Անդրադարձ

Տեսակէտ.  Մէկ Ազգ, Քանի Մը Ժողովուրդ

Անտեսուած Ղեկավարներ (Բ.) Փառանձեմ Սիւնին Եւ Զոհողութեան Իտէալը

ՀԱՅԿ ՊԱԹԹԱԼԵԱՆ Յաջող ղեկավարի յատկութիւններէն մէկն է նուիրումը, որ նախ եւ առաջ կը պահանջէ զոհողութիւն անձնական վայելքէ, հանգստութենէ, սեփական շահէ եւ գերազանց պարագաներուն` նոյնիսկ կեանքէ: Այս մօտեցումով, ղեկավարը ամենայն հաւատարմութեամբ ու գիտակցութեամբ իր ուսերուն վրայ կը կրէ ծանր պատասխանատութիւն, ազգի ու հայրենիքի անշահախնդիր ծառայութիւն` գործնապէս միացնելով իշխողի ու իշխուողի շահերը եւ բաժնեկցելով նոյն բախտն ու ճակատագիրը` լաւ թէ վատ: Մեր...

Հայրենի Կեանք

Մեզ Միաւորեց Ռուբէն Սեւակը (Յովհաննէս Չիլինկիրեանին)

ԱԼԵՔՍԱՆԴՐ ԹՈՓՉԵԱՆ 1983 թ. հոկտեմբերին էր, ես Ժընեւում էի` տեղի համալսարանի հայագիտական ամպիոնի հրաւէրով: Ժամանելուս երրորդ թէ չորրորդ օրն էր, զանգեց Վահէ Կոտելի հայրը` նշանաւոր արեւելագէտ լեզուաբան, հայագիտական ամպիոնի հիմնադիր-վարիչ Ռոպեր Կոտելը եւ ասաց, որ ինձ հետ հանդիպելու ցանկութիւն է յայտնել Ռուբէն Սեւակի զարմիկը` Յովհաննէս Չիլինկիրեանը: Զարմանալի զուգադիպութիւն... Արդէն երկու տարի փաստօրէն մենք փնտռում էինք իրար, եւ իմ մտքով չէր...

«Յաւերժ Մեր Սրտերուն Մէջ. Արինին Նուիրական Յիշատակը»

«Յաւերժ Մեր Սրտերուն Մէջ. Արինին Նուիրական Յիշատակը»

ՇԱՂԻԿ ՀԱՊՈՅԵԱՆ Մեր կեանքին մէջ կան յիշողութիւններու թելեր` քանի մը հատը վառ ու գունաւոր, միւսները` նուրբ ու քնքուշ: Այդպիսի թելերէն մէկը, որ յաւերժ փորագրուած պիտի մնայ մեր սրտերուն մէջ, յիշատակն է Արինին` պայծառ աստղի մը, որ ժամանակին զարդարած էր մեր աշխարհը: Վարակիչ ոգիով եւ կեանքի հանդէպ անսանձ սիրով լեցուն 8-ամեայ Արինը անջնջելի դրոշմ ձգեց բոլոր անոնց վրայ, որոնք պատիւ ունեցան...

Ասիկա Մահագրութիւն Չէ… Այլ Սրտի Խօ՜սք

Ասիկա Մահագրութիւն Չէ… Այլ Սրտի Խօ՜սք

ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ       Արդէն երկու շաբաթէ ի վեր, Արցախի  անկումին սահմռկեցուցիչ իրողութեան կողքին, Իսրայէլ- Համաս, հրեայ-պաղեստինեան ահարկու կոտորածներու ծաւալումը, այս բոլորին վրայ ալ ամէնէն մօտիկ գրչեղբօրս եւ, ինչու չէ, կրտսեր եղբօրս` Երուանդին երկրորդ կաթուածին գոյժը պիտի զգետնէր զիս: Կ՛երեւակայէի անոր զգայազիրկ մարմինը հիւանդանոցի մը սառն մթնոլորտին մէջ. անգիտակ երկարած է, զաւակներուն ու իր սիրելիներուն գորովալից, ջերմ ու գուրգուրոտ հոգածութեան տակ կը...

Սփիւռքացմանաղէտը  Հայ Ազգի Քաղաքական  Օրակարգ Չէ, Ոչ Ոք Կը Պայքարի Անոր Դէմ

Սփիւռքացմանաղէտը Հայ Ազգի Քաղաքական Օրակարգ Չէ, Ոչ Ոք Կը Պայքարի Անոր Դէմ

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Ցեղասպանութեան եւ հայրենահանման յաջորդած գաղթականութիւնը մշեցիներու, սասունցիներու, վանեցիներու, կիլիկեցիներու եւ հայրենի այլ վայրերէ տեղահանուածներու նոր հասցէներով բազմութիւն էր, գաղթակայաններու բնակիչիներ, որոնք անմիջական վերադարձի սպասումով կ’ապրէին: Ստեղծուած էր ընդհանուր բնութագրումով` Գաղթականութիւն (ռmigration, որ բռնագաղթի հետեւանք էր: Մարդիկ չունէին հասցէ, հայրենիքի եւ պետութեան, քաղաքական հասարակաց ճանչցուած ինքնութիւն, արմատախլուած էին, իրենցմէ խլուած էր բնակավայրի անունով ճանաչում եւ ինքնութիւն ընդունած էին, իրենց...

Ընկերային Արդարութեան Հրամայականը

«3+3» Ձեւաչափը Հարցականի Տակ

ԿԱՐՕ ԱՐՄԷՆԵԱՆ Կրկին սեղանի վրայ է «3+3» բանակցային ձեւաչափը, որ ընդհանրապէս կը յայտնուի  տարածաշրջանի դիւանագիտական խօսոյթին մէջ, երբ խօսակցութիւնները կը սկսին բախիլ անելի: Ակնկալութիւնը այն է, որ Հայաստան-Ազրպէյճան-Վրաստան առաւել Ռուսիա-Թուրքիա-Իրան զոյգ եռեակները այժմ միասնաբար վճռեն ճակատագիրը Հարաւային Կովկասի հաւասարակշռութեան` ծնունդ տալով տարածաշրջանային նոր ճարտարապետութեան մը: Բազմակողմանի գործընթաց մը, որ նախ պէտք է յաղթահարէ երկկողմանի յարաբերութիւններու բարդ հիւսքին մէջ բռնուած փոխադարձ...

Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրող Բժիշկ Յակոբ Ճեսուրեան

Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրող Բժիշկ Յակոբ Ճեսուրեան

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ Բժիշկ Յակոբ Ճեսուրեան Բժիշկ Յակոբ Ճեսուրեան մոնրէալաբնակ Արտեմիս եւ Վանին Ճեսուրեաններուն մեծ հօր եղբայրն էր:  Ծնած է Կեսարիա, 1884-ին: Անոր ծնողքը եղած են բարեկեցիկ եւ հանրածանօթ: Ունեցած է իրմէ մեծ եղբայր մը` Սեպուհ, եւ կրտսեր քոյր մը, որ մահացած է 1886-ին, 5-6 ամսու հասակին: Յակոբ կորսնցուցած է հայրն ու մայրը եւ մնացած է որբ:  Հակառակ որբանալուն, կրցած...

«Քեռի Թադօ» (Փեթարացի Թադօ). Յեղափոխութեան Հաւատարիմն Ու Անձնուրաց Մարտիկը

Երգի Մը Պատմութիւնը. Խանի Երգը Պանծացումն Է Մեր Ժողովուրդի Ազատատենչ Ու Հերոսական Մաքառումին

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ Հայոց պատմութեան ընթացքին, յատկապէս 18-րդ եւ 19-րդ դարերուն, կը հանդիպինք Խան մակդիրով շատ մը ֆետայիներու, որոնցմէ է նաեւ Բարսեղ Թիրեաքեան կամ Խան-Պետրոսը: Բարսեղ Թիրեաքեան` հայ ազգային-ազատագրական շարժման գործիչ, ֆետայի: Ծնած է 1863-ին, Թուրքիոյ Կեսարիոյ թրքախօս շրջանի Տերեվանք կամ Տիրէվանք գիւղը: Փոքր տարիքէն ըմբոստ Բարսեղը յաճախ կռուի կը բռնուէր հայերը անարգող կամ հարստահարող թուրքերուն հետ: Ի վերջոյ, ստիպուած կ՛ըլլայ...

Գոյներու Գուսանը

Գոյներու Գուսանը

Ամառը անցաւ, մտանք աշուն, ապրելու Նշան Տէր Գալուստեանի գեղանկարներէն մէկուն մէջ` հարուստ աշնան գոյներով: Կան անոնք, որոնք կ’երթան, կը մոռնան, ուրիշներ, որոնք ժամանակ չունին մտածելու անցեալին ու արմատներուն մասին, անոնք` օրուան հազարումէկ հոգերով տարուած, կ’ապրին իրենց ներկան սփիւռքի զանազան անկիւնները: Եւ ահաւասիկ կայ Նշան Տէր Գալուստեան գեղանկարիչը, որ կը տասնեակ տարիներ ետք կը վերադառնայ գեղանկարչական գործերու ցուցահանդէսով մը, իր պաստառներու...

Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին

Ինչո՞ւ Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Այդքան Ուշադիր Է Իսրայէլի, Բայց Ո՛չ Հայաստանի Նկատմամբ

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ Այս օրերուն հայութեան շրջանակի մէջ ամէնէն տարածուած հարցումը այն է, թէ ինչո՞ւ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը այդքան վճռական եւ արագ աջակցեցաւ Իսրայէլի, բայց` ո՛չ Հայաստանին ու Արցախին: Հարցումը աւելի արդիական դարձաւ, երբ անցեալ շաբաթ Politico յայտնեց, որ արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն նախազգուշացուցած է` «Ազրպէյճան յառաջիկայ շաբաթներուն կրնայ ներխուժել Հայաստան»: 3 հոկտեմբերին քոնկրեսականներ Նենսի Փելոսիի,...

Քաղաքը, Որը Չկայ  (Պատմուածք Նրանց Համար, Որոնք Դեռ Կարող Են Կարդալ… Մեր Օրերի Մասին)

Քաղաքը, Որը Չկայ (Պատմուածք Նրանց Համար, Որոնք Դեռ Կարող Են Կարդալ… Մեր Օրերի Մասին)

ՀԵՐՄԻՆԷ Նրան միշտ թւում էր, թէ բակի ամենասիրունը Անուշիկն է, որովհետեւ բոլորը ուզում էին հետը խաղալ, բայց սիրուն լինելուց բացի` նա նաեւ սիրուն ցատկապարան ունէր, օղակ, գնդակ, սիրուն տիկնիկներ, սիրուն զգեստներ ու մի մեծ դեղին ժապաւէն, որով գանգուր մազերը փնջում էր գլխին: Ժապաւէնը արեւի պէս փայլում էր: - Անուշի՛կ, կը տա՞ս խաղամ քո ցատկապարանով: Մի քիչ մտածում է, յետոյ թէ....

Մահացաւ Դեղագործ  Գէորգ Գէորգեանը 1945-2023

Մահացաւ Դեղագործ Գէորգ Գէորգեանը 1945-2023

11 հոկտեմբեր 2023-ին մահացաւ Գէորգ Գէորգեանը, որ որդին էր բնակ երուսաղէմացի Յակոբ Գէորգեանի եւ Արցախեան արմատներով Վարդուհի Թոմայեան-Գէորգեանի: Ծնած էր 1945 նոյեմբերին, Հայֆա, Պաղեստին: 1948-ին ծնողաց հետ Պէյրութ ապաստանած էին: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ եւ քաղաքի Ս. Նշան ազգային վարժարաններուն մէջ: 1955-ին ընդունուած է ՀԲԸՄ-ի Յովակիմեան-Մանուկեան մանչերու երկրորդական վարժարանը: Դպրոցին մէջ եղած է գործօն աշակերտ: Վարած է...

Երկիր.  Աղաւնոյին Եւ Բերձորին

Դիմատետրային Առօրեայ

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ Կար ժամանակ, երբ հաճոյքով կը բանայի հաղորդակցութեան այս բեմը նոր սակայն հիմա ... Դիմատետրի շատ անծանօթ «ընկեր» մը կայ, որ ամէն օր բարի լոյս մը կամ Քրիստոսի մէկ ծաղկաւոր խօսքը կը ղրկէ: Ուրիշ մը, որ Պատգամաբերիս վրայ կը գրէ, որ կը յիշէ զիս Լիբանանէն, թէ ծովափին ֆրանսերէն վէպ կը կարդայի եւ մարոնի աղջիկները կու գային հետս շատախօսելու (անգլերէն`...

Մանկութիւն Չունեցող Մանուկներ

«Դրախտին Անունը Արցախ Է»

ԼՈՌԻ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ Իւրաքանչիւր հողակոյտ սուրբ Եռաբլուրին կը գրկէր վիրաւոր մարմինը` քաջազուն զինուորի: Մարմին, որ դարձաւ վահան, երբ չտեսաւ այլ պաշտպան իր հայրենիքին: Մարմին` խիզախ հայ հերոսի, որ գունատ, ցաւոտ ու տկարացած վիճակով` Սիրտն ու հոգին սնուցանեց ընտանիքին կարօտով: Թաղուած բանակին արտացոլած կիրքը պաղ հողը կը տաքցնէր այդ խճողուած բարձունքին: Իւրաքանչիւրը ուխտած էր հաւատարիմ մնալ իր նպատակին ու ընկերոջը կեանքին: Բանակը...

Սթափելու Ժամանակը

Ապահովութիւնն Ու Արդարութիւնը Երկուորեակներ Են

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Իսրայէլ կը շարունակէ ռմբակոծել Կազան, պատժելով Համաս կազմակերպութիւնը: Իրողապէս պատժուողները Կազայի աւելի քան երկու միլիոն բնակիչներն են, որոնք Համասի կատարած յանդուգն գործողութեան գինը կը վճարեն: Ռուսիա, զբաղած ուքրանական պատերազմով, գրեթէ լուռ է, արաբները մատնուած են անկարողութեան, իսկ Արեւմուտքը կը յայտարարէ, որ Իսրայէլ իրաւունք ունի ինքնապաշտպանութեան դիմելու: Իսրայէլ ոչ միայն սպառնալիքով կը խօսի իր դրացի երկիրներուն հետ, այլեւ կը...

Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը

Երեւանեան Օրագրութիւն

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Շատերու նման, ես ալ այս տարի Երեւան եկայ,  սակայն այս անգամ` երկար, շաբաթներու համրանքով: Պտոյտ, այցելութիւններ, բարեկամ, հին ու նոր ընկեր, ծանօթ, աշակերտ: Հարց չէ: Ու ամէն անգամուան նման, եւ աւելին, կարօտիս կողքին, ունէի սքանչացում մը, որ անպարտելի վկան էր հիացմունքիս: Այսպէս, ամէն օր եւ ամէն առիթով կը ժպտէի` Արարատին, արեւուն, ժամանակին, կեանքին, երիտասարդներուն: Երջանիկ էի: Ամէն օր,...

Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ

Ամէն Բան Վերջացած Չէ՛, Արցախի Ազատ, Անկախ Հանրապետութիւնը Առ Այժմ Չկայ, Սակայն Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզը Իրողապէս Գոյութիւն Ունի, Այնպէս, Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութիւնը: Կը Մնայ Արցախի Կարգավիճակին Հարցը Ինքնորոշման Իրաւունքի Հիման Վրայ

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Խորհրդային Միութեան առաջին տարիներուն Ստալինին գործած բազում ոճիրներէն էր` Լեռնային Ղարաբաղը 7 յուլիս 1923-ին եւ Նախիջեւանը 9 փետրուար 1924-ին իբրեւ ինքնավար մարզ եւ հանրապետութիւն յանձնելը 1918-ին ստեղծուած Ազրպէյճանի վարչական հոգատարութեան: Ո՛չ տարածքային ամբողջականութեան, Ո՛չ ալ Ազրպէյճանին մասն են անոնք: Խորհրդային Միութեան փլուզումին յաջորդ օրը եւ ցարդ Նախիջեւանը կը մնայ նոյն կարգավիճակին մէջ: Բայց Արցախը` ոչ: Ինչո՞ւ: Քանի որ,...

Սլաք.  Մերժե՛լ Օտարին Աղէտաբեր Ստեպղինները

Սլաք. Մերժե՛լ Օտարին Աղէտաբեր Ստեպղինները

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Մարդս պէտք է զարմանալու անսահման կարողութեամբ օժտուած ըլլայ` իմաստ գտնելու համար Հայաստանի այսօրուան իշխանապետին ու կողքին քալողներուն (նա՛եւ սփիւռքի մէջ) խօսքերուն եւ գործերուն մէջ: Անսպառ զարմանքէն բնականաբար բաժին կ՛ելլէ` անոնց խօսքերուն եւ գործերուն շռայլուած մեկնաբանութիւններուն, որոնք ճիգ կ՛ընեն կրկին ու կրկին զանգուածին աչքերն ու միտքերը բանալու, ցոյց տալու, թէ Հայաստանը վերջին տարիներուն կը վազէ դէպի իրողական անէացում, թէ՛...

Ազրպէյճանական հակահայ արշաւը թրքական ժխտողականութեան ենթահողին վրայ. Լատինական Ամերիկայի պարագան

Համաս-Իսրայէլ Երրորդ Պատերազմը Եւ Անոր «Դասեր»-ուն Զգուշաւոր Մօտենալու Անհրաժեշտութիւնը

ԽԱՉԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Պաղեստինեան Համաս կազմակերպութեան «Աքսայի ջրհեղեղ» ռազմա-ահաբեկչական գործողութեան շոքէն յետոյ, ուշադրութեան կեդրոնին է Իսրայէլի պատասխանը: Այսինքն` տարածաշրջանէն իր ուժերու ետ քաշումէն տասնութ տարի յետոյ երրորդ ներխուժումը, որ արդէն բնութագրուած է իբրեւ «պատերազմ»: Յիշեցման կարգով` առաջինը, «հալած կապար» գործողութիւն, տեղի ունեցաւ 2009-ին եւ տեւեց 15 օր, երկրորդը, «Պաշտպանիչ եզր» գործողութիւն, 2014-ին եւ տեւեց 19 օր: Իսրայէլեան հակադարձութիւնը բուռն ռմբակոծումներու...

«Նոազ Արք» Ցուցասրահի Հիմնադրութեան Քսանամեակի Առիթով.  «Արուեստը Կեանքի Հրաւէր Է», «Ազդակ»-ին Ըսաւ, Արուեստաբան Դոկտ. Մովսէս Հերկելեան

Այվազովսկին` Լոյսի Երգիչը (ԻԴ.) Ծովը, Քրտուհին Եւ Ես

ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ Օտեսայէն Պոլիս նաւուն վրայ, 1977, յունիս Երբ արդէն Սեւ ծովու բացերն էինք, սկսայ անհամբեր դառնալ, որովհետեւ յոյս ունէի, որ պիտի կարողանամ վերապրիլ այն «պահերը», որոնցմով կլանուած կը թուէի ըլլալ նախնադարեան բնոյթի երազներուս ընթացքին, ուր կը լողայի, կը թռչէի ու  նոյնիսկ կը սաւառնէի անծայրածիր ջուրերուն վրայ, ուր հակառակ անոր որ երբեմն կը հանդիպէի նաեւ ալեկոծ փոթորիկներու, սակայն կ՛արթննայի փրկուած,...

Page 177 of 807 1 … 176 177 178 … 807

Արխիւներ