովի անդամ ընդդիմադիր պատգամաւոր մը զարմացեր է, որ ազերիական յաճախակի յարձակումներուն մասին եւրոպացի դէտերը կը յամառին լուռ մնալ:

Ազնիւ տիկինը իրաւունք ունի, որովհետեւ դէտերը Հայաստան բերուեցան փողով-թմբուկով, ստեղծեցին այն տպաւորութիւնը, թէ ո՛ւր որ է, անոնց ժամանումը վերջնականապէս պիտի զսպէ ազերիական յարձակումները: Ահա անցեր է մօտաւորապէս 3 ամիս, եւ անոնց լեռնէն մրջիւն մը իսկ չէ ծնած (իսկ կատուները կերած են մուկերը):

Բա՜յց… ինչո՞ւ մեղադրենք եւրոպացի դէտերը: Մոռցե՞ր ենք, թէ իմաստո՜ւն եւ հեռատե՜ս վարչապետը ի՛նչ առաքելութեամբ զանոնք բերած էր Հայաստան: Չէ՞ որ յայտարարած էր, թէ անոնք կը բերուին, որպէսզի ստուգեն, որ հայկական եւ «Հայաստանը վտանգի մատնող» ռուսական ուժերը միասնաբար յարձակում չեն գործեր Ազրպէյճանի վրայ: Չէ՞ որ Փաշինեան եւ կողքին քալողները շա՜տ աւելի նախանձախնդիր են Ազրպէյճանի ապահովութեամբ, չէ՞ որ սխալ կը նկատեն ատենին եւ տեղի՛ն «Երկաթէ շերեփ» գործածողներուն` «Նեմեսիս»-ը իրականացնողներու յիշատակին կանգնած յուշակոթողին զետեղումը:

Հոս ալ չաճապարենք եզրակացութիւններու հասնելու. Փաշինեան եւ իր «կողակիցներ»-ը հաւանաբար կը պատրաստուին եւրոպացի դէտերն ալ արձանագրելու մեղադրեալներու ցանկին. «նախկիններ»-էն եւ ռուսական ուժերէն ետք` եւրոպացի դէտե՞րը…

***

Իսկ այսօր ո՞վ կը յիշէ Արցախի պաշարումը, հայաթափումի եւ նոր ցեղասպանութեան վտանգը (յիշեցի՞ք Հիթլերի խօսքերը): Ո՞վ կը յիշէ, որ Հայաստանէն պատառիկներ խլուած են ազերիներուն կողմէ, Ալիեւ չէ հրաժարած «Արեւմտեան Ազրպէյճան»-ին տիրանալու յոխորտանքներէն եւ այս օրակարգով է, որ կ՛երթայ հայ իշխանաւորներուն հետ բանակցութեան, այս օրակարգին յառաջ մղումը կը նկատէ բանակցութեանց մէջ յառաջդիմութիւն: Ի՜նչ եւրոպացի դէտ, ի՜նչ Արցախ, արցախցիներու ի՞նչ իրաւունք:

Երեւանի իշխանաւորները քանի՞ ձեւով պէտք է յայտարարեն, որ իրենք անկարողներու բանակ մըն են, բանակցութիւններուն կ՛երթան անբանի տրամաբանութեամբ ու թշնամիին նոր նուէրներ շնորհելու պատրաստակամութեամբ, իրենց ձեռք բերած ձախաւեր համաձայնութիւններն իսկ փոշիացնելու հաստատ կամքով:

… Պէտք ունի՞նք կրկնելու. մեր փրկութիւնը հայրենապաշտպաններու ձեռքերուն միացման ճամբով պիտի ըլլայ, անրջային (ո՛չ իսկ անրջային) խաղաղութիւն մուրացողները ընելիք չունին այլեւս, իսկ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ եւ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆ հասկացողութիւնները իրարմէ զանազանել չկրցող` անոնց հաւատացողներն ու վստահողնե՞րը… «Ողբա՜մ մեռելոց»:

11 մայիս 2023

Նախորդը

Սփիւռքի Մէջ (Վահէ) Օշականեան Շարժում Մը Արդէն Ծաղկած Է

Յաջորդը

Անմահի Մը Վկայութիւնը` Անմահներու Մասին

RelatedPosts

Երկու Դիտարկումներ
Անդրադարձ

Երկու Դիտարկումներ

October 20, 2026
Ամերիկեան-Ռուսական Նաւթային Համաձայնութիւնը
Անդրադարձ

Ամերիկեան-Ռուսական Նաւթային Համաձայնութիւնը

October 20, 2026
Երկար Ապրի Փաշինեանին  «Ժողովրդավարութիւնը». Բանտերը Կը Լեցուին Դիմատետրեան Քննադատներով
Անդրադարձ

Երկար Ապրի Փաշինեանին «Ժողովրդավարութիւնը». Բանտերը Կը Լեցուին Դիմատետրեան Քննադատներով

October 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.