Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Հաւատացեալին Վերացումը Չխանգարելու Խնդրանքով

November 10, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԱՐԳԻՍ ՀԱՐՄԱՆՏԱՐԵԱՆ

Տէ՛ր ողորմեա, Տէ՛ր ողորմեա, Տէ՛ր ողորմեա, Տէ՛ր ողորմեա:

Ամենասուրբ Երրորդութիւն տուր աշխարհիս խաղաղութիւն:

Այս նախադասութեամբ ու խնդրանքով մենք` հաւատացեալներս հաղորդակցութեան մէջ կը մտնենք Հայր Աստուծոյ, Որդի Աստուծոյ եւ Հոգին Սուրբ Աստուծոյ հետ:

… Եւ հիւանդաց բժշկութիւն, ննջեցելոց արքայութիւն:

Հոս Աստուծմէ բժշկութիւն կը խնդրենք մեր մօտիկ, ծանօթ թէ անծանօթ հիւանդներուն համար եւ մեր ննջեցեալներու հոգիներուն` Աստուծոյ արքայութեան մէջ հանգչելու:

Տէ՛ր, ողորմեա, Տէ՛ր, ողորմեա, Տէ՛ր, ողորմեա,

Յիսուս Փրկիչ` մեզ ողորմեա:

Այս նախադասութեամբ մեր ՏԷՐ Յիսուս Փրկիչէն կը խնդրենք, որ ողորմած ըլլայ մեզի համար:

Ընկալ Տէր եւ ողորմեա:

Կը խնդրենք եւ կ՛ըսենք` լսէ մեզ, Տէր, եւ ողորմած եղիր մեզի հանդէպ:

Կրնամ ըսել` ս պատարագի այս աղօթքի պահը մարդու սրտին եւ հոգիին ամէնէն հարազատ ու վերացական պահն է հաւատացեալին կողմէ, երբ կոմիտասեան անկրկնելի շարականի երգեցողութիւնը կը վերացնէ քեզ դէպի զ՛Աստուած:

Ճիշդ այդ պահուն յանկարծ տեղւոյն եկեղեցւոյ թաղականութեան անդամներէն մէկ կամ երկու հոգի կը սկսին լումայահաւաքի` գիտութեամբ կամ անգիտութեամբ ձեռքին բռնած կողովով մը խանգարելով հաւատացեալը, որ վերացած կ՛աղօթէր եւ հաղորդակցութեան մէջ էր Աստուծոյ հետ: Պահ մը կը ցրուի հաւատացեալը, հաղորդակցութիւնը ինքնաբերաբար կ՛անջատուի Աստուծոյ հետ, վերացման վիճակէն կ՛իջնէ դէպի յատակ, կը հասնի լումայի մակարդակին եւ կը լծուի աշխատանքի, որ իր սրտաբուխ հատուցումը կատարէ:

Սիրելի թաղականութիւննե՛ր, խնդրեմ` ձեւ մը գտէք, եւ վստահ եմ, որ կը գտնեք, ս. պատարագի ընթացքին ուրիշ պահ մը ընտրելու այս լումայահաւաքը կատարելու եւ ոչ «Տէ՛ր,  ողորմեա»-ի պահուն:

Խօսքս թաղականութեան անդամներուն չէ, այլ` մեր բոլոր հոգեւոր պատասխանատուներուն:

Բոլորի՛ն վարձքը կատար:

 

 

 

Նախորդը

Նախագահներ Եւ Իրենց Կրկնօրինակները

Յաջորդը

Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Բժիշկ Խաչիկ Պօղոսեան

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի
Անդրադարձ

Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի

January 31, 2026
1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը
Անդրադարձ

1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.