Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի. Նպատա՛կը

November 11, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ կեանքի այս տխուր օրերուն, բոլորին ակնարկները դարձեալ ուղղուած են ՀՄԸՄ-ին. ի՞նչ կ՛ընէ այս միութիւնը, ինչպէ՞ս կ՛ընէ, որ ամէնուրեք կը յաջողի նոր սերունդ համախմբել, պատանիներ ու երիտասարդներ խանդավառել եւ այդ խանդավառութեամբ իր շրջապատին կենսունակութիւն պարգեւել:

Պարզ է, որ հայ կեանքը լաւ օրերու մէջ չէ: Քիչ մը ամէն տեղ կը տիրէ հիասթափութիւն, անորոշութիւն եւ տեղ-տեղ նաեւ յուսահատութիւն` ի տես Արցախի կացութեան, Հայաստանի իրավիճակին եւ այս երկուքով պայմանաւորուած` սփիւռքի ներկային ու ապագային:

Պարզ է նաեւ, որ տնտեսական համաշխարհային տագնապը, «Քորոնա»-ի համաճարակին առողջապահական-ընկերային ահաւոր հետեւանքները լուրջ մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման դրած են ամբողջ մարդկութիւնը եւ յատկապէս` նորահաս սերունդի դաստիարակութեամբ զբաղող պետական մարմինները, ոչ կառավարական կազմակերպութիւնները, միութիւնները, կրթական հաստատութիւնները եւ քաղաքացիական ընկերութիւնները:

Այս բոլորով հանդերձ, սակայն, աչքէ անցուցէք վերջին ամիսներու հայ կեանքի համայնապատկերը եւ շուտով պիտի նկատէք, որ մեծ ՆԵՐԿԱՅ մը կայ այնտեղ, երբ ուրիշներ մեծ բացակայ մըն են հոն: Ներկան ՀՄԸՄ-ն է, որ տեղ մը կարգապահ շարքերով վեհափառ հայրապետ կը դիմաւորէ, այլ տեղ շեփորախումբով ձեռնարկներ կ՛առաջնորդէ: Մէկ այլ տեղ աշակերտական մարզախաղեր կը կատարէ: Քիչ մը ամէն տեղ սկաուտական հաւաքոյթներ եւ մարզական մրցաշարքեր կ՛իրականացնէ: Ընկերային հանդիպումներով ցիր ու ցան հայեր կը համախմբէ: Իսկ այս բոլորով, հսկայական ճիգով ու աշխատանքով միութենական խանդավառութիւն եւ ազգային ոգեւորութիւն կը ստեղծէ:

Իր մթնոլորտը իբրեւ ամուր շաղախ ունենալով` ՀՄԸՄ մասնիկները իրարու կը միացնէ. Կիպրոսի մէջ աշխարհի չորս ծագերէն երիտասարդներ քով-քովի կը բերէ, իսկ Հայաստանի մէջ սկաուտական մեծաթիւ բանակում կը կազմակերպէ: Բոլորին սիրտերը իրարու կը կապէ, կամքերը իրարու կը միացնէ: Անհատականութիւնները հաւաքականութեան կը վերածէ:

Անվերջ շարժում է ՀՄԸՄ-ը: Կեանք եւ աշխուժութիւն սփռող, լաւատեսութիւն եւ նորութիւն ստեղծող: Շարժում, որ օրուան 24 ժամերուն հանգիստ չի ճանչնար: Երբ տեղ մը խարուկահանդէս մը կամ խրախճանք մը իր աւարտին կը հասնի, այլ տեղ բանակումի մը առաւօտեան դրօշակի արարողութիւնը նոր կը սկսի, ախոյեանական մրցաշարքի մը սուլիչը նոր կը հնչէ:

Հայացնող շարժում է ՀՄԸՄ-ը: Ո՛վ որ ՀՄԸՄ-էն կ՛անցնի, հայ կը մնայ: ՀՄԸՄ-ը հայ մարդուն կու տայ այն, ինչ որ ամէնէն աւելի կը պակսի անոր` հպարտութեան զգացումը եւ յաղթանակի բերկրանքը: ՀՄԸՄ-ը յաղթե՛լ կը սորվեցնէ հայուն:

Ի զուր չէ, որ հայ ժողովուրդի արժանաւոր մտաւորականներէն մէկը առիթով մը խոստովանած է, որ այբուբենի գիրերէն ամէնէն աւելի սիրած է Հո տառը, որովհետեւ անով կը սկսին Հայը, Հայկը, Հայաստանը, Հպարտութիւնը եւ ՀՄԸՄ-ը:

Իսկ գաղտնի՞քը այս բոլորին:

Գաղտնիքը միութեան մէջ եւ միութեան շուրջ եղող տեւական խանդավառութիւնն է, որ հայ մարդը կը կերպարանափոխէ, անոր գոյութեան եւ գոյատեւման ուժ կու տայ, հայ ըլլալու եւ հայ մնալու կորով կը ներշնչէ: Ժողովուրդը կը սիրէ խանդավառութիւնը: Կը սիրէ խանդավառութեան աղբիւր ՀՄԸՄ-ը, կը վստահի եւ կը գուրգուրայ անոր, որովհետեւ լաւ գիտէ, որ ՀՄԸՄ սովորական սկաուտական շարժում մը չէ, մարզական ակումբ մը չէ: ՀՄԸՄ մարմինի, հոգիի եւ միտքի կրթութեան իւրայատուկ շարժում մըն է, որուն ալիքները հայ պատանին ու երիտասարդը կը պաշտպանեն շրջապատի տեսակաւոր վտանգներէն:

Գաղտնիքը միութեան նպատակին գիտակցութիւնն է եւ այդ նպատակին ծառայելու ՀՄԸՄ-ականներու մնայուն պատրաստակամութիւնը: Նպատակ, որ ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ` հայութեան հզօրացումը զինք տկարացնել, ընկճել եւ պարտութեան մատնել փորձող ուժերուն դէմ. կազմակերպական հզօրացում, տնտեսական հզօրացում, հոգիներու եւ միտքերու հզօրացում` չհամակերպելու համար պարտութեան եւ նահանջի բոլոր տեսակի երեւոյթներու:

Իսկ կա՞յ աւելի մեծ գաղտնիք, քան` ՀՄԸՄ-ի եւ հայութեան նպատակներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող այս զուգորդութիւնը: Այն, որ երկուքն ալ բնական ձգտումը ունին յաղթական ազգ դառնալու, հզօր եւ անպարտելի հայրենիք ունենալու:

Ինչ որ մեր օրերու հիմնակա՛ն պահանջն է:

Հրամայակա՛նն է:

Նախորդը

Լուրեր Կաթողիկոսարանէն

Յաջորդը

Լուիս Տիասի Հայրը Ազատ Արձակուած` 12 Օր Ետք

RelatedPosts

Սփիւռք Ըլլալու Տարբեր Ձեւերը
Անդրադարձ

Սփիւռք Ըլլալու Տարբեր Ձեւերը

November 3, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Գիրքերու Մտերմութեան Մէջ. «Խանձուած Օրերը» (Հեղինակ` Պերճուհի Բարսեղեան)

November 3, 2026
Լիբանանի  Մէջ   Օտարներու Պատերազմին 50-րդ  Տարելիցը
Անդրադարձ

Խաղաղութիւն` Պետականութեան Հաշուո՞յն

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.