Անդրադարձ

Հայ Եկեղեցւոյ Տօներ.  Հոգեգալուստ

Հայ Եկեղեցւոյ Տօներ. Հոգեգալուստ

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Սուրբ Յարութեան յիսուներորդ օրը Հոգեգալստեան տօնն է: Յիսուսի համբարձումէն ետք աշակերտները վերադարձան Երուսաղէմ, ինչպէս որ անոնց պատուիրած էր Ուսուցիչը: Օր մըն ալ, երբ աշակերտները Վերնատան մէջ հաւաքուած միասիրտ կ՛աղօթէին, երկինքէն լսուեցաւ ձայն մը, որ ուժեղ քամիի սուլոցը կը յիշեցնէր, եւ լեցուց ամբողջ Վերնատունը: Նոյն պահուն երեւցան բոցեր, որոնք կրակէ լեզուներու նման էին: Անոնք մէկ-մէկ իջան եւ նստան ներկաներէն...

Յուշեր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Ճեմարանէն

Յուշեր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Ճեմարանէն

ԼՈՒՍԻԿ ՍՈՄՈՒՆՃԵԱՆ-ԱՖԱՐԵԱՆ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանի Շրջանաւարտից միութեան վարչութեան կողմէ հարիւրամեայ յոբելենական ձեռնարկներու կազմակերպումը առիթ մը եղաւ, երկար տարիներու բաժանումէ ետք, դասընկերներով ու դասընկերուհիներով վերստին համախմբուելու, վերապրելու եւ վերյիշելու դպրոցին ու դպրոցական կեանքին, շատ սիրելի տնօրէնին,  ուսուցիչներուն եւ ուսուցչուհիներուն հետ կապուած դէպքեր, դրուագներ եւ անցեալի քաղցր յուշեր: Հարիւրամեակի յոբելենական ձեռնարկներուն նուիրուած մեր բանաւոր ու գրաւոր աշխատանքներու շարքին, Ճեմարանի առաքելութիւնը լաւագոյնս...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Արարատն Ալ, Արագածն Ալ, Թէ՛ Տեսլական, Թէ՛ Ալ Հիմք

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Արարատն Ալ, Արագածն Ալ, Թէ՛ Տեսլական, Թէ՛ Ալ Հիմք

ՍԱՐԳԻՍ ՏԱՂՏԷՎԻՐԵԱՆ «Մեր բոլոր խնդիրները գտնւում են Արագածի ու Արարատի` երազանքի ու իրականութեան մէջ». Նիկոլ Փաշինեան: Վերոյիշեալ արտայայտութիւնը Հայաստանի վարչապետը ունեցած է նախորդ շաբաթներուն Արագածոտնի մարզի Ներքին Բազմաբերդ համայնքի դպրոցականներուն հետ հանդիպումի ընթացքին. կը կրկնեմ` դպրոցականներուն... Այս արտայայտութեան մէջ ամփոփուած է Փաշինեանի արտաքին, պաշտպանութեան, տնտեսական, կրթական եւ այլ ոլորտներու մէջ վարած քաղաքականութիւնը: Հոն կ՛երեւին 2018-էն սկսեալ հայ ազգային հիմնական սկզբունքներու...

Արցախը Պաշտօնապէս Վաճառուեցաւ Անիէն Հազար Տարի Ետք

Արցախը Պաշտօնապէս Վաճառուեցաւ Անիէն Հազար Տարի Ետք

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Այն պահուն, երբ հայ ժողովուրդը կը պատրաստուի տօնելու Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 105-րդ տարեդարձը, Այն պահուն, երբ հայրենաբնակ եւ աշխարհատարած հայութիւնը կը պատրաստուի վերանորոգելու ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստան կերտելու, հայրենիքը հզօրացնելու ուխտը, Այն պահուն, երբ հայրենի ու Արցախի հայութիւնը կ՛աշխատի ձայներն ու ձեռքերը միացնել եւ կորուսեալ Արցախին վերականգնումը հիմնաքար ծառայեցնել մեր բոլոր իրաւունքներուն վերատիրացման, Ճի՛շդ այդ պահուն Երեւանի...

Եզակի Եւ Խիստ Արժէքաւոր Աշխատութիւն

Եզակի Եւ Խիստ Արժէքաւոր Աշխատութիւն

«Լուսակն» հրատարակչութիւնը օրերս լոյս է ընծայել վաստակաշատ պատմաբան Երուանդ Փամպուքեանի «ՀՅ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԾԱԾԿԱՆՈՒՆՆԵՐՈՒ ԲԱՌԱՐԱՆ. անձնանուններ, տեղանուններ, թուանշանային ծածկագրեր» ուշագրաւ աշխատութիւնը, որը միաժամանակ «Վէմ Մատենաշարի» հինգերորդ հատորն է: Այն ներառում է ՀՅԴ յեղափոխական գործունէութեան առաջին քառասնամեակի ընթացքում ծածկագրուած` անհատ գործիչների անձնանունների, նրանց գործունէութեան վայրերի` Հայաստանի ու յարակից երկրների տեղանունների, ինչպէս նաեւ գաղտնի նամակագրութեան մէջ օգտագործուող թուանշանային ծածկագրերի աղիւսակները: Սա մի եզակի...

Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր

Մեր Ինքնութեան Խորհրդանիշ Շիրիմներ

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Մայիս ենք: Հայաստանի բեկոր հանրապետութիւնը եւ մորմոք դարձած Արցախը հայուն ամէնօրեայ հոգեբարոյական տագնապն են: Անցեալի երախտաւորներու մասին չենք մտածեր: Անմիջականը կը կլանէ մեզ: Կան անուններ եւ դէպքեր, որոնք դեռ ոչ հեռու անցեալին մեր շնչառութիւնն էին, անոնք իմաստ կու տային կեանքին: Քանի մը շաբաթէն օրացոյցը պիտի յիշեցնէ, որ հասած ենք մայիսի վերջը, թերթեր եւ լրատուամիջոցներ պիտի խօսին առաջին անկախ...

Մինչեւ Ե՞րբ

Տարեվերջ

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ Կրթական տարուան աւարտը կը մօտենայ: Բնականաբար պիտի ունենանք շրջանաւարտներ, որոնց պէտք է լաւ հոգ տանինք: Այս տարի բարեբախտաբար կրթական լաւ տարեշրջան մը ունեցանք: Եթէ նախորդ տարիներուն «Քորոնա»-ի, տնտեսական տագնապի, գործադուլներու, ցոյցերու եւ տարբեր պատճառներով դպրոցներու կրթական կեանքի խախտումներուն հետ բաղդատենք, կարելի է ըսել, որ լաւ, հանդարտ, ամբողջական եւ առանց ցնցումի տարեշրջան մը ունեցանք: Հիմնական երկու հարցեր կը մնան...

Մահուան 54-Ամեակ` Հայութեան Մեծագոյն Դէմքերէն Սիմոն Վրացեանի

Մահուան 54-Ամեակ` Հայութեան Մեծագոյն Դէմքերէն Սիմոն Վրացեանի

21 մայիս 1969-ին, Պէյրութի մէջ իր աչքերը առյաւէտ փակեց հայ ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան մեծանուն կերտիչներէն Սիմոն Վրացեան: Հասարակական, քաղաքական, ազգային եւ պետական գործիչ Սիմոն Վրացեան ծնած է 1882-ին, Նոր Նախիջեւանի Մեծ Սալա գիւղը: Յաճախած է ծննդավայրին միջնակարգ դպրոցը, ապա` Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանը, ուր կազմաւորուած է իբրեւ հայ եւ մտաւորական: Անդամակցած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան: 1907-ին մասնակցած է Վիեննայի մէջ գումարուած...

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Ճեմարանի Հարիւրամեայ Յոբելեանը` Նոր Հարիւրամեակի Տեսլականով

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Ճեմարանի Հարիւրամեայ Յոբելեանը` Նոր Հարիւրամեակի Տեսլականով

ԼՈՒՍԻԿ ՍՈՄՈՒՆՃԵԱՆ-ԱՖԱՐԵԱՆ Հայ կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանի հիմնադրութեան հարիւրամեակն է այս տարի: Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Ճեմարանը հիմնուած է 1 մայիս 1923-ին, Պէյրութի մէջ, Յիսուսեան միաբանութեան կողմէ: Տէր Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս-պատրիարքին բարձր հովանաւորութեամբ եւ անմիջական աջակցութեամբ, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանի նորակազմ Շրջանաւարտից միութիւնը նպատակադրած է արժանավայել շուքով նշել իր սիրելի ճեմարանի հարիւրամեայ յոբելեանը: Ճեմարանը հայեցի տոհմիկ դաստիարակութեան հարազատ օճախ...

Եագուպիէ. Ապրուած Օրերու Յուշեր – Սուրբ Աննա

Լեհահայ «Գաւազանակիր Միանձնուհիներ»

ՓՐՈՖ. ԱՐԱ ՍԱՅԵՂ Լվովի մէջ լեհահայուհիներու աւանդութիւններով հիմնուած Պենետիկդեան միանձնուհիներու պատրաստութեան այս հռչակաւոր կրթարանը, մենաստանի այս կառոյցը կը շարունակուի մինչեւ 1945 թուական, երբ Լեհաստանի պատմական արեւելեան սահմանները փոփոխութեան կ՛ենթարկուին` փոփոխութեան ենթարկելով նաեւ Լեհաստանի պատմական տարածքները: Մանաւանդ Լվովի լեհահայ կաթողիկէ վերջին թեմակալ առաջնորդին` բարեհամբաւ Եուզեֆ  արք. Թէոտորովիչի (1864-1938) մահէն ետք: Պատմական Լեհաստանի հարաւարեւելեան սահմանամերձ Սթանիսլաւով մարզի մայրաքաղաք Լվովը կը դառնայ այսօրուան...

Էրտողանի Վերընտրութեան Ուրուականը

Էրտողանի Վերընտրութեան Ուրուականը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Մայիս 14-ին տեղի ունեցան Թուրքիոյ խորհրդարանական եւ նախագահական ընտրութիւնները։ Գործող նախագահ Էրտողանը ապահովեց քուէներուն 49,24 առ հարիւրը, քեմալական Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլուն՝ 45,07 առ հարիւրը, իսկ ԱԹԱ դաշինքի թեկնածու Սինան Օղանը՝ 5,17 առ հարիւրը։ Մայիս 28-ին տեղի պիտի ունենայ նախագահական ընտրութեան երկրորդ փուլը՝ նկատի ունենալով, որ թեկնածուներէն ոչ ոք անցած է քուէներու 50 առ հարիւրի շէմը։...

Սթափելու Ժամանակը

Կոռնիձորի Հաւաքը Նոր Մեկնակէտ Է

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Շաբաթ, 20 մայիսին հազարաւոր հայեր (կը խօսուի շուրջ 5000-ի մասին) Կոռնիձորի մէջ հաւաքուեցան եւ քայլարշաւով մօտեցան Հայաստանը Արցախին կապող կամուրջին վրայ տեղակայուած ազրպէյճանական անցարգելին: Միւս կողմէն, իրենց ընդառաջ եկան Ստեփանակերտէն եկող ցուցարարներ: Կոռնիձորի մէջ տեղի ունեցաւ հաւաք, որուն գլխաւոր պատգամը հանդիսացաւ Արցախն ու Հայաստանը կործանումէ փրկելու նպատակով համախմբուելու ու վերանորոգ թափով պայքարը շարունակելու հրամայականը: Արդարեւ, 15 մայիսի եռակողմ...

Մայրե՛ր, Վառ Պահեցէք Ջահերը Ձեր

Մայրե՛ր, Վառ Պահեցէք Ջահերը Ձեր

ՄԱՅՏԱ ԹԱԴՈՅԵԱՆ Սովորութիւն դարձած է Միջին Արեւելքի մէջ Մայրերու օրուան նուիրական տօնը նշել գարնան գեղեցիկ օրերէն մէկուն` մարտ 21-ին: Մեր հայրենիքին` Հայաստանի մէջ մայրութեան եւ գեղեցկութեան տօնը կը նշուի Սուրբ Աստուածածինի աւետման տօնին հետ զուգահեռ` ապրիլ 7-ին, եւ այդ առիթով եկեղեցիներէն ներս կը կատարուի մայրութեան բերկրանքին սպասող կիներու օրհնութեան յատուկ կարգ: Իսկ Արեւմուտքի եւ կարգ մը այլ երկիրներու մէջ, ինչպէս`...

Եագուպիէ. Ապրուած Օրերու Յուշեր – Սուրբ Աննա

Լեհահայ «Գաւազանակիր Միանձնուհիներ»

ՓՐՈՖ. ԱՐԱ ՍԱՅԵՂ Լեհահայ «Գաւազանակիր միանձնուհիներ» Լեհաստանի հայ եկեղեցւոյ միանձնուհիներու պատմութիւնը սկսած է ուշ միջնադարուն, եղած է բազմափուլ եւ յատկանշուած է դաւանական բարդ իրադարձութիւններով: Լեհահայ միանձնուհիները ապրած են պատմական Լեհաստանի գլխաւորաբար երեք մենաստաններու մէջ` Լվովի, Քամիենիեց Բոտոլսկի եւ Եազլովիեցի մէջ: Անոնք ընդհանրապէս կոչուած են «Կուսանք» կամ այդ դարաշրջանի  լեհահայերու գերիշխող  խօսակցական հայատառ ղփչաղերէնով` «Ղըզլար», եւ կամ հին լեհերէնով ընդհանրացած` տեվոթքի,...

Թուրքիոյ Ներքաղաքական Երկընտրանքը

Կոստան Զարեանի Առանձնութեան Մէջ

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ Ճեմարանականներու մեր սերունդին տրուած մեծ նուէրն էր Կոստան Զարեանին աշակերտելու այդ բացառիկ պատեհութիւնը: Անցեալ դարու յիսունական թուականներն էին: Յանկարծ ծանուցուեցաւ, որ Պէյրութ ժամանած էր հայ գրականութեան հսկան` որպէս Ամերիկեան համալսարանի արուեստի պատմութեան եւ փիլիսոփայութեան դասախօս: Այդ օրերու Պէյրութը մեծ զգայնութեամբ կ՛ընդունէր մեծ գրագէտներու այցը իր սահմաններէն ներս... Եւ մեր տնօրէնին` Սիմոն Վրացեանի նախաձեռնութեան կը պարտինք Զարեանի մուտքը Ճեմարանէն...

Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)

Անդրադարձ. Եգիպտացի Բեմադրիչ Մը, Որ Արարատը Սրտին Կը Շրջագայի Յանուն Հայաստանի

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Հայ կեանքը շատ անգամ այնպիսի արտասովոր երեւոյթներու դէմ յանդիման կը գտնուի` ըլլան անոնք դրական թէ ժխտական, որոնք մեզ մտածումի կը մղեն, կը շշմեցնեն, յաճախ կը յուզեն, զգաստութեան կը հրաւիրեն, ձեւով մը` ինքնաքննարկման պատեհ առիթներ կը ստեղծեն: Անցնող շաբթուան ընթացքին` 6-էն 12 մայիսին,  լիբանանահայ հասարակութիւն թէ ուսանողական շրջանակներ, հոգեպարար ժամանակ մը անցուցին, փոթորկոտ ապրումներու խայտանքը զգացին յանձին երիտասարդ բեմադրիչ...

Յինանց Կիրակիներ.  Երկրորդ Ծաղկազարդ

Յինանց Կիրակիներ. Երկրորդ Ծաղկազարդ

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Յիսուս Քրիստոսի Համբարձումին յաջորդող կիրակին կը կոչուի երկրորդ Ծաղկազարդ: Երկրորդ Ծաղկազարդը Քրիստոսի Վերին Երուսաղէմ` հրեշտակներուն մօտ մտնելու յիշատակն է: Քրիստոս երբ Համբարձումէն երեք օր ետք Վերին Երուսաղէմ բարձրացաւ, հրեշտակները ըսին. «Ո՞վ է այս փառքի արքան, կարողութեամբ հզօր Տէրն է ան, պատերազմի մէջ զօրաւոր Տէրը: Վեր քաշեցէ՛ք, իշխաններ, դուռերը, թող բացուին յաւիտենական դուռերը, եւ փառքի Արքան թող ներս մտնէ»:...

Նժդեհ Մերտխանեանի Մահուան Քառասունքին Առթիւ

Նժդեհ Մերտխանեանի Մահուան Քառասունքին Առթիւ

ՆԱՐՕՏ ՄԵՐՏԽԱՆԵԱՆ Կ՛ուզէի երկու խօսք գրել այսօրուան համար, բայց մինչեւ երէկ գիշեր խօսքեր չունէի: Ի՞նչ գրեմ, ինչպէ՞ս արտայայտեմ այս խոր ցաւս, ի՞նչպէս ամփոփեմ Նժդեհին հետ անցուցած 16 անուշ տարիները: Վերջ ի վերջոյ որոշեցի մտածել Նժդեհին մասին ու առիթ տալ, որ բառերը հոսին: Կ՛ուզեմ ձեզի հետ բաժնեկցիլ քանի մը յուշ ու դէպքեր, որոնց ընդմէջէն պիտի ներկայացնեմ  մեր Նժդուկը: Վեց տարիներ շարունակ...

Նշմար.  Յուսադրող Երեւոյթի Մը Առիթով

Նշմար. Յուսադրող Երեւոյթի Մը Առիթով

Հ. Վ. Այս օրերուն, երբ բովանդակ ազգն ու հայրենիքը կը դիմագրաւեն դժնդակ պայմաններ, երբ կը տիրէ համատարած յուսախաբութիւն` բոլորիս ծանօթ պատճառներով, երբ մտահոգութիւնը շատերուն պատած է նոյնիսկ ապագայի նկատմամբ, սակայն անդին, բարեբախտաբար, լոյսի նշոյլ մը, կայծ մը, աքթ մը, ձեռնարկ մը բաւարար է վերալիցքաւորելու նոյն այդ հոգեվիճակին մէջ գտնուող հաւաքականութիւն մը: Ահա այդ պահերէն մէկը հանդիսացաւ Մարսէյի Համազգայինի դպրոցին կազմակերպած...

Ժիրայր-Վահէ Մալճեանի «Անդրդուելին»

Յակոբ Պարոնեանին Հետ

ԴՈԿՏ. ԱՐԹՈՒՐ ԱՆԴՐԱՆԻԿԵԱՆ Յակոբ Պարոնեան - Պարո՛ն Յակոբ, ի՞նչ էք ընելու այս իրիկուն, ձեր ծննդեան օրը... հարկաւ մոռցած էք, չնայած` ձեր ձայնը տակաւին կը լսուի Հայաստանի բեմերէն: Բայց մինչ այդ կ՛ուզէ՞ք գիտնալ... ի՞նչ ըսեմ, պիտի հարկ եղածին չափ տխրիք... Հայաստան հիմա երկու տէրով ծառայ մըն է, ուրիշներ կ՛ըսեն... -................................................................... - Կը հասկնամ, մի՛ վախնար,- քիչիկ մը մտերմիկ կ՛ուզեմ խօսիլ,- ինծի...

Page 202 of 807 1 … 201 202 203 … 807

Արխիւներ