Տարեդարձիս Նուէրը «Արմատական Բառարան» Կ՛ուզեմ
ՄԱԹԻԿ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ Երբ հեռաւոր Սան Ֆրանսիսքոյէն, տասնվեց տարեկան պատանիէ մը կու գայ այս փափաքը, կը մոռնաս հայկական կեանքը յուզող համընդհանուր հարցերը ու կը սկսիս մտածել, որ պարարտ հողը տակաւին մշակներ կը ծնի: Պատուէրը ստացած եմ առցանց գրատարածի միջոցով, Տարօն Գալըպճեանի ծնողքէն: Երբ առաքման մասին տեղեկացուցի, պատասխանը յուզումով կարդացի. «Շատ շնորհակալութիւն` ձեր ե-նամակին համար: Ես լեզուաբանութեամբ շատ կը հետաքրքրուիմ, մանաւանդ` հայ...


















