Դաշնակցութիւնը Եօթանասուն Տարի Սփիւռք Կերտեց. Մէկը Պիտի Յիշեցնէ(ր) Ալեն Սիմոնյանին
Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Մտածենք Սփիւռքի մասին Ալեն Սիմոնեանին մէկը պիտի յիշեցնէր, որ իր 133 տարուան պատմութեան շուրջ 70 տարիները Դաշնակցութիւնը նուիրած է` սփիւռքի կազմակերպման, հայապահպանման եւ համայնքներու ֆիզիքական պաշտպանութեան, իրերայաջորդ սերունդներու քաղաքականացման, Հայ դատի հետապնդման եւ պետականազուրկ սփիւռքահայութեան կողմէ Ցեղասպանութեան հարցը միջպետական օրակարգին բերելու գործին: Միակ կազմակերպութիւնը չէ եղած անշուշտ, ոչ ալ զերծ եղած է սխալներէ եւ երբեմն ալ` սայթաքումներէ:...




















