«Աստուածային Խաղը»
ՄԱՐՈՒՇ ԵՐԱՄԵԱՆ Տարիներ առաջ էր, որ կարդացեր էի անգլիացի վիպասան Ճոն Ֆոուլզի մէկ վէպը` «Մոգը» (The Magus) խորագրով: Վէպը վրաս ծանր տպաւորութիւն գործած էր ոչ միայն իր բարդ հանգոյցներով եւ լուծումով, այլ նաեւ` որովհետեւ կը խօսէր նոր աշխարհի մը դրուածքին մասին: Այդ օրերուն աշխարհին նոր, տարբեր ըլլալը տակաւին չէինք զգացած, ոչ ալ անոր պատկերացումը ունէինք: Երբ նոր կ՛ըսեմ, ընդհանրապէս կը...




















