Անդրադարձ

«Հայաստան-Արցախ Ֆոնտ»-ը Անցեալ 34 Տարիներուն Աւելի Քան 1 Միլիառ Տոլարի Օժանդակութիւն Նուիրաբերած Է Հայրենիքին

«Հայաստան-Արցախ Ֆոնտ»-ը Անցեալ 34 Տարիներուն Աւելի Քան 1 Միլիառ Տոլարի Օժանդակութիւն Նուիրաբերած Է Հայրենիքին

Կլենտէյլ` Քալիֆորնիոյ մէջ գործող, ոչ եկամտաբեր «Հայաստան-Արցախ Ֆոնտ»-ը հասած է աննախընթաց նուաճումի մը, որ կը յատկանշուի անցեալ 34 տարիներուն Հայաստանին եւ Արցախին աւելի քան 1 միլիառ տոլար արժէքով մարդասիրական օժանդակութիւն յատկացուցած ըլլալով: Ներկայիս «Հայաստան-Արցախ Ֆոնտ»-ը կարգադրութիւններ կը կատարէ, որպէսզի կարենայ անյապաղ օգնութիւն հասցնել հայրենիքին` ուղղակիօրէն ի նպաստ Արցախէն բռնի տեղահանուած եւ Հայաստան ապաստանած աւելի քան 100,000 գաղթականներուն: Այս տարուան առաջին...

Նամականի

Նամականի

ՐԱՖՖԻ ՀԱՐՄԱՆՏԱՅԵԱՆ Պատուարժա՛ն խմբագրութիւն «Ազդակ» օրաթերթի, Ահաւասիկ սկսած է ուսումնական տարեշրջանը: Լիբանանի քաղաքական եւ տնտեսական այս դժուարին օրերուն ծնողներ, իրենց զաւակներու կրթաթոշակին կողքին, կ՛աշխատին ապահովել նաեւ այլազան ծախսեր: Թրիփոլի քաղաքին մէջ մենք ունինք Ազգային Նուպարեան-Խրիմեան վարժարանը: Արտագաղթի պատճառով նուազած է քաղաքի հայ ընտանիքներուն թիւը, հետեւաբար նաեւ նուազած է հայ աշակերտներուն թիւը, եւ որպէսզի կարելի ըլլայ կանգուն պահել ազգային վարժարանը, տարիներ...

Սթափելու Ժամանակը

Բաղդատութիւնը Պէտք Է Իրաւաչափ Ըլլայ

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Պաղեստինեան Համաս շարժումի յարձակումը Իսրայէլի վրայ եւ արձանագրած յաջողութիւնը հայկական լրատուական միջավայրին մէջ զանազան բաղդատութիւններու եւ մեկնաբանութիւններու դուռ բացին: Ինչպէս յաճախ, տարբեր ժամանակներու, տարբեր միջավայրերու, տարբեր նկարագիրի եղելութիւններու միջեւ զուգակշիռներու կիրարկումը յանգեցուցին սխալ եզրակացութիւններու: Սխալ ենթահողի վրայ կառուցուած շինծու բաղդատութիւնները, նոյնիսկ եթէ ճշգրիտ տրամաբանութեամբ մը կառուցուած ըլլան, չեն կրնար ճիշդ եզրակացութեան առաջնորդել: Ամէն գնով, ամէն առիթով, անպայման քննադատելու...

«Թող Սոված Լինէինք, Մեր Ղարաբաղում Լինէինք». 8 Երեխաների Մայր

«Թող Սոված Լինէինք, Մեր Ղարաբաղում Լինէինք». 8 Երեխաների Մայր

ՌԻՄԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ Գորիսի կեդրոնական փողոցների գրեթէ ամէն անկիւնում կարելի է նկատել Արցախից տեղահանուած մարդկանց խմբեր: Նրանց դիմաց ընդամէնը մի քանի պայուսակ է դրուած,  այն, ինչ համարել են ամենակարեւորը ու կարողացել են իրենց հետ բերել: 24 ժամից աւելի ճանապարհ գալուց յետոյ մարդիկ անորոշ նստած են աստիճաններին, քարերին ու սպասում են, թէ որտեղ իրենց ապրելու տեղ կը տան: Գորիսում այլեւս մարդկանց տեղաւորելու...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Համաշխարհային Զարթօնքը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Իսրայէլ Օրին Եւ Արցախը

ՎԱՐԴԱՆ Բ. ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ Հազիւ 20 տարեկան էր Իսրայէլ Օրին, երբ առանձին կարողացաւ շրջիլ Եւրոպայէն Ռուսիա եւ այդ ժամանակուան ղեկավարներուն հետ լեզու գտնել: Ան հիմը դրաւ հայկական ազգային-ազատագրական պայքարին` օտար լուծերէն Հայոց աշխարհը ազատագրելու համար աւելի քան 350 տարի առաջ: Այսօր, երբ պատմութեան մեր իրագործումները սերտելով բաղդատականի դնենք հայոց ղեկավարութեան վիճակը, մենք մեզ լճացած կրնանք դասել իբրեւ ազգ: Ես կը հաւատամ,...

Յայտարարութիւններ ( 27 Յունիս 2023)

Ստացուած Գիրքեր. «Անկրկնելի Հալէպը» (Հեղինակ` Մաթիկ Էպլիղաթեան)

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Հալէպի մէջ 2023-ին լոյս տեսաւ Մաթիկ Էպլիղաթեանի «Անկրկնելի Հալէպը» հատորը, բաղկացած` 288 էջերէ: Հեղինակը գիրքը ձօնած է հօր` Գրիգոր Էպլիղաթեանի յիշատակին: Ներածականին մէջ Մաքրուհի Յակոբեան կ՛ըսէ, որ գիրքին բնիկ հալէպահայ հեղինակը իր այս հատորով, ընկերային, ազգային, մշակութային բոլոր երեսներով, յետին մանրամասնութեամբ մեզի կը ծանօթացնէ Հալէպի կեանքը, մեր պատմութեան յանձնելով հարուստ ատաղձ: Մաթիկ Էպլիղաթեան կ՛ըսէ, որ Հալէպի մէջ ունինք...

Անդրադարձ.  Քիչ Մը Գիտութիւն՝ «Անհրաժեշտ Բայց Ոչ Բաւարար»-ի եւ «Ներազդող»-ի Մասին, Որ Հաւանաբար Կը Լուսաբանէ Հայաստանի Ներկայ Իրավիճակը

Ի՞նչ Կը Նշանակէ Ոեւէ Օտար, Որ 15 Միլիոն Տոլարի Ներդրում Կը Կատարէ Երկրի Մը Զանգուածային Լրատուամիջոցներուն, Եթէ Ոչ` Նուիրատու Երկրին Քաղաքականութիւնը Ջատագովել Եւ Պատուէրները Կատարել

 ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ «Ինթըրնիուզը» ուղղերձ կը յղէ Հայաստանի զանգուածային լրատուամիջոցներու մարտահրաւէրներուն 5-ամեայ համապարփակ ծրագիրով» (Internews addresses Armenia՛s media challenges with a comprehensive 5-year media program): 20 յունիս 2023-ին Երեւանի Մամլոյ ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ  ամերիկեան այս ծրագիրին ներկայացումը: Ստորեւ անգլերէնէ կը թարգմանեմ «Ինթըրնիուզի» 26 յունիս 2023-ի հաղորդագրութենէն հատուածներ (1), (2), (3). 1. Ճոն Ալելլօ` Ամերիկեան միջազգային զարգացման գործակալութեան USAID Հայաստանի տնօրէնը,...

Պահը Մեղայի…Պահը Հատուցման

Ես Կը Սպասեմ (Ղօղանջ Կեանքի Ու Մահուան)

ԽԱՉԻԿ ՏԷՏԷԵԱՆ Ու փշրուեցան երազները բոլոր, Խաբկանքը մեր, տարաւ մեզ անդունդ, Մարմրացող յոյսերը մտան մահաքուն, Երգերը` կրկին հագան ողբ, կոծ ու սուգ: Պիտի երկա՜ր կրենք սեւ բախտի հագին, Ու անիծենք ամէնքին, մօտին ու հեռուին, Ճակատագիր կոչուած դիակին սրսկենք միւռոն ու բոյր, Նայինք գալիքին` մութ աչքերով արցունքածոր: Օ՜հ, ի՞նչ օգուտ, ցաւին, ողբին ու անէծքին, Միթէ՞ պիտի գայ Վրէժի Ոգին հրեղէն, Վերափոխէ...

Համբիկ Միսաքեան Հաւատաւոր Դաշնակցականը

Համբիկ Միսաքեան Հաւատաւոր Դաշնակցականը

Քառասուն օրեր առաջ հողին յանձնեցինք ՀՅԴ «Ռոստոմ» կոմիտէութեան վաստակաւոր եւ նուիրեալ ընկերներէն Համբիկ Միսաքեանը: Ան ծնած է Հայաշէն, 1958-ին, ազգասէր, հայրենասէր, եկեղեցասէր եւ նահապետական ընտանիքի մը տան մէջ: Իր ծնողներէն ստացած է ազգային դաստիարակութիւնը եւ հայրենասիրութիւնը: Ան իր նախնական ուսումը ստացած է Հայաշէնի Ազգային Թորգոմեան վարժարանին մէջ, ապա յաճախած է Ազգային Չաթալպաշեան վարժարան, ուր եղած է հնազանդ, բարի եւ աշխատասէր...

Համբիկ Միսաքեան Վերադարձաւ Պէյրութ

Համբարձում Միսաքեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով

30 օգոստոս 2023-ին Հայաշէնի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցին կորսնցուց Համբարձում Միսաքեանը: Համբարձում Միսաքեան մարտ 2023-ի թաղական ընտրութիւններուն ընտրուեցաւ Թաղական խորհուրդի անդամ, ապա խորհուրդի ատենապետ, շարունակելով նախորդ շրջանի կիսուն թափուր մնացած եւ իրմով ամբողջացած ատենապետի պատասխանատու պաշտօնը: Ընտրութեան առաջին օրէն, իբրեւ հայաշէնցի եւ եկեղեցասէր քաջատեղեակ էր թաղեցիներու եւ եկեղեցւոյ դժուարութիւններուն, պահանջներուն, ինչպէս նաեւ` կարողութիւններուն: Կուսակցական եւ ՀՄԸՄ-ական տարիներու իր կարողութիւնները եւ...

Մեզ Այսօր Մի Նոր Լեմքին Է Պէտք…

Մեզ Այսօր Մի Նոր Լեմքին Է Պէտք…

ԴՈԿՏ. ՄԱՐԻ ՌՈԶ ԱԲՈՒՍԷՖԵԱՆ Ինչպէս գիտէք, թուրքերի ձեռքով 1915 թ. մեր դարաւոր, պապենական հողերի բռնագրաւումից, դրանց վրայ ապրող միլիոնաւոր հայութեան գազանաբար բնաջնջումից 33 տարի յետոյ, 1948 թուին իրաւաբան Ռաֆայէլ Լեմքինը ստեղծեց պետութիւնների կողմից ժողովուրդների դէմ իրագործուող մեծագոյն յանցագործութեան` ցեղասպանութեան կանխման եւ պատժման օրէնք, որն ուժի մէջ մտաւ ՄԱԿ-ի կողմից երեք տարի անց, 1951 թուին: Շեշտում եմ` կանխման եւ պատժման օրէնք,...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

9 Նոյեմբերը Մեռաւ, Ապրի՛ 5 Հոկտեմբերը

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Ինչ որ տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 5 հոկտեմբերին Կրանատայի մէջ, կը յիշեցնէ, խեղաթիւրեալ ձեւով, անգլիացիներու մէկ ծանօթ խօսքը. The king is dead; long live the king, այսինքն` թագաւորը մեռաւ, երկար ապրի (նոր) թագաւորը: Հայաստանի իշխանութիւնը ներկայացնող Նիկոլ Փաշինեան վերջնականապէս սպաննեց 9 նոյեմբերի յայտարարութիւնը եւ յայտարարեց` թող երկար ապրի 5 հոկտեմբերի համաձայնագիրը: Այսինքն այլեւս հայութիւնը մտահոգուելու պատճառ չունի 9 նոյեմբերին...

Արցա՞խն Է Անձնատուր, Թէ՞ Պոռպռացող  Ազգը Եւ  Միջազգային Համայնքը

Արցա՞խն Է Անձնատուր, Թէ՞ Պոռպռացող Ազգը Եւ Միջազգային Համայնքը

Յ. ՊԱԼԵԱՆ «Յոռեգոյն սխալը ձախողութեան մէջ չէ, այլ` անոր տիրապետելու անկարողութեան» Ֆրանսայի նախկին նախագահ Ֆրանսուա Միթերան, Ի. դար Լուսանկարը` ԴԱՒԻԹ ՂԱՀՐԱՄԱՆԵԱՆԻ Եթէ ամօթը քաղաքականութեան մէջ հիւլէի չափ տեղ ունենար… Եթէ քաղաքականութիւն խաղցող մեծեր եւ նուազ մեծեր ամչնալ գիտնային, հարաքիրի կ’ընէին, եւ ժողովուրդներուն կը խնայուէր նախնական անտառի օրէնքը կրել: Ուրիշ բացատրութիւն կա՞յ բնորոշելու համար այն չարութիւնը, որ հազարաւոր տարիներ իրենց հայրերու...

Ռուբէն Աբովեան (ԻԳ).  … Չարութիւնից Եմ Փախչում

Ռուբէն Աբովեան (ԻԳ). … Չարութիւնից Եմ Փախչում

Ռուբէն Աբովեան ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ  He was a brilliant artist and I am sure a very dear friend to «Noah՛s Ark». in sympathy, VICTOR FORBES (Owner & director of «Fine Art Magazine») Այնճար, 1992, ամառ Էլօ Հերկելեան նորածին Հերակի հետ, Ռուբէն Աբովեան եւ իր վրձնակից ընկերը, 1992-ին Պէյրութ Համեմատաբար զով օր մըն էր: Երեւանէն վկայուած ընկերներէս մէկը` Մատթէոս Մաթոսեանը, երեկոյ մը...

Հրաշք Տեղի Կ՛ունենա՞յ

Հրաշք Տեղի Կ՛ունենա՞յ

ՄԱՐԻԱՆԱ ՊԵՐԹԻԶԼԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ Վերջապէս 25 սեպտեմբերին յանդգնութիւնը կը գտնեմ հեռաձայնելու Դանիային: Դանիան ստեփանակերտցի  ընկերուհիս է, որուն հետ յաճախ գիշերային անձայնութեան եւ ամայութեան մէջ մեսենճըրով կը խօսակցինք: Բնականաբար զիս ամէնէն աւելի կը հետաքրքրէ Արցախի վիճակը, նաեւ` Դանիային առօրեան: Խոստացած էի իրեն այցելել` յաջորդ Հայաստան այցելութեանս, այցելել Արցախ` մօտէն ծանօթանալու իրեն, այցելել` Ամարաս,  զոր տակաւին չէի տեսած: 15 տարի առաջ, Գանձասար այցիս, տակաւին...

Ծառայասէր ՀՄԸՄ-ական Համբիկ Միսաքեանի Յիշատակին

Ծառայասէր ՀՄԸՄ-ական Համբիկ Միսաքեանի Յիշատակին

Ինչ արագ կերպով սահեցան քառասուն օրերը: Մահուան ահաւորութիւնը կը զգանք ու դէմ յանդիման կու գանք այս դաժան իրականութեան հետ, երբ մեր մօտիկներէն ու հարազատներէն մէկը` յանկարծ անվերադարձ կը մեկնի` սուգի մատնելով իր շրջապատը: Այսպէս ցնցիչ եղաւ նաեւ Համբիկ Միսաքեանի մահուան բօթը: Անոր անհաւատալի մեկնումով կորսնցուցինք ազնիւ հայորդի մը, ընտանիքի բարի հայր մը եւ յոգնութիւն չճանչցող միութենական մը: Համբիկ Միսաքեան` իբրեւ...

Յակոբ Հերկելեանի Քառասունքին Առիթով.  Դաշնակցական Մարդը

Յակոբ Հերկելեանի Քառասունքին Առիթով. Դաշնակցական Մարդը

ՎԱՂԻՆԱԿ Ծ. ՎՐԴ. ՄԵԼՈՅԵԱՆ Յակոբ Հերկելեանի համար Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը սո՛ւրբ կուսակցութիւն էր, եւ սուրբ էին անոր նպատակներն ու որոշումները, ծրագիրներն ու աշխատանքները: Յակոբ, Մուշեղ Իշխանի նման, կը հաւատար, որ` «Դաշնակցութեան ակումբը օտարութեան մէջ կանգնած հայութեան տունն է»: Եւ աւելի՛ն. իր ըմբռնումով, «Դաշնակցութիւնը միայն տուն մը չէ, այլեւ` հայրենիք մը», ինչպէս պիտի ըսէր Շաւարշ Նարդունի: Եւ որովհետեւ Դաշնակցութիւնը իրեն համար...

Յունահայ Նուիրեալ Շահան Ֆարաճեան Մահացաւ

Յունահայ Նուիրեալ Շահան Ֆարաճեան Մահացաւ

22 սեպտեմբերին Յունաստանի մէջ հողին յանձնուեցաւ Շահան Ֆարաճեան, որուն յուղարկաւորութիւնը կատարուեցաւ Նէոս Քոզմոսի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ: Շահան Ֆարաճեան իր աչքերը բացաւ հայադրոշմ ընտանիքի մը մէջ, 1940-ին, Քոքինիա: Իր դաստիարակ մայրը` Ալիս Ֆարաճեան, փոքրուց Շահանին մէջ դրոշմեց սէրը դէպի մայրենին ու ազնիւ հայկականը, իսկ հայրը` հանրածանօթ լուսանկարիչ Փոլը, սէր դէպի նրբաճաշակ արուեստը: «Զաւարեան» վարժարանի շրջանաւարտ ըլլալէն ետք, ծնողներու մղումով ան...

Անյետաձգելին, Որ Կար Երէկ

Անյետաձգելին, Որ Կար Երէկ

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Արցախի վերջնական հայաթափման այս օրերուն միջազգային տարօրինակ խեղկատակութիւն մը կը բեմադրուի մեր հայրենիքին մէջ ու անոր շուրջ: - ՄԱԿ-ի դէտեր, հայերուն օգնութիւն փութացնելու տենդով, Ստեփանակերտ հասեր են եւ բարի լուրե՜ր կու տան աշխարհին: Կ՛ըսեն, որ Արցախի մէջ նկատառելի վնասներ չեն արձանագրուած, մինչեւ իսկ անասուններ մնացած են անվնաս: Անոնք հաւանաբար կոյրերու աշխարհէն եկած են, որովհետեւ գոնէ պէտք էր տեսնէին...

Հրայր Սողոմոնեան` Հայրենիքին Ու Հայութեան Նուիրեալ Հերոսը  (Մահուան Երրորդ Տարելիցին Առիթով)

Հրայր Սողոմոնեան` Հայրենիքին Ու Հայութեան Նուիրեալ Հերոսը (Մահուան Երրորդ Տարելիցին Առիթով)

ՓԱՌԷՆ Յ. ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ Կան իւրայատուկ անձնաւորութիւններ եւ հեղինակութիւն ունեցող մարդիկ, որոնք միշ՛տ ալ իրենց շրջապատին ուշադրութեան կիզակէտը կը դառնան թէ՛ իրենց  կեանքին ընթացքին եւ թէ՛ իրենց մեկնումէն ետք: Իսկ շատ անգամ անձ մը մեկնումէն ետք աւելի եւս կը յիշուի ու կը փնտռուի, մանաւանդ երբ իր կարիքը կը զգացուի, ու երբ իր ձգած բացը փակելու հնարաւորութիւններ չեն գտնուիր եւ, այսպիսով, ինք...

Page 180 of 807 1 … 179 180 181 … 807

Արխիւներ