Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը

Նոյեմբեր 14, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒԱՆ Ա. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Մարալ եապանճօ հարս էր: Նախապէս մանրամասնութեամբ գրած եմ, թէ ի՛նչ կը նշանակէ «եապանճօ» հարս արտայայտութիւնը: Միայն յիշեցումի կարգով ըսեմ, որ եապանճօ հարս կը նշանակէ այլ բնակավայրերէ Քեսապ հարս եկած, ոչ քեսապցի հարս:

Մարալ քանի՜ քանի անգամներ տան մէջ այս յուշը պատմած է իր ընտանիքին: Քեսապի դպրոցի հանրակառքին վերաբերող այս նիւթը, խոր ու անջնջելի հետք թողած էր անոր սրտին ու մտքին մէջ: Ինք գիտէր, որ դպրոցական հանրակառքը աշակերտները իրենց տուներուն առջեւէն կը վերցնէր, սակայն Քեսապի մէջ կացութիւնը բոլորովին տարբեր էր:

Մարալին անդրանիկ զաւակը գարնան 15 օրուան համար, որպէս այցելու աշակերտ, յաճախեց դպրոց, որպէսզի յաջորդ աշնան երեք տարի բոլորած` դպրոցական կանոնաւոր աշակերտ դառնայ:

Գարնան տաքուկ օր մը Մարալը, ուրիշ օր մը Անիին հայրը, անոր փոքրիկ-կակուղ թաթիկէն բռնած` կը հասցնէին հանրակառքի կանգառը, որ իրենց տունէն մօտաւորապէս երկու թաղ հեռաւորութեան վրայ էր: Թաղի բոլոր երեխաները հոն կը հաւաքուէին:

Առաջին զաւկին դպրոց յաճախելը ու դպրոցին հանդէպ անոր ցուցաբերած սէրն ու առանց լալու հանրակառք բարձրանալը մեծ ուրախութիւն էին ծնողներուն, որոնք հետաքրքրութեամբ, ուրախութեամբ ու ակնթարթի արագութեամբ աւարտեցին այդ 15 օրերը, բայց, ի՛նչ հոգ, շուտով պիտի անցնէր ամառը, ու նոր դպրոցական տարեշրջանին երեխան կանոնաւոր աշակերտ պիտի դառնար:

Քեսապի սիրուն ու բարիքներով հարուստ աշունը շուտով ժամանեց: Անին դպրոցական վերամուտէն շաբաթներ առաջ իր դպրոցական համազգեստն ու պայուսակը պատրաստած էր,  հոգեպէս ուրախ ու խանդավառ տրամադրութեամբ կը սպասէր դպրոցի վերամուտին:

Աշնան տաքուկ օրերուն յաջորդեցին ցուրտն ու անձրեւոտ օրեր: Անին այդ փոքր տարիքին, տունէն մինչեւ հանրակառքի կանգառը հասնելու համար, հովանոցով այդ երկար զառիվայրն ու զառիվեր ճամբայով անցնելով` երբեմն քիչ մը կը թրջուէր, երբեմն անհնար կ՛ըլլար ճիշդ ժամանակին կանգառ հասնիլը:

Մարալ ի զուր փորձեց հեռաձայնով կապ պահել տնօրէնութեան հետ` այդ հարցը ներկայացնելու համար, իրենց կրած դժուարութիւնն ու փոքրիկին ցաւը տեղ հասցնելու, բացատրելով, թէ ինչպէ՛ս փոքրիկը առաւօտեան ցուրտին մինչեւ կանգառ հասնելու համար յաճախ կը հիւանդանար, բայց… ապարդիւն: Ինք խօսեցաւ, ինք լսեց: Տնօրէնութիւնը անդրդուելի մնաց: Անոր հանրակառքը, ըստ կարելիութեան, քիչ մը աւելի իրենց բնակարանին մօտ կանգնել տալու առաջարկը ապարդիւն մնաց:

Քանի մը շաբաթ ետք Մարալ ծնողական ժողովի հրաւէր ստացաւ դպրոցի տնօրէնութեան կողմէ: Ի՜նչ լաւ առիթ էր իր հարցը հոն ներկայացնելու: Ան ուրիշ տրտունջ կամ դժգոհութիւն չունէր:

Ծնողական ժողովին օրը ուսուցչական կազմը, տնօրէնը, հոգաբարձութիւնն ու ծնողները հաւաքուած էին: Տնօրէնը բարի գալուստի խօսք արտասանելէ ետք ներկայացուց դպրոցին կողմէ պէտք եղած թելադրութիւնները, ապա առիթ տուաւ ծնողներուն, որ ներկայացնեն իրենց հարցերը: Քանի մը մայրեր իրենց մտահոգութիւնները ներկայացնելէ ետք, Մարալ քաջութիւնը հաւաքեց ու ներկայացուց իր հարցը: Տնօրէնը եւ հոգաբարձութեան քանի մը անդամներ փորձեցին հարցը հեթեթութեամբ դիտել ու մեղմացնել, սակայն երբ Մարալ փորձեց իր զաւկին առողջութեան մասին խօսիլ.

– Ճանը՛մ, հիմա պզտիկդ այդ քանի մը քայլը չի՞ կրնար քալել,- վրդոված պատասխան տուաւ ուսուցչուհիներէն մէկը,- մենք ժամանակին ինչպէ՞ս առանց օթոքարի կու գայինք դպրոց, ոչ թէ Քեսապէն, այլ` Քեսապի գիւղերէն (շրջաններէն):

Ուսուցչուհին այս խօսքը հազիւ արտասանած` խանդավառութիւն մը ստեղծուեցաւ ներկաներուն մէջ: Ամէն մէկը յուշ մը մտաբերելով, պատմեց այդ հաճելի օրերուն մասին` երբեմն բարձր ձայնով, երբեմն կողմնակի խօսակցութիւններով.

– Ա՜յ, պայծառ օրերուն, երբ գիւղերէն քալելով կու գային, յատկապէս` Գարատուրանի ծովու թաղէն, աւելի կանուխ ճամբայ ելած կ՛ըլլային, հետզհետէ ճամբու վրայ անոնց կը միանային դպրոց յաճախող երեխաները: Տարիքով մեծ աշակերտները հոգատարութեամբ անոնց մատղաշ ձեռքերէն բռնած` առաջ կը քալեցնէին: Տարիքով մեծ տղաքը ճամբու վրայ պտուղներով հարուստ աշնան ծառերու պտուղները առանձին չէին ուտեր, անոնք իրենց ընկերակցողներուն ալ բաժին կը հանէին: Խնդալով-խօսելով, զառիվայրին վազելով, իսկ զառիվերին տքալով ու հեւալով` ուրախ դպրոց կը հասնէին:

– Իսկ ձմրան անձրեւոտ օրերուն խըմ-խըրըշ (թափ-թաց) դպրոց կը հասնէինք, մեր հագուստներէն ջուր կը հոսէր, բայց երբ դպրոց հասնէինք, դպրոցի փայտէ վառարանը շուտով կը չորցնէր մեր թրջուած զգեստները` ի հաշիւ առաջին երկու դասապահերէն մեր բացակայութեան:

– Բայց իմ հայրն ու մեծ հայրը, երբ հորիզոնին կը նայէին, այս օրերու օդերեւոյթներէն աւելի լաւ կը հասկնային եւ գիտէին, թէ անձրեւ պիտի տեղայ, եւ այդ օր քիչ մը աւելի կանուխ տունէն դուրս կու գայինք, որպէսզի անձրեւի չբռնուէինք:

– Երբեմն հեռու գիւղերէն` Տիւզաղաճէն կամ Գարատուրանէն ընտանիքներ ձմեռը տուն կը վարձէին Քեսապի մէջ ու Քեսապ «կը կոչէին» (փոխադրուէին), իսկ ամառը իրենց տուները կը վերադառնային:

– Իսկ շատեր դպրոցէն մինչեւ տուն վերադառնային, «դէդրօծ» (յոգնած), յաջորդ օրուան դասերն ալ սորվելու ի վիճակի չէին ըլլար:

– Անշուշտ այդ օրերուն Քեսապի ճամբաները այդքան ալ լաւ չէին, այս օրերուն նման: Շատ անգամներ կտրուկ ու կարճ

ճամբաներէ դպրոց կը հասնէինք: Արահետներէ, որոնք միայն քեսապցին գիտէր: Անշուշտ քալելու վարժ էր մեր սերունդը:

– Դեռ մեր թաղի տղաքը, երբ առաւօտեան դպրոց կ՛երթային, ճամբու վրայ թռչուն որսալու համար «տըպըխ» (թռչուն որսալու համար կպչուն յատուկ նիւթ) կը տեղաւորէին դափնիի եւ բեւեկի ծառերու ճիւղերուն վրայ: Իսկ դպրոցէն վերադարձին անոնց շալկած գիրքերուն ու տետրակներուն կը միանար իրենց որսացած թռչուններուն խուրձը:

Տնօրէնը դժուարութեամբ ծնողական ժողովը կրկին իր հունին բերաւ, ներկաները դեռ ըսելիք եւ պատմելիք ինչե՜ր ինչե՛ր ունէին, բայց դպրոցական առօրեայ հարցերու մասին ալ պէտք էր արտայայտուիլ:

Ծնողական ժողովը հասած էր իր աւարտին: Ներկաները մինչեւ դպրոցի շրջափակէն դուրս ելլելնին դեռ կարօտով եւ ուրախութեամբ կը պատմէին ու կը խօսէին իրենց քաղցր անցեալի դպրոցական յուշերուն մասին:

Իսկ Մարալ բոլորին պատմածները ուշի ուշով կը լսէր: Անոր միտքն ու հոգին կ՛ալեկոծէին: Ինչպէ՞ս կրնար իմանալ թէ անցեալին որքա՛ն դժուար էր դպրոց յաճախելը: Ան սկսաւ Յ. Թումանեանի ոտանաւորին տողերը կրկնել. «Ձմեռուան բուքին, սառնամանիքին, դպրոցի ճամբան դժուար է, երկար…» իրեն համար, իսկ իր չորս կողմի խօսողներուն համար, որոնք սէր ունէին ուսումի, դպրոցի ճամբան միշտ կարճ էր ու հաճելի:

Այս երկու գաղափարները, սակայն, ինչպէ՞ս կարելի էր ի մի բերել, «եապանճօ» հարսը ինք ալ չէր գիտեր…

 

 

 

Նախորդը

Գետ-Գիտութեան. Քարիւղը (Մաս Բ.) Քարիւղը Հանածոյ Վառելանիւթ Է Եւ Ուժանիւթի Ոչ Վերականգնուող Աղբիւր

Յաջորդը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Մոռացում, Անհոգութիւն, Արհամարհանք…

RelatedPosts

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Դպրոցական Օրերէն Լաւ Յիշատակ Մը
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն «Թռչէի Մտքով Տուն»

Մայիս 10, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Գիտակից Մայրը (Մայրերու Օրուան Առթիւ)

Մայիս 10, 2025
Բնակա՞նը,  Թէ՞  Բնութիւնը
Անդրադարձ

Հերոսածին Մայրեր

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?