Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախի Հարցով Պայտընի Անգործութիւնը Կը Հիասթափեցնէ Ամերիկահայերը

Հոկտեմբեր 17, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ

Արդարացի բազմաթիւ բողոքներ կան Արցախի կորուստի հարցով Ռուսիոյ խայտառակ դերակատարութեան եւ Հայաստանի սահմանները պաշտպանելու վերաբերեալ ցուցաբերած անգործութեան մասին: Այսուամենայնիւ, շատ դժգոհութիւններ կան նաեւ միջազգային հանրութեան դէմ, այդ շարքին`  Միացեալ Նահանգներու  անտարբերութեան, կապուած Արցախի եւ Հայաստանի դէմ Ազրպէյճանի ի գործ դրած յարձակապաշտ վերաբերումին:

30 տարի շարունակ Եւրոպայի մէջ անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) Մինսքի խումբը, որուն կազմին մէջ են արցախեան հակամարտութեան միջնորդները` Միացեալ Նահանգներ, Ֆրանսա եւ Ռուսիա, բազմիցս յայտարարութիւններ ըրած է ուժի կիրարկման անընդունելիութեան մասին` յորդորելով, որ հակամարտութիւնը լուծուի խաղաղ բանակցութիւններու միջոցով:

Սակայն, ի հեճուկս նման բարի մտադրութիւններու, երբ Ազրպէյճան երեք տասնամեակ շարունակ սահմանի վրայ յաճախակի ռմբակոծումներով կը յարձակէր Արցախի եւ Հայաստանի վրայ, ԵԱՀԿ Մինսքի խումբը պարզապէս անիմաստ յայտարարութիւններ կ՛ընէր` կոչ ուղղելով երկու կողմերուն` չդիմել բռնութեան: ԵԱՀԿ, սակայն, ինքնիրեն երբեք  նեղութիւն չէ տուած  մատնացոյց ընելու համար մեղաւոր կողմը` Ազրպէյճանը, այսպիսով իսկ յանցագործը հաւասարեցնելով զոհին:

Նման անարդար յայտարարութիւններ խրախուսեցին Ազրպէյճանը` լկտիաբար շարունակելու իր յարձակումները, որոնց գագաթնակէտը 2020-ին Արցախի դէմ սանձազերծուած զանգուածային պատերազմն էր, որուն յաջորդեցին ներխուժումները դէպի Հայաստանի տարածք: Անցեալ ամիս Ազրպէյճան խախտեց 2020-ին ստորագրած համաձայնագիրը, որ թոյլ կու տար ռուս խաղաղապահներուն պաշտպանել Արցախի մէջ մնացած բնակչութիւնը մինչեւ 2025: Իլհամ Ալիեւ քաջ գիտակցելով, որ ոչ մէկ օտար երկիր կը միջամտէ իր յարձակումները կասեցնելու համար, իրականացուց Արցախի 120 հազար բնակիչներու ցեղային զտում եւ զանոնք վռնտեց իրենց պատմական հայրենիքէն:

14 սեպտեմբեր 2023-ին Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի օգնականի պաշտօնակատար Եուրի Քիմ Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին առջեւ հաւաստիացուց. «Մենք չենք հանդուրժեր որեւէ ռազմական գործողութիւն: Մենք չենք հանդուրժեր որեւէ յարձակում Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին դէմ»: Քանի մը օր անց Ազրպէյճան յարձակեցաւ եւ բռնագրաւեց Արցախը` համոզուած ըլլալով, որ Ամերիկայի կառավարութիւնը «պըլըֆ» կ՛ընէ:

Բնականաբար ոչ ոք կը սպասէր, որ Միացեալ Նահանգներ կամ որեւէ մեծ տէրութիւն զօրք ուղարկէր Արցախն ու Հայաստանը պաշտպանելու համար, բայց պարզապէս Ազրպէյճանին կոչ ընել` չփակել Լաչինի միջանցքը կամ զերծ մնալ ուժի կիրարկումէն, անիմաստ էր: Միջազգային հանրութիւնը նոյնիսկ պատժամիջոցներ չկիրարկեց Ազրպէյճանի դէմ, քանի որ անոր կազն ու նաւթը աւելի արժէքաւոր էին, քան` հայերու արիւնը:

Իրավիճակը աւելի վատթարացնելով 2020-ի պատերազմէն  ի վեր Արցախի եւ Հայաստանի վրայ Ազրպէյճանի բազմաթիւ յարձակումները անտեսելէն ետք, ԱՄՆ Միջազգային զարգացման գործակալութեան տնօրէն Սամանթա Փաուըր վերջապէս անցեալ շաբաթ ժամանեց Հայաստան` հետը բերելով նախագահ Ճօ Պայտընի նամակը, որ շատ գեղեցիկ խօսքեր կը պարունակէր հայ ժողովուրդի հասցէին, բայց դարձեալ` ո՛չ մէկ գործողութիւն:

Առաւել ցնցող է, որ Փաուըր առաջարկեց ողորմելի 11,5 միլիոն տոլարի չափով մարդասիրական օգնութիւն` 120 հազար ընչազուրկ արցախցի գաղթականներուն: Այդ գրեթէ 96 տոլար է իւրաքանչիւր գաղթականի համար, որ զրկուած է` կացարանէ, սնունդէ, դեղորայքէ եւ առաջին անհրաժեշտութեան այլ պարագաներէ: Ասիկա խայտառակ գումար է ԱՄՆ ՄԶԳ-ի տարեկան 50 միլիառ տոլար պիւտճէին համեմատ: Անոր այցը  շատ  ուշացած էր եւ մեծապէս անօգուտ:

Քանի մը այլ երկիրներ եւ միջազգային գործակալութիւններ նոյնպէս խոստացած են օգնութիւն ցուցաբերել արցախահայութեան. Ֆրանսա (7,4 միլիոն տոլար), Գերմանիա (5,3 միլիոն տոլար), Եւրոպական միութիւն (5,3 միլիոն տոլար), Շուէտ (1,3 միլիոն տոլար), Քանատա (1,85 միլիոն տոլար), Դանիա (140 000 տոլար), ՄԱԿ-ի գաղթականներու գործակալութիւն` ՄԱԿ ՓԳՀ (գումարը նշուած չէ), Ճափոն (գումարը նշուած չէ), Սպանիա (գումարը նշուած չէ): Հայաստան յատկացուցած է 25 միլիոն տոլար (իւրաքանչիւր գաղթականի` մէկ անգամուան համար 250-ական տոլար), առաւել` ամսական 125 տոլար վարձակալութեան եւ ջուր-ելեկտրական ծառայութիւններու համար` 6 ամիսով: Կիպրոսի կառավարութիւնը Արցախի գաղթականները հրաւիրած է վերաբնակելու Կիպրոս: Սակայն այս տեղահանուած հայերը Հայաստանէն դուրս տանիլը լաւ գաղափար չէ:

Բացի այդ, տասնեակ հայկական կազմակերպութիւններ ամբողջ Սփիւռքի տարածքին գումարներ  կը  հաւաքեն արցախցի գաղթականներուն օգնելու համար: Հայաստանի մէջ կան նաեւ բազմաթիւ բարեգործական կազմակերպութիւններ եւ առեւտրական հաստատութիւններ, որոնք արցախահայութեան կ՛օգնեն գումարներով, անհրաժեշտ իրերով կամ ծառայութիւններով: Հայաստանի ֆինանսներու նախարարութիւնը դրամատնային հաշիւ բացած է հանրութեան կողմէ նուիրատուութիւններ ստանալու համար: Կայ նաեւ գրասենեակ, զոր ստեղծած է Հայաստանի կառավարութիւնը` առաջարկուող օգնութեան բաշխումը համակարգելու համար:

Եթէ ոեւէ մէկը կը կարծէ, որ խոստացուած օգնութիւնը մեծ գումար է, իրականութեան մէջ անիկա չնչին բան մըն է` համեմատած յառաջիկայ ամիսներու եւ տարիներու գաղթականներու հսկայական կարիքներուն: Միւս կողմէ Ուքրանիա մինչեւ հիմա 80 միլիառ տոլար ստացած է ԱՄՆ-էն` իր ռազմական, ֆինանսական եւ մարդկային կարիքներուն համար: Աւելի՛ն. 41 երկիրներ եւս տասնեակ միլիառաւոր տոլարներ ներդրած են Ուքրանիոյ մէջ:

Պայտընի վարչակազմին կողմէ յստակ գործողութիւններու բացակայութիւնը, բացի արցախցի գաղթականներուն 11,5 միլիոն տոլարի խոստումէն, խիստ հիասթափեցուցած է բազմաթիւ ամերիկահայեր: Զարմանալի է, որ նախագահ Պայտըն, ըլլալով փորձառու քաղաքական գործիչ եւ յաջորդ տարի վերընտրուելու թեկնածու, որ ԱՄՆ-ի պատմութեան մէջ գործող նախագահի համար ունի ամէնէն ցած վարկանիշներէն մէկը, յաւելեալ ջանք չգործադրեց ամերիկահայ ընտրողները գրաւելու համար: Նոյնիսկ եթէ նախագահ Պայտընի չեն հետաքրքրեր Հայաստանն ու Արցախը, ան գոնէ պէտք էր մտածէր իր սեփական շահին մասին, որ վերընտրուելու համար ձայներ հաւաքելն է:

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Նախորդը

Հասնիլ Եռաբլուր Դրօշազարդ, Պեղել Նայիլ Մեր Մէջ Ու Անդին

Յաջորդը

Միսաք Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Ժըպրան Խալիլ Ժըպրանի «Մարգարէն» Գիրքին Հարիւրամեակը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?