Երեսուն տարի առաջ` հոկտեմբեր 1993-ին, դարձայ դպրեվանքի սան: Որոշ իմաստով դպրեվանք յաճախելու որոշումս պատահական էր: Այդ ամառ յաջողած էի Պրէօվէի պետական քննութեան, սակայն մեր դպրոցը որոշեց 10-րդ դասարան չբանալ, որովհետեւ յաջողածներուս թիւը բաւարար չէր, եւ մեզմէ շատեր պէտք եղած նիշերը չունէինք: Ծնողքս միջոց չունէր զիս ուրիշ տեղ դպրոց ուղարկելու, սակայն մէջս ուսման փափաքը չէր յագեցած: Գուրգէնին խանութը աշխատած ատեն, այդ ամառ Պետիկը կ՛աշխատէր Արապեաններուն խանութը` գերեզմանատան ճիշդ քովը: Պետիկը դպրեվանքի աշակերտ էր եւ ինծի այնքան խօսած էր դպրեվանքին մասին, որ որոշ խանդավառութիւն մը ստեղծած էր: Տէր Արամը` մեր գիւղին հովիւն ալ միշտ սիրալիր եղած էր բոլորիս հետ, այնքան մը, որ ներշնչած էր զիս, որ ես ալ օր մը եկեղեցական կրնամ ըլլալ: Հետեւաբար, այդ շաբաթավերջին, երբ Արտաւազդ սրբազանը Քեսապ եկաւ իր ընտանիքին այցելելու, ես ծնողքիս ըսի, որ երթանք եւ հետը խօսինք, որպէսզի դիմեմ դպրեվանքի սան դառնալու: Սրբազանը խօսած էր հայր Արշաւիրին հետ, երբ ես դպրեվանք հասայ երեքշաբթի, 19 հոկտեմբերի գիշերը: Դպրեվանեցիները երեկոյեան ժամերգութենէն դուրս կու գային: Բոլորը սեւ հագած էին: Ծնողքիս հետ տեսուչին հանդիպումէն ետք ինծի ըսուեցաւ, որ սեղանատուն երթամ ընթրիքի: Հաւով ապուրը շատ անհամ էր: Բայց քանի որ պնակիս մէջ լեցուցի` պէտք էր վերջացնէի: Այդ օրուընէ ի վեր հաւով ապուր չեմ կերած:
Դպրեվանքեան իմ կրթութիւնս սկսաւ Բ. Ժառանգաւորացին եւ շրջանաւարտ եղայ Դ. Ընծայարանէն 2000 թուականին: Դպրեվանք չմտած 7-9-րդ դասարանները յաճախած էի պետական դպրոց (Ուսումնասիրաց վարժարանէն այդ օրերուն շրջանաւարտ կ՛ըլլային 6-րդ դասարանին): Այդ միջոցին հայերէն դասաւանդութեան չէի հետեւած: Երբ դպրեվանք մտայ, հայերէնի որոշ դժուարութիւն ունէի կը մտածէի, որ եթէ քիչ մը ջանք թափեմ, հայերէնս կրնամ բարելաւել: Զարմանալիօրէն, քիչ մը ջանք թափելով տեսայ, թէ որքա՛ն սկսայ սիրել հայոց լեզուն: Այդ տարիներուն սկսան բանաստեղծութեան եւ արձակի առաջին փորձերը: Ունեցանք ուսուցիչներ, ինչպէս Գէորգ Գանտահարեանը, Գրիգոր Շահինեանը, Անդրանիկ Զէյթունեանը եւ Աբրահամ Ալիքեանը, որոնք մեր մէջ այդ սէրը արթնցուցին: Աշխարհական ուսուցիչներուն կողքին եկեղեցական մեր ուսուցիչները նոյնքան մեծ ազդեցութիւն ունեցան վրաս: Զարեհ եպս. Ազնաւորեանի սուրբգրային նիւթերու հմտութիւնը եւ սէրը, Արտաւազդ արք. Թրթռեանին լայն ծանօթութիւնը փիլիսոփայական մտածողութեան, հոգեբանութեան, տրամաբանութեան, արժէքաբանութեան, բնազանցութեան եւ եկեղեցւոյ պատմութեան, Շահան ծ. վրդ. Սարգիսեանի խանդավառութիւնը հայրաբանութեան, ինչպէս նաեւ սուրբգրային լեզուներու` յունարէնի եւ եփրայերէնի նկատմամբ, առջեւս բացին նոր հորիզոններ: Դպրեվանքի ուսումէն ետք Միացեալ Նահանգներուն մէջ Օշական արք. Չոլոյեանի քաջալերանքով, դիւրութեամբ յաջողեցայ ուսումս շարունակել եւ ստանալ երկու մագիստրոսի վկայականներ, մէկը` հովուական աստուածաբանութեան, իսկ միւսը` հոգեբանութեան, եւ անցնող գրեթէ քսան տարիներուն համեստաբար կը ծառայեմ Նիւ Եորքի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ իբրեւ հոգեւոր հովիւ, իսկ ազատ ժամերս կ՛անցընեմ հոգեբանական քլինիքիս մէջ` աշխատելով ոչ հայ զոյգերու եւ հոգեբանական խնդիրներ ունեցող անհատներու հետ: Այս բոլորը կը պարտիմ դպրեվանքին, ուր «կրօնի հուրն ու ազգի սէր»-ը ՄԱՐԴ կը կերտեն:
Դպրեվանքի աշակերտութեանս օրերէն մինչեւ այսօր յաճախ լսած եմ մեր եկեղեցւոյ բարեկարգման կարիքին մասին: Ոմանց համար այդ գործընթացը ծէսի բարեկարգութեան մէջ կը կայանայ, ուրիշներ կ՛ըսեն, թէ լեզուն պէտք է այժմէականացնենք, իսկ այս օրերուն շատեր կը մտածեն, թէ Քովիտի համաճարակէն ետք ինչպէ՛ս բնականոն վիճակի պէտք է վերադարձնել եկեղեցիները: Այս բոլորը եւ հաւանաբար շատ մը այլ մտահոգութիւններ պէտք է ըլլան օրակարգին վրայ, երբ մեր եկեղեցւոյ պետերը եւ բարձրաստիճան հոգեւորականներ որոշեն ձեռնարկել եկեղեցւոյ բարեկարգութեան աշխատանքներուն: Մինչ այդ, կարեւոր է բնորոշել, թէ ի՛նչ է եկեղեցւոյ առաքելութիւնը այսօր: Անարդարութեամբ լեցուն աշխարհին մէջ, եկեղեցւոյ առաքելութիւնն է ճանչնալ եւ քարոզել զԱստուած` իբրեւ ողորմած Հայր եւ նախախնամ մարդասէր: Այս ըմբռնումը չափազանց կարեւոր է մանաւանդ մեզի` հայ ժողովուրդին համար, որ ճաշակած է անարդարութեան դառնագոյնը: Ցեղասպանութեան եւ բռնագաղթերու ընդմէջէն, միշտ շրջապատուած արտաքին եւ ներքին թշնամիներով: Ցաւը, տառապանքը եւ անարդարութիւնը կը տկարացնեն մարդուն հոգին, եւ այդ տկար վայրկեաններուն յաճախ մարդիկ կը հեռանան Աստուծմէ: Այսօր հայ ազգը կ՛ապրի ցաւի ու մորմոքի օրեր, որոնք կը տկարացնեն բոլորիս հոգին եւ մեզի փորձութիւններու կը մատնեն: Այս օրերուն մենք` եկեղեցականներս կանչուած ենք քարոզել զԱստուած` իբրեւ ողորմած Հայր եւ նախախնամ մարդասէր, եւ Քրիստոսի Յարութեան յոյսով ներշնչել մեր հայրենակիցները:
Երկրորդ, եկեղեցւոյ առաքելութիւնն է նոր զարթօնք ստեղծել: Մեր պատմութեան մէջ եկեղեցին եղած է ռահվիրան նոր հորիզոններ բանալու մեր հոգեւոր, ազգային եւ մշակութային ոլորտներուն մէջ: Հինգերորդ դարու Ոսկեդարը եւ Կիլիկեան շրջանի Արծաթէ դարը կերտած է եկեղեցին, եւ գործօն մասնակցութիւն բերած է 19-րդ դարու վերազարթօնքին: Այսօր եկեղեցին ընդհանրապէս բացակայ է այս ոլորտէն: Սակաւաթիւ են մեր լուրջ ակադեմական աշխատանքները, իսկ գիտական մտածողութիւնը ընդհանրապէս չկայ: Մեր առաքելութիւնը պէտք է կեդրոնանայ հոգեւոր, ազգային եւ մշակութային զարթօնք ստեղծելու աշխատանքին վրայ, որպէսզի աստուածային ուսուցումները` շաղախուած Հայաստանեայց եկեղեցւոյ հարուստ հոգեւոր կեանքով, տեղ գտնեն մեր ժողովուրդի սրտերուն եւ մտքերուն մէջ:
Երրորդ, աշխարհը մարդուն կը նայի իբրեւ թիւ, իսկ Աստուածաշունչը` իբրեւ ստեղծագործութեան կատարելագործումը: Աստուծոյ պատկերով ստեղծուածը: Եկեղեցւոյ առաքելութիւնն է պահպանել մարդկային կեանքի սրբութիւնը եւ վեր պահել մարդու արժանապատուութիւնը: Մեր աշխատանքը այս մարզին մէջ պէտք է ծաւալուն դարձնենք: Եկեղեցին պէտք է ըլլայ մարդու բարոյական կեանքի կողմնացոյցը: Երբ աշխարհը ամէն բան կ՛արտօնէ եւ կը քաջալերէ` վիժումէն սկսեալ մինչեւ դիւրամահութիւն, եկեղեցին պէտք է յստակ ուղղութիւն տայ մեր հաւատացեալներուն: Բնութեան աղէտներու եւ պատերազմներու ընթացքին եկեղեցին պէտք է ունենայ մարդասիրական առաքելութիւն, որպէսզի դառնայ յոյսի աղբիւր մութ ու անյոյս օրերու ընթացքին:
«Հունձքը առատ է, իսկ մշակները սակաւ» (Մտ 9.37)` Մատթէոս աւետարանիչ մեզի կը ներկայացնէ Քրիստոսի այս խօսքերը` ի տես ժողովուրդին, որ կը նմանէր հովիւ չունեցող հօտի: Այդ օրուան կրօնական ղեկավարները ձախողած էին իրենց առաքելութեան մէջ: Աւետարանի յաջորդ գլխուն մէջ, Քրիստոս իր 12 աշակերտները կը ղրկէ ի պատասխան անտէր մնացած հօտին (Մտ 10. 1-34): Դպրեվանքի վերամուտին ամէն տարի կ՛երգենք «Աշակերտք Քրիստոսի» շարականը: Կը հաւատամ, որ դպրեվանքը այդ ոգիով կը շարունակէ ներշնչել ժառանգաւոր եւ ընծայարանական սաները` դառնալու Քրիստոսի ընտրած նոր հովիւներ, որովհետեւ այսօր ամէն ժամանակներէ աւելի մենք կարիքը ունինք լաւ պատրաստուած եւ կազմաւորուած եկեղեցականներու: Անհրաժեշտ է հասկնալ, թէ մեր առաքելութիւնը Քրիստոսը քարոզելն է` այնպէս ինչպէս մենք ճանչցած ենք զԻնք եւ պաշտած Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ հարուստ աստուածաբանութեան եւ ծէսին ընդմէջէն: Առ այդ, մենք պէտք է ճանչնանք Աստուծոյ խօսքը եւ զայն մատակարարենք մեր ժողովուրդին` անոր ուրախութեան եւ ցաւին մէջ: Մեր աշխարհահայեացքը պէտք է ըլլայ այնքան լայն ու ընդարձակ, որպէսզի հանգիստ հաղորդակցինք ամէն խաւի պատկանող անհատներու հետ: Առիթներ ընծայենք, որ մարդիկ իրենց կասկածները եւ թերահաւատ մօտեցումները ներկայացնեն, եւ մենք անոնց ձեռք երկարենք, որպէսզի հասնին Ճշմարտութեան: Արթնցնենք մարդոց սրտերուն մէջ Աստուծոյ քաղցը, որպէսզի ֆիզիքական եւ նիւթական կեանքէն անկախ իրենք ալ փնտռեն եւ գտնեն իրենց աստուածային կոչումը եւ կեանքի իմաստը: Այսպիսի առաքելութիւն կ՛ենթադրէ խոնարհութիւն: Նմանիլ Քրիստոսի իր պարզութեամբ, բայց անսահման խորքով ու սիրով: Հեռու մնանք պոռոտախօս` «հնազանդութեան եւ տառապանքի սին քարոզներէ» եւ մեր կեանքի կոչումը չտեսնենք ընկերային ցանցերու վրայ «իմաստուն խօսքերով» մեր հմայիչ նկարները տեղադրելը:
Կ՛աղօթեմ, որ այն եկեղեցին, որ ծնունդ տուած է Մեսրոպ Մաշտոցին, Գրիգոր Նարեկացիին եւ Ներսէս Շնորհալիին, ծնունդ տայ նոր եւ նորոգուող հոգեւորականներու, որոնք մեր ազգի զաւակները կը մօտեցնեն Աստուծոյ:
Նիւ Եորք