Անդրադարձ

Մտորում` Դիպուածէն, Տեղեկութենէն  Եւ Յուզումէն Տարբեր Ալիքներու Վրայ.  Այս Է Մեր Ճակատագիրը: Դիմանալ Է Պէտք: Յետո՞յ…

Մորմոքը Խօսքի Եւ Գիրքերու Մէջ Չէ, Այլ` Մեր Ապրած Ներկայի

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Մեր պատմութիւնը կրկին ահեղ-աւերող հեղեղ է, որ գալիք սերունդները պիտի ոգեկոչեն, ինչպէս մենք այդ ըրած ենք եւ կ՛ընենք` յիշելով 1915, Ախթամար, Վան, Մուշ, Սասուն, Ատանա, Սիս, Կարս, Գետաշէն... Ցաւի եւ կորուստի բանաստեղծական փառաբանանք եւ աղմուկ: Անոնք վերականգնումի գերանձնական միահամուռ յանձնառութիւն չեն: Գալիք սերունդները հինը պիտի մոռնան, նոր անուններով  նոր խոցի յիշատակներ պիտի երգեն: Նոր անունները` Շուշի, Բերձոր, Հատրութ,...

Ընկերային Արդարութեան Հրամայականը

Քաղաքական Կամքի Բախտորոշ Վայրկեանը

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ Արցախը չկայ: Ան խլուած է ոչ միայն մեր հայրենիքի հողային ամբողջականութենէն, այլեւ (այլ մանաւա՛նդ) մեր էութենէն: Այսօր խոցուած ենք ազգովին եւ կ՛ապրինք ջարդուած խղճմտանքով: Եւ հետեւաբար այսօր է ժամը հարց տալու, թէ գործօններէն ո՞րն է այն վճռորոշ գործօնը, որ ներկայ կացութեան մէջ կրնայ կասեցնել եւ ետ շրջել մեր կեանքի գահավէժը եւ մեզ վերստին դնել  (թէկուզ այս ուշ ժամուն)...

cropped-hairenikweekly-logo

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Տարբեր Հարթակ, Տարբեր Ուղղութիւն

Հոկտեմբեր 15-ին Ազրպէյճանի բռնապետ Իլհամ Ալիեւ այցելեց Ստեփանակերտ եւ արցախեան այլ բռնագրաւեալ շրջաններ, ուր հերթաբար կատարեց ազրպէյճանական դրօշակի եւ զինանշանի ծածանում-տեղադրում: Անշուշտ ոտնակոխելով Արցախի դրօշը` ան շարունակեց իր յարձակողական եւ պատերազմական մթնոլորտ ստեղծող` սպառնալի յորդորները: Ստեփանակերտէն հեռու, շատ տարբեր հարթակի վրայ, Եւրոպական խորհրդարանի մայրաքաղաք Սթրազպուրկի մէջ, բեմ բարձրացաւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը եւ կարդաց իր ճառը: Մէկը բեմ բարձրացաւ զինուորական զգեստով...

Խմբագրական «Հորիզոն»-ի. Հայոց Արեւելից Կողմանց Ամրոցի Խորտակումէն Ետք` Զգաստանալու Պահը

Խմբագրական «Հորիզոն»-ի. Հայոց Արեւելից Կողմանց Ամրոցի Խորտակումէն Ետք` Զգաստանալու Պահը

«Զօրք եւ ազգ, զօրք եւ պետութիւն, զօրք ու հայրենիք` պէտք է կազմեն մի ներդաշնակ ամբողջութիւն» ՄԻՔԱՅԷԼ ՎԱՐԱՆԴԵԱՆ 1991 թուականի սեպտեմբեր 2-ին հռչակուած Արցախի անկախութեան հռչակումէն 32 տարի ետք, այսօր խորտակուած է Հայոց արեւելից կողմանց դարպասապահ ամրոցը` Արցախը: Հայոց ցեղասպանութենէն 108 տարի ետք, ականատեսներն ենք արցախահայութեան ցեղասպանական բռնագաղթին: Արցախը դարերու ընթացքին անվկանդ դիմակայած է արաբական, մոնկոլական, սելճուքեան, պարսկական, թրքական թշնամական յարձակումները,...

Սիրուն Սիսեռեան-Հաճէթեանի Գիրքերու Ներկայացում Թորոնթոյի Մէջ

Սիրուն Սիսեռեան-Հաճէթեանի Գիրքերու Ներկայացում Թորոնթոյի Մէջ

ԱՐՇՕ ԶԱՔԱՐԵԱՆ Թորոնթօ կը գտնուէր «Ազդակ» օրաթերթի վերստուգող սրբագրիչ Սիրուն Սիսեռեան-Հաճէթեան, որ հեղինակն է «Կեանքի պատուհանէն» եւ «Սոֆիա» գիրքերուն: Մեր տրամադրութեան տակ ունինք նաեւ իր հօր` Միսաք Սիսեռեանի քերթուածներու գիրքը` «Անաւարտ պահեր» խորագիրով: Դժուար էր ամրան արձակուրդներուն եւ կարճ ժամանակի մը մէջ պատրաստել հեղինակ Սիրուն-Սիսեռեան Հաճէթեանի գործերուն ներկայացումը: Իսկապէս մենք` Համազգայինի «Գլաձոր» մասնաճիւղի «Յ. Մանուկեան» գրադարանի, գրատարածի եւ գրասէրներու յանձնախումբերու...

Առաքինի Մայրը (Մայրերու Օրուան Առիթով)

Հայ Մամուլին Դերն Ու Առաքելութիւնը (Հայ Մշակոյթի Ամսուան Առիթով)

ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ Իբրեւ ընկերային էակ, մարդ արարածը իր անհատական թէ հաւաքական կեանքին մէջ, իր ֆիզիքական սնունդէն զատ, կարիքը ունի նաեւ բանաւոր սնունդի` տեղեկութեան, իր ներկային կամ ապագային հետ աղերս ունեցող անցուդարձերուն հաղորդակից դառնալու անհրաժեշտութեան: Այս կարիքին գոհացում տուող ամէնէն կարեւոր գործօններէն մէկն է մամուլը: Ճիշդ է, որ ներկայիս տեղեկատուութեան ազդեցիկ միջոցներ կան, ինչպէս օրինակ` ձայնասփիւռը, հեռատեսիլը, համակարգիչը...

Վարչապետ Փաշինեան Իրաւունք Չունի Արգիլելու Որեւէ Հայու Մուտքը Հայաստան

Արցախի Կորուստէն Ետք Փաշինեան Պէտք Է Չեղեալ Յայտարարէ 2020-ի Համաձայնագիրը

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ 10 նոյեմբեր 2020-ին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին համաձայնագիր ստորագրեցին արցախեան պատերազմի զինադադարի վերաբերեալ: Զինադադարը սովորաբար կը նշանակէ, որ պատերազմող կողմերը կը դադրեցնեն մարտերը` կանգ առնելով իրենց զբաղեցուցած դիրքերուն վրայ: Տարօրինակ է, բայց 2020-ի զինադադարի համաձայնագիրի պարագային, Հայաստան Ազրպէյճանին յանձնեց մեծ հողատարածքներ, ուր ոչ մէկ ազրպէյճանցի...

Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Բժիշկ Գէորգ Կէրկէրեան

Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Բժիշկ Գէորգ Կէրկէրեան

Համադրեց` ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ Բժիշկ Գէորգ Կէրկէրեան Բժիշկ Գէորգ Կէրկէրեան ծնած է Կիւրին, 1907-ի մայիսին: Անոր ծնողները եղած են Յարութիւն Ն. Կէրկէրեան եւ Թերեզ Թերճանեան, որոնց ընտանիքները մեծ եւ լաւ անուն ունեցած են Կիւրինի ազգային, ընկերային եւ առեւտրական կեանքին մէջ: Գէորգ իր ծնողներուն 14 զաւակներէն միակ վերապրողը եղած է: Իբրեւ որբ, վայելած է հօրեղբօրորդի Նազարէթ Ս. Կէրկէրեանի հայրական գուրգուրանքն ու...

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Հրայր Մարուխեան» Կոմիտէին.  Հրայր Մարուխեանի Յիշատակը Արժանավայել Կերպով Ոգեկոչուեցաւ

Յակոբ Բագրատունի. «Ընկեր Հրայր Մարուխեան Այսօր Մեզի Ունի Մէկ Եւ Միակ Պատգամ` Համահայկական Բոլոր Ազգային Ուժերու Դիմադրութիւն»

Ստորեւ կու տանք ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի պատգամը` ուղղուած ՀՅԴ «Հրայր Մարուխեան» կոմիտէին կազմակերպած` ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին երկարամեայ ներկայացուցիչ Հրայր Մարուխեանի ծննդեան 95-ամեակին եւ մահուան 25-ամեակին նուիրուած ոգեկոչման ձեռնարկին ընթացքին: Հետեւողական քաղաքականութեամբ եւ բծախնդիր ջանքերով Արցախը թշնամիին յանձնելու շինծու տրամաբանութեամբ Արցախը Հայաստան չէ վարքագիծի ստեղծած ողբերգութենէն ետք, ընդհանուր հիասթափութեան մէջ է համայն հայութիւնը: Ու եթէ կան...

Սթափելու Ժամանակը

Նոր «Թարգմանիչներու» Սպասումով

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Հայոց պատմութիւնը կը վկայէ, որ ամէն անգամ, որ քաղաքական ու ապահովական ձախողութիւն արձանագրած ենք, երբ պարտուած ենք ու անօգնական դարձած, ինքնութեան պահպանման կռուան դարձուցած ենք լեզուն ու մշակոյթը: Հայ գիրերու գիւտը կատարուեցաւ Հայաստանի առաջին բաժանումին յաջորդած երկրորդ տասնամեակին: Հայաստան բաժնուեցաւ Սասանեան Պարսկաստանի եւ Բիւզանդական կայսրութեան միջեւ 387 թուականին: Բիւզանդական բաժինը վերածուեցաւ յունական նահանգի մը, մինչ պարսկական բաժինին մէջ...

Անդրադարձ.  Քիչ Մը Գիտութիւն՝ «Անհրաժեշտ Բայց Ոչ Բաւարար»-ի եւ «Ներազդող»-ի Մասին, Որ Հաւանաբար Կը Լուսաբանէ Հայաստանի Ներկայ Իրավիճակը

Անդրադարձ. 1918-ին Ստեղծուած Ազրպէյճանը Հազարաւոր Տարիներու Հայկական Հողերը Իրը Կը Նկատէ, Այնպէս` Ինչպէս 1948-ին Ստեղծուած Իսրայէլը Հազարաւոր Տարիներու Պաղեստինը Իրը Կը Նկատէ – Պաղեստինցիներուն Արդար ու Նախանձելի Պոռթկումը. Իսրայէլ` Հայաստանի Արցախի ու Լիբանանի Չարիքներուն Ստոյգ Մեղսակիցը

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Իսրայէլի կատարեալ ամբարտաւան վարչապետ Նեթանիահուն եւ Իսրայէլը ուղղակի՛ մեղադրող` ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի ամպիոնէն ցոյց տուած իր քարտէսները: Ստորեւ կը ներկայացնեմ այս նիւթով եղբօրս հետ զրոյցին եզրակացութիւնը: 1.- Սկսինք Լիբանանի վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի դաժան սպանութեան դէպքէն: Իսրայէլի կողմէ հրահրուած եւ մասնակցած, Լիբանանի 15 տարի տեւած քաղաքացիական պատերազմէն ետք, վարչապետ Հարիրի 1992-ին մեծ ծրագիրներով ստանձնեց երկրին վարչապետի պաշտօնը: Հարիրին Լիբանանը...

Խմբագրական «Ալիք»-ի.  Ոչնչացուող Ժառանգութիւն. Արցախ (Մշակոյթի Օրուան Առիթով)

Խմբագրական «Ալիք»-ի. Ոչնչացուող Ժառանգութիւն. Արցախ (Մշակոյթի Օրուան Առիթով)

Որեւէ ժողովրդի կամ ազգային խմբի մշակոյթը ոչնչացնելու նպատակով իրականացուած գործողութիւնները ազգային-մշակութային ցեղասպանութիւն են կոչում: Ըստ ցեղասպանութեան եզրոյթի հեղինակ Ռաֆայէլ Լեմքինի, ցեղասպանութիւնը ոչ միայն ազգային կամ կրօնական խմբի վերացումն է ֆիզիքական բնաջնջմամբ, այլեւ` նրա ազգային-հոգեւոր մշակոյթի ոչնչացումը: Ըստ ցեղասպանագէտների, մշակութային ցեղասպանութիւնը հետապնդում է հիմնականում երկու նպատակ, առաջին` այն վերապրողների հոգու սպանութեան, նրանց հոգեբանական բռնութեան ենթարկելու փորձ է, երկրորդ` այն հետապնդում է...

Ամէն Մի Հայ Հայաստան Է… (Խորը Մտածում Այս Օրերի Համար)

Պուշկինի Այգին Ընկերային Հաւաքատեղի (Երիտասարդ Տարիների Յուշեր)

ՀԵՆՐԻԿ ԱՆԱՍԵԱՆ Այսօր էլ կայ այդ այգին, սակայն անունը փոխել, դարձրել են «Սիրահարների այգի»: Այն իմ պատանեկութեան տարիների ընկերային, մաքուր, անբիծ փոխյարաբերութիւններ հիմնելու, արկածների, սիրահարութեան, առաջին համբոյրի լուռ վկան է: Երբեմնի սաղարթախիտ ծառերով հարուստ այգում քիչ ծառեր են մնացել: Բարեկարգման նպատակով բազմաթիւ ծառեր են արմատախիլ արուել: Տարիներ առաջ, անցեալ դարի 50-ականներին այնքան խիտ էր այգին, որ դժուար էր այգուց Բաղրամեան...

Արցախի Հարցով Պայտընի Անգործութիւնը Կը Հիասթափեցնէ Ամերիկահայերը

Արցախի Հարցով Պայտընի Անգործութիւնը Կը Հիասթափեցնէ Ամերիկահայերը

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ Արդարացի բազմաթիւ բողոքներ կան Արցախի կորուստի հարցով Ռուսիոյ խայտառակ դերակատարութեան եւ Հայաստանի սահմանները պաշտպանելու վերաբերեալ ցուցաբերած անգործութեան մասին: Այսուամենայնիւ, շատ դժգոհութիւններ կան նաեւ միջազգային հանրութեան դէմ, այդ շարքին`  Միացեալ Նահանգներու  անտարբերութեան, կապուած Արցախի եւ Հայաստանի դէմ Ազրպէյճանի ի գործ դրած յարձակապաշտ վերաբերումին: 30 տարի շարունակ Եւրոպայի մէջ անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) Մինսքի խումբը,...

Հասնիլ Եռաբլուր Դրօշազարդ,  Պեղել Նայիլ Մեր Մէջ Ու Անդին

Հասնիլ Եռաբլուր Դրօշազարդ, Պեղել Նայիլ Մեր Մէջ Ու Անդին

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Քաղաքներ կը դրօշազարդուին յաղթանակի եւ տօնական հպարտութեան առիթներով: Օգոստոս էր: Երեւանեան արեւին տակ հանրային փոխադրութեան կառքը բարձրացանք Կոմիտաս պողոտայէն: Անցանք բազմամբոխ փողոցներէ եւ հրապարակներէ եւ վերջապէս, ժամ տեւած ճամբորդութենէ ետք, միջօրէին, հասանք  տիւ եւ գիշեր, ամառ եւ ձմեռ դրօշազարդուած Եռաբլուր: Մեր դիմաց էր կապարային լոյսի տակ հեւացող մատուռը, որուն առջեւ փռուած էին մարմարեայ անտառացած շիրիմներ, որոնց գլխավերեւը կային...

Ձօն՝ Դպրեվանքի Հիմնադրութեան 90 ամեակին.   Խորհէ Եւ Մտիր

Մտորումներ Դպրեվանքի Նոր Տարեշրջանի Շեմին

ՆԱՐԵԿ ՔՀՆՅ. ԹՐԹՌԵԱՆ Երեսուն տարի առաջ` հոկտեմբեր 1993-ին, դարձայ դպրեվանքի սան: Որոշ իմաստով դպրեվանք յաճախելու որոշումս պատահական էր: Այդ ամառ յաջողած էի Պրէօվէի պետական քննութեան, սակայն մեր դպրոցը որոշեց 10-րդ դասարան չբանալ, որովհետեւ յաջողածներուս թիւը բաւարար չէր, եւ մեզմէ շատեր պէտք եղած նիշերը չունէինք: Ծնողքս միջոց չունէր զիս ուրիշ տեղ դպրոց ուղարկելու, սակայն մէջս ուսման փափաքը չէր յագեցած: Գուրգէնին խանութը...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Նշմար. Ալիեւ Խաբեր Է Փաշինեանը, Փաշինեանն Ալ` Հայութիւնը

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Լեւոն Փաշալեանի «Հին զգեստը» պատմուածքին մէջ կայ մօտաւորապէս սա տողը. Չըսեմ ըսի, բայց չ՛ըլլար... Կրնանք ըսել, որ վարչապետ կոչեցեալ Նիկոլ Փաշինեանի իւրաքանչիւր հրապարակային «փայլատակում»-էն ետք, բանիմաց հայը այդ տողը կ՛ուզէ ձեւով մը փոխ առնել, այսինքն, պահ մը կը մտածէ, թէ արդեօք կ՛արժէ՞ գնահատականներ ընել անմտութիւնը կրկին ու կրկին ապացուցող արտայայտութիւններուն մասին, յետոյ կը հրաժարի, որովհետեւ գիտէ, որ իմաստակութեան...

Անդրադարձ.  Սփիւռքահայ Կեանքեր` Ինչպէս Որ Տեսայ  (Տոքթ. Հրայր Ճէպէճեանին Նոր Գիրքը)

Չըրչիլի Օրինակը Եւ Ընդդիմութեան Մոլորանքը

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ Ուինսթըն Չըրչիլ իր ժամանակի միջազգային պատմութիւնը իր անունով դրոշմած  էր եւ  ամբողջ աշխարհի հիացմունքին արժանացած` հռչակուելով քսաներորդ դարու մեծ յաղթականը, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի ժողովրդավարութեան փրկիչը: Համաշխարհային երկրորդ պատերազմի ամբողջ տեւողութեան անոր  ցուցաբերած վճռականութիւնն ու պատմակշիռ յաջողութիւնները բաւարար էին, որ իր անունին հետ նաեւ իր երկրին` Բրիտանիոյ հմայքը տարածուէր աշխարհով մէկ եւ ան նկատուէր քաղաքականութեան մէջ անգերազանցելի եւ իր...

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.   Այլընտրանքը Դաւաճանուած Հայաստանի Կործանումն Է

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Այլընտրանքը Դաւաճանուած Հայաստանի Կործանումն Է

2023 թ. սեպտեմբերի 19-ին, ցերեկուայ ժամը 1:00-ին, ազրպէյճանական զինուժը լայնածաւալ  յարձակում սկսեց Արցախի դէմ` կիրառելով մեծաթիւ ծանր զինատեսակներ, հրետանի եւ օդուժ: Հերթական պատերազմը Ազրպէյճանի իշխանութիւնները պաշտօնապէս ներկայացրին որպէս հակաահաբեկչական գործողութիւն: Նոյն օրուայ երեկոյեան, մօտաւորապէս նոյն ժամանակ, երբ ռազմական գործողութիւնները խիստ նուազել էին, իսկ թշնամուն չէր յաջողուել, բացի մի քանի պահակակէտերի գրաւումից, լուրջ առաջխաղացում արձանագրել, ազրպէյճանական կողմը յայտարարեց, թէ հնարաւոր է...

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի Այս Տարուան Իններոդ Թիւը

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի Այս Տարուան Իններոդ Թիւը

Լոյս տեսաւ «Դրօշակ»-ի այս տարուան սեպտեմբերի թիւը, որ կարելի է կարդալ համացանցին մէջ: Հայ ժողովուրդի եւ, մասնաւորապէս, Արցախի ու արցախահայութեան նորօրեայ մեծագոյն ողբերգութեան նիւթին նուիրուած պաշտօնաթերթի «Առաջնորդող»-ը: Անի Մելքոնեանը անդրադարձած է Արցախի նորագոյն պատմութեան` յատկապէս անկախացման գործընթացի շրջանէն մինչեւ մեր օրերը: Նշուած երկու յօդուածներուն մէջ ալ կը շեշտուի այն միտքը, որ հայ ժողովուրդի եւ հայոց պետականութեան ու հայրենիքի փրկութիւնը անմիջականօրէն...

Page 178 of 807 1 … 177 178 179 … 807

Արխիւներ