Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վեհանուշ Թեքեան. Վերուստ Անիծուածը` Պատնէշի Վրայ

Մայիս 15, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ

Երեւան, Մայիս 1975

Վեհանուշ Թեքեան

Այդ օրերուն օփերային մօտ, Շարա Տալեանի բնակարանը կ՛ապրէի… վարձով: Այրիացած տիկ. Ժասմենան ներսէն կանչեց.

–  Արի՛, Մովսէս ջան, էլի էդ «նակլի» մարդն է զանգում:

Այդ «նակլի» մարդը Հրանդ Մաթեւոսեանն էր:

–  Ասա՛, Հրանդ ջան, լսում եմ:

–  Վե՛ր կաց, արի՛, քեզ համար լաւ անակնկալ կայ:

–  Հէնց հիմի՞, ժամը ութն անց է արդէն:

–  Այո՛, հէնց հիմի:

–  Լա՛ւ, Հրա՛նդ ջան, բայց կարող է մի քիչ ուշանամ, ընկեր- ընկերուհիներ կան մօտս, ճանապարհեմ… կը գամ:

–  Մի՛ ուշացի, որովհետեւ այստեղ Պէյրութից մի տաղանդաւոր գեղեցկուհի է քեզ սպասում:

–  Ո՞վ է, ես ճանաչու՞մ եմ…

–  Յայտնութիւն է…, արի՛ կ՛իմանաս…

Հրանդ Մաթեւոսեան եւ Վեհանուշ Թեքեան

Նման պարագաներու Հրանդը կատակելու սովորութիւն չունէր: Ընդհակառակը, թէ՛ ժլատ էր եւ թէ՛ զուսպ` իր արտայայտութիւններուն մէջ: Զգացի, որ այդ պահուն Հրանդը խանդավառուած է «գեղեցկուհի»-ով եւ անմիջապէս գացի: Վեհանուշ Թեքեանն էր, անձամբ չէի ճանչնար, սակայն իր քանի մը բանաստեղծութիւնները կարդացած էի ու` տպաւորուած:  Պարզուեցաւ, որ ծանօթ էր եղբօրս` Պետիկին (Պետրոս Հերեանին) եւ անոր գրականութեան: Հազիւ սկսանք զրոյցի, ժամանեց նաեւ գրականագիտութեան դոկտ.  Սուրէն Աղաբաբեանը կնոջ հետ: Հակառակ անոր որ Հրանդը բարձր գնահատականով ու լաւ կերպով ներկայացուց Վեհանուշը, Աղաբաբեանի ներկայութիւնն ու անոր չոր կեցուածքը որոշ պաշտօնականութիւն մը կը հաղորդէին մեր  զրոյցին, որուն թեման բնականաբար գրականութիւնն էր, իսկ առանցքը` Վեհանուշը: Յամենայն դէպս, Հրանդին բարձր տրամադրութիւնն ու կնոջ` Վերժինէի սրտբաց վերաբերմունքը որոշ չափով ջերմացուցին մթնոլորտը, եւ վերջաւորութեան ես համարձակութիւն ունեցայ Վեհանուշին ըսելու.

Տէր եւ տիկ. Սուրեն Աղաբաբեան, Վեհանուշ Թեքեան եւ Տէր եւ տիկ. Հրանդ Մաթեւոսեան

–  Եթէ որեւէ բանի պէտք ունենաս, խնդրեմ` հեռաձայնէ, եւ ես պատրաստ եմ օգնելու.

–  Բարեբախտաբար օգնողներ շատ ունիմ, սակայն անհրաժեշտութեան պարագային կը հեռաձայնեմ…

Շաբաթ մը ետք Ռազմիկ Դաւոյեանը` կանխելով Վեհանուշը, զանգեց.

– Մովսէս ջան, վաղը երեկոյեան գործ ունե՞ս:

– Ունեմ, թատրոն եմ գնալու:

– Մի՛ գնա, էստեղ արի, աւելի լաւ թատրոն է լինելու:

–  Ի՞նչ կայ, ասա՛, Ռազմիկ ջան, արժի՞, որ գամ, ուրիշ որո՞նք են լինելու:

– Մերոնք են, օտար մարդ չկայ, Վեհանուշն է գալու, դուք արդէն ծանօթացել էք Հրանդի մօտ:

Ես կատակով ըսի.

– Որ այդպէս է, անպայման կը գամ, բայց ոչ թէ քո, այլ Վեհանուշի «խաթեր»:

Ռազմիկը իրեն յատուկ «լկտի» առոգանութեամբ ըսաւ.

– Արի՛, յետոյ կ՛իմանաս ո՞վ, ու՞մ «խաթեր» համար է գալիս…

Յաջորդ օրը գացի, հոն էին նաեւ Մ. Գուշաքճեանը եւ Յակոբ Յակոբեանը կնոջը` Մարիին եւ դստեր` Նորայի հետ: Շնորհիւ Ռազմիկի յախուռն ու սրամիտ բնաւորութեան եւ կնոջը` Յասմիկի ասպնջական ընդունելութեան, երեկոն մտերմիկ ու զուարթ մթնոլորտի մէջ անցաւ:

Պէյրութ, 1978, Ամառ

Մովսէս Հերկելեան եւ Վեհանուշ Թեքեան

Շատ լաւ կը յիշեմ, Վեհանուշենց բնակարանը Զալքա թաղամասի «Լը Լա Լէ» վաճառատան վրան էր: Յատուկ առիթով մը Վեհանուշը հրաւիրած էր նաեւ զիս: Հակառակ անոր որ Պօղոս Սնապեանը խորհուրդ չտուաւ, որ երթամ… բայց ես գացի եւ ճիշդ ըրի: Ընդունելութիւնը փառաւոր էր: Այդ օրերուն դիւրին չէր այդքան մարդ հաւաքել եւ այն ալ` բոլոր քաղաքական հոսանքներէն, յարանուանութիւններէն յայտնի դէմքեր: Շատ չանցած` հաւաքոյթը կիսապաշտօնական բնոյթ ստացաւ… Երբ ներկաներուն տրամադրութիւնները բարձրացան ու խանդավառ մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ, եղան բաժակաճառեր, արտասանութիւններ, նաեւ` երգեր: Վեհանուշը զսպուած յուզումով յանդուգն «ճառ» մը արտասանեց, աւելի ճիշդը` ինքնաբուխ ու «ցաւատանջ» պոռթկում մը ունեցաւ` շեշտը դնելով սփիւռքի ճգնաժամային խիստ կացութեան ու մեր ազգային անմիաբանութեան մտահոգիչ հարցին վրայ: Իրաւութեամբ համակուած անոր խօսքը ուղղակիօրէն մեր սերունդի սրտէն կը բխէր եւ միաժամանակ կ՛արտայայտէր բռնի ուժով սփիւռքացած հայու տագնապներն ու տուայտանքները: Ես չափազանց ազդուած էի եւ այնքան յուզուած, որ ուրիշներու նման չկրցայ անմիջապէս մօտենալ ու շնորհաւորել զինք: Սակայն մեկնելէ առաջ ոչ միայն շնորհաւորեցի, այլ նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեցի իրեն ոչ այնքան ջերմ ընդունելութեան, որքան` քաջաբար արտայայտած իր մտքերուն համար:

Յաջոր օրերուն, երբ դարձեալ Սնապեանին հանդիպեցայ, ըսաւ.

– Է՜, ինչպէ՞ս էր, ձեր «կերուխում»-ը լաւ անցա՞ւ:

– Հաւաքոյթը, «կերուխում»- է աւելի, ազգային գրական երեկոյի բնոյթ ստացաւ, որ հոյակապ էր:

– Շատ մարդ կա՞ր:

– Այո՛, հակառակ անոր որ  համեմատած այլ բնակարաններու`, հիւրասրահը բաւականին ընդարձակ էր… լեցուն: Սխալած չեմ ըլլար, եթէ ըսեմ, որ մեր սերունդի մտաւորականներէն քիչեր միայն կը բացակայէին, իսկ երէցներէն Եր. Փամպուքեանն ու Գր. Շահինեանը միայն ներկայ էին.:

– Իսկ Վեհանո՞ւշը…

– Բացառիկ ելոյթ մը ունեցաւ, թէ՛ տաղադաւոր է եւ թէ՛ ազգային ցաւերով տագնապող բանաստեղծուհի մը: Այս առումով Վեհանուշը մեր սերունդի իրաւութեան մարմնացումը կը թուի ըլլալ: Ես հիացած եմ…

– Շատ մի՛ հաւատար, այդ տեսակները կամ մինչեւ ամուսնութիւն կը գրեն եւ կամ ալ եթէ չամուսնանան, թէեւ կը շարունակեն, սակայն կը խուսանաւեն ծանծաղ ջուրերու մէջ:

–  Կը կարծեմ, թէ Նազ Տէր Սարգսեանն ու մանաւանդ Վեհանուշ Թեքեանը փայլուն ապագայ կը խոստանան: Հարկաւոր է գուրգուրալ ու քաջալերել զիրենք:

– Նայէ՛, Մովսէս, դուն օտար չես, «Բագին»- ի խմբակի պարագային իմ ըրածս ի՞նչ է: Ամէն ինչ կ՛ընեմ, որ տեղ հասնին, բայց ի զուր… Կին գրողներու վրայ շատ յոյս մի՛ դներ…

Ռազմիկ Դաւոյեանի կողակիցը՝ Յասմիկ, ուստրը եւ Վ.Թեքեան

–  Ես այս գաղութին մէջ նորեկ եմ, բոլորը չեմ ճանչնար եւ ոչ ալ քու փոձառութիւնդ ունիմ, չեմ կրնար հակաճառել, սակայն ինծի համար Վեհանուշն ու Նազը արդէն իսկ կայացած գրողներ են: Եւ նկատի առ, որ Հրանդ Մաթեւոսեանի եւ Ռազմիկ Դաւոյանի նման դէմքեր   եւս Վեհանուշի գրականութեան մասին շատ բարձր կարծիք ունին:

–  Այնուամենայնիւ, ապագան ցոյց կու տայ, որ չեմ սխալած…

Սնապեանը բոլորովին չէր սխալած, լիբանանահայ կին գրողներէն շատեր մնացին միջակ հարթակներու վրայ (նոյնիսկ անոնք, որոնք ինք «յատուկ» կը շարունակէր քաջալերել), իսկ տաղանդաւորներէն ոմանք պարագաներու բերումով դադրեցան գրելէ: Սակայն եղան նաեւ Մարուշի, Շուշիկ Տասնապետեանի եւ կամ Սեդա Գրիգորեանի նման կիներ, որոնք թէ՛ տաղանդ ունին եւ թէ՛ կը շարունակեն գրել` հակառակ տիրող խիստ աննպաստ պայմաններուն: Իսկ Վեհանուշի պարագային պարզ է, որ կը սխալէր… անոր բարձրորակ եւ պատկառելի վաստակը վկայ, որ ան «արեւը գնդակահարելու» յանդգնութեամբ օժտուած ու ի վերուստ «անիծուած» գրելու մոլուցքով կը  շարունակէ տակաւին պատնէշի վրայ մնալ ու «ապրիլ անմահութեան թոյնով»…

Պէյրութ, «Ազդակ», (?)

Վեհանուշ ջա՛ն,

Քիչ կը պատահի, որ կարեւոր հանդիպումներու վայրը կամ թուականը մոռնամ… Գուցէ դուն յիշես, թէ ե՞րբ էր եւ ո՞ւր պատահաբար հանդիպեցանք, «Ազդակ»- ի խմբագրատան մուտքի՞ն, թէ ուրիշ վայր մը… Ես ներս պիտի մտնէի, դուն դուրս կ՛ելլէիր ընկերուհիի մը ընկերակցութեամբ: Թէեւ ես տրամադրուեցայ ողջագուրուելու, սակայն կարծես թէ մէկը զսպեց զիս ու միայն ձեռնուեցանք… իրարու նայեցանք… դուն ըսիր.

–  Վեհանուշն եմ …. Վեհանուշ Թեքեանը…

Չպատասխանեցի… աւելի ճիշդը չկրցա՛յ պատասխանել: Դուն անգամ մը եւս շեշտեցիր.

–  Վեհանուշն եմ, չե՞ս ճանչնար…

Մինչեւ որ ինքզինքս հաւաքեմ ու պատասխանեմ, դուն քեզ ընկերացող տիկնոջը դառնալով` ըսիր.

–  Քալէ, քալէ, չճանչցաւ…

Հազիւ ինքզինքս գտած, պիտի պատասխանէի… արդէն հեռացաք…

Սիրելի՛ Վեհանուշ,

Չկրցայ պատասխանել, որովհետեւ կայծակի նման ուղեղիս մէջ արձագանգեց  այն օրուան խիզախ ելոյթդ… Այո՛, այդ պահուն յուզուեցայ ոչ թէ անոր համար, որ կը հանդիպէի մտերիմի մը, կամ նախկին ընկերուհիի մը, այլ` անոր համար, որ այդ օրերուն որքան համահունչ էին քու ցաւատանջ մտահոգութիւններդ:

(Ի դէպ, իմ յանպատրաստից «յուզումս» տարօրինակ ու անբնական չթուի քեզի: Շատեր կը կարծեն, թէ ըրածս դերասանութիւն է, բայց այդպէս չէ: Նոյնիսկ դասախօսութիւններու եւ կամ  հարցազրոյցներու ընթացքին յաճախ կը յուզուիմ: Այս մէկը ընտանեկան «թուլութիւն» մըն է, որուն վարժուած են բոլոր ընկերներս, ծանօթներս ու նոյնիսկ ուսանողներս: Հայրս` Որսորդ Սըդդանը, երբ «Կռունկ»- ի եւ կամ «Ծիրանի ծառ»- ի նման որեւէ եղանակ լսէր, ոչ միայն կը յուզուէր, այլ նաեւ երբեմն նոյնիսկ կը հեծկլտար: Երբ մայրս կը բարկանար իր վրայ, «Իմ ձեռքս չէ» կ՛ըսէր: Իմ պարագայիս ալ… աղուո՛ր աղջիկ, վստահ եղիր, որ այդ օրը «Իմ ձեռքս չէր»…

Երեւան, Անտառային թաղամաս, յունիս, 2018

Ձախէն աջ՝ Ժողովրդական Երգչուհի Վարդուհի (Ռոզա) Խաչատրեան, Մովսէս Հերկելեան, Վեհանուշ Թեքեան եւ Ժոծովրդական երգչուհի Օֆելիա Համբարձումեան

Էլոյին հետ հրաւիրուած էինք տոքթ. փրոֆ. Յարութիւն Արմէնեանի բնակարանը, ուր ներկայ էին նաեւ նախկին ծանօթներէս ճարտարապետ Վազգէն Բրուտեանն ու Պէյրութի հին ընկերներէս Յարութիւն Մատէնեանը: Քիչ անց  ներս մտաւ նաեւ միջահասակ, սակայն թիկնեղ անձնաւորութիւն մը: Տոքթ. Արմէնեանը ծանօթացուց.

– Տոքթ. փրոֆ. Արա Թեքեանը, թէեւ ինք եւս նշանաւոր է իբրեւ մանկավարժ բժիշկ, սակայն յաճախ կը ճանչցուի իբրեւ Վեհանուշ Թէքեանի եղբայրը:

Ես անմիջապէս պատմեցի Վեհանուշին հետ հանդիպման «ձախորդ» պատմութիւնը եւ աւելցուցի.

– Աստուած գիտէ, թէ Վեհանուշը այդ պահուն ի՞նչ մտածեց իմ մասիս…

– Հոգ մի՛ ըներ, ես ալ հինգ քոյրերուս մէջ միակ տղամարդն եմ եւ յաճախ կը շփոթեմ զիրենք, ու չեն հասկնար զիս: Սակայն վստահ եղիր, որ Վեհանուշը եթէ լսէ բացատրութիւնդ, ճիշդ պիտի հասկնայ քեզ: Ես կը խօսիմ իրեն…

Այդ օր մենք շատ հաճելի եւ շահեկան զրոյց ունեցանք: Բժշկութենէն անցանք գրականութեան: Ես յիշեցի նաեւ Վեհանուշի «ցաւատանջ» ելոյթը, որ դժբախտաբար կը շարունակէր «թարմ» մնալ այդ օրերուն իսկ: Յետոյ անցանք գեղանկարչութեան, եւ ամենակարեւորը, առիթ ունեցանք դիտելու նաեւ շարք մը տոքթ. Արմէնեանի ջրանկարչական աշխատանքներէն, որոնք տաղանդաւոր ու կայացած արուեստագէտի մը արգասիքը կ՛ենթադրեն:

Վերջաւորութեան Արան հեղինակին կողմէ նուիրեց մեզի (Էլոյին եւ ինծի) Վեհանուշին նոր հրատարակուած երկու պատկառելի եւ գեղատիպ հատորները, «Սփիւռքապատում» եւ «Սփիւռքագիր», զորս տարի եւ փոխանակ գրադարանիս մէջ զետեղելու եւ մոռնալու, ինչպէս յաճախ կ՛ընեմ, դրի գրասեղանիս: Հակառակ անոր որ երկար տարիներէ ի վեր արուեստով կը զբաղիմ եւ գրեթէ գրականութիւն չեմ ընթերցեր, օրեր ետք չկրցայ դիմանալ գայթակղութեան ու սկսայ թերթատել զանոնք ու … բռնուեցայ: Բանաստեղծութիւններէն ոմանք կարծես թէ այսօր գրուած ըլլային:

Վեհանուշ ջա՛ն,

Վեհանուշը Գրող, թարգմանիչ եւ գրաքննադատ Ալեքսանդր Թոփջեանի հետ

Եթէ ըսեմ, որ երկու հատորներն ալ լրիւ կարդացի, մի՛ հաւատար, սակայն եթէ ըսեմ, որ շարք մը պատմուածքներ ու բազմաթիւ բանաստեղծութիւններ ընթերցեցի… հաւատա՛: Այնուամենայնիւ, սակայն, ես չէ, որ պիտի գնահատեմ գրական վաստակդ, այլ` սկսեալ Շահան Շահնուրէն, Գուրգէն Մահարիէն մինչեւ Ալեքսանդր Թոփչեանի ու Հենրիկ Էդոյեանի նման դժուարահաճ դէմքեր արժեւորած են ու բարձր գնահատանքներ արձանագրած են քու հասցէիդ…:

Անոնք չեն սխալած:

Երեւան, մարտ 2023

Նախորդը

Աղեղնաբառ – 110

Յաջորդը

Անկրկնելի Հալէպը. Երկրաշարժի Մշակութային Եւ Հոգեկան Աւերները

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ) (115-րդ Տարեդարձին Առիթով)

Հոկտեմբեր 18, 2025
Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն
Անդրադարձ

Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ժեներալը…
Անդրադարձ

Ժեներալը…

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?