Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այցելութիւն «Ազդակ» Օրաթերթի Խմբագրատուն

Մայիս 15, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մամուլի ազատութեան միջազգային օրուան առիթով, ուրբաթ, 5 մայիս 2023-ին Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի Թ. դասարանի աշակերտներս այցելեցինք «Ազդակ» օրաթերթի խմբագրատուն:

Առաջին հերթին հաւաքուեցանք «Փիւնիկ» սրահ, ուր մեզ դիմաւորեց լիբանանեան լուրերու խմբագիր Արշօ Պալեան: Վերջինս տեղեկութիւններ տուաւ  թերթի բաժանմունքներուն եւ իւրաքանչիւր էջի բովանդակութեան վերաբերող, ինչպէս նաեւ կարեւոր նկատեց ապատեղեկատուութենէն  խուսափիլն ու միայն հաւաստի աղբիւրներէ տեղեկութիւն քաղելը: Ան ըսաւ, որ թերթին աշխատակիցները մինչեւ ուշ ժամերը կ՛աշխատին, որպէսզի Լիբանանի եւ Հայաստանի, ինչպէս նաեւ ամբողջ աշխարհի մէջ տեղի ունեցած կամ ունեցող իրադարձութիւններուն մասին տեղեկութիւններ տան:

Ան ներկայացուց նաեւ «Ազդակ» օրաթերթին կողմէ կազմակերպուած «Ապագայ լրագրողներ»-ու վարժողական ծրագիրին նպատակը եւ գործունէութիւնը` քաջալերելով, որ յառաջիկայ տարիներուն մեր կարգին մասնակցութիւն բերենք անոր:

Այնուհետեւ «Ազդակ»-ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան միացաւ մեզի եւ բացատրեց, որ «Ազդակ» իր հիմնադրութեան օրէն ի վեր եւ մինչեւ օրս անընդմէջ կը հրատարակուի եւ կը շարունակէ իր  առաքելութիւնը` հակառակ Լիբանանի դժուարին  պայմաններուն:

Իմացանք նաեւ, որ 2002 թուականէն ի  վեր «Ազդակ» ունի համացանցի  վրայ զետեղուած իր կայքէջը, եւ կարելի է ներբեռնել զայն որեւէ ելեկտրոնային գործիքի մէջ: Շահան Գանտահարեան ըսաւ, որ «Ազդակ» կը հասնի աշխարհի  չորս ծագերուն ապրող հայերուն եւ ունի մեծ թիւով այցելուներ, որոնց թիւը մօտաւորապէս հինգ հարիւր հազարի հասած է 2006-ին: Իսկ դէպքերու շատ արագ արձագանգելու համար օրաթերթը  արագ լրահոսի դրութիւնը ստեղծած է:

Դաստիարակչական զրոյցէն ետք, Արշօ Պալեանի ընկերակցութեամբ, աշակերտներս շրջեցանք խմբագրատան գրասենեակները, ուր ծանօթացանք խմբագիրներուն, գրաշարներուն, էջադրողներուն ու վերստուգող սրբագրիչին եւ տեսանք իւրաքանչիւրին դերն ու տարած լուրջ աշխատանքին ընթացքը: Այսպէս, մենք առիթը ունեցանք նաեւ ականատես ըլլալու «Ազդակ» օրաթերթին մէջ տեղադրուող լուրի մը եւ դարձանք առաջին ընթերցողը:

Մեր բոլորին հետքրքրութեան գոհացում տալէ ետք, Արշօ Պալեան մեզի նուիրեց «Ազդակ»-ի քանի մը բացառիկներ, զորս մեծ ուրախութեամբ դպրոց բերինք:

Սելին Գիլէճեան
Շուշի Գասապեան
Լոռի Բակլայեան
Մարգրիտ Ղազարեան
Սարին Մահտեսեան
 Զուլալ Պեզճեան   

Նախորդը

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Սկաուտութեան Վերջին Շրջանի Աշխատանքները

Յաջորդը

Քոփիրքին. «Ռուսիան Եռանդուն Կերպով Յառաջ Կը Մղէ Խաղաղութեան Օրակարգը, Յոյսով Ենք Մօտ Օրէն Մոսկուայի Մէջ Հանդիպում Պիտի Ըլլայ»

RelatedPosts

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն
Անդրադարձ

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն

Հոկտեմբեր 20, 2025
Միասնականութեան Ազգապահպան Ուժը
Անդրադարձ

Փաշինեան Կը Սխալի. Ո՛չ 4-րդ, Ո՛չ Ալ 3-րդ Հանրապետութիւն Կայ. Կան Միայն 1918 Եւ 1991 Թուականներու Երկու Հայկական Հանրապետութիւնները

Հոկտեմբեր 20, 2025
Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Թիֆլիսի Սուրբ Ստեփանոս Կուսանաց Վանքը – Հայոց Հոգեւոր Ժառանգութիւնը, Խորհրդային Վայրագութիւններն Ու Հետագայ Վրացականացումը

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?