Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երեւանեան Շաբաթներէս…

Նոյեմբեր 13, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

– Այսօր, երեկոյեան «Պարոնեան» թատրոն պիտի երթանք… պարզ յիշեցում…

Յանկարծ կը յիշեմ: Դարերու պատմութիւն  ունի հայկական թատրոնը: Տակաւին երկու հազարէն աւելի տարիներ առաջ Մեծն Տիգրանը եւ Արտաւազդ թագաւորը հասկցած էին, որ թատրոնի ճամբով կարելի էր նաեւ ժողովուրդ դաստիարակել: Ուստի հաստատօրէն կրնանք ըսել, որ հայկական թատրոնը կը դասուի աշխարհի ամէնէն հին թատրոններու շարքին:

Ու անձնապէս կը հաւատամ, որ թերեւս թատրոնը նպատակ պէտք է ունենայ, հարց մը պարզէ, լուծում մը գտնէ, կեանքի պատկեր մը դրսեւորէ եւ կամ ալ պատգամ մը յղէ, այլապէս ան կը դառնայ սոսկ զուարճանքի տեղ եւ արուեստի ոլորտէն կը փոխադրուի ժամանցի կեդրոնի:

Մէկ խօսքով, թատրոն կ՛երթանք մարդուն պատմութեան կամ կեանքին մէկ տխուր կամ ուրախ բաժնին բեմականացման ներկայ գտնուելու` ըլլայ ան չափազանցուած կամ սովորական:

Եւ որպէսզի այս բոլոր հրամցուածները դառնան իրական եւ հասկնալի, նախապայման է, որ թատերագիր, բեմադրիչ եւ դերասան զիրար ամբողջացնեն` իբրեւ յօրինում, շունչ , լեզու եւ առոգանութիւն, խօսք եւ շարժում:

– Երկու օր ետքն ալ` «Քամերային»… չմոռնաս…

Անկեղծօրէն թատրոնին հանդէպ սէր ունեցած եմ փոքր տարիքէս եւ արդէն դպրոցին մէջ կը զգայի, որ ատիկա ձեւով մըն ալ իմ կոչումս կրնար ըլլալ: Դպրոցին մէջ կամ մեր հին քաղաքի հին ակումբէն ներս կը զգայի, որ ատիկա տեսակ մըն ալ իմ նախընտրութիւններուս առաջնահերթ բաժինն ալ էր: Յաճախ անով կը զբաղէի:

Անձնապէս միշտ ուրախութեամբ ներկայ ուզած եմ գտնուիլ եւ մօտէն հետեւիլ իւրաքանչիւր թատերական գործի, որովհետեւ անկեղծօրէն թատրոնի սիրահարներէն եմ: Ու ինչ մեղքս պահեմ, թատրոնի հետ իւրաքանչիւր  հանդիպումս ինծի համար տօն է եղած:

– Հինգշաբթի օրն ալ «Ղափլանեան»… յիշէ՛…

Թատրոնի տիեզերքը բեմն ալ է: Կը հաւատամ, որ վերջին հաշուով թատրոնին նպատակը եղած է ներկայացնել եւ համարձակ ցոյց տալ ժամանակակից մարդուն հոգեկան աշխարհը, անոր կեանքը յուզող հակասութիւնները` բախումներով միատեղ: Հոն կան նաեւ հայրենիքի, հողի, կարօտի, սիրոյ, ատելութեան, նախանձի, սուտի, ճշմարտութեան, չարի եւ բարիի բախումներուն պատկերներ, ոճիրի եւ համամարդկային նուիրուածութեամբ զգացումներ:

Ինծի համար թատրոնը է՛ եւ կը մնայ իբրեւ արուեստի այն բացառիկ տեսակը, որ միշտ կ՛ապրի ժողովուրդին հետ, անոր ցաւերով ու երազանքներով:

Ես կը կարծեմ, թէ անիկա մարդկութեան ամէնէն մեծ, ամէնէն հանճարեղ գիւտն է, իր մէջ կը ներառէ բոլոր արուեստները եւ կարճ ժամանակի ընթացքին կը կարողանայ շատ բան տալ բեմէն: Այն ամէնը, զոր մենք տարիներով պիտի սորվինք կեանքի կամ դպրոցի մէջ, թատրոնը վայրկեաններու ընթացքին բեմին վրայ ստեղծուած իրավիճակի միջոցով կրնայ հանդիսատեսին փոխանցել, եւ նոյնիսկ` փոխել հանդիսատեսին հոգեվիճակը:

– Գալ շաբաթ ալ Վարդան Պետրոսեանի մենաթատրոնին հրաւիրուած ենք…

Կը կարծեմ, թէ մենաթատրոնը առանց կախարդանքի հեքիաթ ալ է, ուր հերոսը ինքն իր եւ կամ ալ մարդկութեան դէմ է, որ կը պայքարի կամ կը կռուի:

Ու բաւական է ունենալ միջավայրի ճիշդ զգացողութիւն, նիւթի դիպուկ ընտրութիւն, բեմադրական ժամանակակից կողմնորոշում, ըսելիքի թարմութիւն, դերասանական վառ կատարումներ, արդէն հանդիսատեսը կամաց-կամաց պաշտելու աստիճան կը կապուի անոր:

Որովհետեւ, վերջին հաշուով, հոն հանդիսատեսը կ՛առնչուի բեմէն իրեն հրամցուցած ուրախ կամ տխուր կեանքի բազմաշերտ իրականութիւններուն:

***

Գաղտնիք մը չէ, երբ բացայայտեմ, որ իբրեւ թատերասէր, պատանեկան տարիներէս մինչեւ այսօր, թատրոնի սրտին շատ մօտիկ ապրող հայ անհատ մը եղած եմ: Ու ամէն անգամ երբ հայրենիք այցելեմ, ինքնածին նախ կը փնտռեմ այդ օրերուն հանրութեան հրամցուելիք թատերախաղերը:

Ինծի համար մեծ հաճոյք է ականատես ըլլալ, տեսնել, լսել հայ թէ օտար թատերագիրներու ստեղծագործութիւնները հայրենի բեմերուն վրայ բեմականացուած պատմութեան պատգամին, մարդոց տարբեր խաւերու կենցաղին, բարքերուն, մշակոյթին, հասարակական եւ ընտանեկան կեանքին, փառասիրութեան, հայրենասիրութեան, առաքինութեան եւ մեր ազգային ու ընկերային զանազան նկարագիրներու կողքին:

Եւ երբ տեսած եմ հայ թատրոնի սիրոյն մատուցուած անսակարկ խոնջէնքը, բոլորին նման, ոչ միայն ուրախացած եմ, այլ նաեւ հպարտացած` հոգեկան գոհունակութեանս իբրեւ հարազատ արդիւնք: Եւ թատրոնը միայն այն ժամանակ կը դառնայ կենսական անհրաժեշտութիւն, երբ կը դառնայ հանդիսատեսի աշխարհին արդարամիտ արձագանգողը: Եթէ կ՛ուզէք, սորվողին համար անշուշտ, նոյնիսկ «ուսուցման» յատուկ կեդրոն մը:

Եւ ի տես հայրենիքէն ներս շնչող եւ ապրող թատերական խճողուած կեանքին, իւրայատուկ աշխարհ-մթնոլորտին, խաղացանկերուն, արհեստավարժ բեմադրիչներու եւ դերասան-դերասաններու խաղարկութիւններուն` մէջս տեսակ մը բարի նախանձ մը կ՛արթննայ: Նման պատկեր-կեանք սփիւռքներու տարածքին գրեթէ հազուադէպ է, կամ նոյնիսկ չկայ: Ճիշդ է, որ պետութիւնը իր «առիւծի» բաժինը ունի հայրենի թատրոնի կեանքի յարտեւութեան, սակայն արտերկրի մէջ այս խանդավառութիւնը կարծես չկայ: Հոն տարբեր «հոգերով» կ՛ապրի հայ կեանքը:

Սփիւռքեան իւրաքանչիւր գաղութ իր «պատերէն» ներս թատերական ասպարէզին մէջ անկասկած ունեցած է եւ կամ ունի վաստակ ունեցող շնորհալի դերասաններ, բեմադրիչներ եւ թատրոնը սիրող երիտասարդներ, որոնք իրենց նոր շունչով եւ իրենց ստեղծագործ մտքով եւ գաղափարներով, իրենց անսակարկ զոհաբերութեամբ ու զոհողութիւններով կրնան նորութիւններով յագեցած թատրերգութիւններով աշխուժացնել թատերական կեանքը, ինքնագիր կամ թարգմանական, բայց բաւարար չէ:

Հայրենիքէն ներս տեսանելի է, թէ ինչպէ՛ս հրամցուած թարգմանական գործերով աշխարհի օտար հերոսները նաեւ դարձուցած ենք մեր հերոսները: Կարծես մեր արդի գրականութիւնը թատրերգութիւններով այնքան ալ հարուստ չէ: Այլ խօսքով, մենք թատերական գրուածքներով գրեթէ չքաւոր ենք: Ուստի, հոս եւ հոն, լուրջ ուշադրութիւն է պէտք: Որովհետեւ թատրոնը է՛ եւ կը մնայ իբրեւ բացառիկ տեսակը արուեստին, որ միշտ կ՛ապրի ժողովուրդին հետ, անոր ցաւերով ու երազանքներով: Եւ թատրոնը միայն այն ժամանակ կը դառնայ կենսական անհրաժեշտութիւն, երբ կը դառնայ հանդիսատեսի աշխարհին արդարամիտ արձագանգողն ու հայելին… եթէ կ՛ուզէք:

Արդ, շատ անհրաժեշտ է յատկապէս սփիւռքի տարածքին զարկ տալ հայ թատերական մեր գրականութեան ճոխացման, օգտուիլ հայրենիքի «շունչ»-էն , մթնոլորտէն: Ահա՛ սփիւռքահայ թատրոնի վերընձիւղման դեղատոմսը:

Որովհետեւ եւ անկեղծօրէն թատրոնը իր առաքելութեամբ նկատած եմ նաեւ մշակոյթի պահպանման եւ տարածման լաւագոյն միջոցներէն մէկը:

Երեւան – 10/2023

bedig43@aol.com

Նախորդը

Երեւանի Պարագիշերները

Յաջորդը

Բարութիւնը Պատահականութիւն Չէ՛

RelatedPosts

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Դպրոցական Օրերէն Լաւ Յիշատակ Մը
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն «Թռչէի Մտքով Տուն»

Մայիս 10, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Գիտակից Մայրը (Մայրերու Օրուան Առթիւ)

Մայիս 10, 2025
Բնակա՞նը,  Թէ՞  Բնութիւնը
Անդրադարձ

Հերոսածին Մայրեր

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?