Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աշխարհը Անտարբեր Կը Հետեւի, Թէ Ինչպէ՛ս Տեղի Կ՛ունենայ Հայոց Այլ Ցեղասպանութիւն Եւ Հայերու Բռնի Տեղահանութիւն

Հոկտեմբեր 5, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումէն 2 տարի ետք աշխարհը անտարբեր կը հետեւի, թէ ինչպէ՛ս տեղի կ՛ունենայ հայոց այլ ցեղասպանութիւն եւ հայերու բռնի տեղահանութիւն: Այս մասին նշուած է «Ճենոսայտ Ուոչ»-ի (Genocide Watch) հրապարակած յօդուածին մէջ:

Ըստ յօդուածին, Genocide Watch-ը, Լեմքինի անուան ցեղասպանութեան կանխարգիլման հիմնարկը, «Փրկել Ղարաբաղը» համախոհական խմբակցութիւնը, Միջազգային քրէական դատարանի նախկին դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամպոն, ինչպէս նաեւ հայկական տարբեր կազմակերպութիւններ 2022 թուականին արդէն իսկ նախազգուշացուցած են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցող ցեղասպանութեան մասին:

Յօդուածին հեղինակները արձանագրած են` Լեռնային Ղարաբաղի մէջ բռնի տեղահանութիւնը եւ ցեղասպանութիւնը «Տասնամեակներ շարունակուող հակամարտութեան կուլմինացիան է»: Յօդուածին մէջ նաեւ ներկայացուած են 2023 թուականի սեպտեմբեր 19-ին Ազրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի վրայ լայնածաւալ յարձակման հետեւանքները, քաղաքացիական բնակչութեան շրջանի զոհերը:

«Ազրպէյճան միտումնաւոր կերպով գնդակոծած է քաղաքները: Այս պատերազմական յանցագործութիւն է (ՄՔԴ կանոնագիրք, յօդուած 8, 2b(i))», գրուած է «Genocide Watch»-ի հրապարակած յօդուածին մէջ: Շեշտուած է, որ ազրպէյճանական յարձակման ժամանակ Սառնաղբիւրի մէջ զոհուած է 5 քաղաքացի, այդ թիւին մաս կազմած է 3 երեխայ, անհետ կորսուած է 2 երեխայ, վիրաւորուած` 2 երեխայ:

Այնուհետեւ արձանագրուած է` «Բռնի տեղահանութիւնը մարդկութեան դէմ յանցագործութիւն է (ՄՔԴ կանոնագիրք, յօդուած 7, (1d))»:

Յօդուածին մէջ նշուած է, որ ազրպէյճանական քարոզչութիւնը «Ապամարդկայնացնում է հայերին», Ազրպէյճանը ջնջած է Հայաստանի հնագոյն պատմութիւնը, համակարգուած կերպով կ՛ոչնչացնէ հայկական քրիստոնէական եկեղեցիները եւ սրբավայրերը:

Ըստ հրապարակման, հակառակ Ազրպէյճանի նախագահի յայտարարութեան, որ իբր թէ հայերուն իրաւունքները Ազրպէյճանի մէջ կը պահպանուին, սակայն իրականութեան մէջ ազրպէյճանցի զինուորականները ընկերային ցանցերու վրայ կը տարածեն իրենց կողմէ հայերը սպաննելու տեսանիւթերը, հետեւաբար հայերը չեն կրնար ապահով ըլլալ Ազրպէյճանի մէջ:

«Ազրպէյճանական ուժերը կը կալանաւորեն տարհանուողները եւ արդէն ձերբակալած են Արցախի նախկին ղեկավարներէն Ռուբէն Վարդանեանը», նշուած է յօդուածին մէջ:

Յօդուածագիրները նաեւ շեշտած են, որ Եւրոպան, ինչպէս 1915 թուականին Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ, չկրցաւ գործել` վերջ դնելու հայերուն ցեղասպանութեան:

«Հայաստանին հարկաւոր են երաշխիքներ` Միացեալ Նահանգներու, Եւրոպայի եւ Ռուսիոյ կողմէ, որպէսզի անոնք անվտանգ մնան ազրպէյճանական հետագայ հակամարտութենէն», եզրափակած են «Genocide Watch»-ի յօդուածագիրները:

Նախորդը

Շուշիի Ղազանչեցոց Տաճարում Պսակադրուած Վերջին Զոյգը Հայաստանում Է

Յաջորդը

Հրայր Սողոմոնեան` Հայրենիքին Ու Հայութեան Նուիրեալ Հերոսը (Մահուան Երրորդ Տարելիցին Առիթով)

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Յանձնառու ՀՕՄ-ականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Յանձնառու ՀՕՄ-ականը

Հոկտեմբեր 27, 2025
Ցեղասպանութիւն Եւ Ողջակիզում
Անդրադարձ

Ցեղասպանութիւն Եւ Ողջակիզում

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հոսանքի Մէջ. Նպաստառուները Յայտարարուած Են Ստեղծագործութիւնը Լիբանանահայ Համայնքի Կիզակէտին
Անդրադարձ

Հոսանքի Մէջ. Նպաստառուները Յայտարարուած Են Ստեղծագործութիւնը Լիբանանահայ Համայնքի Կիզակէտին

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?