Անդրադարձ

Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Բժիշկ Վարազդատ Գազանճեան

Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Բժիշկ Վարազդատ Գազանճեան

Համադրեց` ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ Բժիշկ Վարազդատ Գազանճեան Բժիշկ Վարազդատ Յովհաննէս Գազանճեան ծնած է Երզնկա, 18 մարտ 1879-ին: Ան Վարազդատ կոչուած է ի յիշատակ չորրորդ դարուն ապրող Վարազդատ թագաւորին: Իր բուն մականունը եղած է Երիքեան, սակայն թրքական բռնապետական օրէնքներու պատճառով Երիքեանը փոխուած է Գազանճեանի: Վարազդատի հայրը` Յովհաննէս Գազանճեան ընտանեօք  հաստատուած է Սվազ, երբ որդին 2,5 տարեկան էր: Մօրը անունը` Աննա Սիրանեան:...

Մինչեւ Ե՞րբ

Մեր Կառոյցները

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ Հակառակ երկրին մէջ տիրող անշնչելի եւ ճնշիչ տնտեսական տագնապին, Հակառակ մեր կեանքին մէջ արձանագրուող շարունակական յուսախաբութիւններուն, պարտութիւններու եւ անորոշութեան մթնոլորտին, Հակառակ լիբանանեան մակարդակով երկրին մէջ տիրող անապահով եւ անհեռանկար կացութեան` Տակաւին մեր կառոյցները իրենց բոլոր մակարդակներով կը մնան ժողովուրդին կողքին` ծառայելու, հասնելու, լսելու, ուղղութիւն տալու, օգնելու եւ օժանդակելու, կարելիութեան սահմաններուն մէջ բոլոր պարտականութիւնները ընելու: Լրատուական, կրթական, կրօնական, ազգային,...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Համաշխարհային Զարթօնքը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Համաշխարհային Զարթօնքը

ՎԱՐԴԱՆ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ Այսօր աշխարհը պաշտօնապէս թեւակոխած է թուային եւ երեւակայական ապրելակերպի ժամանակաշրջան: Եթէ այսօր մարդ անհատը կ՛ուզէ գոյատեւել շրջանակի եւ կեանքի ասպարէզի մէջ, ուզէ կամ չուզէ, մաս պիտի կազմէ այս երեւակայական եւ աներեւոյթ աշխարհին: Ժամանակին, երբ Դիմատետրը մարդոց հետաքրքրութեան եւ ժամանակին մեծ մասը սկսած էր գողնալ, այսօր Դիմատետրի հիմնադիրին եւ անոր օգնականներուն միջոցով մէջտեղ հանուած աներեւոյթ կեանքի իսկական տարբերակը, որ...

Սթափելու Ժամանակը

Ի՞նչ Տուին Քառօրեայ Բանակցութիւնները

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Ապրիլ ամսուան վերջերուն Մոսկուայէն յայտարարուեցաւ, որ Հայաստանի ու Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները ընդունած են հանդիպիլ Մոսկուայի մէջ: Այդ հանդիպումը տեղի չունեցաւ սակայն: Մոսկուայի փոխարէն երկու նախարարները բանակցութիւններ վարեցին Ուաշինկթընի մէջ, մայիս 1¬էն սկսեալ յաջորդական չորս օրերու տեւողութեամբ: Բանակցութիւններու բացումին ու փակումին մասնակցեցաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընը: Չորս օր տեւողութեամբ քննարկումները շօշափելի արդիւնք ապահոված պէտք է...

Միասնաբար Վերականգնենք Մեր 83-Ամեայ Եկեղեցին

Միասնաբար Վերականգնենք Մեր 83-Ամեայ Եկեղեցին

ՅԱԿՈԲ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ Այս առաւօտ, անակնկալօրէն՝ ցնցումով եւ խոր ցաւով իմացանք մեր ծննդավայր Այնճարի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ ահաւոր եւ աննախադեպ հրդեհի պատճառած մեր հոգեւոր տան աներեւակայելի վնասներուն եւ հոգեբանական ձեր ցնցումներուն մասին։ Ահաւոր է պատահածը անգին եկեղեցասէրներ։ Աղէտ՝ աղէտի ետեւ։ Յոբի համբերութիւնն անգամ պիտի սպառէր, սակայն քրիստոսակեդրոն մեր հաւատքն ու Անոր վստահելու փորձառութիւնը Մուսալերցիներս վայելած ենք ու ազատուած ստոյք բնաջնջումէ։ Մենք...

Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)

Շուշիով Կրնա՛նք Վերապրիլ (9 Մայիս)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Մենք չենք «մահացած», որ վերապրինք, կրնայ ըսել ազգային շունչով հասակ առած երիտասարդ մը: Մենք չենք կորսնցուցած, որ վերագտնենք, կրնայ հաստատել արարատասէր ոեւէ հայորդի: Մենք չենք լքած ու հեռացած, որ պատրանքով  ապրինք, կրնայ բարձրաձայն գոչել իր հարազատ հողին վրայ ապրող արցախցին: Այո՛, երանի՜ թէ ամբողջ ազգը, իր բովանդակ շերտերով կարենար հասկնալ վերեւ յիշատակուած մտածումին էութիւնը, պիտի ըսէր, հայոց պատմութեան...

Քարին Վրայ

Շուշիի Ազատագրութեան 31-Ամեակ. Շուշին Վերստին Ազատագրուած Տեսնելու Տեսլականով

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Արցախեան ազատամարտի տարեգրութեան մէջ ամէնէն փայլուն եւ ամենամեծ նուաճումը Շուշիի ազատագրումն էր: Ազատագրական պայքար մղող Արցախ ազրպէյճանական ուժերու կողմէ ցամաքային եւ օդային շրջափակման մէջ առնուած էր: Ստեփանակերտ եւ շրջակայ բնակավայրեր Շուշիէն անընդհատ եւ անխնայ հրթիռակոծման կ՛ենթարկուէին. զոհեր ու վիրաւորներ կ՛արձանագրուէին եւ բնակարաններ կը քանդուէին. չկար ելեկտրականութիւն, կազ եւ ըմպելի ջուր: Արցախի ինքնապաշտպանութեան ուժերուն համար Շուշիի ազատագրումը դարձած էր...

Նշմարներ.  Շշուկներ, Որոնց Կ’ուզենք Հաւատալ

Նշմարներ. Շշուկներ, Որոնց Կ’ուզենք Հաւատալ

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Շթայնմայըր (դարձեալ) ներողութիւն կը խնդրէ Ամերիկեան եւ եւրոպական լրատու աղբիւրները չորեքշաբթի, 19 ապրիլին ողողուած էին երկու զգայացունց լուրերով, որոնցմէ մէկուն գլխաւոր հերոսը Գերմանիոյ Հանրապետութեան նախագահն էր, իսկ երկրորդին` ամերիկեան «Ֆաքս» լրատու ընկերութիւնը: Անշուշտ կային նաեւ այլ` «մանր լուրեր», որոնք լոյս կը սփռէին Սուտանի մէջ վերսկսած բախումներուն, Ուքրանիոյ պատերազմին, Ֆրանսայի նախագահին դէմ բողոքի ալիքին սաստկացման, մինչեւ իսկ մարզական եւ...

Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին

Զուիցերիացի Հարիւր Երեւելիներու Վկայութիւնը 1915 Թուականի Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին (Անհերքելի փաստաթուղթ մը Զուիցերիոյ դաշնային արխիւէն)

ԴՈԿՏ. ԱԲԷԼ ՔՀՆՅ. ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ Երիտթրքական կառավարութեան կողմէ հայ ազգաբնակչութեան դէմ կազմակերպ­ուած համատարած ցեղասպանութեան սահմռկեցուցիչ տեղեկութիւնները Զուիցերիա կը հասնին համեմատաբար շատ աւելի ուշ, քան եղած էր պարագան սուլթանական զանգ­ուածային կոտորածներու 1894-1896 թուականներու եւ ապա 1909 թուականի Ատանա­յի եւ շրջակայից մէջ տեղի ունեցած եղեռնագործութիւններուն։ Պատճառը՝ Երիտթուրք դահիճներու բոլոր մանրամասնութեանց մէջ բծախնդրօրէն ծրագրած եւ, կարելիութեան սահմաններուն մէջ, գաղտնաբար մեկնարկած տարա­գրու­թիւնները, մահու-աքսորներն ու նախճիր-եղեռններն...

Յինանց Կիրակիներ.  Տօն Սուրբ Խաչի Երեւման

Յինանց Կիրակիներ. Տօն Սուրբ Խաչի Երեւման

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Հայ եկեղեցին Սուրբ Զատկուան չորրորդ կիրակին կը նշէ Սուրբ Խաչի Երեւման տօնը: Երուսաղէմի մէջ, 7 մայիս 351-ին, ցերեկուան երրորդ ժամուն (ժամը 9:00-ին) երկինքի վրայ լուսափայլ խաչ երեւցաւ, տարածուելով Գողգոթայէն` Քրիստոսի խաչելութեան վայրէն մինչեւ Ձիթենեաց լեռ, ուրկէ Տէրը երկինք բարձրացաւ: Խաչի պայծառ երեւումէն արեգակն իսկ մթագնեցաւ: Երկինքի վրայ փայլող խաչը տեսանելի մնաց բաւական երկար ժամանակ: Արտասովոր հրաշքին ի տես...

Մինակ Չես

Ինչո՞ւ Քրիստոսի Խաչը Այսօր Չ՛երեւիր

ԱՌԱՔԵԼ ԱԲՂ. ԳԱՏԵՀՃԵԱՆ «Այսօր խաչը յաղթութեան նշան երեւալով երկրի վրայ` պայծառացուց  տիեզերքը. Տէ՛ր, խաչդ յաղթութեան զէնք տուիր` մեզ թշնամիին խաբէութիւններէն  ազատելու» (Շարական) Հասած ենք յարութեան կիրակիներուն ոսկեշղթային չորրորդ օղակը, որ կը կոչուի Երեւումն Սրբոյ Խաչին: Սուրբ խաչին երեւումը Հայ առաքելական ս.  եկեղեցւոյ Քրիստոսի Կենաց փայտին նուիրուած  չորս տօներէն առաջինն է: Դ.-րդ դարուն քրիստոնէութիւնը կը տարածուէր Հռոմէական կայսրութեան մէջ: Քրիստոնեաներուն մէջ...

«Ես Եմ Ճամբան»

Խաչիկ Տէտէեանին Երազը

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ Խաչիկ Տէտէեանին հետ ունիմ երկար տարիներու բարեկամութիւն` մէկ կողմէ ընտանեկան յարաբերութիւններու մէջէն, բայց նոյնքան` անհատական, որ նաեւ կ՛ընդգրկէ այցելութիւն Անթիլիասի Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի իր գրասենեակը, ուր երկար տարիներու նուիրական առաքելութիւն տարաւ որպէս դիւանապետ: Խաչիկին գրասենեակին մէջ կար փոքր յայտարարութիւն մը, որ կ՛ըսէր` «Ձեր այցելութիւնը կարճ պահեցէք»: Այդ «կարճ» այցելութիւնը կ՛ընդգրկէր սուրճի հիւրասիրութիւն ու ազգային, գաղութային, հայաստանեան ու գրական-հրապարակագրական...

Ողջունելի Եւ Համախմբող Նախաձեռնութիւն Մը

Ողջունելի Եւ Համախմբող Նախաձեռնութիւն Մը

ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ Երբ համայն հայութիւնը, հայրենիքի մէջ եւ ի սփիւռս աշխարհի, կը պատրաստուէր մեծ շուքով նշելու Հայոց ցեղասպանութեան 108-րդ տարելիցը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ խիստ ողջունելի եւ իր համախմբող բնոյթով յատկանշուած նախաձեռնութիւն մը: Արդարեւ, Լoզանի պայմանագիրի 100-ամեակին ընդառաջ, նախաձեռնութեամբ կաթողիկոսարանի «Խաչիկ Պապիկեան» հրատարակչական հիմնադրամի յանձնախումբին, Ապրիլ 22-24 կաթողիկոսարանին մէջ տեղի ունեցան նախապատրաստական խորհրդակցական նիստեր, որոնց...

Ճիպինցի Ներսէս Շնորհալին (Մահուան 850-Ամեակին Առիթով)

Ճիպինցի Ներսէս Շնորհալին (Մահուան 850-Ամեակին Առիթով)

ԿԻՐԱԿՈՍ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ (Ճիպինցի) Բանաստեղծ, երաժիշտ, աստուածաբան, Ամենայն հայոց կաթողիկոս Ներսէս Շնորհալին (Ներսէս Դ. Կլայեցի) միջնադարեան Հայաստանի կիլիկեան հոգևոր-մշակութային դպրոցի ամենափայլուն  ներկայացուցիչներէն է: Ան տարիներ շարունակ ստեղծագործեց, շրջեցաւ աշխարհէ աշխարհ՝ ըլլալու կուռքը իրմէ վերջ եկող սերունդներուն։ Ազգերը կ՚ապրին նաեւ ոգեղէն, մշակութային արժէքներով։ Առանց այդ արժէքներուն մարդիկ ոչինչ կրնան իրագործել։ Մարդոց մեծութիւնը կը չափուի մտաւոր այդ աղբիւրին բացուելու եւ անկէ կարելի օժանդակութիւնը...

«Միացեալ Նահանգներ Կը Շարունակեն  Հաւատարիմ Մնալ  Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ  Խաղաղութեան Հոլովոյթին»  Կ՛ըսէ Փաթել

Նշմար. Ո՛չ Ըսենք Բազուկ Ոլորողներուն

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Երեւանի լրատուութենէն` երեքշաբթի, 2 մայիսին արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ իրեն ընկերացող պատուիրակութիւնը Ուաշինկթընի մէջ հանդիպումներ կ՛ունենան Միացեալ Նահանգներու եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն` Պլինքընի եւ Պայրամովի գլխաւորած պատուիրակութեանց հետ, խաղաղութեան համաձայնագիր մը բանաձեւելու համար: Ամերիկեան աղբիւրներ կը հաւաստեն, որ «դրական արդիւնքներ սպասելի են», բանակցութիւնները կրնան շարունակուիլ քանի մը օր... Կ՛ըսուի նաեւ, որ Միրզոյեան եւ Պայրամով մօտերս...

Մեզմէ Պիտի Չլսէք

Համակարգը, Որ Կ՛ուզենք Կերտել

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ Նախ` բացատրութիւն մը: Առաջին բառը` «համակարգը», կը վերաբերի մարդկային այն հասարակարգին, որ կ՛առնչուի ոչ միայն վայրի մը, երկրի մը կամ այդ վայրի բնակչութեան կամ ըսենք` ազգի՛ն, ոչ միայն տարածաշրջանի մը ու անոր բաղկացուցիչ մասերուն, իրարու դրացի երկիրներու, այլեւ` համայն մարդկութեան, որ կը պարփակէ երկրագունդի բոլոր տարածաշրջաններն ու անոնց բնակչութիւնը. այլ խօսքով, կ՛առնչուի բոլոր ազգերուն ու աւելի փոքր հաւաքականութիւններուն: Երկրորդը`...

Հայկական Ցեղասպանութենէն Վերապրած  Բժիշկ Ռոպերթ Ճէպէճեան

Հայկական Ցեղասպանութենէն Վերապրած Բժիշկ Ռոպերթ Ճէպէճեան

Համադրեց` ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ Բժիշկ Ռոպերթ Ճէպէճեան Բժիշկ Ռոպերթ Ճէպէճեան ծնած է Այնթապ, 1909-ին: Զաւակն է բժիշկ Աւետիս Ճէպէճեանի: Բժիշկ Ֆիլիփ Յովնանեան իր քեռին էր: Ծնողքին հետ գաղթած է Հալէպ: Նախնական ուսումը ստացած է Հալէպի Հայկազեան վարժարանին մէջ, ապա` աւետարանական ծխական վարժարանին մէջ: 1926-1927 ուսանած է Պրումմանա, Լիբանան, անգլիական Քոկէյքըրներու դպրոցին մէջ: Բժշկութիւն ուսանած է Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի բժշկական դպրոցին...

Թուրքիոյ Ներքաղաքական Երկընտրանքը

Ինչո՞ւ Յանկարծ Կը Ծանուցուի Քըլըճտարօղլուի Ալեւի Ծագումը

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ Բոլոր անոնք, որոնք ջերմ յոյսեր կը կապեն Քըլըճտարօղլուի յաղթանակին Թուրքիոյ նախագահական ընտրութիւններու բեմին վրայ, պէտք է անպայման յիշեն, որ յանձին Քըլըճտարօղլուի մենք գործ ունինք քաղաքական մեծ փորձի տէր կուսակցական ղեկավարի մը հետ, որ ապրած է եւ կ՚ապրի – ինչպէս Էրտողա՛նը – թուրք խորքային պետութեան հրամայականներով եւ ի վերջոյ կը պատկանի Թուրքիոյ ծաւալապաշտ քաղաքականութեան մեծ ուխտին։ Հարցո՛ւմ. չկա՞ն արդեօք...

«Թումանեան` Երէկ Եւ Այսօր» Թատերախաղը Պիտի Ներկայացուի Նոր Սերունդին

«Թումանեան` Երէկ Եւ Այսօր» Թատերախաղը Պիտի Ներկայացուի Նոր Սերունդին

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան եւ տնօրէնութեան, կիրակի, 7 մայիս 2023-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ Համազգայինի «Արեգ» մանկապատանեկան թատերախումբը պիտի ներկայացնէ «Թումանեան` երէկ եւ այսօր» թատերախաղը, բեմադրութեամբ Սիլվա Սողոմոնեանի: Սոյն բեմադրութեան մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալու համար «Ազդակ» զրոյց մը ունեցաւ բեմադրիչին հետ, որ նկատել տուաւ, թէ Համազգայինի հիմնադրութեան 95-ամեակին առիթով ուզած են հայ հեղինակի մը գործերէն...

Մտորում` Դիպուածէն, Տեղեկութենէն  Եւ Յուզումէն Տարբեր Ալիքներու Վրայ.  Այս Է Մեր Ճակատագիրը: Դիմանալ Է Պէտք: Յետո՞յ…

Աւետի՜ս… Տիեզերական Արեւը Կովկասէն Կը Ծագի

Յ. ՊԱԼԵԱՆ  «Երգիծանք... Մարդկային հարցերու յարաբերականութեան գինովութիւնը, տարօրինակ գինովութիւնը` ստուգութեան, որ չկայ իրողութիւն» ՄԻԼԱՆ ՔՈՒՆՏԵՐԱՖրանսագիր չեխ գրող, Ի. դար  Թող ներուի չարանալ եւ դառնացածի քմծիծաղով մտածել: Աշխարհի խրձիկ դարձած հարցերու լուծման եւ նոր կարգերու հաստատման Պերիկլէսը եւ նոր Հոմերոսը վերյայտնուած են Կովկաս, անոնք նոր ժամանակներու պատմագրութեան եւ քաղաքական իմաստութեան բանալին բերած են: Ուստի Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան կեդրոնը պէտք է Նիւ...

Page 204 of 807 1 … 203 204 205 … 807

Արխիւներ