Լոյս տեսաւ «Դրօշակ»-ի այս տարուան սեպտեմբերի թիւը, որ կարելի է կարդալ համացանցին մէջ: Հայ ժողովուրդի եւ, մասնաւորապէս, Արցախի ու արցախահայութեան նորօրեայ մեծագոյն ողբերգութեան նիւթին նուիրուած պաշտօնաթերթի «Առաջնորդող»-ը:
Անի Մելքոնեանը անդրադարձած է Արցախի նորագոյն պատմութեան` յատկապէս անկախացման գործընթացի շրջանէն մինչեւ մեր օրերը: Նշուած երկու յօդուածներուն մէջ ալ կը շեշտուի այն միտքը, որ հայ ժողովուրդի եւ հայոց պետականութեան ու հայրենիքի փրկութիւնը անմիջականօրէն պայմանաւորուած է Հայաստանի ներկայ իշխանութեան հեռացումով` Այն իշխանութեան, որ հետեւողական քայլերով կ՛իրականացնէ դուրսերը նախագծուած հայակործան ծրագիրը:
Մոսկուայի Սեւծովեան-կասպիական տարածաշրջանի հիմնարկի աւագ գիտաշխատող Սարգիս Սարգսեանի «Նոր եւ հին խաղացողները Հարաւային Կովկասում» յօդուածը անդրադարձ է աշխարհաքաղաքական այն փոփոխութիւններուն, որոնք կատարուած են մեր շրջանին մէջ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք` դերակատարներու ու ազդեցութիւններու փոփոխութիւններ մտցնելով Անդրկովկասի մէջ: Մասնաւորապէս խօսքը ռուսական մենաշնորհային ազդեցութեան թուլացման եւ, զուգահեռաբար թրքական ազդեցութեան հաստատման մասին է: Աշխարհաքաղաքական բարդ խճանկարի լուսաբանման այս փորձը հետաքրքրութիւն պիտի յառաջացնէ քաղաքական բազում հարցերու եւ հակասութիւններու մէջ խճճուած հայ ընթերցողին մօտ:
Նախկին Խորհրդային Միութեան տարածքին մէջ տեղի ունեցող աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւններուն կ՛անդրադառնայ նաեւ լրագրող եւ միջազգայնագէտ Լուսինէ Մխիթարեան, որուն յօդուածին հետեւեալ խորագիրը` «Կենտրոնական Ասիան աշխարհաքաղաքական զարգացումների տիրոյթում: Թուրքական աշխարհի միաւորման հնարաւորութիւնները», կը յուշէ, թէ ինչի՛ մասին է այս նոյնպէս հետաքրքրական վերլուծութիւնը:
«Դրօշակ»-ի այս թիւին համար յօդուածներ պատրաստած են նաեւ Երեւանի պետական համալսարանի Իրանագիտութեան ամպիոնի դասախօսներ Լիաննա Պետրոսեանն ու Նարէ Գէորգեանը: Եթէ առաջինի հետաքրքրութեան առանցքը ռուս-իրանական գործակցութեան հեռանկարներն են շրջանային նոր զարգացումներու պայմաններուն մէջ, ապա Նարէ Գէորգեանը անդրադարձած է այն ազդեցութեան, որ Իրանի վրայ կրնայ ունենալ
ՊՐԻՔՍ հեղինակաւոր եւ առաւել թափ հաւաքող միջազգային դաշինքին միանալը: ՀՅԴ պաշտօնաթերթի այս թիւին մէջ եւս զգալի տեղ յատկացուած է հայկական նիւթերուն: Օրինակ` լրագրող Արմէն Վարդանեանը կ՛անդրադառնայ մեզի համար այնպիսի կենսական խնդիրի, ինչպիսին է ջրային պաշարներու հարցը:
«Դրօշակ»-ը այս թիւին մէջ կը շարունակէ ներկայացնել նշանաւոր հայ հետախոյզ, ազգային ու կուսակցական գործիչ, ինչպէս նաեւ «Նեմեսիս» գործողութեան իրականացման գործին մէջ ուրոյն եւ շօշափելի դերակատարութիւն ունեցած Հրաչ Փափազեանի կեանքն ու գործունէութիւնը:
Մուսալեռցիի ժառանգ, գեղանկարիչ եւ քանդակագործ Յակոբ Ճանպազեանը, սեղմ նիւթի սահմաններու մէջ կրցած է ուրուագծել մուսալեռցիներու Լիբանան գաղթի պատմութիւնը եւ Այնճար գիւղի ստեղծումով փոքրիկ Հայաստանի մը վերածնունդը օտար հողի վրայ:
Շարունակելով «Ընկերական զրոյցներ»-ու շարքը` քանատահայ ճարտարապետ, գրող եւ հրապարակագիր Վրէժ-Արմէնը կը խօսի մեր օրերուն համար ոչ երկրորդական խնդիրի` ղեկավարի եւ ղեկավարութեան ստեղծման մասին: Այս ոչ երկար «զրոյց»-ը կ՛աւարտի հետեւեալ եզրայանգումով: «Այո՛, ինչպէս հողին մէջ տնկուած ծիլը ջրուելով ու խնամուելով կը վերածուի մեծ ու հովասուն ծառի, այնպէս ալ հողէ՛ն` վարէն, կը սկսի ղեկավարի պատրաստութիւնը: Երկինքէն չ՛իջներ ան»:
Ընթերցողը «Դրօշակ»-ի սեպտեմբերեան թիւին մէջ պիտի գտնէ հետաքրքրող այլ նիւթեր եւս`
«Դրօշակ»-ի այս թիւը կարելի է կարդալ այցելելով https://www.arfd.am/wp-content/uploads/2023/09/%D4%B4%D6%80%D6%85%D5%B7%D5%A1%D5%AF-%D5%A9%D5%AB%D5%BE-9-%D5%A8-2023%D5%A9..pdf