«Զօրք եւ ազգ, զօրք եւ պետութիւն, զօրք ու հայրենիք`
պէտք է կազմեն մի ներդաշնակ ամբողջութիւն»
ՄԻՔԱՅԷԼ ՎԱՐԱՆԴԵԱՆ
1991 թուականի սեպտեմբեր 2-ին հռչակուած Արցախի անկախութեան հռչակումէն 32 տարի ետք, այսօր խորտակուած է Հայոց արեւելից կողմանց դարպասապահ ամրոցը` Արցախը: Հայոց ցեղասպանութենէն 108 տարի ետք, ականատեսներն ենք արցախահայութեան ցեղասպանական բռնագաղթին: Արցախը դարերու ընթացքին անվկանդ դիմակայած է արաբական, մոնկոլական, սելճուքեան, պարսկական, թրքական թշնամական յարձակումները, եւ դարաւոր մաքառումներով, պատմական տարբեր ժամանակահատուածներու ընթացքին նուաճուած է թշնամիին կողմէ, սակայն ժողովուրդը կառչած մնացած է մայր հողին: Այսօր, պատմական իր սաղմնաւորումէն հազարամեակներ ետք, Արցախը առաջին անգամ ըլլալով հայաթափուած է:
Արեւելեան ամրոցը խորտակուած է, մեր հայրենիքը վերածուած է միջնաբերդի, որուն անվտանգութիւնը այսօրուան դրութեամբ ճգնաժամային ու խոցելի է: Հիմնովին խախտած է Հայաստանի արեւելեան սահմաններու ամրակուռ ասպարը` սահմանապահ Արցախը, այն սահմանը, որ կ՛երկարէր Վարդենիս-Արցախ սահմանախաչման կէտէն մինչեւ Արաքս, աւելի քան 300 քմ սահմանաշերտով: Արցախեան յաղթական ազատամարտին շնորհիւ հայ-ազրպէյճանական այդ սահմանագիծը կը վերաձեւաւորուէր, ու հայկական բանակի արցախեան լեռնազանգուածային պաշտպանական բնագծերուն վրայ տեղաբաշխումով, Հայաստանի արեւելեան սահմանի անվտանգութեան ռազմավարական վիթխարի ձեռքբերումը կ՛իրագործուէր: Այսօր սակայն, չկան այդ բարձունքները:
Վերադարձած ենք զերօ կէտին` 1988 թուականի փետրուարեան ժողովրդային պահանջատիրութեան ու ազատագրման շարժման փուլին, սակայն այս անգամ հայաթափուած Արցախով: Հայութեան արդար դատի պայքարը ետ մղուած է երեք տասնամեակներով, կորուստով, հայրենազրկումով, բռնագաղթով:
Արցախը պարսպապատ էր: Թէ ի՞նչ պատահեցաւ 2020 թուականի արցախեան պատերազմին, պատմութիւնը տակաւին իր դատաստանը ունի: ՔՊ-ական իշխանավարման ամբողջ ժամանակաշրջանը եղաւ աղէտաբեր կորուստներու գահավէժ գործընթաց մը: 2020 թուականի նենգադաւ պատերազմէն ետք, ՔՊ-ն եւ իր առաջնորդը ճանչցան Արցախը Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան կազմին մէջ, լքեցին արցախահայութիւնը, ուրացան Արեւմտեան Հայաստանի պահանջատիրութիւնն ու Հայ դատը` զայն հետապնդող սփիւռքի դաշնակցական յանձնախումբերը անուանելով ժամանակավրէպ:
Տարածաշրջանին մէջ ռազմաքաղաքական կանոններն ու կանխադրոյթները հիմնովին փոխուած են, եւ առ այդ` Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային անվտանգութեան աւանդական հայեցակարգը ինքնապաշտպանութեան տեսանկիւնէն` կիրառական նոր համակարգի կարիք ունի: Որեւէ պետութեան անվտանգութեան հիմնական երաշխաւորը բանակն է, իսկ բանակի ողնաշարը` ժողովուրդը: Եթէ ազգը կազմող քաղաքացիական հասարակութիւնը զուրկ է ազգային գաղափարախօսութենէ, ուրեմն տուեալ պետութեան բանակի գաղափարական հիմքերը ամրապնդուած չեն կրնար ըլլալ: Ինչպէս դաշնակցական տեսաբան, Արցախի զաւակ Միքայէլ Վարանդեան կը շեշտէ` «Զօրք եւ ազգ, զօրք եւ պետութիւն, զօրք ու հայրենիք` պէտք է կազմեն մի ներդաշնակ ամբողջութիւն», այսինքն` ազգային նոյն գաղափարախօսութեամբ տոգորուած ամրաձոյլ ու անքակտելի միասնութիւն: Հայութեան համար ազգ-բանակի գաղափարը այլընտրանք չունի:
Աշխարհաքաղաքական մեր ներկայ կացութեամբ, երկու յարձակողապաշտ թշնամի պետութիւններու սպառնացող ռազմատենչութեան ներքեւ, այսօր, աւելի քան երբեք, հայոց պետականութեան անվտանգութեան ապահովման միակ երաշխիքները` բանակի մարտունակութիւնն ու ռազմարդիւնաբերական համալիրի զարգացումն են: Հայրենիքի սահմաններու անառիկութիւնն ու անխորտակելիութիւնը պայմանաւորուած է կազմակերպ ու զօրեղ զինեալ ուժերով: 21-րդ դարուն, հակամարտ կողմերու միջեւ դասական պատերազմի էջը փակուած է, առ այդ` ռազմական գիտարուեստի զարգացման պետական նպատակային ծրագիրներու մշակման եւ գործադրման նոր արժեհամակարգի յառաջացումը էական առաջադրանք է:
Յուսաբեկումէն ետք, այժմ մաքառելու եւ պատնէշի վրայ կանգնելու պահն է: Պատերազմներէ եւ արհաւիրքներէ ետք, բազում ազգեր խորտակուած են, բայց` վերականգնած: Արցախը տակաւին կը մնայ եւ պէ՛տք է մնայ համազգային մեր քաղաքական օրակարգին վրայ` իբրեւ առաջնահերթութիւն, ու բռնագրաւուած Արցախը վերահայացնելը` իբրեւ վսեմագոյն պարտաւորութիւն: Աւելի՛ն. պատերազմի սպառնալիքի տակ գտնուող մեր պետութեան համար դիմադրական ոգին ու համազգային մեր ներուժը համախմբելու ու կենսագործելու ժամանակն է: Իսկ ամէնէն կարեւորը, ազգային այս մահաբեր թմբիրէն զգաստանալու միա՛կ դեղատոմսը` գործող ազգադաւ այսօրուան իշխանութիւններու անյապաղ հեռացումն է:
Հայրենիքի փրկութեան համար այս սերունդը պատասխանատու է, կա՛մ ազգովին կ՛որոշենք ինքնիշխան մեր պետութեան ապագան եւ կա՛մ կը կանգնեցնենք հայոց աշխարհի տապանաքարը եւ կը շրջենք մեր պատմութեան վերջին էջը:


